ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔ

Մարդ արարածը իր կեանքը ապրելու տարբեր ձեւեր եւ տարբեր ընտրութիւններ ունի: Մարդ արարածին ազատ կարելիութիւններ տրուած է, որպէսզի ան իր կեանքը կարգաւորէ եւ դասաւորէ: Արդարեւ, մարդը ինք՝ իր ընտրած եւ կայացուցած որոշումներուն պատասխանատուն է:

Առողջ սկզբունքներով եւ համոզումներով, ու նամանաւանդ՝ հոգեւոր արժէքներով սնուած եւ աճած անհատները, երբ այդ բոլորը իրենց փոքր տարիքէն ստացած ըլլան եւ այդ սկզբունքները, համոզումներն ու արժէքները իրենց կեանքին մէջ անհրաժեշտութեան վերածած ըլլան, իրենց ապրած կեանքի ընթացքին, հակառակ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կը յաջողին իրենք զիրենք ամուր պահել եւ դիմակայել բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, ապաւինելով նախ եւ առաջ Ամենակալ Աստուծոյ, եւ ապա իրենց ստացած եւ կեանքի վերածած հոգեւոր-բարոյական սկզբունքներուն, համոզումներուն եւ արժէքներուն: Այսպիսիները իրենց կեանքի ընթացքը կ՚անցընեն հոգեպէս խաղաղ, որովհետեւ յաջողած են հասկնալ կեանքի էութիւնը եւ ըմբռնած են որպէս մարդ իրենց կեանքին կոչումը:

Միւս կողմէ, մարդը իր կատարած ընտրութիւններուն եւ կայացուցած որոշումներուն մէջ շատ յաճախ կը սխալի, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մարդկութիւնը կ՚ապրի նիւթապաշտութեան շրջան մը, ուր ճիշդը՝ սխալ եւ սխալը՝ ճիշդ սկսած է ըմբռնուիլ, բարոյական սկզբուները եկած են փոխարինելու մարդու խիղճի ազատութեան անունին ներքեւ անբարոյական ամենէն պիղծ եւ անասնական բարքերն ու սովորութիւնները: Աւելի՛ն, այսօրուան հանգիստ եւ հաճելի կեանք մը ապրելու միջոցները այնքան շատցած են, որ մարդիկ այլեւս կորսնցուցած են ճիշդ որոշում կայացնելու ունակութիւնը, եւ դիւրինի ու հանգիստի ետեւէն վազելով, ամէն կերպ կ՚աշխատին իրենց ուզածին հասնիլ ոտնահարելով ամէն տեսակի սրբութիւն եւ բարոյական սկզբունք:

Մարդը, սակայն պէտք չէ մոռնայ, որ ինք տարբեր է տիեզերքի միւս բոլոր արարուածներէն: Տարբեր է անով, որ Ամենաբարին Աստուած զինք օժտեց բանականութեամբ, ինքնիշխանութեամբ եւ ազատ կամք շնորհեց անոր, որպէսզի ինք կարողանայ ինք իր կեանքին եւ արարքներուն տէրն ու տիրականը ըլլալ: Այս բոլորին դիմաց, սակայն, Արարիչը մարդու ուշադրութեան յաձնեց նաեւ որոշ պատուիրաններ եւ թելադրութիւններ, որոնց բացասական գործածութեան պարագաին, մարդ բացասական ազդեցութիւններ կ՚ունենայ, մինչ երբ փորձէ գործադրել այդ պատուիրաններն ու թելադրութիւնները, հակառակ իրեն հանդիպած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, մարդը առանց դժուարութեան կը կարողանայ յաղթահարել, իր ճանապարհի ընթացքին իր դիմաց բարձրացած որեւէ դժուարութիւն ու փորձութիւն:

Այս բոլորին մէջ ամենէն էական եւ առաջնային կէտը այն է, որ մարդ արարածը պէտք է գիտակցի, որ ինք հոգեւոր էակ է եւ ունի հոգեւոր յատկութիւններ, որոնց շնորհիւ պէտք կարգաւորէ ու դասաւորէ իր կեանքը: Այդ հոգեւոր յատկութիւնները մարդուն տրուած են իր հոգեւոր Արարիչէն՝ Աստուծմէ: Նոր կտակարանին մէջ կը կարդանք. «Աստուած հոգի է, եւ Անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զԻնք պաշտեն» (Յհ 4.24). այս համարը հոգեւոր կեանքի հիմքն է, ուր Յովհաննէս աւետարանիչը յստակ կերպով կը սահմանէ հոգեւոր կեանքի խորքայնութիւնը: Նախ կը վկայէ հոգեւորութեան Թագաւորին մասին, ըսելով, թէ՝ «Ան հոգի է». այս արտայայտութեամբ կու տայ հոգեւոր կեանքի հիմքին առաջին հիմնական գոյացուցիչը, եւ ապա կը շարունակէ ըսելով, թէ՝ այդ հոգեւոր Աստուծոյ երկրպագուները, պէտք է «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զԻնք պաշտեն», այսինքն, բոլոր ան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքի ընտրութիւնը կը կատարեն ապրելու Աստուծոյ կամքին մէջ եւ Անոր ներկայութեամբ, պէտք է նոյնպէս իրենք նախ եւ առաջ հոգիով պաշտեն զԱստուած, ինչպէս նաեւ իրենց այդ պաշտամունքը պէտք է ըլլայ ճշմարիտ, այսինքն ներքին զգացողութիւն, որ մաքուր եւ անկեղծ է: Գէորգ Զ. Չորէքճեան Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ համար արժէքաւորը  ներքին ապրումն է, սի՛րտն է եւ ո՛չ թէ արտաքին ձեւերը». ասով կարծէք հայրապետը կու տայ Յովհաննէս աւետարանիչի վերոնշեալ համարին մեկնութիւնը. Աստուած հոգի ըլլալով, մարդուն հոգիին կը նայի, այսինքն՝ ներքին ապրումներուն, եւ ո՛չ թէ երեւոյթներուն, ո՛չ թէ արտաքին ձեւերուն: Աստուծոյ համար կարեւոր չէ արտաքին երեւոյթներն ու ձեւերը, այլ՝ ներքին ապրումն է կարեւորը, որ մաքուր սիրտէ եւ անկեղծ հոգիէ բխած ըլլայ: Ի՞նչ արժէք ունի երբ մարդ Աստուածաշունչ կը կարդայ, կ՚աղօթէ, բարեգործութիւն կ՚ընէ, բայց խորքին մէջ այս բոլորը կը կատարէ, որպէսզի ցոյց տայ իր շրջապատին, թէ ինք աստուածահաճոյ կեանք կ՚ապրի, մինչ իրականին մէջ այդ բոլոր բաներուն հաւատք չ՚ընծայեր, որովհետեւ այդ բոլորը իրեն համար ո՛չ թէ ներքին՝ հոգեւոր ապրումներ են, այլեւ պարզապէս միջոցներ են հասնելու համար որոշ նպատակի մը, որ աշխարհիկ հասկացողութիւն եւ ըմբռնողութիւն ունի եւ ոչինչ կրնայ տալ մարդուն: Մինչ, երբ մարդ, իր ներքին ապրումներէն ու զգացողութիւններէն մղուած Աստուածաշունչ կը կարդայ, կ՚աղօթէ, բարեգործութիւն կը կատարէ, այդ պարագային այդ բոլորը իր հոգիի շինութեան համար կը ծառայէ, որ զինք կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի փրկութիւն:

  Այսօրուան մեր ընկերութեան մէջ շատ է թիւը այն մարդոց, որոնք կը հպարտանան ըսելով, թէ իրենք հոգեւոր կեանքով կ՚ապրին, կամ կ՚ըսեն, թէ իրենք հոգեւոր մարդիկ են: Սակայն, երբ ուշադրութեամբ հետեւինք անոնց ապրելակերպին, կը հասկնանք, որ այդ մարդիկ հոգեւոր կեանքի հետ առընչութիւն իսկ չունին, որովհետեւ իրենց համար հոգեւորի ըմբռնողութիւնը այլ իմաստներ ունի:

  Այսպէս, օրինակ, կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց արտաբերած իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջ քանի մը անգամ Աստուծոյ անունը կու տան, եւ երբ անոնց հետ զրոյցի բռնուիս, կէս ժամուան ընթացքին անոնք Աստուածաշունչէն այնքա՜ն շատ մէջբերումներ կը կատարեն, որ առաջին հայեացքէն այնպիսի դրական տպաւորութիւն կը ձգեն մարդու վրայ, որ ոեւէ մարդ կը տարուի մտածելու, թէ իր դիմացինը ազնիւ, առաքինի, հոգեւոր եւ բարի անձնաւորութիւն մըն է: Բայց բաւարար է, որ այդ հանդիպում-զրոյցը քանի մը անգամ կրկնուի, եւ արդէն ի յայտ կու գայ անոնց իսկական ինչութիւնը, եւ այն տպաւորութիւնը՝ դրական, որ առաջին հանդիպումին ձգած էին, կը սկսի կամաց-կամաց սեւնալու եւ ապա դրականը ամբողջութեամբ կը վերանայ եւ անոր կը փոխարինէ բացասականը: Այսպէս, քանի մը հանդիպումներու լոյսին տակ, մարդ կը նկատէ, որ անոնք նախ եւ առաջ իրենք իրենց խօսքերուն կը հակասեն, Աստուածաշունչը կ՚օգտագործեն իրենց սեփական օգուտին եւ նպատակներուն համար, երբ փորձես անոնց հակառակիլ, քեզ կորսուածի տեղ կը համարեն եւ սատանայի որոգայթին մէջ ինկած մէկը: Միւս կողմէ, երբ այդ հանդիպում-զրոյցները վերածուին փոխադարձ այցելութիւններու, այդ պարագային աւելի մեծ եւ ահաւոր կ՚ըլլայ յուսախաբութիւնը, որովհետեւ այն ինչ լսած էիր անոնց բերանէն, որպէս խրատ, որպէս ուղղութիւն, որպէս լաւ կեանք ապրելու կերպ կամ միջոց, այդ բոլորը իրենք չեն գործադրեր, ընդհակառակը ամենէն խուժան կերպով կ՚ապրին իրենց կենաքը, ոտնահարելով ամէն կարգ ու կանոն եւ օրէնք: Եւ երբ փորձես անոնց բացատրել, թէ այս կերպը սխալ է եւ կարելի չէ այդպէս վարուիլ, անմիջապէս կը հետեւի սուրբ գրային մէջբերումը, որով կը փորձեն արդարացնել իրենց սխալ ընթացքը: Երբ փորձես դարձեալ բացատրել, որ այդ կերպով հնարաւոր չէ հասկնալ տուեալ համարը, որովհետեւ իր պարունակութենէն կտրուած է, պատասխանը չ՚ուշանար՝ «Աստուած ինծի այդպէս յայտնեց, ուրեմն այդպէս ճիշդ է»: Այսպիսի մարդոց նման պահուածքը մէկ բացատրութիւն ունի, այն է, որ նման մարդիկ կը կարծեն, թէ աշխարհը իրենց չորս կողմը կը շրջի, իսկ իրենք աշխարհի կեդրոնն են:

  Ընթերցողին միտքին մէջ կրնայ հետեւեալ հարցումը ծագիլ. լաւ այդ մարդիկ ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կ՚օգտագործեն: Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է՝ ծածկելու համար իրենց տկարութիւնը: Այս տիպի մարդիկ լաւ գիտեն, որ երբ Աստուածաշունչէն որեւէ մէջբերում կատարեն իրենց փափաքին համաձայն, ով ալ ըլլայ իրենց հակառակողը, չի կրնար զիրենք սխալ հանել՝ ըստ իրենց անշուշտ, որովհետեւ երբ նեղի մատնես զանոնք, յառաջ կը բերեն այն արդարացումը, թէ՝ «Աստուած ինծի այդպէս յայտնեց, ուրեմն այդպէս է»: Ճիշդ այս կէտին է, որ կու գայ իրենց վստահութիւնը, երբ նեղի մատնուին, Աստուծոյ անունը կ՚օգտագործեն, եւ վերջ..., հարցը լուծուած է:

  Բնականաբար այս ապրելակերպը բնաւ առընչութիւն չունի հոգեւորութեան հետ եւ այսպիսի ապրլեակերպը կոչել հոգեւոր կեանք, պարզապէս սխալ է եւ ծիծաղելի:

  Հոգեւոր կեանքը՝ ինչպէս վերը նշեցինք, անոր էութիւնը պէտք է ըլլայ մաքուր սիրտէ ու հոգիէ բխած եւ իրեն ընկերակից ունենայ ճշմարտութիւնը: Առանց ճշմարտութեան, առանց մաքրութեան եւ անկեղծութեան հնարաւոր չէ հոգեւոր կեանք պատկերացնել: Աւելի՛ն, երբ Աստուածաշունչ կը կարդանք, եկեղեցի կ՚երթանք, կ՚աղօթենք, պատարագներու կը մասնակցինք, բայց մեր առօրեայ կեանքին մէջ քրիստոնէավայել եւ առաքինի կեանքով չենք ապրիր, այդ բոլորը ապարդիւն կ՚ըլլան եւ կը նմանին թատերական ներկայացումի, ուր հանդիսատեսը երթալով՝ մէկ երկու ժամ կը հետեւի ներկայացումին, կը ստանայ հոգեւոր բաւարարութիւն, զոր իր հետ կը կրէ ընդամէնը քանի մը ժամ, կամ առաւելագոյնը մէկ օր, եւ վերջ...: Հոգեւոր կեանքը սակայն թատրոն չէ եւ ո՛չ ալ թատերական ներկայացում: Հոգեւոր կեանքը մնայուն ապրում է եւ շարունակական զարգացում կը պահանջէ: Լճացումն ու տեղատուութիւնը երբեք չեն համապատասխաներ հոգեւոր կեանքին:

  Ամփոփելով, մէջբերեմ «Սադուհի իմաստութիւնը» գիրքին մէջ արձանագրուած տողերը հոգեւոր կեանքի մասին: Այսպէս. «Անոնք որոնք այս աշխարհին մէջ հոգեւոր կեանքով ապրիլ կը ձգտին, աղի նման են։ Աղին հատիկները չեն կրնար կերակուրին համ տալ, մինչեւ որ չլուծուին։ Եթէ աղը լուծենք ամանի մէջ, կ՚անհետանայ, սակայն չի՛ դադրիր գոյութիւն ունենալէ։ Եւ այդ պարագային, բրինձի հազարաւոր հատիկներուն կրնայ համ տալ։ Նոյնն է նաեւ մեր պարագան։ Եթէ սիրոյ եւ հոգիի կրակին մէջ չենք հալիր, եթէ մեր անձերը ամբողջութեամբ չենք զոհաբերեր, չենք կրնար հոգեւոր կեանքի երանաւէտ փորձառութիւնը փոխանցել նոյնիսկ մէկ հոգիի»:

Վաղարշապատ

ՎԱՐԱՆԴ ԳՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 Յունիս 2018 

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018