ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՇՏ «ԿՈՂՄՆԱԿԻ ԿՌԻՒՆԵՐ»
Լուսանկարին մէջ երեւցող գեղեցուհիին անունը Սթեֆանի Սալիպա է։ Լիբանանցի քրիստոնեայ յայտնի դերասանուհի Սթեֆանին դեկտեմբերի 10-ին Պէյրութ կը վերադառնար ու կը ձերբակալուէր։ Աւելի ուշ լրատուական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Սթեֆանին ձերբակալուած է դրամալուացման հարցերով եւ ան իրաւապահ մարմիններուն ձեռամբ պիտի յանձնուի դրամական ոճիրներու եւ դրամալուացման յատուկ մարմնին։
«Լիպանոն Ֆայլզ», որ լրատուութիւնը կատարողներէն է, զարմանք կը յայտնէ դէպքին կապակցութեամբ նշելով, որ այս խնդրին մէջ իրաւապահ մարմիններ իրենց գործելաոճով ձեռնամուխ կ՚ըլլան դատական մարմիններու աշխատանքներուն։ Իսկ աւելի ուշ այլ աղբիւրներ դարձեալ լուր կը տարածեն (սակայն դեռ ստոյգ չէ), որ անոր դատը պիտի տեսնէ երկրի նախկին նախագահ զօրավար Միշել Աունի «մարդ»ը համարուող դատախազ Ղատա Աուն։
Հիմա այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն բացայայտ է, որ Սթեֆանիի ձերբակալումը ունի քաղաքական ենթաթեքստ (ինչպէս ամէն բան Լիբանանի մէջ) եւ այս փուլին նման քայլի մը երթալը կը նշանակէ՝ կրկին անգամ թիրախ դարձնել երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն։
Թէ ի՞նչ զարգացումներ կրնան ծնիլ այս ձերբակալումէն, դեռ պարզ չէ. սակայն յայտնի է, որ նախկին նախագահը եւ անոր ամբողջ խումբը (մանաւանդ փեսան՝ Ժըպրան Պասիլ) այս ձեւով պիտի փորձեն նոր օրակարգ մը բանալ, նաեւ կերպով մըն ալ վրէժ լուծել երկրի սիւննի վարչապետ Նաժիպ Միքաթիէն, որ տարբեր առումներով բարձր մակարդակի կապեր ունի Ռիատ Սալամէին հետ։ Անշուշտ, հոս կայ հակաամերիկեան որոշակի քայլ մը, որ սակայն իմ կարծիքով՝ պիտի չհասնի իր նպատակներուն։
Լիբանանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր դժուար օրերը կ՚ապրի եւ, դարձեալ իմ կարծիքով, այս փուլը քաղաքական առումով իրեն համար հեշտ փուլ մը պիտի չըլլայ։ Ան կորսնցուցած է նախագահ դառնալու առիթները եւ եթէ այսպէս շարունակէ, կրնայ ունենալ ներքին ճակատի ծանր անկումներ։
Ամէն պարագայի Սթեֆանի Սալիպայի թղթածրարը երկրին մէջ առիթ պիտի դառնայ տնտեսական աւելի մեծ բարդացումներու ու աւելի քան վստահ եմ, որ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, ԱՄՆ այս փուլին զոհ պիտի չդարձնէ իրեն հաւատարիմ մարդը եւ Լիբանանի տնտեսութեան «լոքոմոթիվ»ը՝ Ռիատ Սալամէն։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ»Ը
Ի դէպ, աւելի լայն ընկալումով հասկալու համար Լիբանանի մէջ ընթացող ներքին պայքարները, նախ եւ առաջ պէտք է դիտարկել ու լաւապէս հասկնալ, որ ներկայ փուլին այդ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական խօսք ունեցողները մեծ հաշուով փոխուած են։
Մինչ մօտիկ անցեալին Լիբանանի մէջ գլխաւոր խաղացողները Սուրիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էին, այսօր խաղացողները աւելցած են եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մօտեցումը, իր տեսլականը, հետեւաբար նաեւ իր շահը։ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ընթացող եւ բազմաբեւեռ խաղին մէջ ամենամեծ տուժող կողմը դարձաւ Սուրիան, որ պատերազմին հետեւանքով ոչ միայն հեռացաւ մեծ առեւտուրներէն, այլ մտաւ իր սեղմուած ածուին մէջ ու մինչեւ հիմա ալ կը շարունակէ մնալ իր նեղ անկիւնէն ներսվ։ Սուրիան ի տարբերութիւն միւս խաղացողներուն, ունէր Լիբանանի այդքան դժուար ներքին խաղերը համակարգելու մեթոտ։ Ճիշդ է, որ լիբանանցիք կերպով մը զզուած էին Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեանց, նաեւ «քաղաքական մարզպետներ»ու վարքէն ու միջամտութիւններէն, բայց եւ այնպէս, կը կառավարուէր աւելի հիմնաւոր դրոյթներով եւ առնուազն կար քաղաքական կարգ ու կանոն, որ կը յանգեցնէր ապահովական ընդհանուր անդորրի մը։
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ տեղի կ՚ունենային մեծ սխալներ ու բացթողումներ, որոնց հեղինակները սուրիացիները չէին, այլ նոյնինքն Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի գլխաւոր դէմքերը, որոնց մեծ մասն ալ կը համարուէին քաղաքացիական պատերազմի «հերոսներ»ը։ Ուրեմն այդ փուլին էր, որ տեղի ունեցան դրամական մեծ ֆիասքոներ, երկրի պարտքի ծաւալները աւելցան եւ հիմը դրուեցաւ այսօրուան տնտեսական մեծ փլուզման։ Այդ մեծ սխալներու կողքին կար սակայն երկրի անդորրը պահելու գործիքակազմ մը, որուն բանալիները կը գտնուէին Սուրիոյ մօտ եւ ատոր շնորհիւ ալ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու գործընթացները կ՚ընթանային շատ աւելի մեծ հեշտութեամբ, քան ինչ կը կատարուի այսօր։ Այդ փուլը 1990-2005 թուականներու միջեւ էր, երբ ԱՄՆ ուղղակիօրէն որպէս «նուէր» Լիբանանը մատուցած էր Սուրիոյ։
Եթէ փորձենք այսօրուան դրոյթները լոյսին տալ ու մասամբ ալ հասկնալ, որ ի՛նչ հիմքերով եւ ի՛նչ հաշիւներով յառաջ կը տարուին Լիբանանի գործընթացները, ապա հարկ է նշել, որ այսօրուան դրութիւնը աւելի բարդ է, որովհետեւ խաղացողներուն բոլորը չունին յստակ նպատակներ։ Օրինակ՝ Իրանը, որ կը համարուի Լիբանանի ներքին սրտայոյզ խաղերը համակարգող եւ ռազմական ձեռք ունեցող կողմ, վստահ չէ իր դերին վրայ։ Վստահ չէ, որ ինչքան ժամանակի վրայ պիտի կարողանայ պահել իր աչքի լոյսը՝ «Հիզպուլլահ»ը, նաեւ վստահ ալ չէ, որ լիբանանեան արմատներով այս կազմակերպութիւնը մինչեւ ո՛ւր կրնայ սպասարկել Իրանի շահերուն։ Նոյնը կարելի է ըսել ԱՄՆ-ի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի համար, որոնք Իրանի կողքին կը համարուին հիմնական խաղացողներ եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր անկախ ծրագիրը, որ բազմաթիւ պարագաներու ալ կը համարուի «ծրագիր չունենալու ծրագիր» մը։
Ու քանի այս մօտեցումները կան ու դեռ կը շարունակուին, դժուար է յառաջիկայ փուլերուն Լիբանանի ներսէն բխող լուծում մը ակնկալել։
Լիբանանցիք շատ լաւ գիտեն այս մէկը, հակառակ անոր, որ անոնցմէ շատ-շատեր կ՚երազեն ամբողջապէս ինքնիշխան եւ իր շահերու թելադրականութեամբ շնչող երկիր մը ունենալ, սակայն հաւանաբար կարելի չէ, երբ այդ երկրի գործիչներուն մեծ մասը «հարկատու» են դուրսի ուժերուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան