«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի թղթակից Պեն Լերվիլ, որ ծանօթ է իր ճամբորդական նոթերով, այս անգամ անդրադարձած է հայերուն եւ Հայաստանին, մանաւանդ՝ հայերու հիւրասիրութեան: «Պի.Պի.Սի.»ի միլիոնաւոր ընթերցողներուն համար վստահաբար նոր աշխարհ մը կը բացուի, իսկ մեզի համար հետաքրքրական է բոլորովին օտարին առարկայական աչքով տեսնելը մեր հիւրասիրութիւնը եւ անդրադառնալը ատոր, մանաւանդ որ ան նոյնպէս կը խօսի Եղեռնի մասին:

Պեն Լերվիլ Վրաստանէն անցած է Հայաստան:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ

Հիւսիսային Հայաստանէն ես կ՚ուղղուէի մայրաքաղաք Երեւան: Իմ ճամբորդութիւնս դանդաղօրէն զիս կը տանէր դէպի հարաւ: Բնավայրը այստեղ մկանոտ եւ հուժկու է. լերկ զառիթափեր եւ խորունկ, գլխապտոյտ պատճառող ձորեր: Վրաստանէն Հայաստանի սահմանը հատելէ ետք, ես նստայ հին, փոքր հանրակառք մը, որ այստեղ կը կոչեն մարշրութքա (ամենէն աժան հանրային փոխադրամիջոցներէն մէկը, որ Կովկասի մէջ կ՚երթեւեկէ): Վարորդի ղեկին վրայ  թառած էր փոքրիկ, մեղրագոյն, սիրուն թռչուն մը, որ հինգ վայրկեան դիտեց ճամբան, շրջանակաձեւ դարձաւ անայլայլ  ուղեւորներուն վերեւ եւ ապա պատուհանէն թռաւ գնաց դէպի  ժայռոտ, թուխ բլուրները: Ի՞նչ էր ասիկա: Տնային վարժա՞նք: Բախտաբեր ծիսակատարութի՞ւն: Բնաւ չգիտցայ: Թերեւս  նշան մը՝ անսպասելին ակնկալելու:

Ես հասայ Դիլիջան: Բնաւ չէի ծրագրած գիշերը մնալ Դիլիջանի մէջ: Բայց փոքր քաղաքը գրաւիչ եւ գեղեցիկ էր, տարածուած զառիթափերուն վրայ, ծածկուած՝ կաղնիի անտառներով: Ուսումնասիրելով տեղւոյն բնութիւնը՝ ես հակցայ, որ Հայաստանի իմ ճամբորդութիւնս հետաքրքրական պիտի ըլայ: Ես պէտք է Դիլիջանէն Երեւան հասնէի, բայց ամբողջ օրը անցուցի շրջանը եւ եկեղեցիները ուսումնասիրելով, եւ արդէն ուշ երեկոյեան Դիլիջանի մէջ ինծի շարժումներով բացատրեցին, որ այդ օրուան հանրակառքերը վերջացած են: Այնպէս որ, ստիպուած էի քաղաքին մէջ մնալ:

Գիշեր մը այս քաղաքին մէջ վստահաբար ծանր պիտի չըլլար: Ես հետագային գիտցայ, որ խորհրդային ժամանակներուն Դիլիջանը կ՚անուանէին «Խորհրդային Զուիցերիա»:

Ես ուրեմն կեցութեան վայրի մը պէտք ունէի: Հին տեղեկատուով գտայ տուն մը, ուր կարելի էր գիշերը անցընել: Տունը կը գտնուէր քաղաքի արուարձաններուն մէջ, բլուրին վրայ: Կը յուսայի, որ առնուազն մէկը կը գտնեմ հոն: Տունը անջատուած էր ճամբայէն մետաղեայ դարպասներով: Քանի մը անգամ զարկի, բայց՝ երկար լռութիւն: Այնպէս թուեցաւ, որ այցելուներու, հիւրերու ներկայութիւնը  յաճախակի չէ: Ես անդրադարձայ, որ նոյնիսկ այլեւս պանդոկ չէ: Մտածեցի, որ սխալ տեղ կրնամ եկած ըլլալ: Ես փորձեցի արտասանել հայերէն ողջոյնի բառեր. լաւատես՝ «Բարեւ ձեզ»ը, նախ՝ մեղմ, ապա բարձրաձայն, քիչ մը ապուշի նման զգալով: Ի վերջոյ ոտնաձայներ լսուեցան, եւ դարպասները բացաւ միջին տարիքի կին մը: Ան հարցական ինծի նայեցաւ: Ես ցոյց տուի իմ ուղեցոյցս: Ի հանգստութիւն ինծի՝ ան ժպտաց, թեւս մտաւ՝ զիս տուն առաջնորդելով: Ցոյց տուաւ այն սենեակը, ուր ես կրնայի գիշերել: Սենեակին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին կոկիկ ծածկուած մահճակալը՝ գունաւոր վերմակներով: Անդրադարձայ, որ տան մէջ ձայներ կան: Խնդուքը կը հոսէր միջանցքին մէջ: «Ժամը 7:00-ն է», ըսաւ կինը անգլերէն եւ ցոյց տուաւ դիմացի սենեակը: Ան ձեռքի եւ բերնի շարժումներով հասկցուց՝ ուտել:  Ես յոյս չունէի, որ ուշ երեկոյեան ընթրելու կարելիութիւն կ՚ունենամ, եւ միտքէս չէր անցներ, որ զիս կը դիմաւորեն բաց սեղանով՝ վրան բազմատեսակ ուտելիք եւ խմիչք:

Պարզուեցաւ, որ այդ օրը կնոջ աւագ դստեր 18-ամեակն էր, եւ ես յայտնուեցայ հիւրասենեակին մէջ, ուր տասնեակ մարդիկ հաւաքուած էին: Բոլորն ալ  ամուր կերպով ձեռնուեցան հետս, աթոռ մը յատկացուցին, եւ բնականաբար, ես  չյաջողեցայ այդտեղէն դուրս գալ «ողջ ու սթափ»: Ուտելիքը չէր վերջանար, ընդհակառակը, կ՚աւելնար հսկայական նոր բաժիններով, եւ ես կուշտ կերայ հայկական լաւաշ, սմբուկ, ձիթապտուղ, աղցաններ, մսոտ կերակուրներ, պանիրի տեսակներ, սունկով հաւ: Այդ բոլորին հետ կը խմէինք տան մէջ պատրաստուած օղի: Կողքիս նստած էին աղջկան երկու հօրեղբայրները, որոնք իրենց պարտքը կը նկատէին հետեւիլ գաւաթիս, որպէսզի նոյնիսկ երկվայրկեան մը դատարկ չմնայ: Մինչ խնջոյքը կը շարունակուէր, հօրեղբայրը կ՚առաջարկէր, որ խմենք բոլորին եւ ամէն բանի՝ Հայաստանի, Բրիտանիոյ, իրենց ընտանիքին, իմ ընտանիքիս, հանգուցեալներու, ապագայի, ընկերութեան կենացը: Ինծի կը փաթթուէին եւ անընդհատ կը հիւրասիրէին: Ես շփոթած էի: Կը յիշեմ միայն գաւաթներու չխչխկոցն ու կոկորդիս մէջ ալքոլի ջերմութիւնը: Այնուհետեւ սկսան երգերը, ապա բերին քաղցրեղէնը: Երեկոն վերջ գտաւ ընդհանուր բուռն գրկախառնումով, ջերմ ողջագուրումով եւ յաւերժ սրտակից մնալու վճիռով:

Առաւօտեան ձեւով մը արթննալէ ետք ես նոյնպէս  ճոխ նախաճաշ ստացայ: Ամենէն տարօրինակը այն էր, որ երբ կ՚ուզէի վճարել գիշերային կեցութեան  համար, ինձմէ դրամ չառին եւ ըսին, որ կը վիրաւորուին, եթէ ես պնդեմ:

Ինծի տուին հարաւային Հայաստանի մէջ իրենց մէկ ազգականին հասցէն (այժմ խորապէս կը զղջամ, որ չայցելեցի) եւ զիս ամբողջ ընտանիքով ջերմօրէն ճամբեցին դէպի հանրակառքի կայարան: Միայն այդ ատեն այդ ընտանիքին ջերմ ընդունելութեան տարողութիւնը խորասուզուեցաւ մէջս: Ես ամբողջովին օտարական մըն էի, երկրէ մը, որ հազարաւոր մղոններ հեռու է: Ես անակնկալօրէն յայտնուած էի իրենց դարպասներուն առջեւ, անկոչ, չածիլուած եւ՝ հազիւ ժամ մը առաջ ընտանեկան տօնական ընթրիքէն: Հակառակ ատոր, ինծի ոչ միայն սենեակ եւ անկողին յատկացուեցաւ, այլ զիս հիւրասիրեցին ընտանեկան սեղանին շուրջ այնքան բնական եւ այնքան առատաձեռն, կարծես իրենցմէ մէկը ըլլայի: Ատիկա ընդարձակեց «հիւրատան» (կեսթհաուս) բնութագրումը դէպի անհաւանական ծայրայեղութիւններ:

Հայերը շատոնց հռչակաւոր եղած են դրսեցիներու հանդէպ իրենց հիւրընկալութեամբ, վեհանձնութեամբ: Երկիրը կը գտնը-ւի առեւտրային Մետաքսի ճամբու քառուղիի վրայ: Ասիկա անշուշտ  ազդած է մարդոց մէջ այդ յատկանիշին զարգացման: Այստեղէն անթիւ-անհամար վաճառականներ, զինուորներ, գաղթականներ եւ թափառականներ անցած են:

Քրիստոսէ առաջ 400 թուականին յոյն զօրավար Քսենոֆոն իր բանակները այս կողմ բերած է եւ ապա տեղեկացուցած է ճոխ սեղանններու՝ առատ ուտելիքներու եւ  համեղ գինիի մասին:

Հաւանաբար պէտք է նշել, որ կովկասեան երեք երկիրներ՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան լուրջ կասկածներ ունին իրարու հանդէպ: Տարածուած հայկական ճոք  մը կայ, որ այս ամբողջը կ՚ամփոփէ: Տղեկ մը իր մեծ հօրը կը հարցնէ, թէ Հայաստան ինչո՞ւ տակաւին տիեզերագնաց մը չէ ղրկած անջրպետ: Մեծ հայրը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ վրացիները նախանձէ կը մեռնին, ապա մենք ուրախութենէ կը մեռնինք եւ ազէրիներուն կը մնան բոլոր հողերը»: (…)

Ես միայն այսքանը կրնամ ըսել. երբ Հայաստանի մէջ հիւրընկալուիք, անկարելի է, որ ատիկա մոռնաք:

ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017