ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Արդար կամ անարդար կշիռքներու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Առակացին մէջ:
Պատասխան. Անշուշտ: 11-րդ գլուխին առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Նենգուած կշիռքը Տիրոջ առջեւ պիղծ է, բայց ուղիղ կշիռքի քարը Անոր հաճելի է»: Այս օրերուն ինչքա՜ն շատ է թիւը նենգ կշիռներու եւ ինչքա՜ն քիչ թիւը՝ ուղիղ ու արդար կշիռներուն: Այսօրուան մարդը ամէն ինչի ընդունակ է, կարեւորը կարենայ ղրուշ մը աւելի շահի, եւ այդ մէկը կ՚ընէ, պատճառաբանելով թէ ընտանիք, զաւակներ ունի, պէտք է կերակրէ, անօթի չձգէ եւ նման այլ պատճառաբանութիւններ: Այս պատճառաբանութիւնները բերողները սակայն կը մոռնան, որ անարդար կերպով վաստակած գումարը, կամ այդ գումարով բերուած սնունդը օրին մէկը գլուխ պիտի բարձրացնէ եւ խանգարէ այսպէս կարծուած բարօր կեանքդ…: Առածը կ՚ըսէ. «Հովին բերածը հովը կը տանի», այսինքն՝ անարդար կերպով վաստակածը օրին մէկը անգիտակցաբար կ՚երթայ, սակայն երթալէն առաջ բաւական մեծ վնասներ պատճառելով: Իսկ Տէր Աստուած կը թելադրէ մարդուն՝ ճակտիդ քրտինքով ուտես հացդ (Տե՛ս Ծն 3.19): Հետեւաբար, մարդ ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի զերծ մնայ անարդար ու նենգ կշիռքէն, որ Աստուծոյ բարկութիւնը կը շարժէ, եւ միւս կողմէ ձախորդութեան ու դժբախտութեան բազմաթիւ դռներ կը բանան գործադրողին դիմաց, ընդհակառակը, մարդ պէտք է միշտ հետամուտ ըլլայ արդարութեան եւ արդար կշիռք ունենալուն, իր ճակատի քրտինքով իր հացը վաստակելու, որով Աստուծոյ հաճութիւնը կը շահի եւ կը վայելէ Անոր բազմաթիւ ու բազմառատ օրհնութիւնները:
Հ. Ի՞նչ կ՚ըսէ Առակագիրը հպարտութեան ու խոնարհութեան մասին:
Պ. Այսպէս կը գրէ. «Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է» (Առ 11.2): Առակագիրը հետեւեալ հաստատումը կու տայ հպարտութեան պարագային՝ ըսելով, թէ երբ ան գայ, իր հետ նաեւ անարգութիւնն ալ կու գայ, իրողութիւն մը, որ այսօրուան աշխարհին համար տարօրինակ կրնայ թուիլ, որովհետեւ այսօրուան մարդուն համար հպարտութիւնը վերածուած է բնական երեւոյթի մը, աւելին՝ բնական պէտքի մը, առանց որուն շատեր իրենց հանգստութիւնը չեն կրնար գտնել: Աշխարհիկ հասկացողութեամբ տրամաբանական է այս մէկը, բայց հոգեւոր առումով այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ ըստ եկեղեցւոյ հայրերուն՝ հպարտութիւնը չարութեան մայրն է եւ մեղքի կեանքի նախադուռը:
Իսկ խոնարհները իրենց հետ միշտ ընկերակից կ՚ունենան իմաստութիւնը, որ զիրեն արդարութեան եւ ուղղութեան ճամբաներով կ՚առաջնորդէ դէպի երանական կեանք:
Ընթերցողներուն այժմ փունջ մը մտածումներ ներկայցնենք հպարտութեան եւ խոնարհութեան մասին, որպէսզի ա՛լ աւելի հասկնալի դառնայ, թէ ինչու երբ հպարտութիւնը կու գայ, անարգութիւնն ալ անոր հետ կու գայ:
ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սուրբ Անտոն Անապատականը կը գրէ. «Հպարտութիւնն ու մեծամտութիւնը սատանան երկինքէն վտարեցին, իսկ խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը մարդը երկրէն երկինք կը բարձրացնեն»: Դարձեալ. «Իր երկնային դիրքէն՝ հպարտութեան պատճառով վար ինկած սատանան, անդադար կը ջանայ ողջ սիրտով Տիրոջ մօտենալ ցանկացողները դէպի կործանում տանիլ այն նոյն ճամբայով, որով ինք ինկաւ, այսինքն՝ հպարտութեամբ եւ ունայն փառքի սիրով։ Դեւերը մեզի ճիշդ ատով է որ կը յաղթեն, ճիշդ ատով եւ ատոր նման ուրիշ բաներով կը մտածեն մեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Տակաւին, գիտնալով որ իր եղբայրը սիրողը կը սիրէ նաեւ զԱստուած, անոնք մեր սիրտերուն մէջ այնքան ատելութիւն կը դնեն իրարու նկատմամբ, որ ոմանք իրենց եղբայրը չեն կրնար տեսնել կամ անոր հետ մէկ բառ իսկ չեն կրնար փոխանակել»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 21
28 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ