ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ներքեւի յօդուածը արտատպումն է «ԼՈՅՍ» եկեղեցագիտկան շաբաթաթերթի նոր շրջան, Ա. տարի 1905, թիւ 6-ի, 5 փետրուարի խմբագրականին: Յօդուածը կ՚արտատպենք, որովհետեւ անոր պարունակութիւնը այսօր եւս այժմէական եւ պիտանի է:
ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մարդիկ իրենց ընկերական յարաբերութիւններու մէջ, որքան ալ մտերմական (թեքլիֆսիզ) ըլլան, պարտաւոր են յարգել կենցաղագիտութեան (Savoir-vivre) պայմանները: Այցելութիւններու ատեն, խօսակցութեան միջոցին, ճամբան, սեղանի վրայ, ամէն տեղ մարդիկ կը յարգեն ընդունուած սովորութիւնները:
Բայց չես գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար կենցաղագիտական այդ նրբութիւններուն գոնէ տարրական մասերը չեն յարգուիր եկեղեցւոյ մէջ: Մենք կը կարծենք թէ, ամենէն աւելի եկեղեցիներու մէջ պէտք է ուշադրութիւն ընծայել կենցաղագիտութեան պայմաններուն. վասնզի եկեղեցին ո՛չ միայն սրբավայր մըն է, ո՛ւր աներեւոյթ Աստուծոյ ներկայութեան կ՚ընդունուին հաւատացեալներ, այլ՝ միանգամայն հասարակաց ժողով մըն է, ո՛ւր մարդիկ իրարու դիրքն ու իրաւունքը յարգելու են՝ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան սիրոյն:
Եկեղեցիէն դուրս մարդիկ ամօթ կը համարեն հոտած (սոխով կամ ապուխտով եւ այլն) բերնով համախմբութեան մը մէջ մտնել, բայց եկեղեցւոյ պէս համախմբութեան վայր մը կը մտնեն առանց քաշուելու:
Տուներու մէջ մարդիկ կը մտնեն իրենց գլխարկները հանելով, բայց եկեղեցւոյ մէջ գլխարկներով կը մտնեն շատեր եւ չեն հաներ:
Երբ մարդիկ քիչ հիւանդ են կամ կը հազան՝ չեն ուզեր այցելութեան երթալ, համախմբութիւններու մէջ մտնել, բայց եկեղեցիներու մէջ՝ երբ սրբազան պաշտամունքը կը կատարուի, հազացողներ, տքացողներ պակաս չեն ըլլար:
Ընկերութեան մէջ երբ մէկը կը խօսի, ամօթ կը համարուի ընդմիջել խօսողը կամ ո՛րեւէ ձեւով խանգարել զայն, բայց եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքի ատեն խօսողներ քիչ չեն: Քարոզի ատեն, կամ Պատարագի միջոցին դուրս կ՚ելլեն կը մտնեն ա՛յնպիսի ձեւով մը, որուն կարելի չէ որ հանդուրժեն ուրիշ ո՛րեւէ համախմբութեան մէջ: Այցելութեան սովորութիւն չէ՛ տանիլ լացող պզտիկները, բայց եկեղեցւոյ մէջ խանձարուրքի պզտիկներու լացքը անպակաս չեն ըլլար:
Դեռ կարելի է երկնցնել շարքը ա՛յն անպատեհութիւններուն, որոնք տեղի կ՚ունենան եկեղեցւոյ մէջ՝ հակառակ կենցաղագիտութեան ամենէն տարրական պայմաններուն. թո՛ղ ուրիշ անպատեհութիւնները, որոնք ծագում կ՚առնեն ժամերգութեան մասնակցելու եւ աղօթելու արտաքին ձեւերու անգիտակցութենէն: Ասոնք նորութիւններ չեն, բայց կարելի չէ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ համար ժամուորներ ընդհանրապէս չեն ուզեր ուշադրութիւն դարձնել այդ բոլոր անպատեհութիւններուն:
Մեր մէջ կա՛ն անձեր, որոնք ժամասէր են, բայց չեն ուզեր ժամ երթալ ճիշդ այդ պատեհութիւններուն համար. խրտչած են ատոնք մէկ կողմէն կամ աղտոտ գլուխներէ, կամ բերնի հոտերէ, կամ փսփսուքներէ եւ միւս կողմէն պնակներէ, տգեղ երգեցողութիւններէ եւ այլն:
Իրաւ՝ որ մեր եկեղեցիներու դռները բարապաններ չեն կրնար կենալ՝ պայման դրուած տարազներով ներս ընդունելու համար հաւատացեալները, երեկոյթի մը կամ հարսանիքի մը հրաւիրեալներու պէս, ո՛չ ալ կարելի է այսպիսի օրէնք մը հաստատել: Ինչո՞ւ սակայն ուշադրութիւն չընել այսպիսի փոքրիկ բաներու, որոնց արդիւնքը շա՜տ մեծ եւ շա՜տ նպաստաւոր պիտի ըլլար: Ի՞նչ է պատճառը՝ որ միեւնոյն մարդիկ փոքրիկ համախմբութիւններու մէջ կ՚ուզեն կենցաղագէտ, վայելուչ շնորհալի երեւիլ, իսկ եկեղեցւոյ մէջ՝ ո՛չ:
Այս տգեղութիւնները մասնաւորապէս ուշադրութիւն գրաւեցին անցեալները՝ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Մամիկոնեան Միքայէլ էֆէնտիի յուղարկաւորութեան առթիւ: Երբ Սրբազան Պատրիարք Հայրը դամբանական կը խօսէր, կարգ մը մարդիկ, դռնապան, լուսարար, եւ այլն, քարոզը դեռ չէր լմնցած՝ սկսան դագաղին վրայ, շուրջը, ասդին-անդին դրուած ծաղկեպսակները ժողովել եւ պահարան տանիլ, երգեցիկ տղաքները իրենց տեղերէն վերցնել քիչ ետքը կազմուելիք թափօրը առաջուընէ կարգադրելու համար: Պարզապէս խանգարուեցաւ Սրբազան Պատրիարքին դամբանականին վերջին մասը եւ Աւագերէցը ստիպուեցաւ զգալի ձայնով մը սաստել այդ խանգարիչները:
Ասիկա շատ հազուադէպ պարագաներէն չէ, այնպէս որ միեւնոյն անպատեհութիւնը կարելի է մատնանիշ ընել մեր եկեղեցիներու մէջ: Բայց կը հաւատանք՝ որ ասոնք ո՛րեւէ կերպով հաճելի բաներ չեն հայ եկեղեցասէրներու եւ ո՛չ մէկին. կը հաւատանք նաեւ՝ որ ինչ-ինչ փոքրիկ կէտերու ուշադրութիւն դարձնելով՝ հետզհետէ վերջ կը գտնեն այդ անկարգութիւններն ու խանգարումները: Եւ այս հաւատքով է որ կ՚ուզենք ի՛նչ-ի՛նչ թելադրութիւններ ընել մեր ընթերցողներու:
1. Բաց գլխով կենալ եկեղեցւոյ մէջ վայելուչ է ամէն կերպով: Ինչպէս ամէն տեղ նոյնպէս եկեղեցւոյ մէջ աղտոտութիւնը պժգալի է. հին զգեստ մը կրել ամօթ չէ՛, բայց նոր եւ աղտոտ զգեստ մը անհանդուրժելի է, հին եւ աղտոտ զգեստ մը երբեք ներելի չէ:
2. Քանի որ մեր մէջ ստիպողական չէ եղած եկեղեցւոյ սկիզբէն մինչեւ վերջը մասնակցիլ ժամերգութեան, եկեղեցիէն պէտք է ելլել այնպիսի ատեն մը, որ շատ ուշադրութիւն չգրաւէ եւ չխանգարէ ժամերգութիւնը կամ անհանգստութիւն չպատճառէ ուրիշներուն:
Երբեք ներելի չէ՝ զոր օրինակ, քարոզի միջոցին ոտքի ելլել, երբ ամէնքը նստած են ընդհանրապէս, եւ բազմութիւնը ճեղքելով դուրս վազել. ներելի չէ՛ Պատարագի ատեն, մա՛նաւանդ Վերաբերումէն ետքը դուրս ելլել: Սովորութիւն եղած է դուրս ելլել երբ սարկաւագը կ՚ազդարարէ «մի՛ ոք յերախայից»: Ասի շատ հին ատենէ մնացած սովորութիւն մըն է. երբ եկեղեցւոյ մէջ երախայութիւն կար դեռ, ինչպէս նաեւ կային ապաշխարողներ այն, որ չէին կրնար մասնակցիլ սրբազան Խորհրդին, սարկաւագը կ՚ազդարարէր անոնց դուրս ելլել եկեղեցիէն եւ դրան քով կենալ: Թէեւ շատոնց վերջացած է երախայութիւնը, բայց դուրս ելլելու սովորութիւնը մնացած է:
Մեր եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեան շատ մը մասերը քով քովի եկած, անըդհատ կը կատարուին. ամէն անգամ՝ որ Ժամօրհնողը «Հայր մեր» մը կ՚ըսէ, պէտք է գիտնալ թէ նոր ժամերգութեան մը սկիզբն է այդ. արդ՝ ժամուոր մը կրնայ այդ ժամերգութեան ո՛րեւէ մասին ներկայ գտնուիլ կամ ոչ, հետեւաբար կրնայ «Հայ մեր»ներու ատեն դուրս ելլել, բայց չի կրնար եւ մա՛նաւանդ պէտք չէ՝ որ ժամերգութեան ատեն դուրս ելլէ եւ խանգարում ու անհանգստութիւն պատճառէ: Շատ բանաւոր եւ շատ վայելուչ է ուրեմն, Պատարագի ատեն, եւ գոնէ «մի՛ ոք յերախայից»էն ետքը դուրս չելլել:
Անոնք՝ որ եկեղեցի կու գան քիչ մը կենալու համար, կրնան այնպիսի տեղ մը ընտրել, որ ելլելու ատեն ուշադրութիւն չգրաւէ եւ խանգարում չպատճառէ: Նոյնպէս անոնք, որ քարոզ լսելու փափաք չունին, պէտք չէ՝ որ եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ ատեանը մօտենան եւ քարոզի միջոցին ոտքի ելլելով բազմութիւը ճեղքեն դէպի դուրս երթալու համար:
3. Բերնի, ոտքի հոտ ունեցողներ, եթէ անդարմանելի վիճակի մը մէջ են, լա՛ւ կ՚ընեն բուն բազմութեան մէջ չմխրճուելով. փա՜ռք Աստուծոյ, շատ ընդարձակ են եկեղեցիներ, կարելի է պարապ անկիւններ եւ նստարաններ գտնել բազմութենէն հեռու կենալու համար:
4. Լալկան եւ հիւանդոտ պզտիկները եկեղեցի չբերել: Եկեղեցւոյ մէջ չխօսակցիլ եւ փսփսուքներով խանգարել ուրիշներուն լարուած ուշադրութիւնը եւ ժամերգութեան ընթացքը:
5. Երբ ժողովուրդէն կը պահանջենք կենցաղագիտութեան այդ հիմնական պայմանները եկեղեցւոյ բարեկարգութեան նախանձախնդրութեամբ, կարելի չէ՝ որ մոռնանք նոյնիսկ ներքին անպատեհութիւններն ալ, որ ընդհանրապէս կը ծագին սա պնակներու շարքերէն, որոնք շատցած են ժամերգութիւնը խանգարելու աստիճան: Շատ բան գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ այս մասին, բայց դժբախտաբար զգալի արդիւնք մը չունեցաւ մայրաքաղաքիս բոլոր եկեղեցիներուն համար. Գատըգիւղի եկեղեցին շատ բարեբախտ է այս մասին:
Երանի՜ թէ այս անկեղծ թելադրութիւնները նկատի առնուէին մեր եկեղեցին ճշմարտապէս սիրողներէն: Ո՞վ պիտի չուզէր եկեղեցւոյ բարեկարգութեան օգնել ուշադրութիւն ընելով այս փոքրիկ բաներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ