«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԶՂՋՈՒՄԸ ՄԵԾ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

ԿԱԽԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐ «ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդիկ մեզմէ “հիճապ” կ՚ուզեն:

-Աւելի լաւ է, որ անոնց փոքրիկ խաչեր տաք: Երբեք “հիճապ” մի՛ տաք ձեզմէ խնդրողներուն, որովհետեւ կախարդներն ալ նոյն բանը կ՚ընեն: Դուրսէն սրբապատկերներ ու խաչեր կը դնեն, իսկ ներսէն՝ կախարդական տարբեր գիրքեր կը դնեն: Մարդիկ կրնան խաբուիլ խաչերն ու սրբապատկերները տեսնելով:

Մի քանի օր առաջ թուրք մարդէ մը “հիճապ” մը ստացայ, որ դուրսէն խաչերով զարդանաշխուած էր: Ուրիշ մարդու մը մասին ալ լսեցի, որ տարբեր սրբապատկերներ կը կրէր, որոնք իրենց մէջ մազեր, փայտի կտորներ, ասեղներ եւ ուլունքներ կը պարունակեն: Երբ եկեղեցւոյ կողմէն հարցաքննուեցաւ, իր գործերը արդարացուց ըսելով, թէ ինք «միջոց» (medium) է, իսկ «միջոցներ»ը գործելու ազատութիւն ունին, ու այդպիսով կրնայ ընել ինչ որ կ՚ուզէ: Ատկէ վնաս կրածներէն մէկէ մը խնդրեցի, որ երթայ ու խոստովանի: Երբ կատարեց խնդրածս, վերադարձաւ ու ըսաւ, թէ ո՛չ մէկ տարբերութիւն կը զգայ: Այն ատեն խնդրեցի իրմէ, որ լաւապէս ինքզինք ստուգէ իմանալու համար, որ իր հագուստներուն վրայ այդ կախարդէն մոլորեցնող ո՛չ մէկ բան մնացած ըլլայ: Եւ երբ իր հագուստներէն հանեց փոքրիկ տուփ մը, որ Աւետարանի կը նմանէր, բացի զայն ու անոր մէջ ուլունքներ, ասեղներ, փայտի կտորներ եւ մազեր գտայ: Երբ նետեցի զանոնք, այդ մարդը ազատագրուեցաւ: Ի՜նչքան ճարպիկ է այդ սատանան:

Կարգ մը խեղճեր կը կարծեն, թէ այդ “հիճապ”ը կ՚օգնէ իրենց, որով կը չարչարուին: Այդ “հիճապ”ները պէտք է այրել ու անոնց մոխիրը խորը թաղել կամ ծովին մէջ նետել: Ատկէ ետք պէտք է խոստովանին, որով կախարդութեան կապանքէն կ՚ազատագրուին:

Օր մը խուցս երիտասարդ մը եկաւ, որ վտանգաւոր խնդիրներ ունէր եւ աւելի քան չորս տարի թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեւորապէս կը տանջուէր: Մեղաւոր կեանք մը ապրած էր եւ ի վերջոյ առանձնացած էր իր տան մէջ՝ մերժելով ոեւէ մէկուն հետ հանդիպիլ: Իր ընկերներէն երկուքը, որոնք Սուրբ Լեռ կու գային յաճախակի, մեծ ճիգէ ետք վերջապէս համոզած էին զայն, որպէսզի իրենց հետ Սուրբ Լեռ այցելէ եւ գայ իմ խուցս: Ճանապարհի ընթացքին այդ երիտասարդը կ՚ուշաթափուէր, ամէն անգամ երբ նաւը վանքի մը մօտ կանգնէր: Իր ընկերները, վանականներն ու հայրերը ուշքի կը բերէին զինք եւ Յիսուսի աղօթքը կ՚ըսէին: Տանջալից ճամբորդութենէ մը ետք, խուցս հասան: Խեղճը իր սիրտը բացաւ ինծի ու իր կեանքի մասին պատմեց: Տեսայ, որ սատանայական ազդեցութեամբ կը չարչարուի: Առաջարկեցի անոր, որ երթայ հայրերէն մէկուն քով ու խոստովանի, կատարէ անոր թելադրութիւնները եւ պիտի առողջանայ: Գնաց ու խոստովանեցաւ: Երբ նաւ մտաւ վերադառնալու համար իր տունը, իր ընկերներուն ըսաւ, թէ հոգեւոր հայրը հրամայած է անոր նետել իր կրած “հիճապ”ը՝ որ իր ծանօթներէն մէկը տուած էր իրեն: Երիտասարդը չկրցաւ կատարել հրամանը եւ արձանի մը նման լուռ կանգնած մնաց, հակառակ իր ընկերներու պաղատանքներուն: Երիտասարդին վիճակը աւելի վատթարացաւ եւ նոյնիսկ չէր կրնար ոտքի կանգնիլ: Երբ իր ընկերները բռնեցին զինք ու երկար չարչարանքէ ետք նաւ հանեցին, ու այնտեղ ձերբազատուեցան “հիճապ”էն ու ծով նետեցին, անմիջապէս երիտասարդը ազատագրում եւ զօրութիւն զգաց, ու սկսաւ ուրախութենէն ցատկել, եւ վերադարձաւ իր բնական առող վիճակին:

ԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԶԲԱՂԻՆ, ՇԱՏ ԿԸ ԽԱԲԵՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. կախարդները որոշակի տեղեկութիւններ գիտե՞ն:

-Անոնք տեղեկութիւնները սատանաներէն կը ստանան: Պէտք է հիւրասրահին մէջ զգոյշ ըլլաք: Պէտք է քննէք ու տեսնէք ձեր հիւրընկալած մարդոց վիճակը, որովհետեւ կրնայ ըլլալ անոնց մէջ կախարդութեամբ զբաղուողներ ըլլան: Այս խնդրանքը տարօրինա՞կ կը թուի ձեզի:

Հսկումներէն մէկուն ընթացքին, ճիշդ այս վայրին մէջ, երկու հոգի եկան, որոնք կախարդութեամբ կը զբաղէին: Մօտեցան մարդոց ու սկսան անոնց տարբեր բաներ ըսել, հեքիաթներ յօրինել եւ ըսին, թէ իրենք կապի մէջ են Քանտեոթի հետ: Կիներէն մէկուն ըսին.

-Կախարդական բաներ ըրած են քեզի, տունդ պիտի գանք եւ մեր ունեցած խաչով պիտի քանդենք այդ կախարդութեան կապանքները:

Հսկումներու յաճախելով կը խաբեն մարդոց ու անոնց որպէս հաւատացեալներ կ՚երեւան, որով խեղճերը իրենց սիրտերը կը բանան անոնց:

Ինչպէ՞ս կը խաբեն մարդոց իրենց արտաբերած ստախօսութիւններով: Երիտասարդ մը, որպէսզի իր թակարդին մէջ ձգէ աղջկայ մը, անոր ըսաւ.

-Հայր Պաիսիոսը երազ մը տեսած է, որով ես պիտի ամուսնանամ քեզի հետ: Այս բանը վերցուր, հագուէ զայն եւ մի՛ հարցներ անոր ի՛նչ ըլլալն ու ուրկէ ըլլալը: Եւ անոր բան մը տուաւ:

Աղջիկը սակայն, բարեբախտաբար իր վրան չէ կրած զայն ու ըսաւ.

-Զարմանալի է. Հայր Պաիսիոսը այսպիսի բաներո՞վ կը զբաղի:

Ապա ինծի խիստ լեզուով նամակ մը գրեց, լեցուն վիրաւորական խօսքերով եւ խիստ հայհոյանքներով: Պատասխանեցի անոր.

-Հայհոյէ ինծի. կարեւորը չես խաբուած ու այդ սատանայական բանը չես կրած վրադ:

-Ո՜վ Ռոնտա. կը ճանչնա՞ր քեզ:

- Ո՛չ, չէր ճանչնար, ինչպէս նաեւ ես ալ այդ երիտասարդը չէի ճանչնար:

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՍԱՏԱՆԱՅԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ ըսիր այն աշակերտներուն, որոնք այսօր մօտդ եկան ու ըսին քեզի, թէ հոգին կը կանչեն:

-Ի՞նչ ըսի անոնց. խիստ կերպով յանդիմանեցի զանոնք, որովհետեւ հաւատքին հակառակ բան ըրած են: Այն վայրկեանին երբ սատանան կը կանչեն ու կ՚ընդունին զայն, այն ատեն իսկ զԱստուած կ՚ուրանան: Այդ պատճառով ըսի անոնց.

-Նախ եւ առաջ պէտք է անկեղծ կերպով խոստովանիք ու զղջաք եւ ապա պէտք է զգուշանաք: Երկրորդ՝ պէտք է եկեղեցի յաճախէք եւ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանաք ձեր հոգեւոր հօր օրհնութեամբ, որպէսզի մաքրուիք:

Փոքր տարիքի էին, այդ պատճառով որոշ արդարացումներ ունէին: Եթէ տարիքով աւելի մեծ ըլլային, աւելի մեծ փորձանք պատահած կ՚ըլլար անոնց ու սատանան ալ իշխած կ՚ըլլար անոնց վրայ:

-Ո՜վ Ռոնտա. անոնք ճիշդ ի՞նչ գործած են:

-Այն ինչ որ շատեր գործած են… Սեղանին վրայ գաւաթ մը ջուր դրած են ու անոր շուրջը այբուբենի տառեր. ա, բ, գ, դ… իրենց մատները դրած են ջուրին մէջ ու հոգին՝ սատանան կանչած: Բաժակը կլոր դարձած է ու կանգնած տառերու դիմաց, որոնք բառեր կազմած են: Երբ հոգին կանչած են, հարցուցած են անոր իր գալուստին մասին.

-Աստուած կա՞յ:

-Ո՛չ. չկայ:

-Սատանան կա՞յ:

-Այո՛, կայ:

Ահաւոր կերպի յիմարութիւն. Աստուած գոյութիւն չունի, իսկ սատանան՝ գոյութիւն ունի: Երբ իրենց հարցումը կրկնած են Աստուծոյ գոյութեան մասին, պատասխանած է անոնց.

-Այո՛, Աստուած գոյութիւն ունի:

Անգամ մը «այո» եւ անգամ մը «ոչ», մինչեւ որ երեխաները հարցադրութեան մէջ ինկան, որով ներկայ աղջնակներէն մէկը կանգնեցաւ ու բաժակը ջարդեց: Աստուած արտօնեց այդ բանը, որպէսզի միւս երեխաներն ալ գիտակցութեան գան:

Այսօր, կան շատեր, որոնք երբ կ՚ուզեն ոեւէ մէկու մը վնաս հասցնել, կը դիմեն կախարդներու, որոնք մոմէ ձուլուած խաղալիք մը կը գործածեն, ու այդ բանը խաղի կը վերածեն:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ կ՚ընեն:

-Մոմէ խաղալիք մը կը շինեն, եւ երբ ոեւէ մէկը խնդրէ անոնցմէ, որպէսզի իր աչքին թշնամի երեւցող մէկու մը վնաս պատճառեն, ասեղ մը կը վերցնեն եւ այդ խաղալիքին աչքերուն մէջ կը խոթեն՝ յիշելով այդ մարդուն [թշնամի կարծուող] անունը, որուն կ՚ուզեն վնաս պատճառել, եւ այդ արարքին ընկերակից կը դարձնեն կախարդական որոշ գործողութիւններ: Եթէ խնդրոյ առարկայ անձը մեղաւոր կեանք մը կ՚ապրի եւ խոստովանութիւն չի՛ կատարեր, ապա իր աչքերը կը վնասուին սատանայական ազդեցութեամբ: Այդ անձը ցաւ կը զգայ ու կը զգայ, թէ իր աչքերը իրենց տեղէն դուրս կու գան: Կը դիմաէ բժիշկներու, որոնք կը յայտնաբերեն թէ ան լաւ ու առողջ է: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 30

26 մարտ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021