ՍԵՐԿԷՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ. ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՔԵՐԹՈՂԱՇՈՒՆՉ ՎԱՐՊԵՏԸ
Յունուար 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր հանճարեղ զաւակներէն Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 94-ամեակը։ Շարժանկարի արոոեստին բանաստեղծականութիւնն ու խորհրդապաշտութիւնը Փարաճանով մարդկութեան մատուցեց ամենայն գեղեցկութեամբ ու կենսայորդ տեսարաններով։ Գործելով հանդերձ խորհրդային գրաքննութեան հեղձուցիչ պայմաններուն մէջ, ամէն իրաւ արուեստագէտի ինքնահաւատարմութեամբ ու յանդգնութեամբ՝ բանտարկութիւնն ու ազատազրկումը անգամ յանձն առնելու գնով, Հայկեան Հանճարի շարժանկարային արարման բացառիկ այս վարպետը ստեղծեց «Նռան գոյն»ի ընդգրկումով գեղարուեստական եզակի գլուխգործոցը։ Փարաճանովի արուեստը կտրեց-անցաւ աշխարհաքաղաքական բոլոր սահմանագծումները եւ պատուարները՝ հասնելու եւ հարստացնելու համար միտքն ու հոգին արուեստի ծարաւ բոլոր մարդոց, աշխարհի չորս ծագերուն։ Քաղցկեղը թոյլ չտուաւ, որպէսզի Փարաճանով իր հասուն տարիքին շարունակէ ստեղծագործել եւ աշխարհին մատուցէ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին ստեղծագործական թռիչքները։ 66 տարեկանին Փարաճանով առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ շարժանկարի աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին կտակելով անմահութեան արժանի ու հպարտութիւն առթող գեղարուեստական բարձրարժէք ժառանգութիւն մը։ Խոհուն եւ իմաստուն, Փարաճանով աշխարհին ներկայացաւ բաց ճակատով՝ զգուշացնելով մարդոց, որ «Վատ է, երբ խելացին է քեզ հայհոյում, աւելի վատ է, երբ գովաբանում է յիմարը»: Տարբեր չէր կրնար ըլլալ խորհուրդը մեծ արուեստագէտին, որ ապրեցաւ ու գործեց այն փիլիսոփայութեամբ, թէ՝ «Մարդը պարտաւոր է եւ պէտք է ապրի տառապանքի երջանկութիւնը, այլ կերպ նա մարդ չի կարող լինել»: Փարաճանովի ծննդեան 94-ամեակին առիթով, շարժանկարի աշխարհին քերթողաշունչ վարպետին կեանքն ու վաստակը ընթերցողին յիշեցնելու համար, ահա՛ վկայութիւնը Հայկական Հանրագիտարանին.-
Սերկէյ Փարաճանով (իսկական անուն-ազգանունը՝ Սարգիս Փարաճանեանց) մանկութենէն նկարած է, ջութակ եւ դաշնամուր նուագած: Դպրոցական տարիներուն յաճախած է պալէի արուեստանոց եւ թատերական խըմ-բակ: 1942-45 թուականներուն, ուսանած է Թիֆլիզի Երաժշտանոցի երգեցողութեան բաժանմունքին մէջ։ 1951-ին աւարտած է Մոսկուայի Շարժանկարային արուեստի հիմնարկը (Իկոր Սավչենքոյի արուեստանոցը). վկայման աշխատանքը եղած է «Մոլտովական հէքեաթ» ժապաւէնը: 1949-էն սկսեալ Քիեւի Ալեքսանտր Տովժենկոյի անուան շարժանկարի արուեստանոցին բեմադրիչի օգնականն էր, իսկ 1952-էն ետք՝ բեմադրող-բեմադրիչ: Մասնակցած է Սավչենքոյի «Երրորդ հարուածը» (1948 թ.) եւ «Թարաս Շեւչենքօ» (1952 թ.) ժապաւէններու նկարահանումներւն։ 1955-ին Փարաճանով ստեղծած է իր առաջին երկարաժամկէտ՝ «Անտրիէշ» (Եաքով Բազելիանի հետ), ապա՝ «Առաջին տղան» (1959 թ.), «Ուքրանական ռափսոտիա» (1961 թ.), «Ծաղիկը քարի վրայ» (1962 թ.) ժապաւէնները: Ան համաշխարհային ճանաչման արժանացած է «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» (1964 թ.) շարժանկարով, որ դասուած է աշխարհի լաւագոյն ժապաւէններու շարքին եւ արժանացած է 28 տարբեր պարգեւներու (Քիեւի համամիութենական (1964 թ.), Մար տել Փլաթայի (1965 թ.) փառատօններու, Բրիտանական շարժանկարի ակադեմիայի, Ուքրայնոյ Պետական (1990 թ.) մրցանակներու, Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) փառատօնի ոսկէ շքանշանի եւ այլն)։ Ժապաւէնը կուցուլներու (ուքրանացիներու էթնիքական խումբ) մասին է. ներկայացուած է ոչ միայն ժողովրդական ծէսերու, հաւատալիքներու, տօնախմբութիւններու գունագեղ եւ խորհրդաւոր աշխարհ մը, այլեւ բացայայտուած է մարդու ներաշխարհը՝ իր յոյզերով եւ զգացումներով: 1966-ին Փարաճանով սկսած է «Քիեւեան որմնանկարներ» շարժանկարի աշխատանքներուն, սակայն այդ գործին հրապարակումը արգիլուած է (պահպանուած են քանի մը քատրեր): 1966-ին Փարաճանովը հրաւիրած են աշխատելու Հայֆիլմ արուես-տանոցին մէջ: 1967-ին նկարահանած է «Յակոբ Յովնաթանեան» վաւերագրական շարժանկարը: 1969-ին սեփական բեմագրութեամբ ստեղծած «Նռան գոյնը» («Սայաթ Նովա», Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակ՝ 1988 թ.) շարժանկարով հաստատուած է Փարաճանովի արուեստին ինքնատիպութիւնը եւ բեմադրիչը արժանացած է մեծ համբաւի: Շարժանկարի գունագեղ կտաւներ յիշեցնող քատրերը վերակերտած են աշուղ եւ բանաստեղծ Սայաթ Նովայի կենսագրութիւնը, բացայայտած են նաեւ այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են՝ երգը, սէրն ու յաւերժութիւնը: 1973-ին, երբ Փարաճանով սկսած է «Հրաշքն Օտենսում» (նուիրուած է Հանս Քրիստիան Անտերսընին) շարժանկարի աշխատանքներուն, զայն բանտարկած են: 1977-ին միջազգային հանրութեան (Ֆրանսուա Տրիւֆօ, Ժան-Լիւք Կոտար, Ֆետերիքօ Ֆելլինի, Լուքինօ Վիսքոնթի, Ռոպերթօ Ռոսսելինի, Միքելանճելօ Անթոնիոնի, Լուի Արակոն) ճնշման տակ ժամանակէն շուտ ազատ արձակուած եւ վերադարձած է Թիֆլիզ: 1982-ին Փարաճանով դարձեալ կեղծ մեղադրանքներով ենթարկուած է քրէական պատասխանատուութեան եւ 11 ամիս պահուած է Օրթաչալայի բանտը: Հալածանքներու շրջանը տեւած է 15 տարի: Բեմադրիչը նոյնիսկ բանտախուցին մէջ շարունակած է ստեղծագործել. կազմակերպած է ինքնագործ թատրոն, ստեղծած է քոլաժներ, տիկնիկներ եւ գծանկարներ: Փարաճանովի վերջին՝ «Խոստովանանք» ինքնակենսագրական շարժանկարը անաւարտ մնացած է հիւանդութեան պատճառով (նիւթերը ամբողջութեամբ օգտագործած է Միքայէլ Վարդանով իր «Փարաճանով.- Վերջին գարուն» վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, 1992 թ.):
Քերթողաշունչ վարպետին ծնունդը շնորհաւորելով՝ կ՚արժէ իբրեւ ծաղկեփունջ ներկայացնել վկայութեան հետեւեալ պատառիկը Փարաճանովի մասին (Ուիքիփետիա, հայերէն խմբագրութիւն).-
«Սկզբնական շրջանին Փարաճանով բանտին մէջ ճնշուած կը զգար ինքզինք, կոտրուած եւ ոչնչացուած։ Բոլորը կը ծաղրէին զինքը՝ թէ՛ բանտապետը, թէ՛ բանտարկեալները։ Բացի այդ, Փարաճանով վատառողջ էր՝ հիւանդ սիրտ ունէր, կը տանջուէր շաքարախտով: Բանտին մէջ վիրահատեցին թոքերը։ Չնայած այս դժուարութիւններուն՝ Փարաճանով բակին մէջ կը հաւաքէր դուրս նետուած ծաղիկները, հերպարիում կը պատրաստէր եւ նամակով զանոնք կ՚ուղարկէր ընկերներուն։ Անգամ մը նոյնիսկ քեֆիրի կափարիչի վրայ մեխով Փուշքինի, Կոկոլի եւ Պետրոս Ա.- դիմանկարները գծեց։ Բանտապահները, տեսնելով դիմանկարը, կատակեցին անոր շուրջ, սակայն ձեռքէն չառին։ Տասը տարի վերջ այս «մետալիոն»ն հասաւ բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի ձեռքը, որ արծաթէ շքանշան պատրաստեց անկէ, որն այդ ժամանակէն ի վեր կը շնորհուի լաւագոյն ժապաւէնին՝ Ռիմինիի փառատօնին ընթացքին։ «Տմիթրի Շեւչենքօ կը պատմէր. «Բանտը չկոտրեց Փարաճանովը, չաղտոտեց անոր հոգին: Ան կեղտի, լուերու ու վատբանութիւններու աշխարհէն դուրս բերաւ գեղեցկութիւնը, դարձաւ իսկական նկարիչ: Այս առումով ընդհանուր մը բան մը ունին ան եւ Սոլժենիցին, որ գոչած էր.- «Օրհնեա՛լ ըլլաս, բանտ»: Քարի փոքրիկ կտորը, չորացած խոտը, երկաթէ ձողերը անոր ձեռքերուն մէջ գլուխգործոցներ կը դառնային: Միայն Լիլիա Պրիքը չէր անոր նուէրներ կ՚ուղարկէր բանտ: Անգամ մը Փարաճանով բանտի բաղնեպանի հետ միասին փշալարերէն եւ իր գուլպաներէն ծաղկեփունջ պատրաստեց եւ ուղարկեց Լիլիային՝ Մարտի 8-ի կապակցութեամբ: Լիլիան հիացած էր եւ նուէրը դրած՝ Մայակովսքիի նուիրած ծաղկամանի մէջ: Սակայն բանտի հոտը վերացնելու համար ստիպուած էր ծաղկեփունջին սեղմել «Մուսթանկ» օծանելիք… «Լիլիա Պրիք ամէն ինչ կ՚ընէր Սերկէյը բանտէն ազատելու համար։ Այն ժամանակ ան 80 տարեկան էր, սակայն չնայած տարիքին, նախանձելի աշխուժութիւն կը ցուցաբերէր։ Պրիք առաջինն էր, որ ոտքի հանեց օտարերկրացիները՝ որպէսզի պաշտպանեն Փարաճանովը։ Անոր ազդեցութիւնը յատկապէս ուժեղ էր Ֆրանսիայի մէջ։ 1977 թուականին ան անձամբ մեկնեցաւ Փարիզ, ուր ցուցահանդէս կը բացուէր՝ նուիրուած Վլատիմիր Մայակովսքիին։ Այստեղ ան հանդիպեցաւ ֆրանսիացի գրող, համայնավար, Լենինի մրցանակի դափնեկիր Լուի Արակոնի հետ։ Լիլիան համոզեց վերջինս՝ Մոսկուայի մէջ հանդիպելու Պրեժնեւի հետ եւ բարեխօսելու Փարաճանովի համար։ Արակոն համաձայնեցաւ եւ իրօք հանդիպեցաւ Պրեժնեւի հետ ու զրոյցի ժամանակ յիշատակեց Փարաճանովը։ Պրեժնեւ չէր ճանչնար Փարաճանովը, սակայն քանի որ լաւ կը վերաբերուէր Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան եւ անձամբ՝ Լուի Արակոնին, խոստացաւ անպայման քննել այս հարցը։ Եւ կատարեց խոստումը։ 1977 թուականի Դեկտեմբերի 30-ին Փարաճանովը ազատ արձակեցին՝ կրճատելով ժամկէտը մէկ տարիով»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ