Նոր էջ՝ ֆրանսահայ քաղաքական ասպարէզին մէջ
Ֆրանսա հաստատուած հայութիւնը տարագրութեան շրջանէն դար մը յետոյ, անակնկալօրէն, օր մը արթննալով՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ գտաւ հայանուն չորս երեսփոխան։ Բոլորին համար անծանօթ դէմքեր՝ հայե՞ր, ծագումո՞վ հայեր, ֆրանսահայե՞ր, թէ՞ պարզապէս ֆրանսացիներ։ Ինչի՞ վերագրել այս անակնկալը։ Աւանդական կառոյցներու տարած աշխատանքին անտես ազդեցութեա՞ն։ Հայկական կառոյցներէն դուրս, ընտանիքներէն ներս հայկական գիտակցութեան փոխանցումի՞ն։ Թէ պարզապէս պատահականութեա՞ն, կամ շատ աւելի ընդհանրական պատճառի մը՝ համաշխարհայնացմա՞ն։
Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները մէկ բան յստակ է, չորս անունները իրենց ընտրութիւնը կը պարտին նախագահ Մաքրոնին, որ ինք եւս մեծ անակնկալ մըն էր ֆրանսական քաղաքական ասպարէզին մէջ։ Ան ալ իր կարգին ֆրանսական աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններու համակարգէն դուրս եզակի ընտրական երեւոյթ մըն էր, որ յենլով հայանուն այդ չորս թեկնածուներու նման հարիւրաւոր այլ թեկնածուներու վրայ, եւ թեկնածուներէն անդին՝ զօրաշարժի ենթարկելով միլիոնաւոր ֆրանսացիներ, կրցաւ ընտրուիլ Ֆրանսայի նախագահ։ Բոլորն ալ հաւատացին անոր առաքելութեան, ընտրեցին զինք եւ թեկնածուներն ալ ընտրուեցան անոր նման անակնկալօրէն։ Երեւոյթը քաղաքական «հրաշք»ի համազօր է։ Պիտի դիմանա՞յ ժամանակին՝ ապագան ցոյց պիտի տայ։
Այս չորս թեկնածուները, բացի Տանիէլ(ը) Ղազարեանէն, որ Տէսինի նման հայաշատ գօտիի զօրակցութիւնը կը վայելէր, մնացեալ երեք ընտրեալները հայկական համայնքներու զօրակցութենէն զուրկ եղած են։ Այսուհանդերձ, չորսն ալ Հայաստանի հանդէպ ստանձնած են իրենց առաջին յանձնառութիւնը՝ անդամակցելով Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբին, որոնցմէ Ժագ Մարիլոսեան նոյնիսկ դարձած է անոր նախագահը, հակառակ ծագումով հայու մը այդ պաշտօնը ստանձնելու անպատեհութիւններուն առընչուած կարգ մը խրատներուն։
Դեկտեմբեր 5-ին, հայանուն չորս երեսփոխաններուն հետ առաջին հանրային հանդիպումը կազմակերպուած էր Բարեգործականի եւ Նուվէլ տ՚Արմէնի Մակազինի կողմէ։ Անհրաժեշտ ու օգտակար հանդիպում մը։ Սակայն, այս եզակի երեւոյթին դիմաց զարմանալի էր հայ համայնքին բացակայութիւնը։ Հազիւ 40-50 հոգի ներկայ էին։ Ժագ Մարիլոսեան, Նատիա Եսայեան, Տանիէլ(ը) Ղազարեան եւ Կիյոմ Գասպարեան՝ զանազան մասնագիտութեան տէր քաղաքացիներ, որոնք հակառակ ֆրանսական կամ հայկական քաղաքական «էսթապլիշմընթ»ին մաս չկազմելուն, առանց բարդոյթի ընդառաջացած էին հայ համայնքին հետ հանդիպելու առաջարկին, սակայն ափսո՜ս որ համայնքը կը մնայ սպասման սենեակը։
Քաղաքական դաշտին մէջ նոր էջ մը կը բացուի ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի համար։ Որքանո՞վ այս պատեհ առիթը ստանձնելու գիտակցութիւնը առկայ է։ Բնականաբար, նոր երեսփոխանները ճանչնալը, անոնց ծրագրերուն, քաղաքական հայեացքներուն ծանօթանալը, անոնց հետ հայութիւնը հետաքրքրող ծրագրեր մշակելը նոր հեռանկարներով յղի դաշտ մըն է, որ այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տանելու յանձնառութիւն կը պահանջէ։ Ինչպէս որ հանդիպման ատեն չորսն ալ պնդեցին՝ իրենք նախ եւ առաջ Ֆրանսայի քաղաքացի են, անոր ժողովուրդին կողմէ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ ընտրուած, եւ կոչուած են նորոգելու քաղաքական գործելակերպը։ Պիտի յաջողի՞ն նաեւ վարակել հայ համայնքը իրենց նոր աշխատելակերպով։
Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ», Փարիզ, խմբագրական