ԱՅՑ ՄԸ՝ ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ (*)
2007-ին Փարիզի 12-րդ թաղամասին մէջ կը բացուէր Գաղթականութեան պատմութեան ազգային ոստանը։ 1931-ին կառուցուած շէնքը նախապէս կը կոչուէր «Գաղութներու թանգարան»։ Հոն կը ցուցադրուին Ֆրանսայի պատմութեան մէջ շուրջ երկու հարիւր տարուան գաղթականութեան վերաբերող զանազան նիւթեր՝ «աշխատանք», «մշակոյթ», «ապրելու վայր», «կրօնք», «նոր կեանք», «մարմնամարզութիւն» եւ այլն։ Ցուցափեղկերու մէջ զետեղուած են լուսանկարներ, առարկաներ, որոնց բացատրութիւնները մեզի գաղափար կու տան տարբեր երկիրներէ գաղթած ժողովուրդներու կենցաղին մասին, որոնք հալածանքներու եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանքով աստանդական դարձած են։ Գաղթականութեան մաս կը կազմեն նաեւ հայերը, որոնք Նանսէնի անցագրէն օգտուելով մասնակցած են Ա. եւ Բ. աշխահամարտերուն եւ այլ պատերազմներու, Ֆրանսայի համար կռուելով եւ երբեմն՝ նահատակուելով։ Այդ օրերուն Հրայր Հրաչեանը իր յօդուածով («Յառաջ», 26.10. 2007) մեզի կու տար իր տպաւորութիւնները եւ հայկական հետքերուն ցանկը։
Վերջերս առիթը ունեցայ կրկին այցելելու այդ թանգարանը։ Նշմարած առաջին կէտը անունի փոփոխութիւնն էր՝ ոստանը փոխարինուած էր թանգարանով։ Յետոյ ստուգեցի հայկական ներկայութեան նմոյշները։ Մնայուն ցուցահանդէսի սրահին մէջ եթէ Միսաք Մանուշեանի ու հայ դիմադրականներու նուիրուած ցուցափեղկը նոյնութեամբ պահուած է, ապա մէջտեղէն վերցուած է Հայկուհի Տնկոյեանի ընտանիքին նուիրուած ցուցափեղկը, որ կը պարունակէր ընտանիքի լուսանկարը, պզտիկ գորգ մը եւ սուրճ մաղելու գործիքը։
Յետոյ անցայ «լուսանկարներու սրահը», յուսալով գտնել հայ անձնաւորութիւններէն հետքեր, ինչպէս՝ Շարլ Ազնաւուրէն ընտանեկան իրեր կամ լուսանկարներ։ Եթէ այս վերջինէն որեւէ հետք չկար, բայց անդին ուրախութեամբ տեսայ կողք-կողքի դրուած երկու ցուցափեղկեր։ Իրենց զաւակներուն նուիրատուութիւններուն (լուսանկարներ, զինուորական մետայլներ, գործիքներ եւ այլ առարկաներ) կողքին դրուած գրութիւններէն կ՚իմանամ, թէ առաջինը ծնած է Կիլիկիա՝ 1912-ին։ Ան ցեղասպանութենէ փրկուած, ֆրանսական լէգէոնի անդամ, զանազան կռիւներու մասնակցած Յովհաննէս Մամբրէեանն է։ Իսկ երկրորդը՝ 1906-ի ծնունդ, դարձեալ ցեղասպանութենէ ճողոպրած եւ զանազան երկիրներէ անցնելէ ետք Ֆրանսա հաստատուած Մելքոն Պետրոսեանն է։
Այս երկու «գիւտերէն» գոհ կ՚այցելեմ միւս ցուցափեղկերը։ Յանկարծ կը նշմարեմ բաճկոն մը, որուն կուրծքը զարդարուած է Պետրոսեան անունով։ Հետաքրքրութեամբ կը կարդամ, թէ սենեկալցի Օրիորդ Ռուկի Տիա աշխատած է Պետրոսեան ճաշարանը եւ իր արհեստին մէջ յառաջդիմելով դարձած է բարձրորակ խոհագործութեան մասնագէտներէն մէկը։ Առ ի շնորհակալութիւն Արմէն Պետրոսեանի, որ իր առաջին քայլերուն քաջալերած էր զինքը, Ռուկի Տիա նուիրած է իր բաճկոնը։ Քովի ցուցատախտակներուն վրայ կը տեսնենք նաեւ Պետրոսեան եղբայրներուն նուիրուած քանի մը տող։
Կը կարդամ անունները այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՚աշխատին թանգարանին հետ, սակայն հայկական միութեան անուն չեմ տեսներ։
Ըստ հոն աշխատող պաշտօնեայի մը տեղեկութիւններուն՝ թանգարանը մօտ ատենէն պիտի կրէ փոփոխութիւններ։ Նոր մօտեցումով, նոր տուեալներով պիտի վերակազմուին սրահները։ Կը յուսամ, որ հայկական հետքերը կը մնան։
Ուրեմն այցելենք եւ ուշադրութեամբ հետեւինք։
ՀՐԱՆԴ ՆՈՐՇԷՆ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ
(*) Palais de la Porte Dorée Musée de l՚Histoire de l՚Immigration 295, avenue Daumesnil 75012 Paris