ԱԿՆԱՐԿ - 20 - ԱՐԱԲ ԱՐԴԻ ԳՐՈՂՆԵՐԷՆ ՄԻ ՔԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ես այնտեղ էի
Ես այդ տան մէջ կ՚ապրէի,
Ես գիտեմ՝
Անոր պատերուն ճեղքերուն թիւը,
Բառերուն շիթերը որ փոշիի սրբիչներուն մէջ խրուած են, 
Դանակներուն հետքը տախտակին վրայ,
Անոր դռան բռնակին կուտակուած մատնահետքերը,
Եւ այն բազմաթիւ փոսերը, 
Որոնք սիրոյ մասնիկներ կը ձգեն իրենց մուկերուն…

Այն ատեն՝ երբ տխրութիւնը դիւրութեամբ կը հասնէր ինծի,
Երբ այտիդ փափուկ ծալքին մէջ կը բնակէի,
Կը պատկերացնէի այն դէմքերը՝ որոնք կը շարունակէին աչքերէդ դուրս ելլել,
Կիներուն համար ուրուականներ՝ հին կեանքէ մնացած:
Այդ ատեն սիրտս ներկուած էր հաւատալու հետքերով,
Եւ ան չէր հաւատար, թէ այդ դէմքերէն մէկը՝ ի՛մ դէմքս էր:

Խոնաւ սրբիչը կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը,
Մոռցած է իր տիրոջ հրահանգները,
Ու սկսած է յիմարութիւններ դուրս տալ:
Անգամ մը ըսաւ ինծի.
Մարմինդ ի՜նչքան նիհարցաւ մէկ-երկու օրուան ընթացքին,
Եւ դարձեալ կը հոսէր անոր մէջ
Կնոջ մը նայուածքներով,
Որ կ՚ընկերանար իր ամուսինին որսորդութեան:
Ըսաւ ինծի,
Թէ ի՜նչքան նուաստութիւն զգաց,
Երբ այդ կնոջ մարմինը կը փաթթէր,
Որմէ ձուկեր ու գաղթող ճայեր կը թափէին…:

Երկար տարիներ,
Այնտեղ ապրեցայ,
Տան դիմագիծերը սորվեցայ,
Անոր սալիկները բարձրակրունկներով նախշուած,
Անոր բաց պատուհանները,
Կիսաբաց դռները,
Եւ գաղտնօրէն անկողին մտնողներուն ոտնահետքերը:
Եւ կը հաւատամ,
Թէ կիներէն միակն եմ՝
Ով սիրտդ կերաւ:

ՍՈՆԻԱ ԽԸՏԸՐ (Պաղեստինցի գրող)

ՇՈՔՈԼԱ… ՄՈՒ

Ֆրանսերէն չեմ սորված,
Եւ զիս չի՛ հետաքրքրեր պոնժուրը (bonjour)
«Կ՚արթննամ՝ երբ նահատակները քնանալու կ՚երթան»,
Ու կ՚ըսեմ՝
Բարի լոյս, հայրենիք:
Թրնջխոտ (Lemon balm) զոպայ (Hyssopus) կը խմեմ,
Իսկ ճաշէն ետք՝ թէյ:
Հայրս աշխատանքէն ուշ կը վերադառնայ,
Իսկ մայրս յասմիկ ու համբերութիւն կը տնկէ իր վերադարձին:
Եղբայրս Մաարին [Ապու Ալա Ալ Մաարի, հալէպցի գրող, 10-11-րդ դար] կը սիրէ,
Ու միշտ կը կարդայ մեզի,
«Դանդաղցուցէ՛ք քայլերը, կը կարծեմ որ այս երկիրի հողը այս մարմիններէն է»:
Քոյրս վարդ կը քաղէ ու կ՚երգէ:
«Հալէպ գացողներ, սէրս ձեզի հետ գնաց,
Խաղող բեռնողներ, խաղողին տակ խնձոր կայ»:
Մեր դրացին ութսուն տարեկաննոց է,
Համաշխարհային պատերազմին մասին մանրամասնութեամբ կը խօսի,
Իսկ նպարավաճառ Ապու Ահմատը ծիածանին մասին կը խորհրդածէ,
Ու կ՚ըսէ մեզի, թէ ցորենին հասկերը կը խնդան հիմա:
Այստեղ Այնըշթայնը լաւապէս կը ճանչնանք,
Սակայն կ՚ատենք նացիզմը:
Կը ճանչնանք նաեւ Պոտլերը, Վոլթերը,
Ալպէրթ Քամիւն եւ Վիքթոր Հիւկօն,
Սակայն պոնժուր չենք ըսեր:
Գիտենք նաեւ Լորքային,
Սակայն ցուլեր սպաննել չե՛նք փափաքիր:
Այստեղ գիտենք ամէն ինչ,
Սակայն պոնժուր չենք ըսեր:

ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԱՆՄԱՐ ՀԻՃԱԶԻ (Սուրիացի գրող)
(Օրեր առաջ լիբանանցի լրագրողուհի մը անարգալից կերպով արտայայտուած էր սուրիացի գաղթականներու մասին: Այս բանաստեղծութիւնը գրուած է այդ լոյսին տակ):

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ո՜վ ազատութիւն,
Բա՛ց թեւերդ
Ու գրկէ զիս:

«Որու որ ճակտագիրը կապուած է լեռներու առուակներուն…» ինծի պէս,
Չի՛ ցանկար ճամբորդութեան պայուսակը,
Այսպիսի ցօղոտ օրով մը՝
Ուր կ՚ապրիմ:

Ո՜վ ճնճղուկ,
Մինչ դուն բոյնդ կը շինես սիրտիս ու բլուրին միջեւ,
Տանս փոքր տանիքին վրայ
Ցորենի հատիկներ կան:
Ո՜վ ճնճղուկ,
Այնքան ատեն որ դուն լաւ ես,
Ապա քեզի ու ինծի համար միշտ առիթ մը կայ:

ՃԱՄԻԼ ՀԱՃԷՊ (Եամանցի գրող)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 յունիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2023