ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ - 190 «ԱԶԳ ՄԸ ԻՐ ՅԱՏՈՒԿ ՏԱՐՐԵՐՈՎ ԿՐՆԱՅ ԶԱՐԳԱՆԱԼ, ԵԹԷ ԱՆՈՆՑ ԼԱՒ ՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՐՈՒԻ»

Արեւմտահայ ականաւոր մտաւորական՝ հրապարակախօս, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901) ունեցած է նաեւ կառավարչական աշխատանքի հարուստ փորձ՝ որպէս Պոլսոյ Հայոց Հատրիարքարանի դիւանապետ, Մեսրոպեան վարժարանի տեսուչ։ Անոր տեսական ծաւալուն ժառանգութեան մէջ կը յայտնաբերենք հանրային կառավարման հիմնախնդիրներու խորունկ եւ արդիական վերլուծութիւն։

Սկսինք պատմիչներուն ուղղուած հարցադրումէ մը։ Յարգանքի տուրք մատուցելով Մովսէս Խորենացիին, փառաբանելով անոր «վսեմ եւ արդարադատ գրիչը», Մամուրեան կ՚արձանագրէ, որ ո՛չ Պատմահօր, ո՛չ միւս «կորովամիտ պատմիչներու» երկին մէջ լաւ չէ արտացոլուած կառավարումը. «Հայկեան ու Արշակունեան պետութեանց կառավարման տեսակը ի՞նչ էր, թագաւորին, նախարարաց եւ ժողովրդեան մէջ որպիսի՞ դաշն ու յարաբերութիւն կը տիրէին, ամէն մէկը ի՞նչ իրաւունք ունէր... Մեր պատմագիրները բացորոշ գրած չեն թէ ի՛նչ օրէնքներով կը վարէին թագաւորները իրենց իշխանութիւնը, թէ ի՛նչ բարք ու սովորութիւններ ունէր հայ ժողովուրդը, որ զանազան հարստութեանց ներքեւ ապրած է»։

Ի հարկէ, սա միայն հայ պատմագրութեան չի վերաբերիր եւ պատճառները շատ են։ Մամուրեան նշած է հիմնականը. դարեր շարունակ հանրային կեանքի կարգաւորումը դիտարկուած է միակողմանի՝ տէրերը, աստուածատուր իշխանութեամբ, կը կառավարեն, հանրութեան կը մնայ ենթարկուիլ։ Այս ըմբռնումը, սրբագործուած «Տէրանց կոյր հնազանդութիւն» կրօնական սկզբունքով, «հայ պատմիչը գրիչը կ՚ուղղէր», եւ «թագաւորներու իշխանութիւնը եւ գահը իբր սրբանուէր ու երկնատուր շնորհ կը քարոզէր, հպատակներու անտրտունջ հաւատարմութիւն եւ անձնուրացութիւն կը պատուիրէր եւ հետեւապէս ժողովուրդը իբր հօտ գառնուկներու շատ անգամ բնիկ կամ օտար իշխանի եւ բռնաւորի անխտիր կրակին կ՚այրէր եւ անունը անյիշատակ կը մնար»։

Հանրային կառավարման մամուրեանական հայեցակարգի հիմքին, մէկ կողմէ՝ անոր լիակատար վստահութիւնն է հայոց ազգի դիւրին կառավարելիութեան հնարաւորութեան հարցին մէջ, միւս կողմէ՝ իշխանաւորներու, հանրութեան ուսեալ մասի կառավարչական պարտականութիւնը՝ գործադրելու տնտեսական, քաղաքական, իրաւական, մշակութային համարժէք միջոցներ՝ բարգաւաճ զարգացումը իրականութիւն դարձնելու համար. «Ազգ մը իր յատուկ տարրերով կրնայ զարգանալ, եթէ անոնց լաւ ու լուսաւոր ուղղութիւն մը տրուի»։

Հանրային-ազգային կառավարման հիմնախնդիրը ազգի ամբողջական ներուժը առաւելագոյնս եւ արդիւնաւէտ գործադրելն է, «աշխատութեան վարժելը»։ Ուստի յոյժ կարեւոր է, որ ազգի գլուխ կանգնին շիտակ առաջնորդներ, հեռուն տեսնող քաղաքագէտներ, ազգի շահը անձնականէն վեր դասող կառավարիչներ։ Հակառակ պարագային բարենպաստ հնարաւորութիւններն իսկ չեն օգտագործուիր։ Սա աւանդական մօտեցում է հայ կառավարչական մտքի համար, Մամուրեանի ելակէտի առանձնայատկութիւնը հանրոյթի բարձրագոյն ղեկավարի՝ սեփական դերակատարման ներքին հիմնաւորման դիտարկումն է։

Յատկանշական է Գագիկ Ա. Բագրատունիի գործունէութեան գնահատումը. այստեղ Մամուրեան անձէն կ՚անցնի դէպի գործառոյթի արժէքաւորում. «Մարդն՝ կ՚ըսեմ, վասնզի իր մէջ մարդը մեծագոյն է քան թագաւորը, վասնզի ժառանգական իրաւամբ, կամ երկնատուր շնորհիւ թագաւոր հայոց օծուելուն համար չէր, որ ցմահ իր հոյակապ Անիէն անհրաժեշտ կեցաւ, այլ հաստատուն համոզմամբ կը զգար, որ նոյն բազմադէպ ժամանակները ինք միայն կարող եւ արժանաւոր է հայոց պատմութեան գլուխը եւ ազատիչ ըլլալու»։ Ընդօրինակելի է թագաւորի գործադրած ռազմավարութիւնը. նախ՝ բուն հանրութեան հոգիէն մեղմել հակասութիւնները, չէզոքացնել մանաւանդ «նախարարաց անզուսպ եւ նախանձոտ բնաւորութեանց» հետեւանք երկպառակութեան վտանգը, ապահովել համերաշխութիւն (փաստօրէն՝ սեփական իշխանութեան օրինաւորութիւնը), ապա միայն դիմակայել արտաքին մարտահրաւէրներուն. «Կառավարութեան ղեկը ձեռք առնելուն պէս նոյն ներքին ապստամբ եւ զինակիր մարդիկը իր պարզ եւ յորդորիչ ճարտասանութեամբ զինաթափ ըրաւ, կարգի բերաւ, հայ ժողովուրդը՝ որու վրայ էր դրած յոյսը, իր սրտին հայրենասիրական անշէջ հուրով գրգռեց, վառեց, միացուց եւ գրեթէ զայն իբրեւ նոր առոյգ ազգ մը կազմեց, մինչդեռ երերեալ՝ իր քաղաքին դռները թշնամեաց բանալու վրայ էր»։

Հին հայկական պետութեան կառուցուածքը՝ «Հայկազեանց առաջին վարչական ձեւը», Մամուրեան կը բնութագրէ որպէս «տեսակ մը հասարակապետութիւն, որ ո՛չ աւատային դրութեան եւ ոչ ռամկավարութեան կը նմանէր»։ Ամէն տոհմապետ լիիրաւ իշխան էր հայրենի տիրոյթին մէջ, հարկ էր գանձում, զինուժի տնօրինում եւ այլն, իսկ «իրմէ վեր քաղաքական գլուխ կը ճանչնար ուղղակի Հայկեայ զարմէն իջնող նահապետը»։ Տիգրան Մեծի օրօք, սակայն, Հայաստանի սահմանները կը սկսին ընդլայնուիլ, կը պարզուի, որ կեդրոնական իշխանութիւնը այնքան ալ ուժեղ չէ եղած կեդրոնախոյս ուժերը զսպելու համար. «սոյն ընդարձակութեան պատասխանող կեդրոնական ազդու եւ յարատեւ քաղաքական իշխանութիւն մը եւս չհաստատուելով՝ տէրութիւնը թէեւ տարածութիւն ստացաւ, բայց զօրութիւն եւ հաւասարութիւն կորսնցուց»։ Արքայի զինուորական եւ ներքին կարգադրութիւնները եւս երկար չգործեցին, քանի որ «հիմ ու արմատ չառին», «իր ազգային գործը շարունակող չեղաւ»։ Պատճառն այն էր, որ անոնք չարմատաւորուեցան հայոց մտածելակերպին մէջ. «Ժողովուրդին մէջ նոր օրէնքներ հաստատութիւն չեն առներ, եթէ արդէն անոնց սերմը սովորութիւններու եւ միտքերու մէջ չեն զետեղուած»։

Պետութեան ղեկավարներու վարքագծի քննարկումը չի մնար նկարագրութեան մակարդակին։ Հակադրուելով անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ կառավարման առարկայականի հետ ենթակայականը կրնայ վարել սեփական հայեցողութեամբ, Մամուրեան կը կարեւորէ կողմերու ներքին պատճառակցումը։ Քննադատելով Ն. Ռուսինեանի փորձը՝ ստեղծելու հայերէնի քերականութեան նոր օրէնքներ, ան համեմատութեան հիմքով կ՚ըսէ ընդհանուր բնոյթի ամփոփում մը. ինչպէս քերականութիւնը չի կրնար պարտադրուիլ լեզուին, այլ ընդհակառակը «քերականութիւնը բնականաբար խօսուն լեզուէն կը բխի», այդպէս ալ ազգը կառավարելու համար հնարաւոր չէ դուրսէն օրէնք պարտադրել, այլ «օրէնքը պէտք է, որ կառավարողներու վարելու եւ սովորութիւններու դրոշմը կրէ»։

Կառավարման առարկայական առանձնայատկութիւններու պարտադիր հաշուառման (արդի կառավարաբանութեան մէջ ընդունուած) սկզբունքը Մամուրեան կը բխեցնէ ոչ թէ կառավարողի բարի կամքէն, այլ առարկայական-ենթակայական ընդոծին կապը գիտական իմացութեան վրայ խարսխելու պահանջէն։ Այս դրոյթը ձեւակերպուած է որպէս ազգային-ընկերային հրամայական. «Թող հայ օրէնսդիրներ օրէնքներ գրեն, բարձր գլուխներ թող վեր թռին, թող երեւելի գիտութիւններ բնութիւնը վերլուծեն, նշանաւոր քաղաքագէտներ տէրութիւններ վարելու չափ ճարտար ըլլան, բայց ասոնք ամէնն ալ մեր ազգին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող բաներ կը դառնան՝ եթէ նոյն ազգին ներսը մտնելով՝ վէրքերն ու անմիջական պիտոյքը քննելով՝ պէտք եղած ազդու դարմաններ գործնապէս չմատակարարուին»։ Ինքն ալ գիտական որոնումներու մէջ անշեղօրէն ենթարուած է ատոր. ամէն մէկ խնդրի քննարկում Մատթէոս Մամուրեան կ՚աւարտէ յստակ եզրակացութեամբ եւ գործադրելի յանձնարարականով։

Խօսելով «բարեշրջութեան օրէնքի» պահանջներու մասին՝ Մամուրեան կ՚առանձնացնէ կրթութիւնը եւ եկեղեցին, կը շեշտէ, որ հանրային կեանքի մէջ իրական զարգացում կ՚ապահովուի, երբ «այս երկու հիմնարկութիւնները կը նորոգուին, երբ նորոգուին հոգի ու միտք, երբ ազգին երեխաները նոր լոյսով կը վերածնին»։ Այս առումով, ան հայոց սխալներէն կը համարէ օտար, առաւել զարգացած ազգերու փորձը անքննադատ փոխառելու ցանկութիւնը։ Եթէ դուրսի փորձի գործադրումը ըլլայ հայոց միջավայրի առանձնայատկութիւններուն անտեղեակ («անգէտ», «կապկական»), եթէ չտարբերակուի բուն ընդօրինակելիի մէջ արժէքաւորն ու անարժէքը («եւրոպական մոլորանքը»), ապա ամենաառաջադիմական օրէնքներու, հաստատութիւններու եւ գաղափարներու ներմուծումը ոչ միայն օգտակար չ՚ըլլար, այլեւ կրնայ վնասել։

Մամուրեան կը յիշեցնէ, որ այն իշխանաւորները, որոնք գիտակցած են կրօնը որպէս «տէրութեան բարոյական հզօր նեցուկ մը», միշտ ձգտած են ներգրաւել եկեղեցիի հաստատութիւնները հանրային կառավարման համակարգ, «իւրաքանչիւր կառավարութիւն իր ժողովուրդի ոգւոյն եւ բարիքին հարմար պաշտօնական կրօն մը, յատուկ ծէս եւ պատգամ կ՚ընտրէր եւ կը կարգէր»։ Որպէս օրինակ կը նշուին Արշակունիներու կառավարման մինչքրիստոնէական շրջանը, երբ «կրօնը Արամազդի եւ մանաւանդ Անահիտի տիրապետութեամբ յատուկ ազգային կերպարանք մը առաւ», իսկ քրիստոնէութեան շրջանին՝ Տրդատ Մեծի եւ Գրիգոր Լուսաւորչի համագործակցութիւնը, Վռամշապուհ արքայի դերը որպէս «Հայաստանի բարոյական մտաւորական կեանքի վերանորոգիչը»՝ Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի աջակից։ Վճռորոշ եղած է հայոց եկեղեցիի դերը որպէս պետականազուրկ ժողովուրդի ղեկավարի. հայոց կաթողիկոսը ոչ միայն «հոգեւոր տէրն է», այլեւ «հասարակաց հայրն է»։

Նշելով, թէ եկեղեցիի սպասաւորներէն ոչ բոլորը կը գիտակցին իրենց բախտորոշ առաքելութեան, Մամուրեան միաժամանակ լիայոյս է, թէ բոլոր «զեղծումները պիտի սրբուին լոյսով»։ Ան արդիական հնչողութեան միտք մը կ՚արտայայտէ հասարակութեան գիտակից խաւերու շահագրգիռ մասնակցութեան վերաբերեալ. «Բայց այս գործը յուսալի չէ կղերէն, այլ աշխարհական դասէն»։ Այսինքն՝ հանրութիւնը ինքը պիտի ըլլայ շահագրգիռ, որպէսզի եկեղեցին լիարժէքօրէն կատարէ իրեն վերապահուած հանրային դերերը՝ հանդէս գայ որպէս համակեցութեան, պետական եւ ազգային կեանքի բնականոն ընթացքի ապահովման բարոյական հզօր նեցուկ։

Հանրային կեանքի բնականոն ընթացքի ապահովման հիմնաքարը օրինականութիւնն է. պատահական չէ, որ Մամուրեանի հիմնադրած «Արեւելեան Մամուլ» հանդէսի անդրանիկ համարը կը սկսի հանրային օրինականութեան կարեւորութեան պարզ ու հասկանալի ձեւակերպումով. «Եւ իրօք ի՞նչ է քաղաքի մը անդորրութեան եւ բարեկարգութեան պայմանը. ամէնուն կեանքի, պատուոյ, ստացուածքի ապահովութիւնը, արդարութեան անխտիր բաշխումը, ատեաններու օրինապահութիւնը»։

Հանրային կեանքի մէջ օրինականութեան հրամայականի դրոյթը իւրատեսակ ջահ մըն է, որով Մամուրեան կը լուսաւորէ ոչ միայն հայոց պատմութեան բաւիղները, այլեւ Հին Աթէնքի, Հին Հռոմի պետութիւններու վերելքի եւ անկման պատճառները, նոր ժամանակներու յեղափոխական իրադարձութիւնները Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ մէջ։ Ան հիացումով կը յիշատակէ դէպքեր, երբ ամենաբարձր մակարդակի կառավարողն իսկ կ՚ենթար-կըւի օրէնքի պահանջին. «Երբ կը տեսնեմ, որ արդարն Արիստիդ իր հեղինակած եւ ժողովուրդին կամքովը վաւերացուած օրէնքին առաջին հարուածը ինքը կրելով, ոստրէի կանոնին ուժովը Աթէնքէն կ՚աքսորուի եւ լռելեայն կը հնազանդի, Արիստիդին մեծ հոգւոյն առջեւ ծունր կը դնեմ եւ կը գուշակեմ, որ ժողովուրդը, ժողովուրդը միայն պիտի մեղմէ այն ծանր օրէնքը»։

Ահաւասիկ, ամենէն առաջ օրէնքի անվերապահ գերակայութեան շնորհիւ է, ըստ Մատթէոս Մամուրեանի, որ հանրային կառավարման գլխաւոր դերակատարները՝ ժողովուրդը, եկեղեցին եւ իշխանութիւնը, կրնան լիարժէքօրէն կատարել իրենց առաքելութիւնը եւ զիրար արդիւնաւէտօրէն լրացնել՝ ապահովելով բնականոն համակեցութիւն եւ ներդաշնակ զարգացում։

ՎԱԼԵՐԻ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթ

(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020