Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. «ԱՅՍ ԱՄՊԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՆԱՆ ԵՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ ԻՐ ԽԱՂԱՂ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԿԵԱՆՔԸ»
2000 թուականէն ի վեր Թեհրանի առաջնորդ ընտրուած Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին հետ ծանօթութիւնս կու գայ Պէյրութէն: Սրբազան Հայրը, որ ծնունդով Սուրիոյ Գամիշլիէն է (1946), երկար տարիներ կազմակերպած եւ վարած է Լիբանանի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը: Նախքան Թեհրանի առաջնորդ ընտրուիլը, Նորին Սրբազնութիւնը հովուական գործունէութիւն տարած է Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քուէյթի մէջ:
Սրբազան Հօր Մայր Աթոռի հանդէպ ունեցած պատկառանքն ու սէրը կը վերածուի գործնական աշխատանքի, երբ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Վեհափառի հայրական հրաւէրով (1990-1991) կարճ ժամանակի մը համար կը հաստատուի Հայաստան եւ կը կազմակերպէ կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը: Արաբագէտ Սրբազան Հայրը իր մասնագիտական կրթութիւնը կատարելագործած է Անգլիոյ Պըրմինկհըմ քաղաքին մէջ, հետեւելով իսլամական կրօնի մասին յատուկ դասընթացքներու: Ան տասնեօթ տարիէ ի վեր մեծ ձեռնհասութեամբ կը հովուէ Թեհրանի հայոց պատմական թեմը, որպէս իր հօտին տէր կանգնող արժանի առաջնորդ մը: Հանդարտաբարոյ, իր մօտեցումներուն մէջ չափաւորական եւ վարքին մէջ պայծառ կենսագրութիւն մը կերտած Սրբազան Հայրը, այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենաարժանաւոր եպիսկոպոսներէն մին: Վերջերս Հայաստան կը գտնուէր Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որուն հետ ունեցանք ընդգրկուն եւ շահեկան հարցազրոյց մը։
-Սրբազան Հայր, այսօր, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սիրտը համարուող Թեհրանի հայութիւնը պատմական գաղութ մըն է, բայց եւ այնպէս զարմանալիօրէն մենք տարբեր հանգամանքներու բերումով շատ տեղեկացուած չենք Թեհրանի հայկական համայնքի մասին, մանաւանդ, որ լրահոսին մէջ շատ քիչ տեղեկութիւններ կան այդ կապակցութեամբ: Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ այսօր Թեհրանի հայկական համայնքը:
-Ես նախ կ՚ողջունեմ ձեզ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի, ձեր լրատուական, տեղեկատուական թէ գրական գործունէութեան առընչութեամբ:
Ինչպէս մատնանշեցիք, իրանահայ գաղութը պատմական գաղութ է, եւ թերեւս սփիւռքացած հայութեան ամենահին գաղութը, որուն արմատները եւ գոյութիւնը կ՚երկարի մինչեւ Ք.Ա. 5-6-րդ դար: Այսօրուան տուեալներով, գաղութը նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, թէեւ որոշ առումներով մասամբ նահանջ արձանագրած է, բայց այդ մէկը բնաւ ալ պատճառ մը չէ, որպէսզի գոյութիւն ունեցող ներքին ուժգնութիւնը, աշխուժութիւնը, եռանդը եւ կորովը կորսուին: Համայնքը իր մշակութային, ընկերային, մարզական կեանքը կը շարունակէ եւ վստահ եմ, որ ներկայիս ընթացող գործունէութիւնը պիտի շարունակուի երկար տարիներ: Իսկ եթէ միջազգային կամ հայկական համայնքի ազգային լրատուամիջոցները շատ չեն գրեր Թեհրանի եւ իրանահայութեան մասին, ապա կը կարծեմ ատիկա իրենց վրիպումն է, որովհետեւ մենք մամուլ ունինք, օրաթերթ ունինք եւ կայքեր ալ ունինք: Առաջնորդարանը իր կայքէջը ունի, միութիւնները, կազմակերպութիւնները իրենց կայքէջերը ունին եւ անհրաժեշտը հիմնական գործունէութիւնը այս կամ այն կայքի եւ լուրերու վրայ արձանագրուած կ՚ըլլան: Ես գիտեմ, երբեմն, Պէյրութի «Ազդակ»ը եւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ը կ՚արտատպեն մեր լուրերը՝ կամ մեր կայքէջէն կամ ալ «Ալիք»էն կ՚առնեն կարեւորագոյն լուրերը: Հիմա հայաստանեան մամուլը դժբախտաբար այնքան ալ հետաքրքրուած չէ Թեհրանի լուրերով: Շատ կարեւոր լուր մը եթէ ըլլայ, կ՚ուզեն տալ: Բայց իմ մտահոգութիւնս այն էր, որ պէտք է մենք այնպէս գործենք, որպէսզի Թեհրանի համայնքի կեանքը արտացոլայ:
Կ՚ենթադրեմ, որպէս ազգ, որպէս մէկ ամբողջութիւն պէտք է Թեհրանի հայութեան կեանքը նաեւ մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը դառնայ: Վերջապէս, գաղութ մըն է, որ իր անցեալով, մանաւանդ վերջին 150 տարուան պատմութեան մեր եւ իրանեան կեանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած համայնք մըն է: Իրանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ իր անհերքելի դերը ունեցած եւ ընդհանրապէս Իրանի ժողովուրդի եւ պատմութեան կեանքին վրայ իր երեւելի կնիքը թողած համայնք է:
-Սրբազան Հայր, մեզի համար երբեմն խօսակցութեան նիւթ կ՚ըլլայ արտագաղթի հետեւանքով այդ գաղութի նօսրացման հարցը: Այսօր այդ խնդիրը կա՞յ Պարսկաստանի մէջ:
-Տեսէք, մարդկային տեղաշարժները, որոնց մենք յաճախ արտագաղթ կամ գաղթ անունը կու տանք, ընդհանուր երեւոյթ մըն է Միջին Արեւելքի եւ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ: Տեղէ տեղ երիտասարդական շարժ կայ՝ Հոլանտայէն Գերմանիա, Գերմանիայէն Ֆրանսա, Ֆրանսայէն Սպանիա, Սպանիայէն Ամերիկա: Այս շարժը ամէն տեղ կայ, հետեւաբար մեր կողմն ալ կայ, եւ բնականաբար մեր համայնքի ընդհանուր թիւը կը նուազի: Բայց թիւի նուազումը երբեք պատճառ չէ, որ թեհրանահայ գաղութը թերանայ իր ազգային, եկեղեցական, մշակութային կեանքի որեւէ մէկ աշխատանքի մէջ: Մեր ազգային եկեղեցական տօները, Մեծ եղեռնի տարելիցները, պատմական, մշակութային մեծ դերակատարութիւն ունեցող անձանց նուիրուած միջոցառումները, ար-ւեստի բնագաւառի մէջ՝ երգչախումբերը, պարախումբերը իրենց լաւագոյնը կ՚ընեն: Երբեմն, ես որպէս առաջնորդ, կը դժուարանամ որոշել, թէ ո՛ր ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուիմ, պարզ անոր համար, որ յաճախ նոյն օրուան ընթացքին մէկէ աւելի կարեւոր ձեռնարկներ կը կատարուին: Ես միշտ ալ բեմէն ժողովուրդին կը յայտարարեմ. «Ահաւասիկ այսօր, քանի մը ձեռնարկներ կան, բայց ես հոս եկած եմ, եւ յաջորդ անգամ ուրիշ ձեռնարկի մը ներկայ պիտի ըլլամ»: Կ՚ըսեն, Թեհրան մարդ չէ մնացած: Բայց այդ խօսքը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Տօնական օրերուն՝ Ս. Յարութեան, Աւագ Շաբթուան, Եղեռնի 102-ամեակի առիթով հազարաւոր երիտասարդներ եկեղեցի եկած էին, նաեւ քայլարշաւին մասնակցած՝ իրենց ազգային եւ կրօնական պարտականութիւնները կատարելու:
Ճիշդ է, նուազում կայ, բայց չի նշանակեր, որ այդ նուազումը անպայման բացասական պիտի ազդէ ժողովուրդի կեանքին վրայ: Փառք Աստուծոյ, այդ հեռանկարը, տեսիլքը, դժուարութիւններուն յաղթելու տեսիլքը կայ եւ ըստ այնմ ժողովուրդը կը կողմնորոշուի:
-Սրբազան Հայր, գիտենք սփիւռքի մէջ մեր եկեղեցական գործիչները եւ առաջնորդները, նաեւ մեր ժողովուրդի «քաղաքական դէմքեր»ն են: Դուք վերջերս եղաք Արցախ, եւ Իրանը որպէս պետութիւն շատ կարեւոր դեր ունի կատարելիք Արցախի հիմնախնդրի ու նաեւ մեծ առումով շրջանի անվտանգութեան պահպանման գծով: Արդեօք դուք շօշափա՞ծ էք Իրանի իշխանութիւններու կարծիքը այս հարցի կարգաւորման վերաբերեալ: Կամ նորութիւն մը կա՞յ այս առումով, որովհետեւ իրանցիք շատ զգոյշ արտայայտութիւններ կ՚ունենան ղարաբաղեան հիմնահարցին առընչութեամբ:
-Տեսէք, Իրանը տարածքաշրջանի ուժեղագոյն երկիրներէն մին է, եւ երկրորդ, Իրանը հարցերուն կը մօտենայ միշտ նկատի ունենալով տարածքաշրջանի խաղաղութեան ամրագրումը եւ ժողովուրդներու բարւոք յարաբերութիւնը իրարու հետ: Ասիկա Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մեկնակէտն է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, գիտենք, որ շրջափակման տարիներէն սկսեալ Իրանը միակ երկիրն էր, որ իր հարաւի դարպասը բաց ձգած էր եւ կը հասնէր Հայաստանին ամէն ձեւով:
Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հարցին, կ՚ուզեմ շեշտել, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը, որ ժամանակին եղած էր Հայաստանի առաջին հիւպատոսը, յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հարցը պիտի լուծէ իր ժողովուրդը, Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պիտի տնօրինէ իր ճակատագիրը: Սա կ՚ենթադրեմ, որ շատ խոհուն եւ իմաստուն յայտարարութիւն է: Ընդհանրապէս երբ ղարաբաղեան հարցին մասին խօսին, Իրանի պաշտօնական մարմիները միշտ ըսած են, որ պէտք է Ատրպէյճան եւ Հայաստան իրենց հարցերը լուծեն բանակցային գործընթացով եւ խաղաղ պայմաններով, առանց դիմելու զինուորական ուժի: Նաեւ կրնամ անվերապահօրէն ըսել, որ Իրանի պետութիւնը եւ ժողովուրդը, ընդհանուր առումով, յատուկ համակրանք եւ սէր ունին հայութեան նկատմամբ թէ՛ Թեհրանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ:
-Դուք մօտէն առընչուած էք պատմական Սիս քաղաքի կաթողիկոսութեան կալուածին դատի հարցով: Այսօր ի՞նչ գործընթացի մէջ կը գտնուի այդ դատը: Գիտենք որ հարցը Եւրոպական դատարան պիտի ներկայացուի եւ այս առիթով ալ նախաձեռնողը, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է, մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեց, եթէ չեմ սխալիր Պրիւքսելի մէջ:
-Վերջին հանգրուանը այն է, որ արդէն դիմուած է Եւրոպական խորհրդարան եւ մեր ակնկալութիւնն է Եւրոպական խորհրդարանէն՝ որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, արագ ձեւով իր քննութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները կատարէ եւ ըստ այնմ կողմնորոշուի: Մենք վստահ ենք, եթէ քաղաքական ճնշումներ չըլլան Եւրոպական խորհրդարանին վրայ, ապա ան արդար եւ ճիշդ որոշում կու տայ: Սակայն դժբախտաբար, ինչպէս գիտէք, երբեմն քաղաքական գործօնը մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենայ հարցերու որոշման մէջ եւ կամ հարցերու քննարկման եւ որոշում տալու ընթացքին:
-Ինչպէս նշեցիք, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը այն պետութիւններէն է, որ կը յարգէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, յատկապէս Ռուհանիի նախագահ ընտրուելէն ի վեր երկիրը դրական իմաստով, նոր հունի մը մէջ մտաւ: Այդ մէկը անդրադարձ ունեցա՞ւ հայութեան վերաբերեալ եւ յառաջիկային ի՞նչի կը սպասուի: Դուք որպէս հոգեւոր առաջնորդ, զուսպ էք այս խնդիրներու մասին խօսելու առընչութեամբ, սակայն կ՚ուզէի ներսէն կարծիք մը լսել:
-Նախ ըսեմ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վերաբերմունքը հայութեան նկատմամբ անձերէ կախուած չէ: Պետութիւնը՝ հոգեւոր առաջնորդէն սկսեալ յատուկ սէր եւ համակրանք ունի հայութեան հանդէպ: Ասիկա, բազմիցս արտայայտուած եւ դրսեւորուած է տարբեր ձեւերով: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ նախագահ Ռուհանիի ընտրութենէն ետք երկրին մէջ դրական ակնկալիքները շատցան, այլ խնդիր, որ ակնկալութեանց քանի տոկոսը իրականութիւն դարձաւ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ ով ալ ըլլայ իշխանութեան գլուխը՝ Իրանի ընդհանուր վերաբերմունքը հայութեան նկատմամբ չի փոխուիր, որովհետեւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, խոր արմատներ ունին: Այդ կապերը չեն հիմնուած անձնական շահադիտական տուեալներու վրայ, այլ ունին պատմական խորք:
Ես կրնամ վկայել, քանի մը անգամ երբ առիթ ունեցած եմ հոգեւոր առաջնորդին հետ հանդիպելու (Սրբազան Հայրը նկատի ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր Առաջնորդը՝ Այեթուլլահ Ալի Խամանէյը), զգացած եմ անոր դրական տրամադրութիւնները մեզի նկատմամբ: Վերջին անգամ, Փետրուարին էր, երբ միջազգային երկօրեայ համագումար մը կար նուիրուած Պաղեստինի դիմադրութեան, ուր ես ալ ներկայ էի: Հոն չորս վայրկեան առանձին զրոյց մը ունեցայ հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Ալի Խամանէյին հետ եւ զգացի, որ անոր դէմքը ուրախութենէն, գոհունակութենէն կը ճառագայթէր: Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդը՝ Իմամ Խումէյնին, երբ աքսորէն վերադարձաւ եւ գնաց իր ծննդավայրը, հարցուփորձ ընելէն ետք իր անմիջական հարազատներուն հարցուց, թէ ո՞ւր են իմ հարեւան հայերը, որոնք իր բարեկամներն էին: Ասիկա ինչ որ բան կը նշանակէ, որովհետեւ Խումէյնին մեծ եւ հարուստ ընտանիքէ էր, բայց ան հոգիով մեծահարուստ էր, եւ մեր ժողովուրդի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ունեցող առաջնորդ մըն էր: Մէկ տարի առաջ ես առիթն ունեցայ այցելելու այդ շրջանը՝ իր ծննդավայրը, եւ այն գիւղերը, որոնք ժամանակին հայաբնակ էին, իսկ հիմա հայաթափուած են: Այցելեցի գերեզմանատուները, պետական աւագանիին, որ իմացաւ իմ հոն ըլլլալս, եկաւ, շրջապատեց զիս եւ տեղւոյն պաշտօնեաները ըսին. «Ինչո՞ւ առանց լուրի եկաք: Մենք կ՚ուզենք ձեզ պատուել…»: Անոնք երկու հիմնական բան ըսին. «Մենք մեր հայ եղբայրներուն շատ բան պարտական ենք: Իրենցմէ աշխատասիրութիւն սորվեցանք, իրենցմէ հիւրասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն եւ հարազատութիւն սորվեցանք»: Ես այս մասին կարճ յօդուած մը գրեցի, գոհունակութիւնս արտայայտելու համար: Ասոնք կը պատմեմ յիշեցնելու համար, որ հայ-պարսկական յարաբերութիւնները պատմութեան խորքէն կու գան եւ հաստատուած են լուրջ յանձնառութիւններու վրայ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոքրամասնութիւններու մասին հատուածին, ապա այս արդէն սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած իրականութիւն է: Երկրի սահմանադրութիւնը մեզ նոյնիսկ իրաւունք կու տայ, երբեմն, մեր իրաւունքները ամուր կերպով պաշտպանելու:
-Վերջերս Իրանի վերընտրեալ նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանին Հայաստան այցելեց: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները: Արդեօք դուք որպէս թեմակալ առաջնորդ, դէպի Հայաստան զբօսաշրջային կամ այլ տիպի այցելութիւններ կատարելու քաջալերողն է՞ք:
-Ձեր հարցին երկրորդ մասին պատասխանելով պիտի ըսեմ՝ այո՛, որովհետեւ իրանցիներուն մօտ ալ Հայաստանը տեսնելու մեծ փափաք կայ: Ի վերջոյ մեր երկիրը, որպէս զբօսաշրջութեան յարմարութիւն ունեցող երկիր, գրաւչութիւն մը ունի մեր պարսիկ եղբայրներուն համար: Տարին 30-40 հազար պարսիկ Հայաստան կ՚այցելէ: Երբեմն կը պատահի, որ շաբաթը հինգ կամ վեց թռիչք ըլլայ: Նոյնիսկ երկու հանրակառք կը գործէ: Կան նաեւ մարդիկ, որոնք իրենց ինքնաշարժներով կը նախընտրեն ճամբորդել: Ու նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները եւ այդ կապերու զարգացումը բնականաբար, իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան մեր համայնքի վրայ: Այստեղ չմոռնամ շեշտել այն, որ մեր պետական այրերը երբ Թեհրան կու գան, անոնք անպայման առաջնորդարան կ՚այցելէն: Վերջերս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Պարսկաստան այցելեց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը: Ես միշտ կը շեշտեմ, երկու բարեկամ, դրացի պետութիւններու յարաբերութիւնները որքան խորանան, այդքան ալ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան, տարածքաշրջանի խաղաղութեան ամրագրման գործընթացին վրայ: Հետեւաբար, այս յարաբերութիւնները պէտք է յաւելեալ զարգացում ու այդ սերտացումէն ոչ միայն Հայաստանն ու Պարսկաստանը կ՚օգտուին, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանը:
-Գաղտնիք մը չէ, դուք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամենաժրաջան միաբաններէն էք եւ իրաւունքը վերապահած եմ ինծի այս հարցումը ուղղելու: Այսօր, Անթիլիաս ի՞նչ կարծիք ունի Պոլսոյ Պատրիարքութեան խնդրին վերաբերեալ: Մանաւանդ որ այս տագնապի մասին ցարդ ոչ մէկ յայտարարութիւն լսեցինք Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, կամ ընդհանրապէս կաթողիկոսութեան կողմէ: Ինչո՞ւ այս լռութիւնը սիրելի սրբազան:
-Սա, դժբախտաբար, Պոլսոյ Պատրիարքութեան առաջին տագնապը չէ: Պոլսոյ մէջ 1940-ական թուականներէն մինչեւ 1950-ական թուականներու սկիզբը Պատրիարքական Աթոռի տագնապ կար՝ տեղապահը ուզողներու եւ չուզողներու միջեւ: Այն ժամանակ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Պոլսոյ եկեղեցական շրջանակներուն թելադրած էր, որ դիմեն Անթիլիաս՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի միջնորդութեան, որպէսզի այդ հարցերը փորձէ լուծել: Գարեգին Կաթողիկոսը անկողնի մէջ ընդունած է զիրենք, բայց դժբախտաբար չեն կրցած հասկացողութեան գալ: Հիմա չեմ գիտեր, ինչու այսպէս եղաւ, բայց կարելի էր այս բոլորը կասեցնել: Իմ կարծիքով՝ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ տեղապահ ընտրելու փոխարէն ուղղակի պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկէին, որովհետեւ ասկէ առաջ ալ պատահած է, պատրիարքական փոխանորդը ինքը կը ձեռնարկէ ընտրութիւնները: Երկրորդը՝ Արամ Սրբազանը կուսակալէն նամակ մը ստացած էր ընտրութենէն առաջ: Ես կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ Արամ Սրբազան ընտրութիւնը չեղած նամակը չբացաւ եւ չկասեցուց այս բոլորը: Տեղապահի ընտրութիւն չէր ըլլար: Մենք Միջին Արեւելքի մէջ կ՚ապրինք եւ երբեմն ստիպուած կ՚ըլլանք մեր կամքէն անկախ քայլեր առնելու: Այդ քայլերը կ՚առնենք մեկնելով մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի շահերէն: Հիմա եթէ պետութիւնը Արամ Սրբազանի նկատմամբ որոշ վստահութիւն ունեցած է եւ ունի, ապա կը կարծեմ ասոր մէջ պէտք է դրականը տեսնենք եւ ոչ թէ ժխտականը:
Վստահ եմ, որ այսօր ընտրեալ տեղապահը շատ ազնիւ, բարեխիղճ եւ նուիրեալ կրօնաւոր է, սակայն Գարեգին Սրբազանին այս վիճակներու առջեւ դնելը սխալ է, ըստ իս:
Ինչպէս որ ըսի, երկու պարագային ալ կարելի էր այս տագնապը լուծումի առաջնորդել: Այս ի հարկէ իմ անձնական մօտեցումն է:
-Պոլսոյ Պատրիարքութեան տագնապին առընչութեամբ կը կարծէ՞ք, որ Անթիլիասը որեւէ նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ:
-Կը կարծեմ որ երկու վեհափառները միասնաբար պէտք է դիրքորոշում մը ընդունին, որովհետեւ ասիկա ո՛չ Անթիլիասի եւ ոչ ալ Էջմիածնի հարց է: Ճիշդ է, Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, ի հոգեւորս, ենթակայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, բայց բոլորս գիտենք, որ վարչականօրէն անկախ աթոռ է: Հետեւաբար հայութեան եւ հայ եկեղեցւոյ հարց է եւ մեր երկու կաթողիկոս հայրապետները իրարու հետ խորհրդակցելով, հայրաբար խորհուրդ պիտի տան, որպէսզի այս խնդիրը լուծումի մը յանգի՝ անշուշտ միշտ ունենալով տեղական պայմանները:
Այսօր մէկ բան յստակ է. պետութիւնը վստահած է եւ կը վստահի Արամ Աթէշեանին: Այսօրուան տուեալներով ա՛յս է իրականութիւնը: Վաղը ինչ կը պատահի չենք գիտեր: Հետեւաբար, մեկնելով ներկայ իրողական վիճակէն է, որ պիտի կողմնորոշուինք:
Ես շատ մեծ ցաւ կ՚ապրիմ, երբ բարձրաձայն կը լսեմ առկայ տարակարծութիւններու մասին: Ժողովուրդը ամէն բան կը խօսի, սակայն մենք ժողովուրդի խօսքերով պիտի չառաջնորդուինք, այլ պիտի առաջնորդուինք մեր եկեղեցւոյ եւ այս պարագային Պոլսոյ պատմական աթոռի, անոր անսասանութեան եւ միաբանութեան ընդհանուր շահերով: Ի վերջոյ այս ամպերը պիտի հեռանան եւ պոլսահայ համայնքը դարձեալ պիտի ապրի իր խաղաղ եւ համերաշխութեամբ շնչող հաւաքական կեանքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան