ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՎՆԱՍ ԿՐՈՂԸ ԵՐԿՐԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՆ Է

Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն իրավիճակը բնականաբար իր ծանրագոյն հետեւանքները պիտի ունենայ կրթական համակարգին ու ուսումնական տարեշրջանին վրայ։

Երկար ատենէ ի վեր շարունակուող բողոքի ալիքը աւելիով բարդացուցած է գործը միջին խաւի ընտանիքներուն, որոնցմէ շատեր արդէն նախքան այս տագնապին սկիզբ առնելը, բաւական մեծ դժուարութիւններ կ՚ունենային իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու առումով։ Ճիշդ է, որ Լիբանանի ուսուցիչներ երկար տարիներու բողոքի ցոյցերէն եւ գործողութիւններէն ետք կարողացան տիրանալ իրենց ակնկալած յաւելումներուն, սակայն այդ մէկը մեծ հաշուով չլուծեց կրթական համակարգին առջեւ ծառացած խնդիրները։

Երկիր մը, որ կը կառավարուի համայնքային դրութեամբ, բնականօրէն պիտի ունենար «համայնքային դրութեամբ» ապրող եւ «բաժան-բաժան»  կրթական համակարգ մը, որ նաեւ ձեւով մը կը համարուէր երկրի աւատապետական-համայնքային-դաւանական բաժանումներու մէջ ապրող երկրին հայելին։ Հոս ամենախոցելի կէտը այն էր, որ Լիբանանի պետական կրթական հաստատութիւնները կը համարուէին երկրի ամենաաղքատ խաւի ընտանիքներուն համար եղած միակ «կրթական երդիքներ»ը։ Այս անշուշտ մեծ հաշուով կը խանգարէր ու վաղն ալ պիտի խանգարէ, որ լիբանանցիք ունենային առողջ, մէկ ազգային տեսիլքով եւ մէկ գաղափարական ուղիի որդեգրած կրթարաններ։

Կրթական համակարգերուն մէջ նոյնութիւն եւ նոյնանմանութիւն փնտռելու մօտեցումը անշուշտ պէտք չէ հասկնալ, որպէս բռնատիրական կարգերու տակ ապրող երկիրներու ունեցած կրթական համակարգերուն նմանիլ։ Բայց եւ այնպէս, շատ բացայայտ ու յստակ է, որ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ առնուազն քաղաքացիական պատկանելիութեան զգացումը, երկրին հանդէպ հաւատարիմ ըլլալու եւ միւս քաղաքացիներուն հետ հաշտ ապրելու ընթացակարգերը կարելի է իրականացնել միայն կրթական օճախներու ճամբով։ Այսօր սակայն այդ մէկը կը բացակայի երկրէն եւ իւրաքանչիւր դպրոց, նայած թէ ո՛ր համայնքին կը պատկանի, կամ ո՛ր համայնքի դրամներով ու նեցուկով կը կառավարուի, իր սաները կը կրթէ ու կը պատրաստէ տուեալ «հովանաւոր» կողմի ընկալումներով։

Այս մօտեցումը անշուշտ մեծ բեռ ու արգելք է, որպէսզի լիբանանցիք ունենան քաղաքացիական առողջ համակարգ մը, որուն շնորհիւ ալ անոնք պիտի կարողանան ապրիլ խաղաղ ու համերաշխ, ոչ միայն կրօնական տարբերութիւնները համարելով շահ իրենց ու իրենց երկրին, այլ մէկդի նետելով դաւանական տարբերութիւնները, որոնք ցայսօր ալ դամոկլեան սուր են ամբողջ Լիբանանին համար։

Այս բոլոր խնդիրները մէկդի դնելէ անդին այսօր յստակօրէն կ՚երեւի, որ Լիբանանի մէջ առկայ տագնապին առաջին եւ մեծագոյն վնաս կրողը դարձած է երկրի կրթական համակարգը։ Վարժարաններու տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմեր, ծնողական խորհուրդներ, ծնողներ եւ աշակերտեր կը գիտակցին արդէն, որ կրթական տարեշրջանը մեծ մասամբ վտանգուած է, եթէ նոյնիսկ կարելի ըլլայ ձեւով մը փրկել ուսումնական տարին, այնուամենայնիւ շատ բարդ փուլ մը պիտի բացուի, նոյնիսկ եթէ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապը փառատի ու ծնողներ յայտնուին իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը չկարենալ փակելու բարդ դրութեան մը առջեւ։

Կրթական տարեշրջանը անշուշտ հնարաւոր է կերպով մը փրկել, նշանակելով յաւելեալ դասապահեր, կամ նոյնիսկ զեղչելով որոշ տօներու առթիւ նախատեսուած դպրոցական արձակուրդները, սակայն այդ միջոցառումները անկարող են առկայ տագնապին վերջնական լուծումներ բերել։

Լիբանանի աշակերտութեան մեծ տոկոսին ծնողները յայտնուած են նիւթական անցուկ վիճակներու մէջ, երկրէն ներս կայ դրամական տագնապ, իսկ այդ աշակերտութեան ծնողներուն կամ հայրերուն մեծ մասը իրենց ընտանիքը կը պահեն աշխատանքէն վաստակուած ամսավճարներով։ Այստեղ եւս մեծ խնդիր կայ, որովհետեւ աշխատաւոր եւ համեստ խաւի ներկայացուցիչներուն մեծ մասը արդէն վերջին երկու ամիսներուն իր բնականոն ամսավճարները չի ստանար ու վաստակած գումարն ալ հազիւ կը բաւէ, որ տան հայրը կարողանայ պահել իր տունը։

Հայութիւնն ալ, ինչպէս երկրին մէջ ապրող միւս համայնքներու անդամները, անմասն չէ այս տագնապներէն ու մեծ հաշուով ալ երբեք գաղտնիք չէ, որ լիբանանահայութեան մեծ տոկոսը կը բաղկանայ նիւթական անցուկ պայմաններ ունեցող ընտանիքներէ ու անոնք է, որ դարձեալ յայտնուած են անմխիթար եւ դժուարին վիճակի մը մէջ։

Ամէն պարագայի աւելի մօտէն իրազեկուելու եւ իմանալու, թէ ինչպիսի՞ն է վիճակը հայկական վարժարաններուն, յաջողեցայ զրոյց մը ունենալ Լիբանանի Հայ աւետարանական վարժարանի (Էշրէֆիյէի մասնաճիւղ) տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեանին հետ։

Ստորեւ հարցազրոյցը։

ԿԱՐԾԻՔ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

-Երկրին մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն հետեւանքով գոյացած մթնոլորտին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։ Իրավիճակը մտահոգիչ է՞։

-Երկրին մէջ տիրող վիճակը մտահոգիչ է: Ժողովրդային յեղափոխութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ եւ արդարացի պահանջ մը ընդդէմ երկրի մէջ տիրող փտածութեան: Լիբանանցին ճնշուած, յուսախաբ եւ անիրաւուած կը զգայ: Ներկայ վիճակը կուտակուած ճնշումի պոռթկում մըն է, որ իր հետ կը բերէ զայրոյթ, յուսախաբութիւն եւ պահանջատիրութիւն: Ակներեւ է նաեւ, որ կան խումբեր, որոնք օգտուելով այս իրավիճակէն «պղտոր ջուրին մէջ ձուկ կ՚որսան» եւ իրենց անձնական կամ կուսակցական օրակարգերը յառաջ կը մղեն:

-Բողոքի այս ալիքը դրական տեղաշարժ պիտի բերէ՞ Լիբանանին։ Դուք լաւատես է՞ք։

-Լիբանանի կառավարութիւնը կ՚անդրադառնայ ժողովուրդին պահանջներուն գոհացում տալու անհրաժեշտութեան, սակայն մինչեւ օրս գործնական ոչ մէկ քայլ առնուած է այս ուղղութեամբ: Կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, որովհետեւ ժողովուրդը երկրին ղեկավարներուն նկատմամբ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է: Երկիրը կը դիմագրաւէ յատկապէս տնտեսական տագնապ, դրամատուները նոր սահմանափակումներ կը ճշդեն, վտանգելով ժողովուրդին ապահովութեան զգացումը:

-Տարբեր ժամանակներու ականատես եղած էք նմանատիպ բողոքի ցոյցերու, գործադուլերու. այս ցոյցերը ինչո՞վ կը տարբերին անցեալի ցոյցերէն։

-Ակներեւ է, որ ժողովրդային շարժումին նպատակներուն կողքին, կը հետապնդուին նաեւ միջազգային նպատակներ: Տարբեր կուսակցութիւններ եւ համայնքներ ունին հակասական պահանջներ եւ այս բոլորին գոհացում տալը կը խոչընդոտէ բարեկարգումներ մշակելու ծրագիրը:

-Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան ցոյցերը կրթական համակարգին ու յատկապէս ձեր ղեկավարած վարժարանին վրայ։

-Ցոյցերը արգելք հանդիսացան դպրոցէն ներս մեր ամէնօրեայ բնականոն ընթացքին, որովհետեւ կեդրոնական փողոցները փակուեցան՝ երբեմն հրկիզուող անիւներով, երբեմն ալ ցուցարարներու բազմութեամբ: Մինչեւ օրս լիբանանեան բոլոր վարժարանները փակ մնացին տասներեք դպրոցական օրեր: Այս մէկը խոչընդոտ հանդիսացաւ կրթական ծրագիրներու հեզասահ ընթացքին, որուն որպէս հետեւանք յետաձգուեցան ճշդուած ժամկէտներն ու ծրագիրները: Աշակերտութեան մօտ յառաջացաւ անտրամադրութիւն, թուլութիւն եւ անհոգութիւն:

-Ի՞նչ ճիգեր պիտի գործադրէք փրկելու համար կրթական տարեշրջանը. տրուած ըլլալով, որ շատեր կը խօսին ուսումնական տարեշրջանի վտանգուած ըլլալուն մասին։

-Մեր վարժարանէն ներս նոր որոշումներ որդեգրեցինք փրկելու համար կրթական տարեշրջանը: Որոշեցինք որոշ շաբաթ օրեր դասաւանդութիւն կատարել, ամփոփեցինք քննութեան օրերը, ինչպէս նաեւ որոշեցինք կարգ մը արձակուրդներ կրճատել: Յետագային, ըստ կարիքի նաեւ հաւանական է, որ կրթական տարեշրջանը երկարաձգենք:

-Երկու խօսք ալ լիբանանահայութեան մասին. այսօր ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Լիբանանի հայագաղութը եւ ի՞նչ են գաղութին առջեւ ծառացած սպառնալիքները։

-Լիբանանահայութիւնը որդեգրեց չէզոք կեցուածք, թէ՛ որպէս գաղութ եւ թէ՛ որպէս կուսակցութիւններ ու որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարեց: Անշուշտ մասնակից էր ցոյցերուն, սակայն այդ մէկը չխաթարեց լիբանանահայութեան ներկայացուցած քաղաքական պատկերը: Ականատես ենք ալիք առ ալիք Լիբանանէն գաղթող երիտասարդութեան. մտահոգ ենք, որ հայ երիտասարդը մատնուած ըլլալով յաւելեալ յուսախաբութեան՝ կը դիմէ արտագաղթի, նօսրացնելով հայ գաղութի գոյութիւնը Լիբանանէն ներս: Այս առումով, լիբանանահայ ղեկավարները զգուշութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ կը վարուին համայնքի կենսունակութիւնը վառ պահելու համար:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020