ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԽՈՀԵՐ

Մլաւի՞ւն է, թէ մայիւն, ձայն մը, որ այս ամսուան յատուկ է՝ գիշեր-ցերեկ կը լսուի. պատշգամիս տակը, այդ չոր թթենիին կոճղին չորս կողմը..., ուր ըսես՝ կատուները կը զուգուին: Է՜, փետրուար է: Այսօր ոչ միայն ձայները կը լսուին, այլ կ՚երեւին անոնք զոյգ-զոյգ, քանի արեւոտ, պայծառ է, մարդիկ կծկուելով չեն քալեր, ահա թաղիս մանուկներն ալ եկան ու մեղեդին բազմահնչիւն է, կենդանութիւն, կեանք կը բուրէ:

Ո՞վ չի սիրեր փետրուարեան արեւը, մանաւանդ հայրենիքի՝ որքա՛ն տաքուկ է, որքա՜ն սիրելի ջերմութիւն մը ունի, ամիսներէ ի վեր տուներու մէջ, արհեստական տաքութեամբ պարուրուած մարմինները կը յագեցնէ իսկական, աստուածատուր ջերմութեամբ մը բարի, լուսաւոր...: Արեւը կարծես նորահարսի դէմքը ըլլայ, որ սիրով լի ժպիտով կը ջերմացնէ շուրջը, նոր «աշխարհ մտած», երկար, թերեւս թաքուն, սիրոյ տառապանքէ ետք երդիք գտած նորահարսի մը դէմքը:

Փետրուար: Ի՜նչ հրաշալի ամիս, գարնան նախապատրաստումն է, բնութեան զարթնումի նախաքայլերը: Գարնան, կատուներու ձագերուն հետ պիտի ծլին բոյսերը, պիտի փայլին չոր ճիւղերը ծառերուն ու տեղ-տեղ ծիլերը ճեղքերէն դուրս պիտի ցցեն իրենց գլուխները, արեւը, լոյսը պիտի փնտռեն ու անոր ուղղութեամբ աճին:

Պատշգամս նստած փետրուարեան արեւը կ՚ըմբոշխնեմ, հոն՝ մօտակայ այգիի ծառերուն չոր ճիւղերուն մէջ թռչունները կը ծլվլան. ամիսներ առաջ, երբ ցուրտը սկսած էր սրել իր մագիլները, անոնք գացին. հոս նստած՝ տեսայ անոնց գաղթը. առաւօտ մըն էր, ցուրտ, անլոյս: Անլո՛յս, այո՛, քանի արեւը սկսած էր չլուսաւորել, գորշ ամպերը ծածկած էին իր լուսաւոր դէմքը, բայց այդ անլոյս առաւօտը աւելի մթնցաւ յանկարծ, երբ թռչունները կտուրներէն զիրար կանչեցին, ու բոլորը մէկ երամ կազմած, պահ մը ծածկեցին կտուրները պարուրող երկինքը ու գացին իրենց բոյները թողլով. գացին տաքուկ տեղ մը ճարելու, այլ երկրի մը մէջ, տաքուկ երկրի մը մէջ շարունակելու իրենց գոյութիւնը:

Պայքար յանուն կեանքի, մենք ալ այդպէս չե՞նք, մեր ընտանիքներուն ջերմութիւնը չնուազելու համար կը պայքարինք, կ՚աշխատինք պատառ մը հացի, ապրելու սիրոյն: Ապրելու կեանք մը, որ մեզի վիճակուած է մեր այս մարմիններուն մէջ: Որո՞նք կը թակեն մեր դռները այդ պայքար կոչուածին ընթացքին: Որո՞նց կը ծանօթանանք, ու որո՛նց կը լքենք. կը յաջողի՞նք արդեօք մարդկային հաղորդակցութեանց մէջ, յաջողութիւն կոչուածը կը շարունակուի՞, որքա՞ն, ինչպէ՞ս, բայց կը սորվի՞նք արդեօք այդ ընթացքին մեր թերութիւններէն, մեր սխալներէն ու կը ջանա՞նք ուղղել զանոնք գալիքին, կը փոխե՞նք մեր բնաւորութիւնը, որուն պատճառով յարաբերութիւններ կործանեցան, փլան...: «Վաղը այն չես, ինչ որ էիր այսօր» յաճախ կը կրկնուի մտքիս մէջ արաբերէն դասատուիս այս իմաստուն խօսքը:

... Ու այսպէս իւրաքանչիւրէն դրոշմ մը, խօսք մը, խորհուրդ մը, ազդեցութիւն մը, տպաւորութիւն մը բարի, չար, խոհեմ, ազնիւ... տարիներու ընթացքին կը գրեն գիրքը կեանքիդ, որուն էջերը թերթելով կը ճանչնաս դուն քեզ, կը ճանչնաս շուրջիններդ...: Կ՚ուրախանաս յայտնագործութեանդ համար. կ՚ուրախանաս, քանի կը միտիս սրբագրել սխալները, կ՚ուրախանաս սխալներուդ գոյութեան համար իսկ, կը սիրես զանոնք, ինչպէս կը սիրէիր նախակրթարանի ուսուցիչդ..., սխալներդ «կեանք» կոչուած ուսուցիչիդ դասերն են:

Կը բանաս գիրքը, դարձեալ կը թերթես, էջերուն յաջորդականութեան հետ կ՚երեւին դէմքեր ու կ՚անհետանան, հաղորդակցութիւններ ու լքումներ..., կ՚անդրադառնաս, որ այդ հաղորդակցութիւնները անտեսանելի ձեռքեր էին՝ ձեռք մը թախիծդ սփոփեց, յուզումիդ բաժանեկից դարձաւ, ձեռք մը յուսադրեց, ձեռք մը շնորհքդ ցոյց տուաւ... ու ձեռքերուն ետին թաքուն զօրութիւն մը կը նշմարես, անտեսանելի, ոչ մարդկային հզօր գոյութիւն մը, որ հօր մը պէս օգնութեանդ հասաւ, մնաց, մխիթարեց ի՛ր ձեւով, ի՛ր ոճով, ուրախացաւ երբ ոտքերուդ վրայ ամուր քայլերով յառաջանալդ նկատեց, պահ մըն ալ... հեռացաւ:

Եւ դուն, առանց ետիդ նայելու, Հօրդ ապաւինելով, կը շարունակես կեանքիդ ուղին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019