ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Դուք բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք այն, ինչ որ Ես ձեզի կը պատուիրեմ: Ձեզ այլեւս ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ ձեզ բարեկամ կոչեցի, քանի որ այն բոլորը՝ ինչ որ Հօրմէս լսեցի, ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15):
Հարցում. Բարեկամ մը կրնա՞յ եղբօր նման հարազատ ըլլալ:
Պատասխան. Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առ 18.24):
Այսօր յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ իրենց անցեալի ընկերները, բարեկամները կը յիշեն, անոնց մասին դրական արտայայտութիւններ ունենալով շատ յաճախ կ՚ափսոսան: Կը մօտենաք անոնց ու կը հարցնէք, թէ արդեօք հեռացա՞ծ են անոնք այս կեանքէն, որ այդպէս կ՚ափսոսան… Պատասխանը սարսափեցնող կ'ըլլայ.
-Ֆիզիքապէս կան անոնք, բայց հոգեպէս շատո՜նց հեռացած են…:
Ընթերցողներէն շատեր թերեւս այս փորձառութիւնը ապրած ըլլան:
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ կ՚անդրադառնանք ու կը շեշտենք, որ մեր այսօր-ւան ընկերութիւնը առաւելաբար նիւթականացած է եւ կ՚ապրի նիւթի տիրապետութեան տակ, որով մարդկային յարաբերութիւններն ալ նիւթականացած են, այլ խօսքով՝ այդ յարաբերութիւնները սկսած են կազմուիլ, գոյատեւել եւ աւարտիլ զուտ նիւթական շահերէ մեկնելով:
Մարդիկ, Իմաստունին նկարագրութեամբ բարեկամ կը ձեւանան այնքան ատեն, ինչքան դիմացինէն շահի ընկալում ունին, եւ բարկամութեան վերջ կու տան, երբ շահը վերանայ: Այդ մարդոց համար բարեկամութիւնը պարզապէս շահի, նիւթի աղբիւր մըն է, որու մէջ անկեղծութիւն եւ ազնուութիւն տեղ չունի: Բնականաբար այսպիսի յարաբերութիւնները կարելի չէ բարեկամութիւն անուանել, ինչքան ալ կողմերէն մէկը ձեւանայ, թէ ինք բարեկամութեան ջատագով է, բայց առօրեայ կեանքի մէջ տեղ գտած յարաբերութիւնները ճիշդ հակառակը կը փաստեն:
Ճշմարիտ բարեկամութիւնը, արդարեւ, հիմնուած կ՚ըլլայ առաջին հերթին փոխադարձ հասկացողութեան եւ զիջողութեան վրայ, որով երկու կողմերը ամէն կերպ պատրաստ կ՚ըլլան աջակցելու, զօրավիգ ըլլալու իրարու՝ ի ներկայութեան եւ առաւելաբար ի բացակայութեան:
Արդարեւ, ճշմարիտ բարեկամը սառն եղբօրմէն, կամ Աստուածաշունչի կարգ մը օտարալեզու թարգմանութիւններու բնութագրումով՝ հեռու եղբօրմէն աւելի հարազատ է, աւելի մտերիմ:
Վերը ըսինք, որ կ՚ապրինք առաւելաբար նիւթականացած աշխարհի մը մէջ, սակայն, քիչ չէ թիւը այն հարազատ բարեկամներուն, որոնք արիւնակից եղբայրներէ աւելի մտերիմ ու հարազատ են:
Շատերու համար այսօրուան աշխարհին ընձեռած յարմարութիւնները, դիւրութիւնները հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ ընկերութեան, բարեկամութեան արժեչափ դարձած են: Ըստ անոնց, անոնք որոնք միշտ կը զանգեն, կը հետաքրքրուին, կը հարցնեն մեր մասին, անոնք են իրաւ ընկերներ, իրաւ բարեկամներ: Այդ մարդիկ սակայն, կ՚անգիտանան, շատ յաճախ գիտակցաբար չեն ուզեր ընդունիլ, որ երբ այդ նոյն զանգողներուն որեւէ մէկ խնդրանքով դիմեն, հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով ու արդարացումներով պատասխանը ժխտական կ՚ըլլայ:
Խօսիլը, զանգելը, հետաքրքրուիլը այս պարագային այնքան էական չեն, որովհետեւ համակարգիչին ետեւ նստած, հեռախօսը ձեռքը բռնած գրել, զանգել, հարցնել, նամակագրելը դիւրին է, ծանր աշխատանք չէ, աւելին՝ պարտաւորեցնող չեն, մինչ անմիջական շփումը, դժուարութիւններու, նեղութեան պահուն ընկերոջ հասնիլը գործողութիւն կը պահանջէ, ինքնանուիրում կը պահանջէ, զոհողութիւն կը պահանջէ:
Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները պարտադրաբար իրենց տունն ու տեղը ձգած, իրենց տարիներու աշխատանքը, իրենց ճակատի քրտինքով կառուցած ամէն ինչ ձգած, պարտադրաբար եկան Հայաստան: Հայաստանի մէջ մի քանի տասնեակ երիտասարդներ (անհատներ, պետական կառոյցներու մասին չեմ անդրադառնար…) անձնուիրաբար օր ու գիշեր լծուած են իրենց օգնութիւնը բերելու մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնց գէթ մէկ անգամ տեսած չեն, բայց մարդկային բարձր որակները, բարոյականութիւնը զիրենք կը մղեն այդ անձնուիրումին: Անդին, մի քանի տասնեակ «ղարաբաղցիներ», որոնք անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին ինչ-ինչ պայմաններով սեփականութիւններ ձեռք ձգած են, արտադրամասեր, հիւրանոցային համալիրներ, շէնքեր, եւ այլն, եւ այլն, գէթ մէկ արցախցի իսկ չհիւրընկալեցին եւ տակաւին չեն հիւրընկալած իրենց սեփականութիւններէն ներս, նոյնիսկ օգնութիւն իսկ չեն տրամադրած ըլլա՛յ բարոյական, ըլլա՛յ նիւթական… Ահա մեր օրերուն ապրած դառն փորձառութիւնն է, որ կ՚արտացոլայ Իմաստուն Սողոմոնի այս համարով, թէ՝ «Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առ 18.24):
Բարեկամութիւնը, արդարեւ լեզուով, խօսքով չէ՛ որ կը փաստուի, կամ կ՚իրագործուի, այլ՝ գործով, ինքնազոհողութեամբ եւ իր անձն իսկ տալով իր դիմացինին համար: Աւելին, բարեկամութիւնը խօսքեր չեն, այլ կեանքով փաստուած ՍԷՐ. սէր որ կը կառուցէ, սէր որ կը մխիթարէ, սէր որ կ՚օգնէ, սէր որ կը գուրգուրայ, սէր որ դիմացինին լաւն ու բարին կը կամենայ, ի վերջոյ սէր որ ինքզինք կու տայ դիմացինին համար՝ Տէր Յիսուսի իսկ վկայութեամբ, թէ՝ «որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):
Մարդկային մեր փոխյարաբերութիւնը, բարեկամական կապերը նաեւ գրաւականն են մեր՝ Աստուծոյ հետ բարեկամութեան: Տէր Յիսուս մեզ Իր բարեկամները կոչեց. այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ինքն իրեն հարցնէ, թէ ինք արժանի՞ է այդ բարեկամութեան: Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեզի ձրիօրէն տրուած այդ բարեկամութիւնը միշտ ամուր եւ միշտ կանգուն պահենք, որպէսզի այդ բարեկամութեամբ զօրացած կարենանք յաղթահարել մեր դիմաց ցցուած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները՝ յաւիտեանս անդաւաճան մեր Բարեկամին օգնականութեամբ:
Փունջ մը մտածումներ բարեկամութեան մասին.
- Բարեկամութիւնը հոգին է, որ կը բնակի երկու մարմիններու մէջ (Էմըրսըն):
- Աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ բան վտանգաւոր է այնքան, որքան՝ անմիտ բարեկամ մը ունենալը (Լաֆոնթէն):
- Աշխարհի մէջ փուշ չունեցող միակ վարդը բարեկամութիւնն է (Վոլթէր):
- Իրական բարեկամը այն մարդն է, որ ուրիշներուն ձեր առաւելութիւններուն մասին կը խօսի, իսկ ձեզի՝ ձեր թերութիւններուն մասին (Ֆրանքլին):
•շար. 68
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ