ՄԱՐԱՇՑԻՆԵՐՈՒ Ս. ԳԷՈՐԳ ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
1920-ական թուականներուն էր, երբ մարաշցիք, այլ հայերու նման ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի եւ օթեւան գտան ասպնջական Հալէպի հիւրընկալ ափերուն եւ Լիբանանի գեղածիծաղ աւանին մէջ։ Անողոք նախախնամութեամբ մը, Հալէպը եղաւ պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն տեղահանուած բազմաթիւ հայորդիներու դէպի Սուրիոյ եւ Միջագետքի մահուան անապատները քշուած տարագիրներու իջեւանն ու կայանը։ Սակայն ո՛չ Ապրիլ 24-ը եւ ոչ ալ 1920 թուականը կրնային հայը իր հայութենէն դադրեցնել ու պոկել իր դարաւոր արմատներէն։ Ընդհակառակը, մարաշցիք այս բոլոր դառն աղէտներուն դիմաց, կը հաւատային, որ «ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը» եւ ոչ ալ ամէն տեսակ «դառն հարուածք» կրնային մարել իրենց յոյսի կրակը։ Որքա՛ն ալ սուր ու թունաւոր ըլլային անոնց դէմ արձակուող նետերը, որքա՛ն ալ ահաւոր ըլլային զիրենք շրջապատող պայմանները, որքա՛ն ալ մշուշոտ ըլլային անոնց կեանքի ճամբան, այդ բոլորը չէին կրնար արգելք հանդիսանալ մարաշցիներու պայքարին՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյութեան ամրացման եւ ինքնութեան անաղարտ պահպանման։
Տեղահանութեան առաջին իսկ օրերէն, երբ մարաշցիներ մազապուրծ ճողոպրած կը հասնին Հալէպ, տեղւոյն ազգային եւ եկեղեցական իշխանութիւններն ու ողջ հայութիւնը գրկաբաց ու գորովալից վերաբերմունք կը ցուցաբերեն իրենց դժբախտ հայրենակիցներուն նկատմամբ։ Ընդհուպ, կը ստեղծուին գաղթականներու օգնութեան մարմիններ ու յանձնախումբեր, որոնք ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն իրենց տարաբախտ եղբայրներուն խոցուած սրտերը ամոքելու ու մեղմելու։
Տարբեր վայրերէ Հալէպ հասնող գաղթականներու խումբերը նախ կը դիմէին տեղւոյն Հայ Եկեղեցին։ Կիլիկիոյ Նպաստից Միութեան, Ազգային Միութեան եւ այլ հասարակական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու տածած ազգանպաստ ու օգտաշատ գործունէութեանց ու զոհաբերութեանց շնորհիւ, հայորդիք կը պատսպարուին եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կառոյցներու մէջ, մինչեւ իսկ ազգային վարժարաններու դասարանները կը լեցուին տարագրեալներով։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, գաղթականներու թիւը շուտով կը ստուարանայ, որոնց պատճառաւ ալ Ֆրանսական Բարձր իշխանութիւնն ու տեղւոյն արաբ կառավարութիւնը կը հրահանգեն տուներ գտնել ու տրամադրել հայ խլեակներուն համար։ Շատ չանցած, տարասփիւռ հայ ժողովուրդին համար կը յատկացուին գաղթականական իջեւաններ (քէմփեր)՝ քաղաքի արուարձաններուն մէջ, ուր կը կառուցուին թիթեղեայ ու փայտաշէն տնակներ։ Նշենք, թէ ինչպէս Կիլիկիոյ, նոյնպէս ալ հայորդիք իրենց հայրենակիցներուն հետ միասին համախմբուելով կ՚ապրին տարբեր-տարբեր քէմփերու մէջ, իսկ մարաշցիք բնակութիւն կը հաստատեն Հալէպի Րամ ըսուած Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ։
ՔԷՄԲԻ ՄԷՋ Ս. ԽԱՉ ԹԻԹԵՂԱՇԷՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ՄԱՐԱՇԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ
Մեծ Եղեռնի «Գողգոթա»էն ճանապարհորդած եւ հարստահարութեանց, տուայտանքներու, կեղեքումներու եւ դիմայեղութեանց ենթարկուած հայկայ ժողովուրդը, կը գիտակցէր ազգին գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ ֆիզիքական ոչնչացումէ ազատածի բնազդով կը փարէր ազգը պահպանելու եւ գոյատեւելու հրամայականին։ Եւ ահա, մահը որպէս ցմրուր խմած հայորդիներու առաջին մտահոգութիւնը կ՚ըլլայ Եկեղեցի ու դպրոց կառուցել, որպէս միակ զօրաւոր ազդակ հայապահպանման։
Ահա ա՛յս գիտակցութենէն մղուած, մարաշցիք առաջադրեցին Եկեղեցի կառուցելու ծրագիրը։ Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի իսկ յանձնարարութեամբ, իբր արգասիք հայ տարաբախտ ժողովուրդի բուռն փափաքին եւ անոնց հոգեւոր պապակին յագեցում տալու առաջադրութեամբ՝ որոշում կ՚առնուի քէմփին մէջ Եկեղեցի կառուցել։ Հետեւաբար, գաղթականներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կը կազմուի։ Պետութեան կողմէ հարկ եղած թոյլտուութիւնն ու արտօնագիրը ստանալէ ետք՝ շինութեան ծախսերը հայթայթելու համար իսկոյն յանձնախումբը կը ձեռնարկէ հանգանակութեան։ Շուտով, յանձնախումբը քէմփի կեդրոնէն հողատարածք մը գնելով ու պէտք եղած շինանիւթերը ապահովելով, 1923-ին, մէկ ամսուայ ընթացքին, կը կառուցուի փայտաշէն ու թիթեղեայ Եկեղեցին, զոր կը կոչուի Ս. Խաչ։
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ առաջին պատարագը կը մատուցանէ Մարաշի մէջ քահանայագործած, ապա՝ Մարաշի գաղթականութեան հետ Հալէպ հասած Տէր Մովսէս Քհնյ. Յովհաննէսեանը։ Հոգեգրաւ պահ մըն էր, որով մարաշցիներու սրտերը կ՚արբենային աննիւթական, երկնահամ ու աստուածահրաշ գինիով։ Ականատեսներու իսկ վկայութեամբ՝ աստուածային ներշնչումով ու անճառելի ապրումով Պատարագի ընթացքին քահանայ հօր արտասանած բառերը, ինչպէս նաեւ մեղմաթրթիռ եղանակաւորումով ժողովուրդին երգեցողութիւնը, խոր ու անտեսանելի ակունքներէ քակուելով՝ գիտակցական եւ առհաւական թելերով կը յօրինուէին ներկաներուն սրտերուն մէջ ու կը դառնային արցունք՝ ոմանց աչքերուն մէջ, հիացում՝ շատերու նայուածքներուն մէջ, հաղորդութիւն՝ բոլորին հոգիներուն մէջ։
Մարաշցի բարեպաշտ ժողովուրդը իրեն հետ Հալէպ փոխադրած էր նաեւ հայկական արուեստի եկեղեցապատկան թանկարժէք իրեր՝ արծաթեայ սկիհներ, խաչեր, բուրվառներ, խորանի վարագոյր, Պատարագի թանկագին զգեստ եւ մինչեւ իսկ Մարաշի Եկեղեցիներէն մէկուն կոչնակը։ Բարեբախտաբար այդ բարձրարժէք նմոյշներէն մաս մը ներկայիս կը պահուին Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ «Զարեհեան Գանձատան» մէջ. անոնցմէ են՝ սկիհ մը, խորանի կերպասէ պատկերազարդ վարագոյր մը, ինչպէս նաեւ ոսկեթել բանուածքով եպիսկոպոսական զգեստ մը։
Ինչպէս վերեւ ըսինք, մարաշցիներու առաջադրած որոշումներէն երկրորդն էր հայ դպրոցի կառուցումը։ Արդարեւ, Մեծ Եղեռնի օրէն ի վեր համրացած էին մեսրոպաշունչ հայ վարժարաններն ու ուսումնարանները, որբացած էին արեւահամ հայ բառէն, հայ խօսքէն ու երգէն, որոնք այլեւս չէին հնչեր, չէին արձագանգեր հայ հոգիով ու շունչով, հայ կեանքով յորդ այն հաստատութեանց մէջ։ Սակայն մարաշցիք, կը հաւատային թէ՝ հայեցի դաստիարակութիւնը էա՛պէս հայ մարդուն վերածնունդն էր որպէս հայ, թէ՝ հայ ազգին պատկանելիութեան գիտակցութեան փոխանցումն էր հայ մարդուն, թէ՝ հայ ազգին գերագոյն իտէալներուն համար արիւն թափելու յանձնառութեան ներարկումն էր հայ մարդուն։ Ահա այս մտորումներով տոգորուած, երկարատեւ եւ բազմապիսի դժուարութիւնններէ ետք, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից, աւելի ճիշդ՝ ուղղակի եկեղեցւոյ մէջ կը բացուի հիւղաւանի առաջին դպրոցը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, քէմփի պատանի-պատանուհիներ կը սկսին քալել իրենց նախնեաց հարթած ուղիէն, հայ հոգիի եւ կեանքի քուրայէն, որոնց շնորհիւ իրենց հայութեան գոյնը պիտի կարողանային պահել վառ եւ բիւրեղ։
ՀԻՒՂԱՒԱՆԸ ՓԼԵԼՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԻ ԿԱՅԱՑՈՒՄ ԵՒ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆՆ ՈՒ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ
Մեծ Եղեռնէն ազատագրուած մարաշցիք, երկար դժուարութիւններէ ու թափառումներէ ետք կրցած էին կայք հաստատել Րամ ըսուած Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէկ ծայրը։ Սակայն, այդ շրջանի այլասերիչ եւ վատառողջ մթնոլորտը ստէպ բազմաթիւ հիւանդութիւններ պատճառած էր բնակիչներուն՝ նոյնիսկ մահուան գիրկը նետելով շատ մը հայորդիներու գարուն կեանքը։
1934-1935 թուականներուն, Հալէպի կառավարութիւնը կ՚որոշէ հիւղաւանը վերացնել ու ամբողջ շրջանը հիմնայատակ կործանել։ Գոյժը կարճ ժամանակի մը մէջ կը տարածուի ամէնուրեք։ Քէմփը թողուլ ու այլ տեղ հաստատուիլ, տարագրեալ քէմփեբնակներուն համար կը նշանակէր նոր գաղթ մը կատարել։ Բայց ո՛չ Առաջնորդարանի խնդրանքներն ու ոչ ալ ժողովուրդի աղիողորմ պաղատանքները կրնան յետս կոչել կառավարութեան որոշումը։ Արդ, քէմփի բնակչութեան կեանքի ու կենցաղի բարելաւման համար, կառավարութիւնը կը դիմէ կարգ մը միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու։ Կը կազմուին յատուկ յանձնախումբեր, որոնց պարտականութիւնն էր հիւղաբնակ ընտանիքները վերաբնակեցնել այլ նպաստաւոր վայրերու մէջ, աշխատանքներ ապահովել անգործներուն, ինչպէս նաեւ կրթական ու այլ կարգի օգտաշատ ծառայութիւններ մատուցել Հալէպի հայ ազգաբնակչութեան։ Այսպիսով, 1936 թուականի վերջերուն, 15-ամեայ գոյատեւումէ ետք, Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող բոլոր հիւղաւանները կը հեռանան պատմութեան թատերաբեմէն եւ կը հաստատուին Նոր Գիւղ եւ Պոստան Փաշա կոչուած թաղամասերուն մէջ։
Երբ տակաւին տեղափոխութիւնը կը շարունակուէր, Վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեանի եւ քանի մը այլ յայտնի ազգայիններու իսկ խորհրդակցութեամբ, մարաշցի հայրենակիցներ, մեծ դժուարութեամբ եւ կանխավճառումով կը կարողանան Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին համար նոր հողատարածք մը գնել։ Այսպէս, մարաշցի բարեպաշտ հայրենակիցներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններով եւ աջակցութեամբ, կարճ ժամանակի ընթացքին կը կառուցուի Ս. Գէորգ եկեղեցին։
«1937 թուականի Մայիս 16-ին, հայահոծ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ տեղի կ՚ունենայ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի եւ օծման արարողութիւնը, ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ քահանայից դասը՝ Տէր Մկրտիչ, Տէր Բաբգէն եւ Տէր Գուրգէն քահանաները, հալէպահայ երեւելի դէմքեր եւ ժողովրդեան հոծ բազմութիւն մը, բաղկացած ըստ մեծի մասին մարաշցի ազգայիններէ։ Հետաքրքրական է, որ եկեղեցւոյ տասներկու հիմնաքարերը կը զետեղուին նուիրատու կնքահայրերու ձեռամբ։ «Ըստ Եկեղեցւոյ օրինաց տրամադրութեանց, կ՚ընտրուի նաեւ «ճարտարապետ» մը, որ կը զարնէ առաջին բահը՝ իր ուսերուն ստանձնելով մեծ պատասխանատուութիւն մը։ Այդ «ճարտարապետ»ը Պարոն Տաճատ Տագէսեանն էր»» (Վարդի Քէշիշեան, «Գոյապատում», Հալէպ, 2002, էջ 101)։
Այստեղ կ՚արժէ յիշել նոյն շրջանի Թաղական խորհուրդի գործօն անդամներէն Արամ Մոմճեանի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ու կառուցման առթիւ գրի առած յուշերէն պատառիկ մը. «Օծումէն անմիջապէս ետք, Տաճատ Տագէսեանի գլխաւորութեամբ, Միհրան Միսիսեանի եւ Յարութիւն Փայասլեանի հետ, գացինք Ռամատանիէի քէմփը, դէպի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Մեզի ընկերացան մէկ քանի մարաշցիներ եւս, անոնցմէ ոմանք ունէին բեռնակառքեր։ Քանդեցինք մեզի մէկուկէս տասնամեակ ծառայած եկեղեցին ու դպրոցը, եւ բոլոր առարկաները՝ փայտ, նստարան, գրասեղաններ, բերինք Նոր Գիւղ, նորակառոյց Ս. Գէորգ եկեղեցիին եւ Մեսրոպեան վարժարանին համար օգտագործելու, ինչ որ մնացած էր պիտանի։ Անոնց մէջ էր նաեւ Մարաշէն բերուած Ս. Խաչի օգտագործուած կոչնակը։ Նորակառոյցի շինարարական թափը արագացուցին։ Շուտով Եկեղեցին կառուցուեցաւ փայտեայ սիւներով, թիթեղածածկ տանիքով։ Որոշ շինանիւթեր բերուած էին Ս. Խաչ եկեղեցիէն»։
Այդուհանդերձ Շինութեան Յանձնաժողովը սուղ պայմաններու եւ անել վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ, եկեղեցւոյ յարակից սենեակները կը յատկացնէ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի դասարաններուն համար։ Նշենք, թէ այս շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հովանաւորութեամբ ու տնօրինումով, Կիրակի օրերը, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Մեսրոպեան դպրոցի շէնքերը կը տրամադրուին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու պատրաստման համար։ Թաղական խորհուրդը ո՛չ միայն սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ Կիրակնօրեայ դպրոցի վարչութեան հետ, այլեւ իր անմիջական հոգատարութեան ու գուրգուրանքին առարկայ կը դարձնէ զայն։ 1943 թուականին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Մեսրոպեան վարժարանին կից կը կազմուի նաեւ մարաշցի անձնուէր ու ժրաջան տիկիններէ եւ օրիորդներէ բաղկացած «Տիկնանց Օժանդակ Մարմին մը», որ իր ներդրումը կը բերէ բարոյապէս եւ նիւթապէս կրթական, շինարարական եւ այլ կարգի նախաձեռնութեանց մէջ։
Եկեղեցւոյ Նոր Գիւղ տեղափոխութենէն ի վեր, թաղականութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրը կը մնար կառոյցը ամբողջացնելու ծրագիրը՝ տանիքի եւ գմբէթի շինութիւնները, որոնք սակայն նիւթական անբաւարար միջոցներու պատճառով շարունակ կը յետաձգուէին։ 1955 թուականի ընթացքին, Թաղական խորհուրդը երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, որոշում կը կայացնէ եկեղեցին հիմնովին վերակառուցել, օժտելով զայն հայկական ճարտարապետութեան գողտրիկ գմբէթով մը։ Միաժամանակ կ՚որոշուի վարժարանին նախկին սենեակներուն տեղ բարձրացնել շէնք մը՝ յատուկ Մեսրոպեան վարժարանին համար։ Այս տարիներուն, օրուան Առաջնորդ՝ Զարեհ Եպսկ. Փայասլեան (ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս) բծախնդրօրէն կը հետեւի եկեղեցւոյ շինութեան՝ գլխաւորելով այդ նպատակով կազմուած Շինութեան Յանձնախումբին տարած աշխատանքները։
Այս ընթացքին տեղի կ՚ունենան միջոցառումներ՝ շինութեան ծախսերը ապահովելու համար։ Օրուան Թաղականութեան խորհուրդի կողմէ կը կազմակերպուի հանդիսութիւն մը հայրենակիցներու շրջանակէն ներս։ Ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի շինութեան՝ կը կազմակերպուի նաեւ համերգ մը՝ «Շողական» երգչախումբի կատարողութեամբ։ Այստեղ եւս, մարաշցի երեւելի մարդիկ իրենց ներդրումը կը բերեն եկեղեցւոյ վերակառուցման օգտին կազմակերպուած հանգանակութեան՝ իրենց երկու լուման դնելով ազգին գանձանակին մէջ։ Իսկ համեստ խաւի պատկանող մարաշցիք լիաբուռն աշխատանքներով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կառուցման գործընթացին մէջ։
Երկար, լուրջ եւ անդուլ աշխատանքէ մը ետք, Ս. Գէորգ թիթեղաշէն եկեղեցին կը փոխակերպուի սիգապանծ ու հրաշակերտ կառոյցով օժտուած եկեղեցիի մը, 1957 թուին։ Եկեղեցին կ՚ունենայ երեք խորաններ։ Յիշենք, որ այդ տարիներուն Հալէպի շինարարական կառոյցներուն մէջ երկաթ-պեթոնի գործածութիւնը տակաւին մուտք չէր գործած։ Առաջին անգամ շինարարական այս մեթոտը կը կիրարկուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան ընթացքին։ Շինարարական նման մեթոտի կիրառումը ունէր իր առաւելութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կու տային խուսափիլ հաստաբեստ սիւներէ։ Նորաշէն եկեղեցին կ՚օժտուի նաեւ բազում բարեմասնութիւններով։ Մասնագէտներու իսկ կարծիքով՝ այս եկեղեցիին acoustic-ը անթերի է եւ գրեթէ արձագանգ չունի, որ նոյնիսկ կրնայ ծառայել համերգային, խմբերգային կատարումներու։
Ս. Գէորգ եկեղեցին տարիներ շարունակ հայութեան համար դարձաւ Աւետարանի ակնաղբիւրէն ցայտող ու հայ հոգիի անդաստանին մէջ իր արմատները նետող ու զայն աստուածային շունչով ու Աւետարանի հոգեւոր ճշմարտութեամբ եւ բարձր սկզբունքներով թրծող ու ջերմացնող քրիստոսաշէն տաճար մը։ Աւելի՛ն. Ս. Գէորգ եկեղեցին հայ կեանքի արիւնոտ ու տառապալից ճամբուն վրայ, դարձաւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային դիմագիծը առողջ ու անեղծ պահող աստուածապարգեւ հաստատութիւն մը։ Վերջապէս, Ս. Գէորգ եկեղեցին դարձաւ անկորնչելի յիշատակարանը մեր ոսկի մշակոյթին, ուխտի տապանակը հայ ցեղին, որուն մէջ դեռ կը պլպլայ մեր յոյսի ջահը։
Թէկուզ այսօր եկեղեցին հրդեհուած վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն, հալէպահայերու անկոտրում կամքին եւ աջակցութեան շնորհիւ ան դարձեալ պիտի գործէ եւ ծնունդ տայ բազմաթիւ հայորդիներու հոգեւոր ծնունդին։ Կը սպասենք…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ