ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25):

Մեկնութիւն. Քրիստոս Ինքզինք կը ցուցնէ՝ պատճառ եւ տուող յարութեան, եւ ասիկա կրկնակի կերպով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի յարութիւնը մեր յարութեան պատճառն է: Երկրորդ. քանի որ հասարակաց յարութիւնը Քրիստոսի զօրութեամբ պիտի ըլլայ, ինչպէս Ինք ըսաւ. «Կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն Անոր ձայնը եւ դուրս գան» (Յհ 5.28-29). իսկ Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ՝ «հրեշտակապետին ազդարարութեան եւ Աստուծոյ փողին ձայնէն երկինքէն պիտի իջնէ, եւ Քրիստոսին հաւատալով մեռածները յարութիւն պիտի առնեն» (տե՛ս Ա. Թս 4.16), իսկ Քրիստոս ըստ բնութեան կեանք է եւ բոլորին կենդանութեան պատճառն է եւ կարողութիւն ունի կենդանացնելու մեռելները, որովհետեւ այդպիսին է բնութեամբ, որ բոլորին պատճառն է, որոնք հաղորդակցութեամբ կը ստանան, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25):

Մեկնութիւն. բնական մահը կ՚ըսէ:

Խօսք. «Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.26):

Մեկնութիւն. յաւիտենական կեանքին համար կ՚ըսէ, եւ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ. «Ով որ կը հաւատայ Ինծի, թէ Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը», որպէս թէ հայելիին մէջ տեսնէ իր յարութիւնը Ղազարոսի [յարութեան մէջ]:

Իսկ ասիկա չորս կերպով. նախ՝ ինչպէս Ղազարոսը նոյն մարմինով եւ հոգիով կենդանացաւ: Երկրորդ՝ ինչպէս Քրիստոսի ձայնով կենդանացաւ: Երրորդ՝ Ղազարոսը անապական հոգիով ու մարմինով յարութիւն առաւ: Չորրորդ՝ Ղազարոսի հոգիին սատանան կամ դժոխքը չկրցան արգիլել, իսկ մարմինին՝ մահն ու ապականութիւնը եւ ո՛չ ալ գերեզմանը արգիլեց. նոյնպէս եւ բոլոր Քրիստոսին հաւատացողները:

Դարձեալ՝ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ տարբեր են «հաւատալ Քրիստոսի», «հաւատալ զՔրիստոս» եւ «հաւատալ ի Քրիստոս» [արտայայտութիւնները]: «Հաւատալ Քրիստոսի» կը նշանակէ հաւատալ Քրիստոսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալուն, իսկ «հաւատալ զՔրիստոս» կը նշանակէ հաւատալ, թէ Ա՛ն է ճշմարիտ Քրիստոս: Եւ չարերը՝ մարդոցմէ եւ սատանան, այս երկու կերպով կրնան հաւատալ, իսկ «հաւատալ ի Քրիստոս» կը նշանակէ զԻնք վերագոյն բարի համարել, եւ բոլորին մարդացեալ Աստուածը ու եզական սիրով փութալ դէպի Ան: Իսկ այդպէս միայն բարի մարդիկը կը հաւատան, եւ անոնք որոնք այդպէս կը հաւատան, թէեւ մարմինով մեռնին, սակայն հոգիի եւ մարմինի փառաց յարութեամբ կ՚ապրին:

Դարձեալ՝ խօսքը, որ կ՚ըսէ, թէ «ով որ ողջ է, պիտի չմեռնի» (հմմտ. Յհ 11.26), ոմանք կարծեցին, թէ վախճանին, որ Քրիստոսի գալուստին ողջերը մարմինի մահով պիտի չմեռնին, ու Առաքեալին կողոսացիներուն [բնագիրին մէջ կողոսացիներուն գրուած է, սակայն մէջբերուծ համարը Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած առաջին նամակէն է] ուղղած խօսքը կը մէջբերեն, թէ՝ «մեռածներէն առաջ պիտի չանցնինք» (տե՛ս Ա. Թս 4.14), ինչ բանի վնասը չեն իմանար: Նախ՝ իւրաքնչիւր մարդ հարկադրաբար պիտի մեռնի, ինչպէս Նախահայր Ադամը ըստ Մարգարէին. «Ո՞վ է մարդը, որ ապրի ու մահ չտեսնէ» (Սղ 88.49): Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի մեռաւ, իսկ անոնք որոնք Անոր մահուան կցորդ չեն ըլլար, հետեւաբար Անոր փառքին ալ հաղորդակից չեն ըլլար, ըստ Առաքեալին: Արդ, որ այստեղ ողջ կ՚ըսէ. նախ՝ որոնք այժմ արդարութեան գործով ողջ են: Երկրորդ՝ անոնք որոնք Նեռի ժամանակներուն հաւատքով ողջ կը մնան:

Խօսք. «Կը հաւատա՞ս ըսածիս» (Յհ 11.26):

Մեկնութիւն. անգիտութեան պատճառով չի՛ հարցներ, այլ՝ չորս պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ հաւատքին համար Աստուծոյ պարգեւներուն արժանացաւ: Երկրորդ՝ հասարակաց յարութեան մասին չի հարցներ, որովհետեւ նախ խոստովանեցաւ, այլ՝ որպէսզի եղբօր առանձինն յարութեան հաւատայ: Երրորդ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, մեծամեծ բաներ խօսեցաւ Ինքն Իր մասին, որ ան [Մարթան] չէր գիտեր եւ կ՚ուզէ, որ ան այդ բանին հաւատայ: Չորրորդ՝ ինչպէս Պօղոս Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սիրով հաւատալը կ՚արդարացնէ, իսկ բերանով խոստովանիլը կը փրկէ» (տե՛ս Հռ 10.10), այդ պատճառով բերանով խոստովանիլ կու տայ անոր: Նոյն այս միտումով է երբ քահանան երեխան կը մկրտէ, կը խնդրէ որպէսզի տղան [մկրտուողը] բերանով խոստովանի:

Խօսք. «Այո՛, Տէ՜ր, -պատասխանեց Մարթա,- կը հաւատամ թէ Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր» (Յհ 11.27):

Մեկնութիւն. ըստ Ոսկեբերանին՝ ուրիշ բան հարցուց եւ ուրիշ բան կը պատասխանէր. Յարութեան հաւատալուն մասին կը հարցնէր, իսկ ան՝ զՔրիստոս կը խոստովանէր, քանի որ սգաւոր էր, իսկ միտքը՝ տրտմութենէն շփոթած էր: Իսկ ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ պատասխանը հարցումին յարմար է, որովհետեւ Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնը, եւ անոնք որոնք կը հաւատան Ինծի պիտի չմեռնին» (հմմտ. Յհ 11.25-26), եւ որովհետեւ Քրիստոսով պիտի ըլլար այս յարութիւնը եւ կեանքը, ան դաւանեցաւ, թէ՝ «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին», եւ այլն:

ԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ երկու հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. թէ Մարթան ի՞նչ դաւանեցաւ:

Պատասխան. կ՚ըսենք, թէ չորս բան դաւանեցաւ Քրիստոսի մէջ. նախ՝ Քրիստոսի անբաժան միութիւնը, ըսելով՝ «Դուն ես»: Երկրորդ՝ Քրիստոսի մէջ քահանայութիւնն ու թագաւորութիւնը կը խոստովանի, ըսելով՝ «Քրիստոսը», որ է օծեալ, իսկ օծումը թագաւորներուն ու քահանաներունն էր: Երրորդ՝ կը խոստովանի Քրիստոսի Աստուած ըլլալը, որովհետեւ եզական կ՚ըսէ: Չորրորդ՝ կը խոստովանի ճշմարիտ մարդ եղած՝ ըսելով, «որ աշխարհ եկար», քանի որ գալը տեղի փոփոխումը չէ որ կը յայտնէ, այլ՝ մարմին ըլլալը:

Երկրորդ հարցում. Պետրոսը նոյն բանը դաւանեցաւ ու երանութեան արժանացաւ, իսկ ասիկա ինչո՞ւ երանութեան չարժանացաւ:

Պատասխան. ոման կ՚ըսեն, որովհետեւ Պետրոս նախ խոստովանեցաւ, այդ պատճառով երանուեան արժանացաւ: Կ՚ըսենք, թէ այդպէս չէ, որովհետեւ նախ Նաթանայէլը դաւանեցաւ, բայց երանութեան չարժանացաւ, իսկ Թովմասին Տէրը ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որոնք առանց տեսնելու պիտի հաւատան յետոյ» (հմմտ. Յհ 20.29), այլ՝ ա՛յս է, թէ Պետրոս զՔրիստոս մարդացեալ Աստուած եւ բնութեամբ՝ Աստուծոյ Որդի խոստովանեցաւ, ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Բանը մարմին եղաւ» (Յհ 1.14), իսկ ասոնք՝ շնորհքով աստուածացած եւ փառաւորեալ մարդ խոստովանեցան, այդ պատճառով երանութեան չարժանացան, ապա ուրեմն յայտնի եղաւ, թէ Նաթանայէլն ու Մարթան, որոնք միութիւնը խոստովանեցան, ինչպէս Պետրոս, եւ փառաւորուած մարդ, ու երանութեան չարժանացան, ինչպէս Նեստորն ալ ըսաւ՝ սոսկ մարդ շնորհքով փառաւորուած, ապա ինչքա՞ն աւելի կը մերժուին երանութենէն, որոնք երկու բնութիւններ կ՚որոշեն Քրիստոսի մէջ եւ սոսկ մարդ կը դաւանին, ինչպէս Քրիստոսի մարդեղութեան հայհոյողներն ու ուրացողները:

Այսքանը այս մասին:

Խօսք. «Այս խօսքերը ըսելէ ետք գնաց եւ իր քոյրը՝ Մարիամը կանչեց լռելեայն» (տե՛ս Յհ 11.28):

Մեկնութիւն. ո՛չ թէ ամբողջութեամբ լռելեայն, այլ ցած ու փսփսալով խօսելով. «Կ՚ըսէ, Վարդապետը եկած է» (Յհ 11.28):

Ասիկա երեք պատճառով. նախ՝ հրեաներու վախէն, որոնք այնտեղ էին, եւ ոմանք կրնային հակառակորդներէն ըլլալ: Երկրորդ՝ կը կարծէր, թէ Քրիստոս առանց ամբոխին կ՚ուզէր Մարիամին հետ խօսիլ: Երրորդ՝ կը կարծէր, թէ առանց ամբոխի կ՚աղաչէ իր եղբօր համար:

Խօսք. «Վարդապետը եկած է եւ քեզ կը կանչէ» (Յհ 11.28):

Մեկնութիւն. չ՚երեւիր թէ Քրիստոս կանչեց: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ կարճութեան պատճառով Աւետարանիչը չի յիշեր, թէ՝ ո՞ւր կամ ե՞րբ, կամ ինչպէ՞ս հրամայեց կանչել, սակայն հաւատալի է, թէ Քրիստոս կանչեց, որովհետեւ Մարթան չէր ստեր: Դարձեալ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ Մարթան ըսաւ՝ քեզ կը կանչէ, ու չստեց, որովհետեւ Քրիստոսի գալը Մարիամին կանչելն էր, որովհետեւ պէտք էր ընդառաջ երթար Անոր, ու կ՚ըսէ՝ քեզ կը կանչէ, այսինքն՝ պէտք է որ դուն ալ գաս: Եւ տե՛ս ասոր խոնարհութիւնն ալ՝ ինչպէս Մարթայինը, որ չփառասիրեցաւ Քրիստոսի սուգին գալուն, ինչպէս կ՚ընեն ներկայիս սգաւորները, մերձաւորներէն մեծարանք կը խնդրեն:

Խօսք. «Լսելուն պէս ոտքի ելաւ եւ Յիսուսի մօտ գնաց» (Յհ 11.29):

Մեկնութիւն. Մարիամի մեծ սէրը կը նշանակէ, որ Քրիստոսի նկատմամբ ունէր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 107

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021