ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ. «ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ»Ը

Ինչպէս ոեւէ հանճարի, նոյնպէս ալ Յովհաննէս Թումանեանի պարագային՝ մեղանչանքի համազօր է փորձել քանի մը սիւնակի մէջ սեղմել անոր կեանքն ու գործը. ու եթէ հայ ընթերցողը կը ցանկայ զերծ մնալ նման մեղանչումէ, ի՛նչ տարիքի ալ ըլլայ՝ պարտի կարդալ ու վերստին կարդալ անոր ու նմաններու գրական ժառանգութիւնը, վերյիշել ժողովուրդին մատուցած անմնացորդ ծառայութիւնները եւ մանաւանդ հաղորդակից ըլլալ անոր տեսլականներուն, որոնք ժամանակին հետ մաշում չեն ապրիր, այլ նոր լիցք ու խորք կը ստանան իւրաքանչիւր նոր սերունդի կեանքին, նա՛եւ վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ։

…Նախակրթարանի երկրորդ դասարանի աշակերտ էի, երբ առաջին անգամ դասագիրքիս մէջ տեսայ Յովհաննէս Թումանեանի լուսանկարը. չեմ յիշեր, որ բանաստեղծութեա՞ն մը, թէ՞ հէքեաթի մը կ՚ընկերանար։ Անկէ քանի մը ամիս առաջ, երբ առաջին դասարանը աւարտեր էի, նուէր ստացեր էի «Քաջ Նազար» խորագրեալ գրքոյկ մը, որ աւելի տետրակի կը նմանէր, թերթ-թերթ եղած բան մը՝ զոր մայրս ասեղ-դերձանով կարած էր, որպէսզի թերթերը չտարտղնուէին։ Ամառը, 30-ականներու՝ աբեղեանական առաջին շրջանի ուղղագրութեամբ հրատարակուած գրքոյկը ընկալելու դժուարութիւն չէի ունեցած, որովհետեւ հերոսները եւ պատումը այնքա՜ն առինքնող ու գրաւիչ էին, մէկ զարկով հազար ճանճ ջարդող Նազարը անսպառ ծիծաղ պարգեւած էր, իսկ մանուկի աչքերս հազիւ թէ զգացած էին ուղղագրութեան այլանդակութիւնը։ Հիմա, գրողը ահա իր պատկերով կը կենդանանար դիմացս. ունէի այն զգացումը, թէ շատո՜նց ծանօթ էի այս ճերմկած մազ-մօրուքով «ծերուկ մարդ»ուն, որ սեղանի մը առջեւ կողմնակի նստած ու դէմքը դիտողին ուղղած՝ անոյշ ժպիտով մը կը կնքէր գիրին առթած տպաւորութիւնը, ինծի հետ բարեկամութիւնը, որուն մէջ, տարիներ ետք զգացի, որ մենաշնորհեալ մը չէի։ Ի՜նչ գիտնայի, թէ այդ լուսանկարը 75-80-նոց մարդու մը նկարը չէր, այլ հազիւ 50-ը բոլորած բանաստեղծին, որուն բազմալար երգին ստեղ առ ստեղ պիտի ծանօթանայի յաջորդ տարիներուն, պիտի կլանուէի անոր հէքեաթներուն եւ հաճելի պատմութիւններուն աշխարհով, պիտի արտասանէի «ՍասունցիԴաւիթ»էն հատուածներ, պիտի յուզուէի «Գիքոր»ի գլխուն եկածներով, պիտի ծանօթանայի իր Տորք Անգեղին, պիտի հասկնայի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բռնատէրին դէմ պատերազմած Վանանդեցի Թաթուլին անվեհեր ու ինքնավստահ խօսքը՝ «Եթէ հարուածը իմս է՝ չ՚ապրիր»։ Տակաւին, հաղորդակից պիտի դառնայի փիլիսոփային, որուն իմաստութիւնը խտացած է բազում քառեակներու կամ «Հին օրհնութիւն»ին նման բանաստեղծութիւններու մէջ, պիտի վարակուէի անոր սքանչելի զուարթախոհութեամբ, որոնք կ՚արտացոլան իր հէքեաթներուն ու մանրապատումներուն մէջ եւ անշուշտ, մեր երգի ուսուցիչներէն պիտի սորվէի «Անուշ»էն քանի մը երգ, իսկ հասակ առնելէ ետք պիտի համտեսէի այդ պոէմին ժողովրդային ակունքները, որոնք ներշնչման աղբիւր եղած են երաժիշտներու եւ արուսետի այլ կալուածներու վարպետներու, հեղինակին փառաւոր գահ մը ապահոված են Երեւանի Պետական օփերայի շէնքին առջեւ եւ քիչ մը ամէն տեղ։

ՄԱՐԴԸ՝ ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Յովհաննէս Թումանեան մեր նահապետական տիպարներէն է, որուն մասին խօսուած է ու գրուած՝ առատօրէն եւ արդա՛րօրէն, որովհետեւ անոր քնարին լարերը եղած են բազմաձայն, մինչեւ այսօր ալ սկզբնական զուլալութեամբ կը հնչեն մեր կեանքին մէջ, իր արձակին ու չափածոյին ճամբով։ Անոր գրական ժառանգութիւնը այնքան վիթխարի է ու անժամանցելի, որ յաճախ շուքի մէջ կը մնայ… զայն արարող ՄԱՐԴը, այսինքն՝ ընտանիքի հայրը, սերնդակիցներու եւ բարեկամներու հետ յարաբերողը, գործողը, որ անձնական ու ընտանեկան դժուարութիւնները արհամարհելով՝ ամէն բանէ առաջ եղած է զուարթախոհ եւ ընկերական երիտասարդ, իր տունը դարձուցած է գրողներու, արուեստագէտներու եւ ազգային գործիչներու ժամադրավայր, մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ անջնջելի կերպով արձանագրած է «Թումանեանի Վերնատունը» ոգեղէն արժէքը, որ մօտաւորապէս տասնամեայ իր կեանքէն անդին, մինչեւ այսօր ալ անժամանցելի պատուէր մը թողած է գրողներու եւ արուեստագէտներու համար։

Կարելի է հաստափոր հատոր կազմել հազիւ 54 տարի ապրած այս լոռեցիին կեանքէն բխած մանրապատումներով, ուր կը ցոլան անոր նկարագրային գիծերը։ Այստեղ փորձ պիտի կատարենք հարազատներու, ժամանակակիցներու եւ գործակիցներու յուշերէն քաղուած փոքր փունջով մը ներկայացնել Մարդը։

Նախ կ՚արժէ արձանագրել, որ Թումանեան հայր եղած է 20 տարեկանին եւ ազգին նուիրած է… տասը զաւակ։ Ան աչքերը բացած է նշանաւոր ընտանիքի մը մէջ, որ 19-րդ դարու սկիզբներուն տուած է հերոսական դէմքեր. Խաչատուր Աբովեան երբ կը գրէր իր «Վէրք Հայաստանի»ն եւ կը խօսէր Լոռիի Թումանեաններուն հերոսութեան մասին, չէր կրնար երեւակայել, որ իր օրերէն շուրջ 30 տարի ետք, նոյն ընտանիքին մէջ պիտի ծնէր Յովհաննէս Թումանեանը, որ օր մըն ալ ինքզինք պիտի հռչակէր «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»։

Բազմանդամ ընտանիքի այս հայրը նիւթական լայն միջոցներ չէ ունեցած, սակայն իր հարստութեան մասին վկայութիւն մը արձանագրած է իր «Գանձեր ունեմ» բանաստեղծութեան մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Գանձեր ունեմ անտակ, անծեր, ես հարուստ եմ, ջան, …Ծով բարութիւն, շնորհք ու սէր ճոխ պարգեւ եմ առել վերուստ», ու կ՚աւարտէ յայտարարելով, որ այդ պարգեւներն է որ կը վերադարձնէ բոլորին։ Բազմազաւակ ըլլալը բնականաբար առիթ տուած է զուարճալի պատահարներու։ Կը պատմուի, որ երբ շուկայէն անցնէր եւ օրինակի համար, տեղ մը մանուկներու յարմար կօշիկ մը տեսնէր, կը գնէր ու տուն կը տանէր, այն վստահութեամբ, որ անիկա պիտի յարմարի զաւակներէն մէկուն կամ միւսին։ Տակաւին, հոգածու հայրը օր մը գացած է մօտակայ դպրոց մը, հետաքրքրուելու համար, թէ աղջնակը ինչպէ՞ս կ՚ընթանայ դասերուն մէջ։ Ուսուցչուհին ամենայն յարգանքով բացատրած է, թէ այդ աղջնակը ուրիշ թաղի մը դպրոցը կը յաճախէ. ուղղուած է այդ դպրոցը, ուր աւետած են, թէ աղջիկը նախորդ տարին… շրջանաւարտ եղած է։ «Երբ հիւանդանայինք,- կը յիշէ աղջիկներէն մէկը,- մեծ գուրգուրանքով կը մօտենար մեզի եւ կը հարցնէր, թէ ի՞նչ բանի պէտք ունէինք։ Երբ հիւանդը պատասխանէր՝ ոչինչ, զարմանքով վրայ կը բերէր. այդ ի՜նչ դժուար բան ուզեցիր. ես ուրկէ՞ քեզի ոչինչ բերեմ…»։ Ի դէպ, անոր զաւակներուն անունները քաղուած էին Րաֆֆիի, Աղայեանի եւ իր իսկ պատմութիւններուն հերոսներէն…։ Ահա թէ ինք ու ընտանիքը ո՛րքան միախառնուած էին իր օրերու կեանքին, գրական աշխարհին ու բնականաբար դարձած՝ այդ աշխարհին մէկ լուսատու աստղը։

Նոյն աղջիկը կը պատմէ, թէ Թումանեան զաւակներուն կրթութեան եւ ուսումնառութեան համար դպրոցին չափ կարեւոր միջավայր ստեղծած էր տան յարկին տակ. թող մեր տունը ձեզի համար ըլլայ համալսարան, ըսած էր զաւակներուն, որոնք լաւ ըմբռնած են, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «տան համալսարան»ը. ունէր հարուստ գրադարան. հոն կ՚այցելէին այդ օրերու ականաւոր գրողներն ու արտուեստագէտները, կը զրուցէին ու կը վիճէին իրարու հետ, գրականութեան եւ այլ կալուածներու մասին տեսակէտներ ու գիտելիքներ կը փոխանակէին, իսկ մանուկները կը դառնային «ազատ ունկնդիրներ», կը ներծծէին իմաստութիւն եւ ճաշակ։

Առիթով մը պատմած է, որ իր շատ մը գործերը գրած է… հիւանդութեան օրերուն։ Հետաքրքրական զուգադիպութիւն՝ տարեկիցներէն Լեւոն Շանթի հետ, որ իր «Հին աստուածներ»ը նմանապէս կը պարտի հիւանդանալուն։

Խանդավառ, խնջոյք սիրող ու ընկերասէր մարդ եղած է Թումանեան. կարելի ամէն առիթի սեղան բացած է ընկերներու եւ բարեկամներու առջեւ, խոստովանելով՝ որ կ՚ուզէր «մի կերպ ժամանակը անցընել, քէֆով կամ զրոյցով»։ Իսկ ծանօթ է զուրաճալիքի նմանող հետեւեալ դէպքը. օր մը, երբ առաւօտուն կը պատրաստուէր տունէն դուրս ելլելու, տեսած է, որ տիկինը մեծ կաթսան գործի լծած է։ Գացած է, ընկերներն ու բարեկամները հաւաքած է ու տուն բերած, հաւաստելով, որ կինը խաշ կը պատրաստէ։ Ի յայտ եկած է, որ… լուացքի օր էր։

Խաղաղասէր ու հաշտարար է եղած ի բնէ։ Կը պատմուի, որ հնարամտութեամբ մը իրարու մօտ բերած է երկար ատեն իրարմէ խռոված երկու մեծեր՝ Ղազարոս Աղայեանն ու Պերճ Պռօշեանը։ Ինչպէ՞ս։ Օր մը Աղայեան այցելութեան եկած է Թումանեանի, որ զայն զրոյցի բռնած է երկար, որովհետեւ գիտէր, թէ քիչ ետք Պռօշեանն ալ պիտի գար իր տունը։ Երբ վերջինը հասած է, զանոնք միասնաբար ճաշի պահած է. այդ օրէն մեր գիրքերուն մէջ մնացած է երեքով առնուած լուսանկար մը, որ հաշտութեան ու բարեկամութեան կնքումի վկայութիւնը եղած է։

Ընկերասէր ու ժողովրդական այս մարդուն սերտ մտերիմներէն եղած են Աղայեանն ու Զօրավար Անդրանիկը, անշուշտ նաեւ Կոմիտասը, որուն հետ թէեւ երկար ժամանակ անցընելու պատեհութիւն չէ ունեցած, սակայն գործակցած է «Անուշ»ը օփերայի վերածելու անոր փորձին առիթով։ Կային, անշուշտ, «Վերնատան» այցելուները…

Անոր բարեսրտութիւնն ալ մանրապատումներու առիթ տուած է։ Օր մը, տոպրակ մը ընկոյզով տուն եկած է. սկսած են ընկոյզները մէկ-մէկ կոտրել, բոլորն ալ փճացած դուրս եկած են։ Տնեցիներուն հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ գնելու պահուն չէ փորձած՝ պատասխանած է. փորձեցի քանի մը հատը, բոլորն ալ փճացած դուրս եկան. տեսայ, որ խեղճ գիւղացի մըն էր, որ կ՚ուզէր ընկոյզները ծախել եւ տուն շտապել։ Մեղքցայ, գնեցի…

Հաղորդական, մտերմական ու փղոսկրեայ աշտարակներէ խուսափող մարդն ալ ետին թողած է մանրապատումներ։ Օր մը, Թիֆլիզի մէջ, իր անուանակոչութեան տօնին օրը, խումբ մը մատղաշ գրողներ իմացած են, որ անոր տան մէջ հաւաքուած են մեծանուն գրողներ ու արուեստագէտներ։ Ամչցած են խումբով երթալու, այլ իրենց փոքր նուէրը առաքած են ներկայացուցիչ երեք օրիորդներու ձեռամբ, իրենց յարգանքն ու շնորհաւորանքը արտայայտելու համար։ Քիչ ետք, Թումանեան անձամբ եկած է երիտասարդներուն հաւաքատեղին ու ստիպած է զանոնք, որ գան-միանան իրենց խնջոյքին, այլապէս, սպառնացած է նուէրը ետ ղրկել։ Երիտասարդները ապրած են անմոռանալի երեկոյթ մը։

Կարելի է նման համով-հոտով բազմաթիւ մանրապատումներ գտնել Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն, սակայն կ՚արժէ սեղմ կերպով անդրադառնալ նաեւ անոր գիրին։

«ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ»Ը

Իր քառեակներէն մէկուն մէջ, Թումանեան ամենայն ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէ, թէ ինք ծննդեան օրէն իսկ ի վերուստ բանաստեղծական շնորհքներով օժտուած է։ Սակայն անոր գրող դառնալուն ալ կապուած է մանրապատում մը։

Իր օրերու բեմի վարպետներէն՝ Յովհաննէս Աբէլեան կը յիշէ, որ Թումանեանի ծննդեան 50-րդ եւ իր բեմական գործունէութեան 35-րդ տարեդարձներուն առիթով, թիֆլիզցի արուեստագէտներ ձեռնարկ մը կազմակերպած էին, պատուոյ հիւր ունենալով երկու Յովհաննէսները։ Կենացներու փոխանակման պահուն, Թումանեան պատմած է, թէ տարիներ առաջ, երիտասարդութեան սեմին, ինք փորձած է իբրեւ դերասան բեմ բարձրանալ եւ ձեռք բերած է փոքր դեր մը։ Ներկայացման աւարտին, մօտեցած է Աբէլեանին եւ հարցուցած՝ թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէր իր խաղարկութիւնը։ Աբէլեան անծանօթ երիտասարդին հարց տուած է, թէ ի՞նչ էր իր դերը ու երբ իմացած է պատասխանը, քաղաքավարութեամբ յանձնարարած է, որ երթայ, ուրիշ ասպարէզի մը մէջ գործ գտնէ. «Աբէլեան պատճառ դարձաւ, որ հայ բեմը դերասան մը կորսնցնէ ու բանաստեղծ մը շահի», աւարտած է Թումանեան իր բաժակաճառը՝ իրեն յատուկ սրամտութեամբ։

Եւ որքա՜ն հարուստ է անոր գրական ժառանգութիւնը, որ այսօր պարփակուած է իր ծննդավայրին, Երեւանի, Թիֆլիզի տուն-թանգարաններուն մէջ, կը հարստացնէ մեր դպրոցներուն ու անձնական գրադարանները, կ՚ողողէ մեր արուեստի աշխարհները։

«Գիքոր»ը՝ բանաստեղծին ու մեր ժողովուրդին ապրած տրտում իրականութեան միակ հայելին չէ, որովհետեւ անդին կայ «Անուշ»ին ողբերգութիւնը, նաեւ շարք մը տխրաթախիծ հէքեաթներ։ Սակայն բազմաթիւ հէքեաթներ ու պատմուածքներ ընթերցողին աչքերուն դիմաց կը պարզեն զուարթախոհ գրողը։ «Քաջ Նազարը», «Անխելք մարդը», «Խելօքն ու յիմարը», «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»ը, «Կիկոսի մահը», «Կաթիլ մը մեղր»ը, «Սուտլիկ որսկանը» ու տակաւին բազում այլ պատմութիւններ ժպիտ ու խնդուք կը բաշխեն ընթերցողին, բնականաբար ոչ՝ պարոնեանական խնդուք, այլ՝ ընդհանրապէս կեանքը փիլիսոփայական մօտեցումով ընկալելու թելադրանքով համեմուած ժպիտ։ Անդին, Սասունի «ծուռ»երէն, Տորք Անգեղի տիպարէն, Ախթամարի ու Լուսաւորիչի կանթեղի աւանդավէպերէն ներշնչուած բանաստեղծութիւններն ու պոէմները ոչ միայն կորուստէ փրկած են ժողովրդային զրոյցներ ու ժառանգութիւններ (ի դէպ, նոյն դարաշրջանին նման երախտաշատ գործեր ըրած են Սրուանձտեանց, Աղայեան, նոյնինքն Կոմիտաս եւ բազում ճարտարապետներ), այլեւ բաժին ունին իր անմահանալուն մէջ։

Թումանեանի քառեակները իրենց առանձին տեղը ունին բանաստեղծին գրաւոր ժառանգութեան մէջ։ Չորս տողերու մէջ իմաստութիւն մը կամ խորհուրդ մը խտացնելու վարպետ մըն է ան. այդ «մանր ստեղծագործութիւններ»ը տարբեր տարիքի ընթերցողներուն կը ներկայանան տարբեր խորքով, բայց մա՛նաւանդ խղճով ու մարդկայնութեամբ մը, որուն մէկ գեղեցիկ արտայայտութիւնն է հետեւեալը. «Երազումս մի մաքի,\ Մօտս եկաւ հարցմունքի.\ - Աստուած պահէ քո որդին,\ Ո՞նց էր համը իմ ձագի» (…)։ Ան տեղ մը մրցումի կ՚ելլէ Սողոմոն Իմաստունին ու այլ իմաստասէրներու հետ, երբ ագահ ու անհոգ մարդուն կը յուշէ, որ իր միտքը կրնայ երկար ըլլալ, սակայն կեանքը կարճ է, շատեր անցած են այս կարճ ճամբէն, լաւ կ՚ըլլայ, որ ինք ալ խաղաղ եւ ուրախ անցնի անկէ։

Կարելի չէ մոռնալ, պէ՛տք չէ մոռնալ այն միջադէպը, որուն պատճառով Թումանեան ինքզինք հռչակած է «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»։ Դէպքը նաեւ յուշարար մըն է ազգային նուիրեալ գործիչ մը ըլլալու անոր արժանիքին։ Մեծ եղեռնի ու բռնագաղթի օրերուն, ինչպէս ծանօթ է, պատմական Հայաստանէն բազմահազար գաղթականներ ապաստան գտած են Արեւելեան Հայաստան ու անոնցմէ շատեր դիմած են Էջմիածին, որպէսզի հայրապետն ու եկեղեցին տիրութիւն ընեն իրենց։ Ծով կարիքին դիմաց, բաւարարելու միջոցները սահմանափակ էին։ Կը պատմուի, թէ Թումանեան, որ իբրեւ մէկ հարազատ անդամը իր սերունդին՝ ունեցած է նաեւ ազգային-հանրային ծառայութեան հսկայ վաստակ, անձրեւոտ օր մը նկատած է, որ Էջմիածինի նորակառոյց վեհարանը դատարկ է ու կարելի է հոն պատսպարել բնութեան տարերքին խաղալիք դարձած գաղթականներ։ Կաթողիկոսը արտօնութիւն չէր տուած, սակայն Թումանեան կ՚անտեսէ արգելքը եւ վեհարանի շէնքը կը բանայ գաղթականներուն առջեւ, զայրացնելով կաթողիկոսը, որ երեկոյեան զայն իր մօտ կը կանչէ եւ կը յանդիմանէ, յայտարարելով, որ անտեսած է «Ամենայն հայոց կաթողիկոս»ի հրամանը։ «Ես ալ Ամենայն հայոց բանաստեղծն եմ», կ՚ըլլայ Թումանեանի բարացուցական պատասխանը, որ բանաստեղծ ըլլալու կողքին, նաեւ գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմինին նախագահն էր։

Եւ ահա նոյն այդ օրերուն, 1916-ին, Թումանեանի գրիչէն կը ծնի գողտրիկ բանաստեղծութիւն մը, որ խտացեալ մէկ ցոլացումն է անոր մարդկային ու հայրենասիրական արժանիքներուն, բայց մա՛նաւանդ ՏԵՍԱՆՈՂ մարդուն։ «Հայրենիքինս հետ» բանաստեղծութիւնը (որ անոր գրական այլ ժառանգութիւններուն նման երգի վերածուած է ու մինչեւ օրս ալ կը յուզէ ունկնդիրը, խրախոյս կու տայ մէն մի հայու), բազմակողմ արժէքներուն կողքին, կարելի է անուղղակի մէկ արձագանգը նկատել Րաֆֆիի «Խենթ»ին վերջին գլուխին մէջ արձանագրուած՝ «Վարդանի երազ»ին, ուր մեծ վիպագիրը, իր օրուան ահաւոր պայմաններէն անդին, կը տեսնէր վառ ապագայ մը, ծաղկած ու բարգաւաճ հայրենիք մը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս արհաւիրքին զոհ երթալէն կարճ ատեն մը առաջ, յանդուգն Դանիէլ Վարուժան մը լսած էր հայուն «վարդահեղեղ արշալոյս»ին ոտնաձայնը։ Այս բանաստեղծութեան մէջ, Թումանեան առաջին երկու տուներուն՝ խտացուցած է ազգին իր օրերու ողբերգութիւնը, որ սակայն չէ յաջողած յուսահատեցնել զինք. փաստօրէն, վերջին երկու տուներուն մէջ, անոր գրիչը կ՚ողջունէ յոյսի, լոյսի, հզօր ու ազատ հայրենիքը։ Եւ ան մասնակից եղաւ Սարդարապատէն ու միւս հերոսամարտերէն ծնած՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան արարման, ափսոս նաեւ ականատես եղաւ անկախութեան կորուստին։ Քիչ ետք, զինք մաշեցնող եւ տարեց ծերունիի մը երեւոյթին մատնող հիւանդութեան հետեւանքով, իր աչքերը փակեց 1923-ին, Մոսկուայի մէջ, ուր տարուած էր դարմանումի համար։

Այսօր, երբ իր ժառանգութիւնը անմահ կը մնայ մեր կեանքին մէջ, ներշնչումի անսպառ աղբիւր է թատերագիրներու, երաժիշտներու եւ արուեստի տարբեր կալ-ւածներու ծառայողներու, երբ անոր անունով փողոցներ ա՛յլապէս ապրող վկայութիւն են անոր մեծութեան, կրնանք ամենայն վստահութեամբ ըսել, որ Թումանեանի համեստութիւնը տեղ մը անոր թոյլ տուած է իր անձին ու վաստակին հանդէպ անարդարութիւն մը, երբ գրած է.

«Կեանքս արի հրապարակ, ոտքի կոխան ամէնքին,

Խափան, խոպան ու անպտուղ, անցաւ առանց արդիւնքի։

Ինչքա՜ն ծաղիկ պիտի բուսնէր, որ չբուսաւ էս հողէն…

Ի՞նչ պատասխան պիտի ես տամ հող ու ծաղիկ տուողին…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

(Յապաւուած)

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019