ՍՈՒՐԲ ԸՆՏԱՆԻՔ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ» (Ա.Թս 4.4)

Ստեղծագործութեան դափնեպսակը հանդիսացող մարդը՝ վերջինը ու իմաստաւորողը արարչագործութեան, իբրեւ հոգեղէն ու մարմնեղէն գոյացութիւն, Աստուծոյ «կենդանի շունչ»ով արարուած, երկրային հողէն առնուած բայց Երկնայինո՛վ անմահացած, եղծանելի տարրէն գոյաւորուած բայց Ամենակալին հպումովը անե՛ղծ դարձած, Աստուծոյ գերբնարփեան շնորհքներով ոգեզինուած, ազատութեամբ, բանականութեամբ եւ անմահութեամբ օժտուած, կոչուած էր բոլոր արարածներուն պարագլուխը դառնալու եւ Աստուծմէ իրեն տրուած սուրբ կտակը շարունակելու։

Ադամ ու Եւա Աստուծոյ խօսքովն իսկ կոչուած էին մէկ մարմին դառնալու, աստուածահաստատ հիմունքներով ամրակայուած ընտանիք մը կազմելու, զիրար ամբողջացնելու, իրարու միջեւ ուխտագրուած խոստումը աներեր հաւատքով ու անխարդախ սիրով պահպանելու, սերնդագործելու եւ նոր արարչագործուած երկիրը լեցնելու զաւակներով՝ Ստեղծագործողին փառքին տարածման ի խնդիր (Հմմտ Ծն 1.28)։ Ահա նոյն այդ Աստուածն էր, որ Եւային ստեղծագործութենէն անմիջապէս ետք ըսաւ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն 2.24, Մտ 19.5, Մր 10.8)։ Աւելի ուշ, Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ Հոգիով տոգորուած՝ Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր նամակին մէջ բացորոշ կերպով պիտի կարեւորէր ամուսնութեան նպատակը՝ ըսելով. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ» (Ա.Թս 4.4)։

Նորապսակ ամուսինները եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ եւ իրենց հարազատներուն դիմաց կը խոստանան մինչեւ մահ՝ թէ՛ երջանկութեան եւ թէ թշուառութեան օրերուն զիրար սիրել։ Հինէն եկող «Աստուծմով սկսէ՛ եւ Աստուծմով վերջացուր» խրատ-խօսքը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայ ընտանիքի կորիզը պէտք է դառնայ։ Եթէ ընտանիքիդ հիմքը Աստուած է, ապա ընտանեկան կեանքդ ալ նոյնպէս Աստուծմով հզօր ու գեղեցիկ կ՚ըլլայ։ Իսկ երբ հիմքը արտաքին գեղեցկութեամբ եւ դրամով պարուրուած է. ապա «գեղեցիկ» ընթացքը կը խափանուի ու կը կործանուի։ Այդ ժահաբոյր «գեղեցկութիւնը» ժամանակի ընթացքին կ՚անցնի. որովհետեւ անոր արմատը վաղանցուկ հարստութեամբ, մակերեսային սիրով ու կեղծ ժպիտով արմատաւորուած կ՚ըլլայ։ Հարստութիւնը խաղաղութիւն չի բերեր, ընդհակառակը, սէրն ու կիրքը ամբողջապէս կ՚արմատախլէ ու կը վերացնէ: Այսպէսով ընտանեկան արտաքուստ «գեղեցկութիւնը» կը վերածուի մեհեանի՝ զոյգերը տանելով դէպի անհաւատարմութեան ու շնութեան մոլորութիւններ: Այլ խօսքով՝ սիրոյ բացակայութիւնը ծնունդ կու տայ ընտանեկան զարտուղի ընթացքի, որուն իրբեւ հետեւանք՝ ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնն ու իրերամերժ կեցուածքը արմատ կը դնեն զոյգերու կեանքին մէջ։

Ընտանիք հասկացութիւնը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ սրբութեան վրայ. «Սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասնզի ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.44), կ՚ըսէ Աստուած Մովսէս մարգարէի բերնով։ Աստուած որ «Սրբութիւն Սրբոցն» է, է նաեւ հիմնադիրն ու հիմնաքարը, յենասիւնն ու անկիւնաքարը ընտանիքին։ Սրբութիւնը սոսկ կրաւորական, ինքնակերտ, վերացական, ներանձնական ու ինքնեկ վիճակ մը չէ երբեք, այլ անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած ու փոխանցուած, մարդուն կեանքը յեղաշրջող ու փոխակերպող, մշնտջենապէս գոյութենական առկայ վիճակ մըն է՝ Ս. Հոգիով լուսազարդուած ու առաջնորդուած։

Մեր կեանքի խաժամուժին մէջ իսկ, «Սուրբ ընտանիք» հասկացողութիւնը դժբախտաբար յոռեշրջուած է, հեռացած է իր ճշմարիտ իմաստէն՝ բառին լայն եւ վաւերական առումովը։ Խառն ամուսնութիւնը, իրարու նկատմամբ փոխ անհասկացութիւնը, տնտեսական հարցերը, իրերամերժութիւնը, անտարբերութիւնը, ուրիշին աչքին քաղցր թուելու յաւակնոտութիւնը, տան ու զաւակներուն նկատմամբ անփոյթ կեցուածքը, դժբախտաբար սկսած են իրենց չարախինդ արմատները նետել ամուսնական կենսընթացին մէջ, որոնք ստէպ պատճառ կը դառնան քու ընտանեկան սրբութեան քայքայման, պառակտումին եւ ինչպէս նաեւ ամուսնալուծմանդ, բայց չի՛ մոռնաս, որ «Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ՚ըսէ, թէ ինք կ՚ատէ կին արձակելը» (Մղ 2.16)։

Ճշմարիտ սրբութենէն ստեղծուած արարածը կոչուած է սո՛ւրբ ըլլալ ու սրբութեան խորանի վերածել իր անձն ու բնօրրանը՝ ընտանիքը։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ աստուածահաճ ու քրիստոսակեդրոն կեանք մը կ՚ապրի՝ իր ընտանիքը վերածելով աստուածաբոյր վարդահիւթեղ մեխակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ մաքրամաքուր Ս. Աջով միացուած այդ կնքուած ուխտը՝ կը վերածէ Աստուծոյ սիրով ջրդեղուած հոսանուտ վտակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ իր տունը կը հիմնէ աստուածահիմն ժայռի վրայ. «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.25)։ Ինչպէս չցանկապատուած այգին յափշտակող գազաններու թիրախը կը դառնայ, այնպէս ալ սրբութեամբ չցանկապատուած ընտանիքը դիւրաբեկ շիւղի նման ենթակայ է չարին քմայքներուն ու սադրալի փորձութիւններուն։

Արդարեւ, ընտանիքը միշտ եղած է կորիզը ընկերութեան կեանքին։ Հոն կը գտնուին կեանքի դասարանին առաջին գրասեղանները, ուսուցիչ ունենալով ընտանիքի երկու սիւները՝ հայրն ու մայրը։ Սալ մը՝ որուն վրայ պիտի ծեծուի շիկացած եւ ձեւ չստացած երկաթը, որ շուտով պիտի վերածուի ձեւակերպուած գործիքի՝ հայու տիպարի։ Հնոց՝ ուր պիտի թրծուի կեանքը, որ պիտի դառնայ ընկերութեան շէնքը բարձրացնող աղիւսներէն մին։ Արուեստանոց մը՝ ուր մուրճի կոփիչ հարուածներուն տակ շունչ ու ոգի պիտի ստանայ մարդու իսկական կերպարը ներկայացնող քանդակը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը թելադրէ մեր զաւակները դաստիարակել սրբութեամբ՝ երբ անոնք տակաւին նոր կը թեւակոխեն կեանքի այս բոլորակին. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.17)։

Սիրելի՛ ընթերցող, ընտանիքը ամէն բանէ առաջ հաւաքական կեանք է, այլապէս ընտանիք չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այր եւ կնոջ մտերմութիւնը ամէն իմաստով պէ՛տք է տարբերի որեւէ տեսակի մտերմութենէ կամ դաշնադրութենէ, ուր միաժամանակ Աստուծոյ սրբութիւնը պէտք է ներկայ ըլլայ։ Սկիզբի նախատրամադրութիւններդ, քու կողակիցիդ նկատմամբ «կոյր» սէրդ, լայն հասկացողութիւնդ, փափկանկատութիւնդ, որոնք քեզ առաջնորդած էին ամուսնութեան քայլը առնելու, այսօր քեզ միթէ անել վիճակէդ դուրս կրնա՞ն հանել եւ կամ քու դժուարութիւններդ դիմակայել կամ յաղթահարել։ Հաւանաբար այդ բոլոր տուեալները կրնան քեզ երջանիկ ձգել, բայց ժամանակաւոր են։ Աստուծոյ սրբութեա՛մբ խարսխէ քու ընտանեկան օճախդ, որպէսզի նիւթականացած այս աշխարհին մէջ քեզի ու քու ընտանիքիդ դէմ եկող ալեբախութեանց կարենաս դիմագրաւել։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018