ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ… ԵՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՇՐՋԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի։ Թէկուզ ցոյցերն ու բողոքի գործողութիւնները Պէյրութի կեդրոնէն փոխադրուած են հեռակայ շրջաններ, բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամը հատած են վտանգաւոր ամենատարբեր կարմիր գիծերն ու սահմանները։ Առկայ տագնապալի իրավիճակին մասին յաւելեալ եւ յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով յաջողեցայ հեռակայ բազմաձայն զրոյց մը իրականացնել երկու լիբանանահայ գործիչներու հետ, որոնք զանազան առումներով ալ առընչակից են Լիբանանի զարգացումներուն։
Մինչ առաջին խօսակիցս՝ Արմէն Իւրնէշլեանը ներկայիս ալ կը շարունակէ ապրիլ Լիբանանի մէջ, անդին երկրորդ զրուցակիցս՝ Վան Մկրտիչեան, որ մասնագիտութեամբ լրագրող է, հաստատուած է Փարիզ եւ կ՚աշխատակցի «F24» կայանին։ Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ Վան Մկրտիչեան նկատելով Լիբանանի մէջ ծայր առած բողոքի շարժումներն ու համաժողովրդային շարժումը, Փարիզի իր աշխատանքէն պահ մը դադար առնելով մեկնած է Պէյրութ, մասնակից դառնալու երկրի զարգացումներուն, նաեւ աւելի յստակ պատկերացում մը ունենալու համար, թէ ի՛նչ հունի կրնայ անցնիլ իր ծննդավայր՝ Լիբանանը։
Հայկական առումով դժուար թէ նկատենք, որ Լիբանանի մէջ ծնած ու այդ երկրին ջուրը խմած ամէն հայորդի նման քայլի մը դիմէ եւ իր ետին թողնելով գործ ու տուն Պէյրութ մեկնի, որպէսզի ոչ միայն ցոյցերը դիտէ, այլ նաեւ մասնակից դառնայ անոնց։
Խօսելով Տքթ. Արմէն Իւրնէշլեանին մասին՝ տեղին կը համարեմ յիշատակել, որ ան կը համարուի լիբանանահայ մտաւորական ընտանիքի լուրջ եւ յարգուած տեսակէտ ունեցող գործիչներէն մին, որ վերջին ժամանակներուն ալ կը վարէ Պէյրութի խոր աւանդով Հայ աւետարանական վարժարանի (քաղաքի մասնաճիւղ) տնօրէնի պաշտօնը։
Թէեւ երկու խօսակիցներս ալ բաւականաչափ խանդավառ են ընթացող գործընթացներով, բայց եւ այնպէս, աւելի քան երեւելի է, որ Վան Մկրտիչեանի մօտ խանդավառ ըլլալու շեշտը աւելի ազդեցիկ երանգ մը ունի։ Այն անշուշտ կը վերագրուի վերջինիս երիտասարդ ըլլալու եւ տաք արիւն ունենալու հանգամանքներով։
Ստորեւ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ երկու զրուցակիցներուս հետ կատարած հարցազրոյցներս։
ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
-Շուրջ վաթսուն օրէ ի վեր ընթացող այս ցոյցերը, բողոքի ալիքը ո՞ւր կրնան յանգեցնել, դուք անձնապէս դրական ակնկալիքներ ունի՞ք այս շարժումէն:
-Լիբանանի ժողովրդական ապստամբութիւնը աննախընթաց է իր բնոյթով եւ տարողութեամբ։ Իբր այդ ալ, դրական երեւոյթ է։ Ամէն դրական երեւոյթ չի կրնար չունենալ դրական հետեւանք՝ գէթ մասամբ։ Ամենալաւ արդիւնքը լիբանանցի երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասին կողմէ դրսեւորուող զուտ լիբանանցիական մօտեցումն է երկրի հարցերուն նկատմամբ, առանց դաւանանքային եւ կուսակցական նկատառումներու։ Հետեւաբար, ապստամբութիւնը ինչ արդիւնքի ալ յանգեցնէ, դրական ազդեցութիւն անպայման պիտի ձգէ։
-Շատեր կ՚ըսեն, որ այս ցուցարարներու ետին կան մութ ձեռքեր, որոնք նպատակ ունին ճնշումի ենթարկել Լիբանանը եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ իրանեան թեւի ներկայացուցիչները. ի՞նչ կարծիք ունիք այս մասին:
-Քաղաքագէտ չեմ, սակայն կ՚ենթադրեմ, որ շատեր (ներքին թէ արտաքին ուժեր) պիտի փորձեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ քաղաքական հաշուեյարդարներ կատարել անկեղծ պոռթկումով սկսած ապստամբութեան գծով։ Ամէն ապստամբութիւն կամ յեղափոխութիւն ունի իր պատճառը, որ այս պարագային տասնամեակներ շարունակ ժողովուրդին մեծ մասին դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններն են։ Տնտեսական տագնապին պատճառը ո՛չ Իրանն է, ոչ ալ՝ Միացեալ Նահանգները։ Երկրին տնտեսութիւնը կործանողները նախկին եւ ներկայ իշխանաւորներուն մեծամասնութիւնն է։ Լիբանանցիին պայքարը անոնց դէմ է։
-Այս դէպքերու սկիզբէն ի վեր որեւէ պարագայի տակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերյուշը ապրեցա՞ք եւ մտավախութիւններ ունի՞ք, որ այդ պատերազմը կրնայ կրկնուիլ:
-Քաղաքացիական պատերազմի վախ չկայ։ Կրնան մանր բախումներ ըլլալ (եղան ալ), բայց ոչ՝ պատերազմ։ Վախը կու գայ մոլեռանդ եւ կոյր ու տգէտ կուսակցականներէ, բոլոր կողմերէն։ Հետեւաբար ինքնաբերաբար պատերազմ չի ծագիր, բացի եթէ հրահրուի նոյնինքն լիբանանեան կուսակցութիւններու կողմէ։ Պատերազմը անհաւանական զարգացում կը թուի ինծի։
-Ի՞նչ կը մտածէ լիբանանահայ համայնքի ղեկավարութիւնը, ի՞նչ են այսօր համայնքին առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրները, որեւէ ծրագիրներ կա՞ն համայնքը անվտանգ պահելու առումով:
-Լիբանանահայը ոչ-հայ լիբանանցիէն տարբեր չէ այս կացութեան մէջ։ Ինչ որ արաբին վիճակուած է, նոյնն ալ՝ հայուն։ Ուստի, կը կարծեմ, որ լիբանանահայ քաղաքական ղեկավարները, եթէ որեւէ քայլ պիտի ձեռնարկեն, պէտք է նկատի առնեն ամբողջ Լիբանանը։ Հայութիւնը լիբանանեան ընդհանուր պարունակէն առանձնացնելը, այս պարագային, ժխտական հետեւանք կը թողու գաղութին վրայ։
-Բողոքի ալիքներէն ետք շատեր կ՚ըսեն, որ գաղութը կրնայ պարպուիլ եւ մանաւանդ հայ երիտասարդութիւնը կրնայ հեռանալ Լիբանանէն. ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:
-Կան մարդիկ, որոնք եթէ երկու անգամ կը մտածէին գաղթելու մասին, հիմա աւելի լրջօրէն կը ծրագրեն։ Կան նաեւ Հայաստան գաղթողներ։ Սակայն, առայժմ զանգուածային ոչ մէկ շարժում կայ։ Սակայն եթէ այս ամբողջ շարժումէն ետք ոչինչ փոխուի եւ «լերան երկունքէն մուկ ծնի», նոյն վարկաբեկուած մարդիկ շարունակեն նոյն ձեւով ղեկավարել երկիրը, ապա այդ ժամանակ է, որ շատ-շատեր յուսահատած՝ պիտի մտածեն Լիբանանը ձգելու մասին։
ՎԱՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
-Նպատակ ունենալով մասնակցութիւն բերել Լիբանանի բողոքի գործողութիւններուն՝ վերջերս մեկնած էիք Պէյրութ։ Ի՞նչ են ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնները։
-Երբ Հայաստանի ցոյցերը սկսան եւ այդ բողոքի ալիքը պսակուեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» յաղթանակով, լիբանանցի ընկերներէս շատեր ինծի գրեցին՝ ըսելով, որ այս է մեր յոյսը... Անոնք յատկապէս կ՚ակնարկէին Հայաստանի մէջ խաղաղ ձեւով ժողովուրդի կամքի յաղթանակին։ Անոնց համար Հայաստանի դէպքերը դրական շունչ մը հաղորդեցին։ Չմոռնամ նաեւ, որ Պէյրութի մէջ երեւցած բողոքի ալիքը արդիւնք էր վերջին տարիներու երկրին մէջ տիրող անմխիթար իրավիճակին։ Իրավիճակը հասած էր տեղ մը, ուր այլեւս կարելի չէր ժողովուրդին ու նոր սերունդին վրայ խնդալ։
Պատկերացուցէք, որ Պէյրութ հասնելէս անմիջապէս ետք ես մասնակցութիւն բերի այդ ցոյցերուն... Առաւօտ կանուխ կ՚արթննայինք, հակառակ անոր, որ իրարու ծանօթ չէինք, ձեռք ձեռքի տուած պայքար կը տանէինք...։ Այս սերունդն է, որ այսօր կը շարժէ փողոցը եւ այս նոր սերունդը ոչ մէկը կրնայ շահագործել կամ լռեցնել: Ես Լիբանանը փոխուած տեսայ. այս փոփոխութիւնը անշրջադարձելի է, վիճակը այլեւս անցեալին չի դառնար... Այսօրուայ Լիբանանը ուրիշ մակարդակի վրայ է եւ իմ կարծիքով՝ այլեւս ետդարձ չկայ: Երկրին մէջ եղած բոլոր սուտերը, գողութիւնները, դուրսէն եկած գումարներու յափշտակումը այլեւս պիտի վերջանան։ Այսօր երիտասարդութիւնը բաւարար գիտակցութիւնը ունեցաւ բոլորին դէմ կանգնելու։ Ճիշդ է, որ այս ճամբան երկար է, բայց եթէ ճիշդ դատենք, պիտի նկատենք, որ քսան օրուան մէջ, շատ աւելի բան փոխուեցաւ քան՝ երեսուն տարուան մէջ:
-Ի՞նչ զգացումներ ունեցար մասնակցելէ ետք այդ ցոյցերուն։
-Ճիշդը ըսելով՝ ցոյցի օրերը կեանքիս ամենաուրախ օրերն էր, այս մէկը առանց չափազանցութեան։ Զգացի, որ իսկապէս կրնանք կարգ մը բաներ փոխել եւ երկիրը կրնայ յառաջդիմել։ Զգացի, որ պէտք չէ լքենք Լիբանանը։ Զգացի, որ իմ ձգել Փարիզ երթալովս, լռելովս այս երիտասարդութեան դաւաճանած պիտի ըլլամ։ Զգացի, որ ոչ թէ ես կամ մենք, այլ այս դաւաճան, գող քաղաքական պատասխանատուներն են, որ պէտք է ձգեն հեռանան եւ մենք պէտք է վերադառնանք եւ աւելին ընենք։ Ցոյցի օրերուն հազիւ թէ տուն կ՚այցելէի լոգնալու եւ հագուելու համար, նոյնիսկ ատեն չունեցայ մայրս տեսնելու.... յաճախ եղան պահեր, երբ ստիպուած եղայ փողոցներուն մէջ գիշերելու...։
Տարբեր էր վիճակը, տարբեր էին մարդիկ ու մանաւանդ տարբեր էին երիտասարդները, որոնք ինծի եւ ինծի պէսներուն մտածել տուին, թէ Լիբանանը իրապէս մտած է փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան