ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՓՈՐՁԷ «ԽԱՂԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ»Ը. ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՐԱՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆ Է

Մինչեւ երէկ գերակշռողը իսրայէլեան բանակի ուժն էր, իսկ այսօր այլ է պատկերը…

Ինչ ալ ըլլան պարագաները Միացեալ Նահանգներու այսօրուան վարչակարգին համար գլխաւոր խնդիրը Իսրայէլի պետութեան անվտանգութեան պահպանութիւնն է։ Այս մօտեցումի սկզբնաւորութիւնը երկար տարիներու կեանք ունի ու այս առումով ալ ուշագրաւն այն է, որ հակառակ այդ մօտեցումներուն պատճառով ստեղծուած բարդ դրոյթներուն, ամերիկացիք երբեք պատրաստ չեն վերանայիլ իրենց քաղաքական մօտեցումները, կամ հարցերը դնել լուրջ քննարկման սեղանին։

Այս բոլորին հետ համատեղ, եթէ հաշուարկները ճիշդ կատարուին եւ իրական պատկերը դառնայ աւելի յստակ ու տեսանելի, հասկնալի պիտի դառնայ, որ Ուաշինկթըն ինչու կ՚ատէ Իրանի ներկայ վարչակարգը, որուն դէմ ալ գործի դրուած տնտեսական պատժամիջոցները այս օրերուն հասած են ծայր աստիճան մտահոգիչ մակարդակի։

Եղածը անշուշտ որ խաղ չէ, ու յստակ է նաեւ, որ Թեհրանի վզին դրուած հաստաբուն պարանը անհանգստութիւն դարձած է ոչ միայն շիի աշխարհի յառաջատարին, այլ նաեւ շրջանին մէջ մէկէ աւելի առումներով կարեւոր ներկայութիւն հանդիսացող երկիրներուն համար։

Իրանի դէմ պայքարին մէջ ալ կարեւոր եւ ուղենշային առանցք կը հանդիսանան բոլոր այն ուժերը, որոնք ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակեն հաւատարիմ դաշնակիցները դառնալ այդ երկրին։

Օրինակները անշուշտ բազմաթիւ են, սակայն այս առումով առաջնային դեր մը վերցուցած է լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը, որուն ունեցած ուժային-զինուորական ներկայութիւնը, ռազմավարական դերն ու քաղաքական կշիռը այսօրուան կտրուածքով իրական գլխացաւ դարձած են Իսրայէլի պետութեան համար։

Ու եթէ հաշուի առնենք այս մօտեցումը, ապա նոյնպէս պիտի յարինք հաւատալ, որ Իսրայէլի կողմէ շրջանին տիրելու վերջին տարիներուն կիրառուած փորձերը ձախողութեան մատնուած են, մի միայն իրանեան նեցուկին ճամբով։

Զինուորական պայքար, ռազմաճակատներ, պահեստի ուժեր եւ նոյնիսկ գաղտնի սպասարկութեան ճանապարհով տեղի ունեցող կարգադրութիւններ սկսած են տեղի տալ եւ իսրայէլեան բանակը յայտնուած է բաւական լուրջ խնդիրներու առջեւ։

Կար ժամանակ մը, երբ արաբական աշխարհին մէջ իսրայէլացի զինուորը հաշուի առնուելիք «լուրջ» միաւոր էր։ Լուրջ միաւոր էր ոչ միայն իր զինուորական պատրաստութեան, ռազմունակութեան եւ ունեցած զէնքերուն, այլ նաեւ իր հաւատքին համար ու հաւատքին շնորհիւ։

Այսօր պատկերն այլ է։ Անշուշտ այստեղ յարմար չէ քննարկել ու ներկայացնել այն տուեալները, որոնց հետեւանքով ալ իսրայէլեան բանակը կ՚ապրի յստակ նահանջ մը, սակայն հետաքրքրականն այն է, որ այսպիսի իրադրութեան մը առջեւ յայտնուած իսրայէլացիք ինչ տիպի մարտնչման եղանակներու կը դիմեն, ապահովելու համար իրենց բացայայտ առաւելութիւնները։

Այս առումով է նաեւ, որ իսրայէլացիներուն համար յստակ զէնք կը դառնայ ամերիկեան ներուժը տարբեր մեթոտներով գործի մղելու եղանակը, որուն վերջին «միջադէպ»ը ընթացք առաւ միայն ամիսներ առաջ։

Խօսքը անշուշտ տնտեսական ճանապարհով հարցեր լուծելու, ճնշումներ գործադրելու եղանակն է, որուն առաջին կայանը Իսրայէլի հարեւան երկիր հանդիսացող Լիբանանն է։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎՐԱՅ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ

Լիբանանի մէջ կատարուող դէպքերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անմիջական կապ մ՚ունին շրջանային բախումներուն, լարումներուն եւ անշուշտ տարակարծութիւններուն հետ։

Հոս է նաեւ, որ հասարակ լիբանանցին կը սկսի մտածել ու լոյսին բերել այն գաղափարը, որ ինք ընդամէնը «զոհ» է։

Զոհ է արտաքին բախումներուն, արեւմտեան աշխարհին կողմէ Մերձաւոր Արեւելքին համար «նախատեսուած» ծրագիրներուն ու այդ «ծրագիրներ»ուն (չակերտի մէջ դրի այս բառը, որովհետեւ ծրագիրէն անդին մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը փորձեց ու կը փորձէ ամէն ձեւով կազմաքանդել Մերձաւոր Արեւելքը) դէմ ընթացք առած քաղաքական եւ յաճախ ռազմական պայքարները։

Զոհ ներհամայնքային «պատերազմ»ի մը, որուն իւրաքանչիւր կողմն ու բաղկացուցիչ տարրը միտուած է ստեղծել ու կերտել «իր հայրենիք»ը, որ նման չէ նոյն թաղին, նոյն շրջանին, նոյն քաղաքին ու նոյն երկրին մէջ ապրող քաղաքացիներու պատկերացումներուն մէջ տեղ ունեցող հայրենիքին։ Ու այս բոլորէն անդին անշուշտ այսօրուան լիբանանցին զոհն է, Միացեալ Նահանգներ-Իրան անկանխատեսելի դարձած առճակատումին, որուն ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս վերջանալը ոչ ոք գիտէ, կամ ոչ ոք կրնայ կռահել։

Այսքանէն յետոյ պարզ է, որ անցնող յատկապէս մէկ տարուան ընթացքին Լիբանանի եւ լիբանանցիներու մտահոգութեան հիմնական առանցքը դարձաւ լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկման, կամ այդ արժեզրկման հաւանականութեան ընդհանուր նիւթը։

Նիւթ մը, որ ընթացք կ՚առնէր այն օրէն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակ կը հանէր նոր մեքենականութիւն մը, որ նպատակ կը հետապնդէր գործադրել տնտեսական պատժամիջոցներով քաղաքական նպատակներ իրականացնելու ձեւը։

Թիրախը անշուշտ նոյնն էր։ Ինչպէս երէկ, այսօր ալ այդ թիրախը Իրանն է ու աւելի՛ն. բոլոր այն ուժերը, որոնք կը համարուին Իրանի վստահելի ուժեր։

Այս մեծ պայքարին մէջ, ճիշդ է, որ «փոքր տեղ» կը զբաղեցնէ Լիբանանը, սակայն Պէյրութը իբրեւ «հին-նոր» տարրալուծարան՝ կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ թէ՛ նախայարձակ կողմին եւ թէ պաշտպանութիւնը ստանձնած ուժերուն համար։

Ի վերջոյ Պէյրութի մէջ «ձեռք բերուելիք» արդիւնքները կրնան վարակիչ ըլլալ եւ նոյնիսկ «բանաձեւ» հանդիսանալ ամբողջ աշխարհին համար։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, պէտք է ուրեմն հասկնալ, թէ այն ինչ որ այսօր կը կատարուի, յստակ ծրագրի մը տրամաբանական զարգացումներուն համալրումն է։

Այսօր թիրախը ոչ թէ ելեւմտական ոլորտն է, այլեւ արեւմտեան ուժեր եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն ու պիտի փորձեն ամէն գնով հարուածել Լիբանանի ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգը, այդպէսով ստեղծելով ներքին լարում, բնականաբար Լիբանանի մէջ գործող իրանամէտ ուժերուն դէմ։

Հոս կարեւորը այն է, թէ ինչ օգտապաշտութեամբ պիտի շարժի Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը, որուն կառավարիչը՝ Ռիատ Սալամէն բոլոր լիբանանցիներուն համար (կամ մեծամասնութեան համար) կը համարուի հայրենասէր եւ իմաստուն ելեւմտագէտ անձնաւորութիւն մը։

Հիմա կը ծագի հարց մը. արդեօք Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան մէջ տեղի ունեցող զարգացումները կրնա՞ն երկիրը տանիլ ամբողջական անդամալուծման իրավիճակին, կամ թէ եղած քաշքշուքները կամ բողոքի ցոյցերն ու գործադուլը պարզապէս կը փորձեն նախապատրաստել ներքին-համաձայնութիւններու ընդհանուր փուլը։

Եթէ հաշուի առնենք ամերիկեան մօտեցումներուն «պնդաճակատ» ըլլալը, ապա պիտի հասկնանք, որ Սալամէի դէմ այսօր որոշ կողմերու հնչեցուցած բողոքները ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ ընդհանուր համակարգին դէմ բացուած պայքարի փոքր մանրամասնութիւնները։

Այս փուլին Ռիատ Սալամէի անունին հետ «խաղալ»ը կամ եղած գործադուլին ամբողջ պատասխանատուութիւնը անոր ուսերուն բեռցնելը կը նշանակէ, որ Իրանի դաշնակից ուժերը այսօր իսկ ունին այլընտրանք թեկնածու մը, որ պիտի յաւակնի դառնալ երկրի ելեւմտական տագնապի փրկիչ-անձնաւորութիւնը, սակայն խնդիրն այն է, որ նման անհեռատես քայլով, լիբանանցիք առիթ պիտի տան Միացեալ Նահանգներուն, որպէսզի սկսած պայքարը տանի ծայրայեղ մակարդակի մը, որմէ տուժողը դարձեալ «զոհ-քաղաքացի»ն պիտի ըլլայ։ Այլ խօսքով ներկայ փուլին Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան շուրջ տեղի ունեցող խմորումներուն հետ հաշուի չնստիլը, այդ հզօր կառոյցին աշխատաւորներուն իրաւունքները անտեսելը եւ այլընտրանքներ առաջարկելը կը նշանակէ վերջ տալ Սալամէի կառավարման փուլին, որ կը յատկանշուի իմաստութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ խոհուն ելեւմտագէտի գործունէութեամբ։

Ի վերջոյ Լիբանան չի կրնար եւ իրաւունք չունի իր սեփական դրամանիշը «կեր» դարձնել Ուաշինկթըն-Թեհրան պայքարին, որուն համար այսօր շատեր բաց պայքար կը տանին։

Լիբանանի անցեալ կառավարութիւնը եւ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի սաստկացման ժամանակներուն կը խօսէր «չէզոք դիրք» որդեգրելու կարեւորութեան մասին։ Այդ կառավարութիւնը ձախողեցաւ գործի վերածել չէզոքութեան վարկածը, որմէ ետք ալ «Հիզպուլլահ» բացայայտ եւ աշխոյժ կերպով մասնակից դարձաւ Սուրիոյ մէջ մղուող մարտերուն։

Բացի այդ ու հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը կարողացաւ ամէն գնով պահպանել լիբանանեան թղթոսկիին կայունութիւնը։

Սա ինքնին յաղթանակ էր երկրին համար. այսօր այդ յաղթանակը հարցականի տակ դնողները կրնան մեծ հարուած հասցնել երկրի տնտեսական, առանց անոր ալ բաւական վիրաւոր վիճակի մէջ գտնուող տնտեսական գետինին։

Անշուշտ այդ կողմերը անպայման նպատակ չունին Լիբանանը տանիլ նոր տագնապներու, սակայն քաղաքական կեանքին մէջ միշտ չէ, որ փափաքն ու «ռէէլ-փոլիթիք»ը միասին կը քալեն։

Այս բոլորէն անդին յստակ է, որ Լիբանան յայտնուած է ելեւմտական-տնտեսական նոր «քննութեան» մը առջեւ եւ յառաջիկայ ամիսները իրողապէս ցոյց պիտի տան, թէ լիբանանցիք որքան ուժ ունին արտաքին այս նոր որակի վտանգներուն դիմակայելու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019