ԳՈՀՈՒՆԱԿ ՍԻՐՏ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդուն հիմնական հետաքրքրութիւնն ու զբաղմունքը դարձած են մնայուն վազքն ու նոր նուաճումներն ու ձեռքբերումները: Այսօր, կարծէք աւելի քան երբեք, մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ է, ինքզինքին յաղթելու, ինքզինքը նուաճելու: Եւ այս երեւոյթը գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Այս բոլորին մէջ սակայն ամենէն հետաքրքրական ու միաժամանակ մտահոգեցուցիչ երեւոյթը այն է, որ մարդ հակառակ իր բոլոր ձեռքբերումներուն ու ունեցած նուաճումներուն, մոռցած է շնորհակալութիւն յայտնելու արուեստը, իր սիրտը այնքա՜ն քարացուցած է, որ գոհունակութիւնը կարծէք ընդմիշտ վտարած է իր սիրտէն՝ անոր առջեւ իր սիրտին դռները փակելով:
Շնորհակալութիւն յայտնել կամ գոհունակ սիրտ ունենալ երբ կ՚ըսենք, մեզմէ շատեր այս արտայատութիւնները իւրովի կը հասկնան ու կ՚ըմբռնեն: Այսպէս, օրինակի համար, շնորհակալութիւն յայտնել ըսելով ոմանք կը հասկնան շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, Որու օրհնութեամբ տուեալ մարդը կամ մարդիկը հասած են ցանկացած ձեռքբերումի մը կամ յաջողութեան մը: Ուրիշներ, շնորհակալութիւն յայտնել ըսելով կը հասկնան շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր մարդոց, որոնք այսպէս կամ այնպէս նպաստ մը ունեցած են իրենց յաջողութեան հասնելուն, այդ նպաստը կրնայ ըլլալ բարոյական կամ նիւթական եւ կամ հոգեւոր նպաստ. այս պարագան ընդհանրապէս կը վերաբերի հաստատութեան մը կամ կառոյցի մը ձեռք բերած յաջողութեան: Ուրիշներ շնորհակալութիւն յայտնել ըսելով կը հասկնան շնորհակալութիւն յայտնել՝ նեղ առումով, ընտանիքի անդամներուն՝ հայր, մայր, ամուսին, կին, եղբայր, քոյր, զաւակներ, եւ այլն: Մէկ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնելու անդաստանը ընդարձակ է, ու եթէ մարդ տիրապետած է այդ արուեստին, արդարեւ միշտ կը գտնէ առիթն ու դրդապատճառը շնորհակալութիւն յայտնելու:
Ինչ կը վերաբերի գոհունակ սիրտ ունենալուն. ինչպէս շնորհակալութիւն յայտնելու պարագան, գոհունակ սիրտ ունենալը եւս տարբեր մարդիկ տարբեր ձեւով կը հասկնան ու կ՚ըմբռնեն: Այսպէս, ոմանք գոհունակ սիրտ ունենալով կը հասկնան համակերպիլ եւ ընդունիլ իրենց տուեալ վիճակը բոլոր առումներով, այսինքն՝ տուն-տեղ, առողջութիւն կամ հիւանդութիւն, աշխատանք կամ անգործութիւն [այստեղ ուշադիր պէտք է ըլլալ ու ճիշդ հասկնալ. անգործութիւն, ո՛չ թէ կեանքի կերպի վերածուած, այլ՝ անգործութիւն ինչ-ինչ պատճառներով, որու դիմաց մարդը փոխանակ տրտնջալու՝ գոհունակ սիրտոց կը դիմագրաւէ եղելութիւնը ու ամէն կերպով կ՚աշխատի, որպէսզի վերստին սկսի իր աշխատանքին], յաջողութիւն կամ ձախողութիւն, եւ այլն: Ուրիշներ, գոհունակ սիրտ ունենալով կը հասկնան ամէն պարագաներու մէջ միշտ անտարբերուիւն ցուցաբերել, ինչ որ սխալ է: Ուրիշներ, դրամ ծախսելն ու ժամանակ մեռցնելը կը թարգմանեն որպէս գոհունակութիւն, այսինքն՝ ներքնապէս իրենք զիրենք հանգիստ կը կարծեն կամ իրենք ներքին հանգստութիւնը կը կապեն դրամ մսխելուն եւ ժամանակավաճառութեան հետ…: Ուրիշներ, գոհունակ սիրտ ունենալով կը հասկնան Տիրոջ կամքին հնազանդութիւն, որ կը թարգմանուի Տէրունական աղօթքի հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Քու կամքդ թող ըլլայ». այսպիսիները հասկցած ըլլալով կեանքի ճշմարիտ իմաստն ու նպատակը իրենց սիրտին գոհունակութիւնը կը կապեն Աստուծոյ կամքին կատարումովը, ինչ որ լաւագոյն եւ ճշմարտագոյն կերպն է գոհունակ սիրտ ունենալուվ:
Այս բոլորով հանդերձ մարդը միշտ դժգոհ է։ Տեսակ մը անհանգստութեան ու անբաւարարութեան մէջ է: Իր ունեցածով գոհանալ չի գիտեր, իր ունեցածին համար շնորհակալութիւն յայտնել չի՛ գիտեր:
Այսպէսով, մենք՝ մարդիկս յաճախ՝
Կը դժգոհինք մեր տկար տեսողութենէն կամ ակնոցներու անյարմարութենէն, սակայն երբեք չե՛նք մտածեր կոյրերու մասին, որոնք ընդհանրապէս զուրկ են տեսողութենէն ինչ-ինչ պատճառներով: Եթէ պահ մը մտածենք կոյրերուն մասին, որոնք զրկուած են տեսնել այն բոլոր բաները, զորս մենք կը տեսնենք, այլեւս պիտի դադրինք դժգոհելէ մեր ակնոցներու անյարմարութենէն ու տկար տեսողութենէն:
Կը դժգոհինք մեր տկար լսողութենէն կամ մեր ականջին մեծ ու փոքր ըլլալու հանգամանքէն, բայց երբեւէ չե՛նք մտածեր խուլերուն մասին, որոնք լսելուն ինչ ըլլալն անգամ չեն գիտեր, որովհետեւ երբեք իրենց ականջները ձայն չեն լսած: Դարձեալ, եթէ պահ մը մտածենք խուլերուն մասին, այլեւս ո՛չ մեր ականջներուն մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը, երկարութիւնն ու կարճութիւնը մեզ կ՚անհանգստացնեն, ընդհակառակը կը բաւարարուինք մեր ունեցածով ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար:
Կը դժգոհինք մեր շրթներէն-բերաններէն, մտածե՛նք համրերու մասին, եւ այդ ատեն կը դադրինք գանգատելէ մեր արտաքին տեսքէն կամ ծուռումուռ շրթունքներէն, որովհետեւ աւելի լաւ է ծուռումուռ շրթներ ունենալ, քան զրկուած ըլլալ խօսելու ունակութենէն:
Կը դժգոհինք մեր ձեռքերէն, թէ կը ցաւին, շատ ծանրաբեռնուած ենք, եւ այլն, բայց կը մոռնանք մտածելու այն մարդոց մասին, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով զրկուած են իրենց ձեռքերէն: Շնորհակալ պէտք է ըլլալ ունեցածին համար եւ ունեցածով բաւարարուիլ իմանալ, որպէսզի ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ. մեր ունեցած փոքր բաժինն ալ մեզմէ չառնուի:
Կը դժգոհինք մեր ոտքերէն, թէ ուռած են երկար քայլելէ, պէտք է անպայման ինքնաշարժ մը ձեռք ձգեմ, սակայն չե՛նք մտածեր կաղերուն մասին, որոնք ինքնուրոյն քայլելու կարողութիւնն իսկ չունին…:
Պա՛հ մը միայն, եթէ այս բոլորին մասին մտածենք, կը նկատենք, որ դժգոհելու ու անշնորհակալ ըլլալու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին սա տողերը. «[Աստուծոյ] գոհութիւն յայտնելով բարերարութիւններուն համար, դուն քու պարտքդ կը կատարես, իսկ վշտալի, աղէտալի իրավիճակներուն մէջ [Աստուծոյ] գոհութիւն յայտնելովդ, ատով զԻնք քեզի պարտական կը դարձնես»: Արդարեւ, դժգոհելու փոխարէն այնպէս ընենք, որ Տէրը մեզի պարտական մնայ: Իսկ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսպէս կ՚ըսէ գոհութիւն յայտնելու մասին. «Գոհաբանութիւն կատարելը, գոհութիւն ընծայելն առ Աստուած մարդու ամենէն ազնուական զգացումներէն մէկն է։ “Գոհանամք զքէն Տէր”ը մարդու սիրտէն դէպի երկինք վերթեւող ամենէն բնական ու հարազատ ապրումն է»:
Շնորհակալ եւ գոհունակ սիրտ ունենալը արդարեւ ամէն բան Աստուծոյ յանձնելուն մէջ է ու վստահելուն՝ Անոր կամքին: Կարդանք հետեւեալ պատումը եւ աշխատինք սորվեցնել մենք մեզի գոհունակ եւ շնորհակալ սիրտ ունենալու:
Երիտասարդ մը, ամէն առաւօտեան գործի գացած ժամանակ կը բարեւէր իրենց կողքի ծեր դրացիին, որ նստած կ՚ըլլար իր տան դիմաց, ու անոր որպիսութիւնը կը հարցնէր, եւ միշտ գրեթէ նոյն պատասխանը կը ստանար.
-Փառք Աստուծոյ, զաւակս, լաւ եմ եւ շնորհակալ եմ հարցնելուդ:
Երիտասարդը, որ արդէն մի քանի տարի էր, որ իր ծեր դրացիէն նոյն պատասխանը կը լսէր, օր մը կ՚որոշէ հետաքրքրուիլ իրմէ ու հասկնալ, թէ ինչո՞ւ միշտ շնորհակալ սիրտով փառք կու տայ Աստուծոյ եւ իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Այսպէսով, յաջորդ առաւօտ նոյն պատասխանը ստանալէ ետք, կը դիմէ ծեր դրացիին.
-Հայրիկ, քանի տարի է արդէն, որ ամէն օր քեզմէ նոյն պատասխանը կը ստանամ, կ՚ուզեմ գիտնալ պատճառը:
Ծերուկը ժպտալով, կը պատասխանէ.
-Զաւակս, երբ երիտասարդ էի եւ նոր աշխատանքի անցած էի, ամէն ինչէն կը դժգոհէի, աշխատանքէս, աշխատակիցներէս, գործատէրէն, ընկերներէս, մէկ խօսքով, ամէն բանէ կը գանգատէի, կը գանգատէի ու կը գանգատէի, բայց միաժամանակ կը զգայի, որ դարձեալ գոհ չեմ, դարձեալ խաղաղ չեմ, դարձեալ երջանիկ չեմ: Օր մը սակայն, աղքատ ու կաղ ծերուկի մը դէմքին նկատած ժպիտը փոխեց ամէն ինչ: Այդ ժպիտը տեսնելէ ետք, սկսայ մտածել ու այպանել ինքզինքս, ըսելով, թէ տակաւին երիտասարդ եմ, աշխատանք ունիմ, ոտքեր ունիմ, կեանքը տակաւին առջեւս է, մէկ խօսքով ամէն ինչ ունիմ, բայց միշտ դժգոհ եմ, մինչ տեսած ծերուկս, որ աղքատ ու կաղ էր, կը ժպտար ու այդ ժպիտին մէջ այնքա՜ն խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կար, որ կ՚ազդէր չորս կողմը գտնուողներուն վրայ: Այդ օրէն սկսած, որոշեցի, որ այլեւս ո՛չ մէկ բանէ պիտի դժգոհիմ ու պիտի փոխեմ իմ վարք ու բարքս, շնորհակալ պիտի ըլլամ ունեցածիս համար եւ փորձեմ կարելի եղածին չափ բարութիւն տարածել շուրջիններուս: Եւ, փա՜ռք կու տամ Աստուծոյ, որ զիս ճիշդ ճանապարհին բերաւ ու հասկցայ, թէ այդ աղքատ ու կաղ ծերուկը, որուն այդ օր հանդիպեցայ, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Աստուծմէ ղրկուած առաքեալ մը, որ պատճառ դարձաւ իմ կեանքս դէպի լաւը փոխելու:
Խորհուրդս քեզի այն է զաւակս, որ դուն եւս միշտ շնորհակալ եւ գոհ ըլլաս ունեցածիդ համար, մնացածը Աստուած ժամանակին Ի՛նք կու տայ քեզի, ինչպէս որ ինծի տուաւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
13 յունուար 2020, Վաղարշապատ