ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Ապահով եմ, որ այս շաբաթավերջին պոլսահայութիւնը իր ամբողջական ներկայութեամբ գեղեցկագոյն առիթ մը պիտի ունենայ նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տարեդարձը: Առիթը պատմական է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ պոլսահայութիւնը նման առիթ մը պիտի նշէ, որ նաեւ պիտի վայելէ համայնքին մէջ գործող Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան անմիջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը: Նոյն կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիար Արսէն Աւագեան եւ իրեն օժանդակները կարեւոր ճիգեր գործի դրած են նշեալ ձեռնարկին առաւելագոյնս օտար տէրութիւններու դեսպանները կամ ներկայացուցչական կազմի անդամները ներգրաւելու համար նման տարողունակ միջոցառման մը: Բնականաբար այստեղ մոռնալու չենք այն խումբ մը պոլսահայերը՝ գլխաւորութեամբ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, որոնք կարեւոր աշխատանք կատարած են իրականացնելու համար նման անզուգական ձեռնարկը: Յիշեցման կարգով նշեմ, որ Հայաստանի Հան-րապետութեան Անկախութեան 26-րդ տարեդարձի նշման յատուկ նպատակով, արդէն իսկ Պոլիս ժամանած է Երեւանի «Քատանս» սենեկային նուագախումբը, որ վստահաբար իր փայլուն ելոյթներով յիշատակութեան արժանի պահեր պիտի ստեղծէ հայկական ար-ւեստի ծարաւ հայ հոգիներուն համար:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ «ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ»

Վերջին ամիսներուն տարբեր առիթներով խօսակցութեան թեմա հանդիսացաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնահարցը: Տակաւին Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու լարումէն ու ապա նոյն յարաբերութիւններուն բաւական «աշխոյժ» եւ օգտակար թեւակոխելու ընթացքին էր նաեւ, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու թըր-քական պարբերականներէն մէկուն խօսելով յայտարարած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ սառած յարաբերութիւնները կրնան նոր հուն մը մտնել: Նախարարին կատարած յայտարարութիւնը քննարկումի առիթ կը հանդիսանար Երեւանի մէջ: Տարբեր վերլուծաբաններ ալ կը հաւատային, որ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ առկայ այս «ոչ-շահաւէտ» վիճակին բարելաւումը կամ «պատմութեան ցեխեր»ուն մէջ խրուած այդ յարաբերութիւններու անիւը կրնայ միայն շրջել՝ Մոսկուան:

Տակաւին խօսք ալ կար, որ Ռուսաստան պիտի փորձէ նոր թափ մը հաղորդել կովկասեան իրավիճակին ու ամէն գնով լուծումներու սեղան բերէ ղարաբաղեան թղթածրարն ու նաեւ հայ-թրքական կնճռոտ եւ բաւական «հին» դարձած խնդիրը:

Ու եթէ այդ օրերու կտրուածքով դիտենք հարցերը, ապա երբեք պատահական պիտի չհամարուէր Անգարայի կողմէ կատարուելիք որեւէ քայլ, մանաւանդ, որ Սուրիոյ երկինքին վրայ ռուսական կործանիչին ջախջախումը Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները մատնած էին «քաոսային» վիճակի:

Օրերու թաւալքին հետ սակայն, այդ խօսակցութիւնները կը վերադառնային պատմութեան «փոշիոտ դարակ»: Այս բոլորէն ետք հայ-թրքական թեման անգամ մը եւս կը հանրայնացուէր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան այս անգամ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն (Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի 72-րդ նստաշրջանին) հանգամանաւոր ելոյթ մը ունենալով այլ հիմնահարցերու կողքին կը խօսէր ու նաեւ կարեւոր շեշտադրումներ կը կատարէր, արդէն իսկ տասն տարուան կեանք ունեցող հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ:

Հայաստանի նախագահը մասնաւորաբար կ՚ըսէր. «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելին, Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի Հոկտեմբերին կնքուեցան Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները: Այդ փաստաթղթերը առ այսօր չեն վաւերացուած եւ հանգրուանած են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներու մէջ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ առաջ կը քաշէ զանոնք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխիր արձանագրութիւններու տառէն եւ ոգիէն: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովուրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ՝ այս բարձր ամպիոնէն:

«Այժմ եկած է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ կը մտածէ, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուած են ներկայիս պայմաններու մէջ՝ առկայ խնդիրներուն լուծում գըտ-նելու համար»: Հակառակ իր խստաոճ նկատողութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը սակայն կը շարունակէր «պատուհան»ը բաց պահել այդ արձանագրութիւններուն համար: Ան այս առումով կ՚ըսէր. «Հայաստանը, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ համոզուած ըլլալ, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ՝ իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ անոնց լուծումները գտնելու նպատակով»:

Բնականաբար Հայաստանը այս արձանագրութիւններուն առընթեր չի կրնար «յաւիտենական դիտող»ի դերով հանդէս գալ ու եթէ իրավիճակը այս հունով ընթանայ, ապա պարզ է, որ ինչպէս Հայաստանի նախագահը կ՚ըսէր՝ «Անոնց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները կը յայտարարէ առ ոչինչ»: Այստեղ անպայման պէտք է շեշտադրել, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններու «առ ոչինչ» կոչուիլը կամ ընդհանուր օրակարգերէն հանուիլը «աշխարհի վերջը» չեն: Այս պարագային, թերեւս եւ երբ խօսք կ՚երթայ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին, աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ նման «մեռեալ ծնունդ» եղած արձանագրութիւնները ընդհանրապէս մոռնալ եւ նայիլ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով եւ ի՛նչ մօտեցումներով կարելի պիտի ըլլայ որոնել ու գըտ-նել երկու պետութիւնները հասարակաց շահի մը շուրջ բանակցութեան ընթացքի մը մղում տալու ճանապարհը:

Յիշեցնելու կարիք կա՞յ արդեօք, որ երկու ժողովուրդներուն համար ալ պատմական ծանր «նստուածք» ունեցող ու նոյնիսկ դառնագոյն փորձութիւններէ անցած յարաբերութիւններու կարգաւորումը նախ եւ առաջ մեծագոյն հարց է երկու պետութիւններու իշխանութեանց համար:

Ժողովուրդները կը շարժուին զգացական զեղումներով, յաճախ կը վերած-ւին «ահեղավազ» հոսանքներու եւ այդ վազքով իրենց հունին մէջ կ՚առնեն մնացած բոլոր նախադրեալները:

Պետութիւնները սակայն իրաւունք չունին նման մօտեցումներով շարժուելու: Ճիշդ է, որ անոնք պէտք է փորձեն առաւելագոյնս ներկայացնել եւ կենսագործել իրենց իսկ ժողովուրդներուն տեսլականը, բայց առանց խրուելու պատմական ցեխերուն մէջ, կամ նոյնիսկ աւազախրուելով վիրաւոր անցեալի մութ նրբանցքներուն մէջ:

Հայաստանը երիտասարդ հանրապետութիւն է, ընդամէնը 26 տարեկան ու վստահ պէտք է ըլլալ, որ չմոռնալով հանդերձ պատմութեան «սեւ դասերը», պիտի փորձէ ամէն գնով առաջ շարժուիլ ու նայիլ դէպի լուսաւոր ապագայ:

Նոյն դրական շեշտով պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասին, որ եղած է առաջինը, որ ճանչցած է Հայոց երրորդ հանրապետութեան ծնունդը: Թուրքիոյ համար եւս դրական նոր հուն մը ընթացք պիտի առնէ, եթէ վերջինս կարողանայ բնականոն հունի մը տանիլ Հայաստանի Հանրապետւթեան հետ իր յարաբերութիւնները եւ այս մանաւանդ առանց նախապայմաններու:

ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԴԵՐԸ 

Առաջին անգամը չէ, որ խօսք կ՚երթայ պոլսահայոց ունենալիք պատմական դերին մասին: Համայնք մը (Պոլսոյ պարագան այն քիչ պարագաներէն է, որուն համար կը խորշիմ գաղութ կամ գաղթօճախ, կամ ալ հայագաղութ մը կոչելէ), որ այսօր ալ բաւարար ներուժ ունի կարեւոր դեր խաղալու մանաւանդ, երբ կը խօսինք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հիմնախնդրին մասին: Ի վերջոյ, ո՛վ աւելի շահա-գըրգռուած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փակ մնացած սահմանները վերաբացուին, հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, երկու տէրութեանց մէջ դեսպանական ներկայացուցչութիւններ գործեն եւ կարգի բերուին տասնեակ այլ խնդիրներ, որոնց լուծումով ալ դրական նոր փուլ մը ընթացք պիտի առնէ ամբողջ շրջանին մէջ: Պոլսահայութիւնը գիտէ այս բոլորը ու գիտէ նաեւ, որ պատմական դերի մը կոչուած է այսօր, մանաւանդ որ ներկայ պահու դրութեամբ հայութեան հանդէպ ժխտական մօտեցումներ կամ հալածանք գոյութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ:

Անտեսելով կարգ մը դեղին մամուլի ներկայացուցիչներուն Թուրքիան միայն սեւով նկարելու փորձերը (Թուրքիան եւս, ինչպէս զանազան երկիրներ ունի բաւական բարդ խնդիրներ), այսօր բացայայտ է, որ առնուազն հայկական օրակարգին վերաբերեալ Անգարան ժխտական մօտեցում մը չունի:

Պոլսահայութիւնը քաջ գիտէ նաեւ, որ երկու ժողովուրդներուն համար ալ կան, գոյութիւն ունին կարծրատիպի կոշտութիւն ունեցող խնդիրներ: Ճանաչողութեան, պատմական անցեալը ներկայացնելու, իրարու հետ հաղորդակցելու եւ հարցերը նոր հարթութեամբ քննարկելու հնարաւորութիւնները այսօր դրուած են պոլսահայութեան առջեւ ու այս առումով ալ պատմական ժառանգութեան տէր հանդիսացող այս համայնքը կարեւոր եւ հիմնարար ընելիքներ ունի այս առումով: Սփիւռքի մէջ «պտըտելով» եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վատաբանելով հայութիւնը պիտի կարողանա՞յ դրական տեղաշարժ մը ապրիլ:

Կամ ըսենք, մեզմէ ո՞վ չի գիտեր, որ սփիւռքի մեծ տոկոսը ատելավառ զգացումներ ունի Թուրքիոյ իշխանութեանց հանդէպ, կամ ո՞վ չէ կրցած կռահել, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար պատմական բոլոր ծանր փորձառութիւնները մէկդի պիտի դրուին, եթէ յարմար առիթը գայ Թուրքիոյ հետ նստիլ-խօսելու: Այս բոլորը գիտենք: Սակայն ականատես կը դառնանք, որ այս հարցերուն մէջ էական դեր ունեցող գաղութը չ՚ուզեր արձագանգել:

Տակաւին չխօսինք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ եղած շոուներուն, կամ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ ամբողջ հայութեան անունով հանդէս գալու միամիտ մօտեցումներուն մասին:

Այս բոլորը դարձեալ ու դարձեալ, ոչ մէկ օգուտ կը բերեն հայութեան ու յատկապէս Հայաստանին, որ այսօր անկախ ամէն ինչէ տնտեսական մեծ թիւերու հասնող առեւտրական կապ մըն ալ ունի Թուրքիոյ հետ:

Խնդիրը հոս միւս թեւին բացակայութիւնն է: Կամ անոնց, որոնք կոչուած պէտք է ըլլան ու գործեն տիւ եւ գիշեր, որպէսզի կարելի ըլլայ դրական նշան մը ապահովել, դուռ մը բանալ եւ խաւարը անիծելու տեղ մոմ մը վառել:

Հայաստանի ճակատագիրը չէ մեկուսացած ու պաշարուած ապրիլը ու այդ մէկը վստահօրէն յաւիտենական ալ չէ:

Ու այս առումով է նաեւ, որ պոլսահայութիւնը ընելիք ունի. կարեւոր ընելիք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017