ԳԱՀԻՐԷ-ՌԻԱՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՓԼՈՒԶՈՒԻԼ
Սուրիոյ արդէն հինգ տարիներէ ի վեր շարունակուող ծանր պատերազմը առիթ կը հանդիսանայ, որ ան շրջապատող երկիրներու փոխյարաբերութիւնները լարուին: Այս առումով տեղի ունեցող գործընթացներուն զուգահեռ բացայայտ դարձած է Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս «բարձր լարուածութիւն»ը: Երկու սիւննի տէրութիւնները, որոնք մինչ այսօր կ՚ապրէին երեւելի «մեղրալուսին» մը, այսօր յայտնուած են բաւական լարուած դրութեան մը մէջ:
Այսպէս, անցեալ Հոկտեմբերին, երբ Գահիրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին կողմ կը քուէարկէր Ռուսաստանի կողմէ Հալէպի խնդրով ներկայացուցած առաջարկ-օրինագծին, կը զարմացնէր յատկապէս Ռիատը:
Գահիրէ երկու թելերու վրայ «խաղալ»ով միաժամանակ «Այո՛» կը քուէարկէր թէ՛ ֆրանսասպանական օրինագծին եւ թէ Մոսկուայի օրինագծին: Գահիրէի այս քայլը մինչ կը միտէր հակամարտող երկու կողմերը գոհ ձգել, բայց միեւնոյն ժամանակ ու հակառակ կատարուած հաշուարկներուն, Գահիրէն կը դարձնէր Ռիատի «լուռ թշնամին»: Եգիպտոսի այս քայլին որպէս արագ եւ անմիջական արձագանգ «Արամքօ» ընկերութիւնը կը դադրեցնէր դէպի Գահիրէ կազի մատակարարումը: Նախօրօք կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ Գահիրէ ամսական կտրուածքով Ռիատէն պիտի ստանար միլիոն թոներով կազ, որուն ընդհանուր գումարը կը գնահատուէր 23 միլիառ տոլարով, եւ որ պիտի վճարուէր մատակարարումէն տասնհինգ ամիս ետք: Յիշեցման կարգով պէտք է նշել, որ այս համաձայնութիւնը մարմին ստացած էր Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին անցեալ Ապրիլին Գահիրէ տուած պաշտօնական այցին ընթացքին:
Մինչ պաշտօնական Ռիատ ցայսօր ալ կը մերժէ բացատրութիւններ տալ «Արամքօ» ընկերութեան կատարած կարգադրութեան վերաբերեալ, անդին Գահիրէ կը յուսայ, որ Ռիատ պարզաբանումներ տալով վերականգնէ կազի մատակարարումը:
Երբ եգիպտական բանակի բարձրաստիճան հրամանատար զօրավար Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսի երկրին ղեկը կը ստանձնէր, Ռիատ շատ զգուշաւոր քայլերով եւ բաւական դանդաղ մօտեցումներով կը ճանչնար Սիսին, իբրեւ Եգիպտոսի վաւերական եւ օրինական նախագահ: Հակառակ ասոր՝ Գահիրէ արագ կողմնորոշումներով կը նայէր դէպի Ռիատ յարաբերութիւնները դարձնելով բնականոն եւ ընդունելի վիճակի մը:
Խորքին մէջ, Գահիրէն էր, որ կարիքն ունէր Ռիատի բաւական կենսական յատկացումներուն եւ դրամական նեցուկին: Այս յարաբերութիւններու ընդհանուր հունը իր դրական գագաթին կը հասնէր Ապրիլին, երբ Սէուտական Արաբիոյ Սըլման թագաւորի «օրհնութեամբ» կը ստորագրուէր կազային փոխհամաձայնութիւնը:
Յարաբերութիւններու այս ընթացակարգը եւ Ռիատի ցոյց տուած նեցուկը կ՚ակնկալէր, որ Գահիրէ իր կարգին Ռիատի ի նպաստ կեցուածքներով հանդէս գար: Սակայն այդպէս չէր կատարուեր:
Մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ ապա Եէմէնի հարցերուն վերաբերեալ Գահիրէ հանդէս կու գար Ռիատի դէմ եղող հատու կեցուածքներով: Բացի այդ, Գահիրէ իր «վեթօ»ն կը դնէր Թիրան եւ Ալ Սանաֆէր կղզիներու հարցի լուծման վերաբերեալ ու տարբեր առիթներով կը յայտնէր, որ այդ կղզիները կը պատկանին Եգիպտոսին:
Այս բոլորէն բացի լարուածութիւնը կը խորանար Սուրիոյ խնդրով ու բացայայտ կը դառնար, որ Մոսկուայի հետ նոր ուղիներ բացած Նախագահ Սիսիի համար շրջանին մէջ կեցուածքներ որդեգրելու արեւելումը ամէն գնով պէտք է տրուէր՝ անսալով մի միայն ռուսական կողմի քայլերուն եւ շարժումներուն:
Յստակ էր նաեւ, որ համաարաբական ընդհանուր մթնոլորտին ու մանաւանդ վստահութեան բացակայութեան մթնոլորտին մէջ Գահիրէ իրեն համար «պապա» մը կը փնտռէ: Ու այդ «պապա»ն Մոսկուան էր: Գահիրէի կեցուածքները շեշտակի կը դառնային կապուած ոչ միայն Պեշար Էսատի իշխանութեան վրայ մնալուն վերաբերեալ, այլ անկէ անդին, սիւննի զինեալ խմբաւորումներուն մեծ մասը ընդունելով որպէս ահաբեկիչ զինեալներ:
Բնականաբար այս կեցուածքը կը հասնէր զենիթի մը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին Գահիրէի հնչեցուցած կեցուածքներուն հետեւանքով:
Բացատրելով Գահիրէի կեցուածքը՝ ՄԱԿ-ի մօտ Եգիպտոսի մշտական ներկայացուցիչ Ամրօ Ապու Աթա Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներուն խօսելով կը յայտնէր, որ իրենց համար այս հանգրուանին ամենէն էականը հրադադարի հաստատումն էր:
Իր կարգին, արաբական մամուլին մէջ Ռիատի գլխաւոր բանբեր համար-ւող Ճեմալ Քաշըքճը կը յայտարարէր, թէ իրենք խորապէս զարմացած են Եգիպտոսի կեցուածքներով: Քաշըքճը տարբեր օրինակներու կողքին կը նշէր Սենեկալի պարագան, որ Եգիպտոսէն շատ աւելի նուազ նիւթական նեցուկ ստանալով հանդերձ կը քուէարկէր յօգուտ Ռիատին համար դրական հա-մարուող օրէնքին։
Մինչ այդ, Գահիրէի քաղաքականագիտութեան ամպիոնի վարիչ Հասան Նաֆհա տարբեր վերլուծումներ տալու կողքինկը յայտնէր, որ Եգիպտոսի մատնուած տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով՝ իրենց համար որպէս պետութիւն կարեւոր էր ռուս զբօսաշրջիկներուն առջեւ ճանապարհ բանալ դէպի եգիպտական ափեր:
Այստեղ յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ 31 Հոկտեմբեր 2015 թուականին Եգիպտոսի Շարմ Ալ Շէյխ քաղաքէն դէպի Սեն Փեթերսպուրկ ուղեւորւող օդանաւը վար առնուած էր: «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը աւելի ուշ ստանձնած էր գործողութիւնը եւ դէպքին հետեւանքով կը զոհուէին օդանաւի բոլոր 224 ուղեւորները, որոնց մէջ էր նաեւ հայազգի Լէոնիտ Մնացականովը:
Ահաբեկչական այդ ծանրագոյն գործողութենէն ետք եւ երեք ամիս տեւողութեամբ ռուսական եւ եւրոպական տասնեակ օդանաւային ընկերութիւններ կը դադրեցնէին իրենց թռիչքները դէպի «Շարմ Ալ Շէյխ»: Ու հակառակ աւելի ուշ այդ արգելքներու վերացման, ցայսօր ալ ռուս զբօսաշրջիկներու մեծ մասը կը զգուշանայ իր արձակուրդը եգիպտական ափերու վրայ անցընելու:
Միւս կողմէ, եգիպտական կողմին համար յստակ էր, որ Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող նոր դերաբաշխումներու գործընթացին մէջ Գահիրէ պէտք է վճռական դեր մը ունենայ: Այդ վճռական դերը մէջտեղ պիտի գար ու պիտի աճէր հանգրուանային ու դանդաղ քայլերով, տրուած ըլլալով, որ արաբական ընդհանուր տեսարանին վրայ պատկերը շատ խոցելի էր ու արաբական աշխարհի թիւ մէկ խնդիրը դարձած էր իրարու հանդէպ անվստահութիւնը:
Թէ ինչքանով պիտի կարողանար Գահիրէ վերատիրանալ իր նախկին դերին, յստակ չէ, սակայն երեւելի է նաեւ, որ Սիսիի ղեկավարութիւնը ռուսական կողմը իրեն համար ընտրած է որպէս վստահելի եւ անմիջական գործընկեր:
Անշուշտ, որ այս դէպքը պարզապէս փոքր կէտ մը կը բանայ Գահիրէի որդեգրելիք ապագայ կեցուածքներուն առըթեր, սակայն բացայայտ կ՚երեւի, որ Ռիատ-Գահիրէ նոր բացայայտուած այս լարուածութիւնը պիտի ունենայ իր տրամաբանական լարուածութիւնը:
Տրամաբանական լարուածութիւն ըսելով պէտք է հասկնալ Ռիատի կողմէ Գահիրէին դէմ սահմանուելիք տնտեսական նոր «սեղմում»ները, որոնց իբրեւ արդիւնք Նախագահ Սիսի ստիպուած պիտի ըլլայ յենուլ Մոսկուայի կարեւոր աջակցութեան՝ ոտքի պահելու համար իր այդքան խոցելի դարձած տնտեսութիւնը:
Ռիատի համար ալ այդքան հեշտ չէ այս մեծ արագութեամբ «հովին տալ» երկար տասնեամեակներու վրայ կառուցուած այս «թանկ» բարեկամութիւնը, մանաւանդ այն հանգրուանին, երբ Սէուտական Արաբիա մէկէ աւելի ճակատներու վրայ կը ստանայ զինուորական ու բարոյական ծանր հարուածներ:
Եգիպտոս իր էութեամբ եւ կրած ու «աւանդած» գաղափարներով կը համարուի արաբական աշխարհի արիւնատար երակը, ու յստակ է նաեւ, որ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիրը համարուող Սէուտական Արաբիա պէտք ունի «արաբականութեան ոգի»ին:
Մանաւանդ Եէմէնի պատերազմին ընթացքին այդ ոգիին բացայայտ բացակայութեան հետեւանքով էր, որ սիւննի ամենամեծ եւ ամենահզօր թագաւորութիւնը չկարողացաւ հասնիլ կարեւոր յաջողութիւններու:
Հիմա ընդհանուր պահը բաւական «քրիթիք» է:
Ռիատ մէկ կողմէ կը փորձէ տնտեսական գաւազան շարժել Գահիրէի դէմ ու միւս կողմը կը հաւատայ, որ Գահիրէն կորսնցնելով միաժամանակ պիտի կորսնցնէ «արաբականութեան ձայն»ը:
Իր կարգին Եգիպտոսի զինուորական առաջնորդը, որ գործնական քայերով կը փորձէ կառուցել իր քաղաքական դրամագլուխը, կը հաւատայ, որ արաբական դաշտին մէջ դրամական ներուժ ունեցող կողմերուն հանդէպ վստահութիւն ունենալը ինքնասպանութեան համազօր ձեւ մըն է:
Կարեւոր ջրբաժանի մէջ յայտնուած է Միջին Արեւելքը, ու յստակ է նաեւ, որ այս տագնապալի իրադրութեան ներքեւ բոլոր խաղացողները սկսած են գծել իրենց ապագայ գործընկերներուն հիմնական սահմանները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան