ԱԶԳԸ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԵՍԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ

Սփիւռք(ներ)ը եւ Հայաստանը դանդաղօրէն անհետացման առաջնորդող ախտը անտարբերութիւնն է, որ կ՚աճի, քանի կը զարգանայ սպառողական ընկերութիւնը, որ ենթահողն է եսասիրութիւններու, նոյնիսկ եթէ բառային ճապկումներով չենք ընդունիր, որ անբուժելի կերպով անտարբեր եւ եսասէր կը դառնանք: Եւ դեռ, հայրենասիրութիւն եւ հայասիրութիւն դարձած են միջոց դիրք եւ լուսապսակ ունենալու:

Չենք հակազդեր, չենք պայքարիր: Խօսքը փոքրամասնութիւն դարձած բջիջներու մասին չէ, այլ՝ զանգուածներու: Դարձած ենք այնքան միամիտ, որ կը գոհանանք հետզհետէ աւելի սեղմուող շրջանակներով, հաւկուրութեամբ չենք տեսներ աշխարհագրականօրէն եւ հոգեպէս տարտղնուող հայկական համրանքը, որ բռնուած է աշխարհը վարակած սպառողական տենդով, որուն համար կ՚արտագաղթէ, քաղաք եւ երկիր կը փոխէ:

Անտարբերութիւն՝ ինչ կը վերաբերի ազգին եւ արմատներու հաւատարմութեան: Աւելի պարզ. հայութեամբ յատկանշուող մարդը հետզհետէ կը դառնայ արտադրող-սպառող անհատ, որ այդպէս կրնայ ըլլալ Քամչաթքա կամ Զանզիպար, իսկ ինչ որ զինք կը տարբերէր եւ կը յատկանշէր,- լեզու, գիր, գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, աւանդ եւ աւանդութիւն, ինքնութիւն, տոկալու եւ տեւելու յանձնառութիւն,- կը մոռնայ, կը մոռցուի, ինք կ՚ենթարկուի  ինքնութեան փոխակերպման (mutation), Հայաստան կ՚ըսեն՝ մուտացիա, որ կ՚անցնի ծագումով հայ ըլլալու ազգակործան ճանապարհներով:

Սեփականէ եւ հարազատէ հրաժարումներով, ուրիշներու մօտ կը դառնանք ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ մշակութային երջանիկ մակաբոյծ, սեփականը կը փոխարինենք նորով՝ որ անհարազատ է, մեր շարունակութիւնը չէ: Իսկ կամաւոր հեռացումները եւ լքումները պարզապէս վատութիւն են: Ինչ ալ ըլլան պայմանները, վատութեան բարենիշ եւ վարկ պէտք չէ տալ, նպաստընկալի կամ մարդորսականի հոգեբանութեամբ: Աւելի ընդվզեցուցիչը այն է նաեւ, որ հայրենի պետութիւնը եւ անոր ղեկավարները բարենիշ կու տան շարունակութիւն ըլլալէ դադրողներուն, չես գիտեր ի՞նչ բանի ծառայող լուսապսակներէն բաժին ունենալու համար:

Ընկերութեան մէջ որպէս սոսկ մարսողական գործարան ըլլալէ տարբեր կոչում ունի մարդը, ան յանձնառութիւն ընդունելու ատակ է եւ այդ իր պարտականութիւնն է իր նմանին հանդէպ, որ ընտանիք է, ընկերութիւն, ազգ եւ մարդկութիւն ընդհանրապէս: Այդ յանձնառութիւնը պարզ ձեւով կը նշանակէ կողմնորոշուիլ: Առանց անոր կը վերածուինք բոյսի, նիւթի, մեզ կազմաւորած հոլովոյթը կը կասի, կը ստեղծուի ճահիճ, կը դադրինք դիմադրելէ, կը դառնանք կրաւորական, ճակատագրապաշտ, կը կորսնցնենք ազատ ըլլալու առաքինութիւնը:

Անտարբերութիւնը ախտ մըն է, որ պատճառ է, օրինակ, չքուէարկելու, բացակայութեան, եւ ինչ որ չենք ցանկար, կը պատահի մեր անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան հետեւանքով, թոյլ տալով, որ ուրիշներ որոշեն մեր փոխարէն, եւ այդ ձեւով կը բարդուին սխալները (ոճիր, կողոպուտ, չարաշահում), որոնք վաղ թէ ուշ ընկերաքաղական կացութիւնները կը դարձնեն պայթուցիկ, որոնց գինը հարկ կ՚ըլլայ վճարել, ինչ որ կը կոչենք ըմբոստութիւն, յեղափոխութիւն: Այդ ցնցումներով կը գրուի պատմութիւնը, անտարբերը եւս ինքզինք կը գտնէ անցանկալիի մէջ, որուն հետեւանքները պիտի կրէ: Նախընտրելի պիտի ըլլար յանձնառութեամբ մասնակցիլ ընկերային, քաղաքացիական եւ քաղաքական կեանքին, խուսափելու համար շահախնդրուածներու կամայականութիւններէն: Անոնք կը յաջողին երբ մենք կ՚ըլլանք ճակատագրապաշտ, կրաւորական եւ անտարբեր: Ուշացած տրտունջը եւ զղջումը փուճ են, կ՚ամլացնեն:

Անտարբերութիւնը ուրիշ կեղծիքով մըն ալ կը ներկայանայ, երբ կը կանգնինք բացասականութիւններու առջեւ, եւ փոխան յանձնառութեան, ի հարկին պայքարի, կը թաքնուինք իտէալիստական բառակուտակումներու ետին, ճիշդի եւ սխալի իրաւարարի պատմուճան դնելով մենք մեր ուսերուն, ճիգ, զոհողութիւն եւ ներդրում չպահանջող դերով գոհանալով, խուսափելով պատասխանատուութենէ: Մտածուածը եւ առաջարկները կրնան սխալ չըլլալ, բայց անոնք վասն ոչինչի աղմկարարութիւն են, եթէ խօսքէն չանցնին գործի, անձին ներդրումով: Նման անձեր կը բաւարարուին դժգոհելով, այլոց սխալները մատնանիշ ընելով, բայց շագանակները իրենք կրակէն չեն հաներ, կ՚ըսեն՝ թէ ինչ պէտք է ընել: Հայ կեանքի մէջ այս տեսակի մարդիկ բազմաթիւ են, եղածը կը դատեն, կը քննադատեն, կարծիք կը յայտնեն, բայց անտարբեր են ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքի զարգացման նկատմամբ, կը սպասեն որ ուրիշներ գործեն, բախտաւոր պարագային ասդին կը հպարտանան գործերու արդիւնքով, բայց ձախողութեան պարագային կ՚ըսեն, որ գիտէին, թէ այս կամ այն նախաձեռնութիւնը պիտի չյաջողէր, որ իրենք իմաստուն էին եւ զիրենք չլսեցին:

Ընկերութեան յառաջընթացը կը կատարուի ներկաներով, գործողներով, յանձնառուներով: Այս ընկերային, համայնքային եւ քաղաքական ծառայութիւն է: Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Յանձնառութիւնը կ՚ենթադրէ ընտրանք մը, որուն իրականացման համար կ՚աշխատի գիտակից քաղաքացին կամ ընկերային տուեալ բջիջի մը անդամը: Հանդիսատեսները դերակատարներ չեն, իրենք իրենց շնորհած են ծափահարելու կամ սուլելու իրաւունք:

Այս մտածումներու ընթացքին հետեւելով, կրնանք եզրակացնել եւ յանգիլ նպատակի մը,- կամ գաղափարի մը,- ընտրութեան, որուն կ՚ուզենք ծառայել: Այս դրական յանձնառութիւն է, եթէ գիտակցուած է: Այդ ընտրանքը կ՚ենթադրէ աշխատանք, որպէսզի յաղթանակէ: Ոմանք կ՚ըսեն, որ այս ընելով կը դառնանք կողմնապաշտ, որ բացասական չէ, եթէ միշտ առաջնորդուինք դատողութեամբ եւ քննադատութեամբ:

Այս մտորումները միտքի մարզանք չեն, անոնք կը վերաբերին մեր հայկական ընկերութեան, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ուր անտարբերութիւնը կանոն է, եւ միայն փոքրամասնութիւններ կը գործեն: Բայց անձնական շահերու եւ փառքերու հետապնդումը նոյնպէս կանոն է, որ յաճախ պատճառ կը համարուի անտարբերութեան:

Ղեկավարութիւն(ներ)ը եւ յանձնառու մտաւորականութիւնը լայնածիր լուսաբանական աշխատանքով, քննադատութեամբ եւ մանաւանդ անձին օրինակով եւ օրինակելիութեամբ պէտք է յաղթահարեն աղէտ-անտարբերութիւնը: Միայն այս ձեւով պատմութենէն ժառանգուած սխալները կը սրբագրուին, հաւաքական կամք կը ծնի մեր իրաւազրկումները դարմանելու համար, կը պաշտպանուին մեր ինքնուրոյնութիւնը եւ ինքնութիւնը:

Այս է գաղափարական ուղին, որպէսզի դառնանք ազգի լիիրաւ անդամ եւ հայրենատիրութիւնը չըլլայ դատարկաբանութիւն, Արարատի պատկերին դիմաց կրկնուող յուզում, այլ ըլլայ ներկայութիւն:

Այս աշխատանքը կը պահանջէ տարեդարձներէ, տարելիցներէ, յուշերէ եւ յուշագրութիւններէ տարբեր որակ եւ տարողութիւն:  

Եւ պէտք է պայքարիլ անտարբերութեան եւ զայն սնուցանող ազդակներուն դէմ. եսասիրութեան, չարաշահումներու, փառասիրութեան, ընչաքաղցութեան: Այդ պայքարը պարտականութիւնն է հարազատ ղեկավարութեան: Այդ պէտք է ընել յաղթահարելով պառակտումները, որոնք պերճանք են մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը համար: Ղեկավարութիւնները այդ պայքարը պէտք է տանին առանց բաւարարուելու իրենց շրջապատի խնկարկող պալատականներով, այլ հասնելու համար արդիւնքի, զոր կարելի է գնահատել թիւերով, առանց ինքնահաճութեան եւ ամբոխահաճութեան (populism):

Ինքնահաճութեան եւ ամբոխահաճութեան (populism) համար կ՚օգտագործենք, անուններ, տարեդարձներ, ամեակներ, յոբելեաններ, գումար՝ շաու (show business):

Ի՞նչ կ՚ընենք բնակեցնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողը:

Այսօ՛ր պէտք է պայքարիլ:

Միշտ պէտք է յիշել ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը,

որ վաղը միշտ ուշ է:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Եռագոյն»

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019