ՊՂԱՏՈՆԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
Հին Յունաստանի դասական շրջանի ամենանշանաւոր իմաստասէրներէն մին էր Պղատոնը (Platon): Ծնած է Աթէնք, Ք.Ա. 427 թուականին եւ մեռած՝ Ք.Ա. 347-ին: Հիմնադիրն է «Պղատոնական» իմաստասիրութեան մտածելակերպին եւ «Աքատեմիա»ին, որ առաջին բարձրագոյն ուսումնարանն էր (համալսարան) արեւմտեան աշխարհին: Ան առանցքային, հիմնական դեր ունեցած է Հին Յունաստանի եւ Արեւմտեան իմաստասիրութեան վրայ: Ան հիմնադիրներէն մին կը նկատուի նաեւ Արեւմտեան կրօնագիտութեան եւ հոգեւոր իմացականութեան:
Պղատոն աշակերտած է Սոկրատի, իսկ իր ամենանշանաւոր աշակերտը եղած է Արիստոտելը: Անցնող շուրջ 2400 տարիներու ընթացքին, գրեթէ ամէն իմաստասէր ազդուած է իր գաղափարներէն: Ան կանոնաւորապէս ուսումնասիրած է բարոյագիտական, քաղաքական, բնազանցական (metaphysical), հմտաբանական (epistemological) հարցեր: Կը կարծուի, որ շատ քիչ արեւմտեան իմաստասէրներ իրեն յատուկ խորքով ուսումնասիրած են այս նիւթերը, հաւանաբար միայն Արիստոտելը, Աքուինասը եւ Քանթը, քանի մը այլ իմաստասէրներու շարքին:
Պղատոն կը հաւատար, որ մեր զգայարանները շատ թերի են եւ «սխալ» կը տեսնեն կամ կը զգան ինչ որ մեր շուրջը գոյութիւն ունի: «Տեղ մը», աւելի իրական, կան ճիշդ եւ կատարեալ կերպերը կամ գաղափարները, որոնք յաւիտենական են, անփոփոխ են եւ մենք միայն անոնց պատկերները կամ արտացոլացումները կը տեսնենք հոս, այս աշխարհին վրայ: Այս վերացական «իրեր»ն են բարութիւնը, լաւութիւնը, գեղեցկութիւնը, հաւասարութիւնը, մեծութիւնը, նմանողութիւնը, միութիւնը, գոյութիւն ունենալը, նոյնութիւնը, տարբերութինը, փոփոխութիւնը եւ անփոփոխութիւնը...: Մենք, մահկանացու մարդիկս կը ձգտինք, կը ջանանք հոն հասնիլ: Այս կատարելութեան գաղափարը, հոն հասնելու կամ երազելու ձգտումը կ՚ամփոփենք «Պղատոնական» անունին մէջ: Քիչ թէ շատ զարգացած տղաք, երբ իրենց սիրած անձերէն հեռու ըլլան, իրենց սիրածին կը խոստանան «Պղատոնական սիրով» սիրել...: Այսինքն՝ ամբողջական, անմնացորդ, անշահախնդիր, իտէալական սիրով...:
Այս շատ ամփոփ ներածականէն ետք, ծանօթանանք Պղատոնի քանի մը իմաստուն խօսքերուն: Ըսի «քանի մը», քանի որ եթէ իր բոլոր իմաստուն խօսքերուն ուզենք ծանօթանալ, պէտք է իր բոլոր գիրքերը կարդանք, ինչպէս նաեւ իր մասին եւ իր գաղափարներու մասին հատորները, որպէսզի մասամբ հասկնանք զինք եւ իր իմաստասիրութիւնը:
- Սէրը մտային լուրջ հիւանդութիւն մըն է:
- Մտածելը հոգիին հետ ինքնիրեն խօսիլն է:
- Մարդկային վարուելակերպը երեք աղբիւրներէ կը փխի՝ ցանկութիւն (փափաք), յուզում եւ հմտութիւն:
- Իմաստուն մարդիկ կը խօսին, որովհետեւ ըսելիք բան մը ունին, ապուշները՝ որովհետեւ բան մը կ՚ուզեն ըսել:
- Երաժշտութիւնը բարոյական օրէնք է: Ան տիեզերքին ոգի կու տայ, միտքին՝ թեւեր, երեւակայութեան՝ թռիչք, եւ հրապոյր ու ուրախութիւն կեանքին եւ ամէն բանի:
- Քաղաքական գործընթացին չմասնակցելու պատիժներէն մէկն ալ քեզմէ ստորադասներէն կառավարուիլդ է:
- Ամէն սիրտ երգ մը կ՚երգէ, անկատար, մինչեւ որ ուրիշ սիրտ մը սկսի փոխադարձ փսփսալ: Անոնք որոնք երգել կ՚ուզեն, անպայման երգ մը կը գտնեն: Սիրածին հպումով, ամէն մարդ բանաստեղծ կը դառնայ:
- Առաջին եւ լաւագոյն յաղթանակը ինքզինք նուաճելն է:
- Ճշմարտութիւնը ինքն իր վարձատրութիւնն է:
- Միայն մեռածները պատերազմին վախճանը տեսած են:
- Ես յոյս ունիմ, որ մահուընէ անդին բան մը կայ:
- Քաղաքականութեան մէջ մենք կը կարծենք, որ անոնք որոնք գիտեն ինչպէս քուէներ ստանալ, գիտեն նաեւ ինչ-պէս կառավարել քաղաքը կամ երկիրը:
- Երբ հիւանդանանք, ամենէն ներկայանալի կամ ամենէն պերճախօս բժիշկը չենք կանչեր:
- Մենք կրկնակի զինուած կ՚ըլլանք երբ հաւատքով կը կռուինք:
- Կարծիքը գիտութեան եւ անգիտութեան միջեւ գտնուած միջոցն է:
- Անհրաժեշտութիւնը հնարքի (հնարամտութեան) մայրն է:
- Գործի մը սկզբնաւորութիւնը ամենակարեւոր մասն է:
- Սիրոյ հպումով, ամէն մարդ բանաստեղծ կը դառնայ:
- Երեք դասակարգի մարդիկ կան. գիտութեան սիրահարները, պատուի սիրահարները եւ շահամոլները:
- Անոնք որոնք կը փափաքին մեծ ըլլալ, ինքզինքնին կամ իրենց պատկանող բաները պէտք չէ սիրեն, բայց միայն այն որ արդար է, անկախաբար անկէ թէ այդ իրենց կողմէ գործադրուած է թէ ուրիշներու:
- Դաստիարակութեան-ուսումի ամենակարեւոր մասը ինչ որ մանկապարտէզի մէջ մարզուած-սորված են:
- Ճշմարտութիւնը խօսողը՝ ամենավատ թշնամին կը նկատեն:
- Լաւ որոշումը գիտութեան վրայ հիմնուած է, ոչ թէ թիւերու:
- Այն տունը որ գրադարան ունի, հոգի ունի:
- Պարկեշտութիւնը շատ աւելի շահաբեր է քան անպարկեշտութիւնը:
- Գիտութիւնը չարիքի կը վերածուի եթէ առաքինի (պարկեշտ) չէ:
- Իմաստութիւնը ինքնին գիտութիւնն է ուրիշ գիտութիւններու:
- Ծնողներ իրենց զաւակներուն հարստութիւն կտակելու թող յարգանք կտակեն:
- Հոգեկան տեսողութիւնը կը բարելաւուի երբ ֆիզիքական տեսողութիւնը կը սկսի տկարանալ:
- Նոյնիսկ աստուածները կատակը կը սիրեն:
- Բանաստեղծները մեծ եւ իմաստուն խօսքեր կ՚ըսեն բայց իրենք իսկ չեն հասկնար իրենց խօսքերը:
- Ամենաիմաստունը առաւելագոյն իշխանութիւնը ունի:
- Սիրոյ խենթութիւնը երկինքի ամենամեծ օրհնութիւնն է:
- Հռետորականութիւնը մարդոց միտքերը կառավարելու արուեստն է:
- Ստիպողութեան տակ ընկալուած գիտութիւնը միտքին մէջ չի մնար:
- Բոլոր կենդանիներուն մէջ, տղան ամենաանղեկավարելին է:
- Ասոնք ամենավախնալիքներն են. փակ միտքը, քնացող երեւակայութիւնը եւ մեռած ոգին:
- Ես չեմ գիտեր մաթեմաթիկոս մը, որ տրամաբանել գիտնայ:
- Լաւ սկզբնաւորութիւնը վերջաւորութեան կէսն է:
- Սէրը լաւին երջանկութիւնն է, իմաստունին զարմանքը եւ աստուածներուն հիացմունքը:
- Երաժշտութիւնը միտքին համար այն է՝ ինչ որ օդը մարմնին համար:
- Բանաստեղծութիւնը աւելի մօտ է ճշմարտութեան քան պատմութիւնը:
Այսօր՝ այսքան:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Լոս Անճելըս
«Պայքար», Պոսթոն