«ՉԱՐ­ՉԱ­ՐՈ­ՒՈՂ» Ա­ՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԸ ԵՒ ԶԱՅՆ… «ՉԱՐ­ՉԱ­ՐՈՂ­ՆԵ­ՐԸ»

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ո՞ր հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ կա­րե­լի է զե­տե­ղել, այ­սօ­րուան իր տա­տա­նուող վի­ճա­կով ու վա­ղուան ա­նո­րո­շու­թեամբ։

Ին­չո՞ւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը յայտ­նուե­ցաւ տխուր ճա­կա­տագ­րի մը մէջ, իր շուրջ ստեղ­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին վե­րա­բեր­մունք ու հա­մա­հայ­կա­կան ու­շա­ցած (՞) հե­տաքրք­րու­թիւն։

Լրջամ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը, խորհր­դա­ժո­ղո­վա­կան գու­մա­րում­նե­րը կամ մաս­նա­գի­տա­կան քննար­կում­նե­րը կրնա՞ն նպաս­տել ա­նոր պահ­պա­նու­մին։

Վեր­ջին հա­շուով, ո՞վ է «տէր»ը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին, ո­րուն դալ­կու­թեան ու տժգնու­թեան, այ­լեւ՝ խամ­րու­մին ու թա­ռա­մու­մին հա­մար կա­րե­լի է «մե­ղա­ւոր» փնտռել կամ նկա­տուիլ։

Պէտք է ըն­դու­նիլ ու հաս­տա­տել, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ապ­րած մղձա­ւան­ջու­թիւ­նը, մէկ օ­րէն միւ­սը չյա­ռա­ջա­ցաւ, ոչ ալ յան­կարծ հա­սաւ այս կէ­տին, երբ ա­նոնց պատ­ճառ­նե­րը բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­տե­սակ են, ո­րոնց անդ­րա­դառ­նա­լը այս գրու­թեան նիւ­թը չէ։

Ին­չո՞ւ պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­սաւ իր «Ոս­կեղ­նիկ»ա­յին բար­ձուն­քին, գրա­ւոր թէ խօ­սակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէ՛ ու­սում­նա­սի­րա­կան բեր­քե­րով, կա­տա­րո­ղա­կան թէ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան, ա­րուես­տա­բա­նու­թեան եւ թա­տե­րագ­րու­թեան ամ­բողջ ժա­ռան­գը, իր հա­մա­պա­տաս­խան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րով, լե­զուա­կան ան­գե­րա­զան­ցե­լի գան­ձա­րան մըն էր, նոյ­նիսկ՝ ո­րոշ շրջան­նե­րու ու գրող­նե­րու պա­րա­գա­յին, գոր­ծա­ծուած «գրա­բա­րա­խառն» լե­զուի մը, որ ան­խու­սա­փե­լիու­թիւն մըն էր։

Այ­նու­հան­դերձ, ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ ու բիւ­րե­ղա­ցաւ վճիտ ու ջինջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն մը, որ կտա­կուե­ցաւ յե­տե­ղեռ­նեան տա­րա­գիր հա­յու­թեան (ի­մա՝ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան), որ գուր­գու­րաց ա­նոր վրայ, ի­րա­ւա­ցիօ­րէ՛ն, զայն նկա­տե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­կան կռուա­նը։

Այն ինչ որ ստեղ­ծուե­ցաւ յե­տայ­նու, կը պար­տինք այդ ո­գիին ու գի­տակ­ցու­թեան, այդ դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ յանձ­նա­ռու­թեան, ո­րոնց ար­դիւ­նա­շատ «պտուղ»նե­րը եր­կար ժա­մա­նակ շնչա­ւո­րե­ցին ու կեն­սա­ւո­րե­ցին հե­տա­գայ կարգ մը սե­րունդ­նե­րը։

Ե­կե­ղե­ցին ու դպրո­ցը, հայ­րե­նակ­ցա­կանն ու միու­թե­նա­կա­նը, մա­մու­լը եւ գիր­քը, մշա­կոյ­թը եւ ա­րուես­տը, ու­սու­ցիչն ու մտա­ւո­րա­կա­նը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ու­րոյն դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, ազ­դե­ցու­թեամբ ու գոր­ծու­նէու­թեամբ, նպաս­տեց տա­րա­գիր հա­յու­թեան պահ­պան­ման, գե­րա­զան­ցա­պէս շնոր­հիւ չքնա­ղա­գոյն լե­զու՝ Ա­ՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻՆ։

Ժա­մա­նա­կի թա­ւալ­քին, պայ­ման­նե­րու փո­փո­խու­թեան, մի­ջա­վայ­րե­րու այ­լա­սեր­ման, շրջա­պա­տա­յին ան­յա­րի­րու­թեան, յա­րա­բե­րա­յին գոր­ծօն­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ այն ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու խճաշ­խար­հին մէջ, ա­կա­մայ թէ կա­մայ, բայց, ան­նե­րե­լի ան­հե­ռա­տե­սու­թեամբ, մոռ­ցուե­ցաւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան պա­հող ու սնու­ցա­նող, թար­մաց­նող ու կրթող ՄԱՐ­ԴՈՒ­Ժը, այլ խօս­քով՝ չպատ­րաս-տըւե­ցաւ, չկազ­մա­ւո­րուե­ցաւ կամ չհա­սուն­ցաւ այդ «հրա­բուխ»ը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեն­դա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, հմայ­քը վա­րա­կե­լու ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու գնով։

Մե­ղա­ւոր­ներ փնտռե­լը կամ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ամ­բաս­տա­նե­լը, այ­սօր, ի՞նչ լու­ծում կամ դար­ման կրնայ տալ, երբ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, դժբախ­տա­բար, հի­ւանդ­կախ վի­ճա­կի մը մէջ կը գտնուի - ման­կար­վար­ժա­կան, հրա­տա­րակ­չա­կան, հրա­պա­րա­կագ­րա­կան, խօ­սակ­ցա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, ու­սում­նա­կան եւ այլ աս­պա­րէզ­նե­րով ու փոր­ձա­դաշ­տե­րով։

***

Այս ա­րագ հպում­նե­րը կա­տա­րե­ցինք, տես­նե­լով ու հե­տե­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու ու կեն­դա­նաց­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ զայն աշ­խու­ժաց­նե­լու ու նե­րար­կե­լու ճի­գե­րուն ու փոր­ձե­րուն։

Գնա­հա­տե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ թե­րեւս ալ՝ օգ­տա­կար, պի­տի մտա­ծէինք, ե­թէ ա­կա­նա­տես եւ ա­կան­ջա­լուր չըլ­լա­յինք այն զի­րար խա­չա­ձե­ւող մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն եւ հրմշտուկ­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղի կ՚ու­նե­նան տար­բեր վա­յե­րու մէջ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վի­ճա­կը քննար­կե­լու ու զայն փրկե­լու (՞) մտօք։

Գի­տա­ժո­ղով մը հոս, հա­մա­գու­մար մը հոն, հա­մա­հա­ւաք մը այս­տեղ, խորհր­դակ­ցու­թիւն մը այն­տեղ, Պէյ­րու­թէն, Ե­րե­ւան, Լոս Ան­ճե­լը­սէն Փա­րիզ, Լոն­տո­նէն… ո՞ւր, չենք գի­տեր, բայց, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը օ­րա­կար­գի վրայ է, հրա­պա­րա­կի մա­մու­լի նիւթ է, հրա­տա­պու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, տան­գա­պի վե­րա­ծուած է («մո­տայ»ի…)։

­Շատ բա­րի։

Ա­նոնք, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով կը զբա­ղին կամ կը յա­ւակ­նին «բժիշկ»ի ու «փրկա­րար»ի դեր վերց­նել -ե­կե­ղե­ցի, ա­կա­դե­միա, հիմ­նար­կու­թիւն, մաս­նա­գէտ, ե­ւայլն, պահ մը մտա­ծե­ցի՞ն (կամ մտա­ծած են), թէ ան­հա­տա­կան կամ կազ­մա­կեր­պա­կան, սի­րո­ղա­կան կամ հա­րե­ւան­ցիա­կան, ցու­ցադ­րա­կան կամ պա­տա­հա­կան փոր­ձե­րը չեն կրնար ծա­ռա­յել այս նպա­տա­կին ի­րա­կա­նաց­ման կամ բա­րե­լաւ­ման։

Մի­թէ ցարդ կա­տա­րուած­նե­րը ցոյց չե՞ն տար, որ այս չէ ճա­նա­պար­հը դէ­պի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նում։

Այդ մեկ­նար­կով ո՞ւր կա­րե­լի է հասց­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը չի կրնար հոս ու հոն տե­ղի ու­նե­ցող հան­դի­պում­նե­րով ու հա­մախմ­բում­նե­րով, ո­րոնք որ­քան ալ օգ­տա­կար դառ­նա­լու մի­տին, կրնար ա­նոր ընդ­հան­րա­կան ու հա­մա­տա­րա­ծա­կան շա­հե­րուն նպաս­տել, ոչ ալ գործ­նա­կան հե­ռան­կա­րի մը հանգ­րուա­նիլ։

Ցարդ գոր­ծող կամ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մար­մին­նե­րը կամ կող­մե­րը, կրնա՞ն հրա­պա­րա­կաւ յայտ­նել, թէ ի՞նչ ի­րա­գոր­ծե­ցին (եւ ի՞ն­չը ի­րա­գոր­ծե­լի է տա­կա­ւին), ո՞ւր թե­րա­ցան եւ ի՞նչ են պատ­ճառ­նե­րը։

(Ի դէպ, խօս­քը եր­բեք չի վե­րա­բե­րիր ըն­թա­ցիկ եւ ճա­պաղ լրա­տուու­թիւն­նե­րուն)։

­Բայց, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է խան­դա­վա­ռուիլ այս բո­լո­րէն, երբ նախ՝ յու­սադ­րիչ ո­րե­ւէ նա­խան­շան­ներ չկան, յե­տոյ՝ միամ­տու­թիւն է հա­ւա­տալ, որ նման բազ­մա­գոյն մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու հասց­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը «կեն­դա­նի» պա­հե­լու նուի­րուած­նե­րը, ի­րենց տար­բեր պատ­կա­նե­լիու­թիւն­նե­րով, հե­տաքրք­րա­կան է, ի­րա­րու հետ ի՞նչ ա­ռըն­չու­թիւն­ներ ու­նին, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ կամ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­ներ։

Պա­տաս­խա­նը, միան­շա­նակ… ո­չի՛նչ, բա­ցի «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն» ա­նուն-վեր­նա­գի­րը օգ­տա­գոր­ծե­լէն, որ կ՚են­թար­կուի խայ­տաբ­ղէտ բնու­թագ­րում­նե­րու ու յեղ­յե­ղում­նե­րու։

Այս շրջա­գի­ծէն ներս, ու­րիշ ու­շագ­րաւ, այ­լա­պէս հար­ցադ­րե­լի պա­րա­գայ մըն է, մաս­նա­կից­նե­րու, խորհր­դա­տու­նե­րու կամ ժո­ղո­վա­կան­նե­րու հար­ցը, ո­րոնց­մէ քի­չեր մաս­նա­գի­տա­կան, ա­ւե­լի ճիշդ լե­զուա­գի­տա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թիւն ու գի­տակ­ցու­թիւն ու­նին, մինչ­դեռ, նման նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին, ար­հես­տա­վար­ժու­թիւնն ու փոր­ձա­գի­տու­թիւ­նը բա­ցար­ձակ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­ներ են։

Իսկ ա­սոր հա­մո­զուե­լու ու զայն ճիշդ կի­րար­կե­լու հա­մար, առ­նուա՛զն, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­ներ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տեն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հետ վե­րա­բե­րու­մը նման անլր­ջու­թեամբ ու ան­փու­թու­թեամբ։

Կա­րե­լի՞ է այս­պի­սի կեն­սա­կան ու հրա­մա­յա­կան թղթած­րա­րի մը հետ վե­րա­բե­րուիլ ան­հե­թե­թու­թեամբ կամ կար­ճա­տե­սու­թեամբ, կար­ծես թէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը (եւ ու­նե­նա­լի­քը), Սփիւռք-Հա­յաս­տան հեր­թա­կան… հան­դի­պում է։

Ճիշդ է, թէ Սփիւռ­քի մէջ, հա­յա­գէտ-լե­զուա­գէտ­նե­րու թի­ւը պակ­սած է (նո­րեր ու­նե­նալն ալ… տա­րա­կու­սե­լի), բայց, այն քիչն ալ որ կայ, ո­րո­շա­պէս կրնայ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել, ե­թէ՝ հա­շուեն­կա­տու­թիւն, անձ­նա­կա­նու­թիւն եւ պա­տե­հա­պաշ­տու­թիւն բա­ցա­ռուին։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պէտք է պա­հուի-պահ­պա­նուի-գո­յա­տե­ւուի։

Ո՛չ մէկ կաս­կած եւ՝ ան­պայ­մա՛ն։

Սա­կայն, ոչ այն հա­տուա­ծա­կա­նու­թեամբ, բե­ւե­ռա­կա­նու­թեամբ, ան­գի­տու­թեամբ եւ բազ­մագլ­խա­նիու­թեամբ, ոչ ալ ի հե­ճուկս ան­ցո­ղա­կի, հպան­ցիկ ու ժա­մա­նա­կա­ւոր տնօ­րի­նում­նե­րու։

Իսկ դարձ­նե­լու հա­մար «ա­ռող­ջու­թիւն»ը կա­յուն ու հաս­տա­տուն, անհ­րա­ժեշտ է՝

- Կազ­մել կեդ­րո­նա­կան հա­մա­գա­ղու­թա­յին վե­րին մար­մին

- Հա­մախմ­բել զուտ մաս­նա­գէտ­ներ

- Որ­դեգ­րել ու­սում­նա­սի­րուած ծրա­գիր

- Գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րէն տե­ղեակ պա­հել հան­րու­թիւ­նը

- Ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը դարձ­նել զգա­լի եւ գործ­նա­կան

***

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի քննար­կում-պահ­պա­նու­մը չի կրնար ըն­թա­նալ ժա­մա­նա­կա­ւո­րու­թեան կամ կարկ­տա­նու­թեան (ան)սկզբունք­նե­րով, ա­նի­կա սրբու­թիւն մըն է, զոր պէտք է պա­հել ու մա­նա­ւանդ՝ գոր­ծա­ծել։

Հա­յրե­նի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը հե­տամ­տին լուրջ ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դէպ, թե­լադ­րե­լի է ա­ւե­լի բծախն­դիր ընտ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րեն մաս­նակ­ցի­նե­րու նկատ­մամբ, զգու­շա­ւոր ըլ­լան զայն պա­հե­լու մաս­նա­գի­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ եւ, ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը, այս ուղ­ղու­թեամբ, յար­գեն Սփիւռ­քի տե­սա­կա­ւոր-ո­րա­կա­ւոր կշիռ­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, ցա­ւա­լի է, վի­րա­ւոր է, բայց, այդ չարչր­կում­նե­րը չեն ար­դա­րաց­ներ ա­նոր չար­չա­րանք­նե­րուն յա­մե­ցու­մը եւ զայն չար­չա­րող­նե­րուն… չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը։

ՊԱ­ՐՈՅՐ Յ. ԱՂ­ՊԱ­ՇԵԱՆ

Պէյ­րութ, Փետ­րուար 2016

«Նոր Օր»

 

 

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016