Ալիսիա Կիրակոսեան. Հայու Իր Արմատներուն Հետ Մարդն Ու Սէրը Նորովի Յայտնագործած Արժանթինահայ Բանաստեղծը

Յու­լիս 13-ին կը նշենք ծննդեան ութ­սու­նա­մեա­կը ժա­մա­նա­կա­կից հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի (1936-2014), որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ 22 Մա­յիս 2014-ին իր մա­հա­ցաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։

Ար­ժան­թին ծնած եւ սպա­նե­րէ­նով գրա-­կան ան­դաս­տան մուտք գոր­ծած բա­նաս­տեղ­ծու­հին եր­կար ճամ­բայ կտրեց՝ մին­չեւ որ հա­յու իր ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լով՝ նո­րո­վի յայտ­նա­գոր­ծեց ոչ միայն մար­դու ու սի­րոյ խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խար­հը, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան ան­պա­րա­գիծ խոր­հուր­դը։

Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեան ծնած է 1936-ի Յու­լի­սի 13-ին, Ար­ժան­թի­նի Քոր­տո­պա քա­ղա­քը, վա­նե­ցի Գուր­գէն Կի­րա­կո­սեա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։
 Սպա­նե­րէն սկսած է ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու տա­կա­ւին 14 տա­րե­կա­նին: Ա­ւար­տած է Պուէ­նոս Այ­րէ­սի Ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քը: Տա­սը տա­րի դե­րեր կա­տա­րած է ար­ժան­թի­նեան թատ­րո­նի բե­մե­րէն: Գրած է սպա­նե­րէն եւ ի­տա­լե­րէն, հե­տա­գա­յին նաեւ հա­յե­րէն ու անգ­լե­րէն:

1966-ին ի­տա­լե­րէն լե­զուով լոյս ըն­ծա­յած է բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու իր ա­ռա­ջին՝ «Մէկ օ­րուան մէջ հինգ ձայն» գիր­քը:
1967-ին ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, որ­մէ քա­նի մը տա­րի ետք գրած է «Նա­մակ առ Հա­յաս­տան» իր հան­րա­ծա­նօթ եւ փնտռուած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը:
­

Ինչ­պէս որ հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը վկա­յեն՝ Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի Հա­յաս­տան այ­ցը ե­ղած է գրա­կան երկ­րորդ մկրտու­թեան ա­ռիթ մը բա­նաս­տեղ­ծու­հիին հա­մար։ Հայ ըն­թեր­ցո­ղը շու­տով կա­պուած է Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նին՝ 1967-էն 1971, երբ բա­նաս­տեղծ Վա­հագն Դաւ­թեա­նի հրա­շա­լի թարգ­մա­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած է «Ար­մատ եւ էու­թիւն» ա­նու­նով ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց ժո­ղո­վա­ծոն (թարգ­մա­նուած՝ սպա­նե­րէ­նէ)։

1972-ին Սփիւռ­քի հա­յու­թեան հա­մար նոյն գիր­քը վե­րահ­րա­տա­րա­կուած է։

1968-ին ան փո­խադ­րուած է Լոս Ան­ճե­լըս, ուր եւ մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է 1971է-ն ետք։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ բա­նաս­տեղ­ծու­հին ընտ­րուած է եւ մին­չեւ մահ մնա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յի Սպա­նա­խօս գրող­նե­րու միու­թեան պա­տուոյ նա­խա­գահ:

1992-ին, սպա­նե­րէն, հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով հրա­տա­րա­կուած է բա­նաս­տեղ­ծու­հիին հիմ­նադ­րած (1969) «գերտա­րա­ծա­կան» ա­նու­նով ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծա­կան շարժ­ման տե­սու­թիւ­նը:

1993-ին, Պրա­զի­լիոյ Սան-Փաու­լօ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, փի­լի­սո­փա­յու­թեան գծով, պաշտ­պա­նած է տոք­թո­րա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն՝ գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ, ար­ժա­նա­նա­լով հա­մա­պա­տաս­խան գի­տա­կան կո­չու­մի:
­

Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­ռանց­քը կը կազ­մեն սէ­րը, մայ­րու­թիւ­նը, հայ­րե­նի­քը եւ փի­լի­սո­փա­յա­կան խո­հը:

Ս­պա­նե­րէն եւ ի­տա­լե­րէն լե­զու­նե­րով լոյս տե­սած են Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի հե­տե­ւեալ ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը. «Էու­թիւն եւ կէ­տադ­րու­թիւն» (1967), «Փետ­րօ Ա­մոր» (1969), «Ժա­մա­նա­կի, սի­րոյ, խա­ղա­ղու­թեան մէջ» (1970), «Հա­յաս­տա­նեան ապ­րում­ներ» (1970), «Եր­կուն­քի ո­լորտ» (1972), «Հա­կաշ­խարհ» (1972), «Մո­խիր­նե­րից յե­տոյ եւ նա­մակ առ Հա­յաս­տան» (1972), «Մայ­րու­թեան քեր-թըւած­ներ» (1989): Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի «Փետ­րօ Ա­մոր» (1969) թա­տե­րա­խա­ղը ներ­կա­յա­ցուած է Պուէ­նոս Այ­րէ­սի «Փայ­րօ» թատ­րո­նի բե­մէն։

Հա­յե­րէ­նով լոյս տե­սած Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի ժո­ղո­վա­ծո­ներն են. «Ար­մատ եւ էու­թիւն» (1967), «Նա­մակ առ Հա­յաս­տան» (1979), «Խո­րան I» (1992), «Խո­րան II» (1992), «Ամ­բող­ջա­կան եր­կեր» (2005):

Ե­ռա­լե­զու հրա­տա­րա­կուած են «Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն եւ գերտա­րա­ծու­թիւն» (1994), «Խա­ղա­ղու­թիւն քուան­տա­յին» (2005), իսկ անգ­լե­րէ­նով՝ «Սէր եւ մայ­րու­թիւն բա­ռե­րից այն կողմ» (1992), «Մտո­րում՝ բա­ռից այն կողմ» (1992), «Ար­մատ բա­ռից այն կողմ» (1992), «Բեմ` երկն­քի հա­մար» (1992) գիր­քե­րը:

Գ­րա­կան քննա­դատ­նե­րը հա­մա­միտ են, որ Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը կը բնո­րո­շուի նե­րաշ­խար­հի պատ­կեր­նե­րով, ար­դիա­կան լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան վե­րաի­մաս­տա­ւո­րում­նե­րու ինք­նատ­պու­թեամբ: Իր վեր­ջին շրջա­նի գոր­ծե­րուն մէջ բա­նաս­տեղ­ծու­հին անդ­րա­դար­ձած է 20-րդ դա­րա­վեր­ջի հա­յաս­տա­նեան դա­րա­կազ­միկ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն:
­

Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեա­նի ո­րոշ գիր­քեր նկա­րա­զար­դած է մեծն Փապ­լօ Փի­քա­սոն:

Բա­նաս­տեղ­ծու­հին սպա­նե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Րաֆ­ֆիի «Խեն­թը»:
­

Ա­լի­սիա Կի­րա­կո­սեան բազ­միցս այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, ուր պար­գե­ւատ­րուած է Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նուան մրցա­նա­կով: Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ պա­տուոյ տոք­թո­րի կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած է 2007-ին:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016