ՀՆԱՏԻՊ ՁԵՌԱՑ ՇԱՐԱԿՆՈՑԸ

ՄՈՒՏՔ

Հնատիպ 22 գիրքերուս մէջ աչքառու է հնագոյնը՝ ԺԸ դարու Ձեռաց Շարակնոցը իր ետին գտնուող Յիշատակարանով, ինչպէս նաեւ Շարակնոցին յաջորդ տպագրութիւնը 1850 թուին. երկուքն ալ տպագրուած Կ. Պոլիս։ Երրորդ հրատարակութիւն մը եւս ունիմ Երուսաղէմ հրատարակուած 1936 թուին։ Ներկայ գրութեամբ կ՚ուզեմ նախնագոյն տպագրուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սոյն Շարակնոցը ներկայացնել, որ հաւանաբար գոյութիւն ունեցող հնագոյն տպագրութիւնն է դատելով իր յաւելեալ բացատրողական բովանդակութիւններէն, եւ մանաւանդ հնօրեայ մանրանկարչութեանց եւ խորաններու առաջին շատ նախնական տպագրեալ վերարտադրութիւններէն։ Սրբազան այս մատեանը ունի իր հարազատ տախտակեայ կաշեպատ կողքն ու կազմը։ Իմ կարծիքով՝ Շարակնոցի յետագայ հրատարակութիւնները հիմնուած են այս նախնագոյն Շարակնոցին վրայ՝ իր հարազատ խազերով, այն տարբերութեամբ որ շատ բառեր սղուած են ու «պատիւ»ի նշաններով միայն ընթեռնելի, որուն նպատակը յայտնապէս էջեր խնայելու պահանջը եղած է։

ՀՆԱՏԻՊ ՇԱՐԱԿՆՈՑԸ

230 տարիներ առաջ տպուած այս եկեղեցական մատեանը իր կատարեալ վիճակին մէջ հասած է ինծի 1955 թուականին, ոչ մէկ էջ ինկած ըլլալով 832 էջնոց եւ 17x13x6 սմ. խորանարդ չափերով գիրքէն։ Ճակատին գրուած է «Ի Հայրապետութեան Գերագահ Աթոռոյն Ս. Էջմիածնի Տեառն Ղուկասու Սրբազան Կաթուղիկոսի Ամենայն Հայոց», յիշելով նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարքը «Տէր Յովակիմ Երջանկափայլ Վարդապետն ու Կ. Պոլսոյ Արքայանիստ քաղաքիս Տեառն Զաքարիա Ազգասէր եւ Կարդացեալ Աստուածաբան Պատրիարքը»։ Տպագրութեան հայկական թուականը միայն տրուած է ՌՄԼԹ (Քրիստոսի 1790 թուականը), նոյեմբերի ժա (11)ի յաւելումով, «Ի տպարանի Յօհաննիսի եւ Պօղոսի»։ Ղուկաս Կարնեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս գահակալած է 1780-1799։

Շարակնոցը կը բացուի հեղինակներու անուններու շարքով մը, ոմանք աւանդաբար վերագրուած, եւ ուրիշներ ճշգրտութեամբ հաստատուած, երբեմն անորոշ ենթադրութիւններով, «ոմանք» այսանուն հեղինակին կողմէ, եւ «այլք»՝ ուրիշներու։ Ամենէն յայտնին անոնցմէ անշուշտ Ս. Ներսէս Շնորհալի Կլայեցի Հայրապետն է, որ գերազանց գրողն ու երգողը եղած է մեր շարականներուն, աւելի հին ժամանակներուն ալ՝ Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսն ու Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետը։ Նոյն էջին վրայ Շնորհալի Հայրապետի անուան կից որպէս իր յօրինումները յանուանէ կը կարդանք նուազագոյնը քսան շարականներ։ Իսկ ընդհանուր հեղինակներու թիւը յանուանէ քսանմէկ արձանագրուած է։ Անկախաբար առաջին էջի հեղինակներու ցանկէն, Շարակնոցի վերջաւորութեան յատուկ ցանկով մը կրկնուած են հեղինակներուն անունները։

ՆԿԱՐԱԶԱՐԴՈՒՄՆԵՐԸ

Զարմանալի կը թուի, թէ ինչպէս 230 տարի առաջ սոյն Շարակնոցը զարդարած են հնօրեայ մեր ձեռագիր մատեաններու մանրանկարչութեանց տպագրեալ օրինակներով, խորաններով եւ լուսանցազարդերով, առաջինն անոնցմէ «սերունդներու ծառը», հաստաբուն եւ ճիւղաւորեալ ծառ մը, արմատներուն վրայ բազմած Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ Նահապետները, ու գագաթին՝ Աստուածամայրը մանուկ Յիսուսը գրկած։ Ծառին ներքեւ բացատրական մըն ալ գրուած՝

«ի նախահարց սերէ խմբից,

ծնանի ծնողն փրկչին հանրից,

նահապետ աբր՛՛ իսահ՛՛ եւ յակ՛՛»։

Առաջին շարականին վերեւ ինքնատիպ ու տպաւորիչ խորան մը նկարուած է ուղղակի ձեռագիրներէն ընդօրինակուած, զոյգ մը հրեշտակներ փողերը բերաններուն, կը շեփորեն ծնունդը Փրկչին՝ կեդրոնական մեծադիր «Է» գիրին շուրջ։ Իսկ նոյն էջի լուսանցքին՝ զարդարուն աշտարակ մը՝ գագաթը խաչով պսակուած։ Նման պատկերներ շատ յաճախադէպ են՝ ըստ տուեալ շարականի նիւթին ու բովանդակութեան։ Հետաքրքրական է Բուն բարեկենդանի «Բանն որ ընդ Հօր» շարականի նախորդ էջին Ադամ եւ Եւայի եւ գիտութեան ծառի լրիւ նկարը՝ կենդանիներու եւ ծառաստանի խճողուածքով, որուն ներքեւ կը կարդանք

«յօձէն եւա եղեւ պատրեալ

եւ եւայէ ադամ պարտեալ

ուստի զպտուղն ճաշակեալ
եւ

ի դրախտէն արտաքսեցեալ»։

ԽԱԶԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ

Շարակնոցի ետին մանրամասն բովանդակութեան ցուցակէն ետք կը գտնենք ամէն բառի վրայ երեւցող խազերուն երաժշտական համարժէքը եղող ցանկը շեշտաւորումներու, որոնք առանձինն կու տան եղանակին ճշգրտութիւնը։ Ցանկագրուած խազերուն անուններ տրուած են եւ հարկ էր անշուշտ միշտ յիշել ու կրկնել անոնց ձայնային արժէքը, ամէն անգամ որ անոնք կը կրկնուէին բոլոր բառերուն վրայ անխտիր, ներկայացնելով շատ բծախնդիր եւ բարդ դրութիւն մը։

«Անուանց խազից շարականաց» վերնագրին տակ բացատրուած են շեշտերով, ոլորակներով, կրկներկարներով, խէկորճ եւ ձակորճ նշաններով ու պարոյկներով, ընդամէնը 24 խազեր, ճշդելով անոնց դերն ու ձայնային համարժէք եղանակը։ Յետագային յայտնի երաժշտագէտներ մինչեւ Կոմիտաս Վարդապետ հետամուտ եղած են խազագրութեան եղանակներուն, վերլուծած զանոնք ու եւրոպական ձայնագրութեամբ իրենց լրումին հասցուցած։

ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹԻՒԸ՝ 1812

Միայն նախնագոյն այս տպագրութեան մէջ կը կարդանք «Վասն թուոց շարականացն» վերնագրին տակ ճշգրիտ թիւը ամբողջ շարականներուն՝ անոնց ութ ձայներուն համաձայն։ Յետագայ Շարակնոցներուն մէջ չկայ այս պարզ թուացող տեղեկութիւնը, որ ցարդ աննկատ թողուած է։ Ով պիտի հաշուէր շարականներուն թիւը։ Ահա այստեղ մինչ առանձին թիւերով արձանագրուած են օրհնութիւնները, հարցերն ու մնացեալները, եզրակացութեան մէջ գրուած է «լինին բովանդակ շարականք ՌՈԼԵ (1635)», առաւել «Հարցք ՃՀԷ (177)», եւ միասնաբար ընդհանուր թիւը՝ ՌՊԺԲ (1812)։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ

«Յիշատակարան տպողի» երկու էջերուն վրայ կը կարդանք պատմական եւ տեղագրական արժէք ներկայացնող Յիշատակարան մը՝ անուններով եւ աշխատակցութեամբ։ Նախ բարեխօսութիւնը կը խնդրուի Սուրբ Մինասին «որ ետ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մեզ նուաստիցս» կատարելութեան հասցնելու Շարականի սոյն վայելուչ տպագրութիւնը «ի վայելումն մաքուր մանկանց նորոյ սիոնի»։ Յիշատակարանին մէջ կը խնդրուի յիշել «զհանգուցեալ հայրն իմ զմահտեսի Աստուածատուրն եւ զիս՝ զորդի նորին Յովհաննէս»։ Նաեւ կը յիշատակուին տիրացու Պօղոսն ու տիրացու Յարութիւնը՝ Յովհաննէսի որդիները որոնք շարած են կապարեայ գիրերը։ Այլ եւ Բալուցի Տիրատուրի որդին՝ տիրացու Զաքարը։ Յիշեալ Յովհաննէսն ու Պօղոսը տպարանատէրերն էին ինչպէս նշուած է մատեանին սկիզբը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հնատիպ այս Շարակնոցը ինքնատիպ կը մնայ որքան ատեն որ յաջորդ տպագրութիւնները զանց առած են որոշ տեղեկութիւններ, որոնք կարեւոր կը նկատուին։ Այս կը նշանակէ նաեւ, որ նախնագոյն հրատարակութիւններ անպայման ժամանակավրէպ չեն ըլլար, այլ կ՚ընծայեն հնագոյն որոշ մանրամասնութիւններ, որոնք կը հարստացնեն մեր գիտութիւնը։ Մեր այս նկատողութիւնը կը հիմնենք այն իրողութեան վրայ, երբ նկատի կ՚ունենանք վերջին հրատարակութիւնները որոնք իրենց աւելի փայլուն եւ աչքառու տեսքով կը հմայեն ընթերցողը եւ սակայն հնաբոյր էջերուն ընծայած միւս հմայքներէն զրկուած կը մնան։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2020