ԱԿՆԱՐԿ - 79 - ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՀԵՐ

Վերջին տարիներուն Հայրենիքը՝ Հայաստան աշխարհը ծանր ու դաժան տարիներ կ՚ապրի: Մղձաւանջի մը մէջ ենք, որ կարծես վերջ չունի կամ վերջ պիտի չունենայ: Պատճառները բազամթիւ են: Այսօր այդ մասին պիտի չխօսիմ, այլ, մեր սիրելի ընթերցողներուն փունջ մը խոհեր պիտի ներկայացնեմ Հայրենիքի մասին, Հայոց Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գրիչէն: Բարի ընթերցանութիւն:

- Հայրենիքը մեր յոյսերու խարիսխն է, ազատ, ապահով, բարեշէն կեանքի, մեր գալիքի երաշխիքն է, ազգս համախմբող աստուածապարգեւ մեր տունը:

- Համայն հայոց Հայրենիքն է Հայաստանը, որ այսօր սիրող մօր նման աչքը յառած՝ կը փնտռէ ու կը սպասէ իր զաւակները, կը սպասէ ձեզի, սիրելի՛ հայորդիներ, որպէսզի գաք. ձեր տանիքն ու յարկը կառուցէք նուիրական մեր հողին վրայ:

- Հայրենիքը մենք ենք՝ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս: Միաբանութեամբ ու համերաշխութեամբ պիտի գծենք Հայրենիքի ծառայութեան մեր ճանապարհը: Սիրով իրարու ծառայելով պիտի վկայենք մեր ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը եւ մեծագոյն հաւատարմութիւնը Հայրենիքին:

- Արդարութիւն պէտք է կատարել Հայրենիքին դիմաց, Հայրենի՛ք, որ մեզի համար միայն երկիր ու հող չէ, որ մեր պատմութիւնն է, մեր ինքնութիւնն է, մեր կենսագրութիւնը, մեր լինելութիւնը եւ մեր յաւերժութեան գրաւականը, Հայրենիք, որ այսօր ալ կը մաքառի իր անկախ պետականութեան կերտումին համար՝ բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն անցնելով, բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով, արիւն եւ քրտինք թափելով նուիրական այս սուրբ հողին:

- Հայրենիքին պարտական ենք բոլորս, մշտապէ՛ս: Հայրենիքը միշտ իրաւացի է՝ սկիզբ եւ ինքնութիւն պարգեւող իր զօրութեամբ, իր զաւակները միաւորող խորհուրդով: Հայրենիքին առջեւ զինաթափ ենք բոլորս:

- Կը փափաքիմ վստահեցնել ձեզ, որ թէեւ Հայրենիքը ծանր օրեր կ՚ապրի, բայց հաւատացէ՛ք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները իրենց ամուր կամքով եւ հաւատքով պիտի յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները եւ պիտի կերտեն մեր բոլորին երազներու Հայրենիքը, որ օրհնութիւն պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր աշխարհասփիւռ հայորդիի համար:

- Հայրենիքը բոլորէն եւ ամէն ինչէն վեր է: Խոնարհի՛նք Հայրենիքի սիրոյն եւ Հայրենիքի հանդէպ մեր պարտքին առջեւ:

- Հայրենիքը միշտ կը կանչէ: Հայրենիքը յաւերժական է:

- Հայրենիքը աստուածապարգեւ է, երկնաշնորհ:

- Ուխտի գալ Հայրենիք՝ կը նշանակէ նուիրական զգացումներով գալ եւ այդ նուիրական զգացումները այստեղ սնուցել հայրենի պատմութեամբ ու ներկայով:

- Միշտ յիշենք՝ միայն համախմբուածութեամբ հնարաւոր է իրագործել հզօր Հայրենիքի մեր տեսիլքը, միայն օրինայարգութեամբ, արդարասիրութեամբ, ծառայական նուիրումով, յանձնառութիւններով ու զոհողութիւններով կրնանք ծաղկեցնել մեր կեանքը եւ ամուր ու հաստատուն պահել մեր պետականութիւնը: Միայն հզօր պետութիւն ունենալով կրնանք սատար կանգնիլ սփիւռքի մեր համայնքներուն, ազգային ինքնութեան պահպանութեան անոնց նուիրական ջանքերուն եւ նեցուկ կանգնիլ նեղութիւններու մէջ յայտնուած մեր ազգի զաւակներուն:

- Կարելի չէ Հայրենիքէն երես դարձնել ձախողած գործի եւ կամ տեղ գտած անարդարութեան պատճառով: Կարելի չէ Հայրենիքէն երես դարձնել, եթէ նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց է եւ կամ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Հայրենիքի զինուորն ու ծառան ենք: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր նշանաբանը: Մենք Հայրենիքը պիտի սիրենք պարզ այն պատճառով, որ մերն է, մեր հայրերուն արիւնով ու քրտինքով նուիրագործուած է ու մեզի աւանդուած: Մեզմէ իւրաքանչիւրս Հայրենիքով է զօրաւոր՝ որպէս ազգի զաւակ, որպէս կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ մեր Հայրենիքին զօրութիւնը մեր ժողովուրդն է՝ ի Հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար:

- Ազգային եւ հոգեւոր զօրացած կեանքով ու ամուր միասնութեամբ է, որ պիտի շէնացնենք մեր Հայրենիքը, բարօր դարձնենք մեր ժողովուրդին կեանքը, պաշտպանենք մեր արդար իրաւունքները, աներեր պահենք մեր երկրին կայունութիւնը, աներեր՝ գալիքին հանդէպ լաւատեսութիւնը...:

- Հաւատքով մենք ապրած ենք, հաւատքով մենք արարած ենք, հաւատքով մեր պատմութեան փառապանծ էջերը կերտած ենք: Հաւատքով մենք յաղթանակած ենք, հաւատքով մենք մեր ընթացքը պիտի շարունակենք՝ կեանքի կոչելով ազգային մեր իղձերը, հզօրացնելով մեր Հայրենիքը, պաշտպանելով մեր արդար դատը եւ ամուր, հաստատուն դարձնելով խաղաղութիւնը հայրենի մեր սահմաններուն մէջ: Իւրաքանչիւրս մեր բաժին պարտքն ունինք բերելու այս նուիրական գործին՝ Հայրենիքի շէնացման, հայրենիի հզօրացման, մեր ժողովուրդի խաղաղ ու բարօր կեանքի կերտման նուիրական ու սուրբ գործին մէջ:

- Մեր գոյութեան, մեր պետականութեան անվտանգութեան հիմնասիւնը մեր ազգային միաբանութիւնն է: Ինչքան ամուր եղաւ այդ հիմքը, մեր մէջ այնքան հաստատուն կ՚ըլլայ անկախ պետականութիւնը եւ ատոր նուիրական գիտակցութիւնը: Անկախութեան համար ամէն օր պէտք է տքնիլ ու պայքարիլ: Անկախութիւնը գերագոյն եւ անսակարկելի արժէք է: Այսօր հրամայական է, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայրենիքին շուրջ համախմբուի՝ գործելով ու արարելով ի շահ անոր արժանապատիւ կեանքին ու յառաջընթացին: Հայրենիքը եւ ազգային արժանապատուութիւնը չեն կրնար անձնական ու հատուածական շահերուն եւ բարեկեցութեան ստորադասուիլ: Հայրենիքը ազգի իւրաքանչիւր զաւակինն է: Բոլորս պատասխանատու ենք Հայրենիքին համար մեր ըրածին ու բացթողումին, ձեռքբերումին եւ կորուստին համար, պատասխանատու ենք Աստուծոյ առջեւ, մեր սրբազան հողին, կորսուած շէներուն ու սրբավայրերուն առջեւ, պատասխանատու ենք Հայրենիքին իրենց կեանքը ընծայած մեր նահատակներուն ու ապագայ սերունդներուն առջեւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024