ԱԿՆԱՐԿ - 5 - ԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂԷ՞Տ, ԹԷ՞ ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺ

Անցնող շաբաթասկիզբը սարսափազդու եւ ահաւոր զգացումներու եւ ապրումներու շաբաթասկիզբ մը եղաւ ամբողջ աշխարհին համար, յատկապէս Սուրիոյ Արաբական եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն համար, երբ զօրաւոր երկրաշարժ մը՝ 7.8 ուժգնութեամբ հարուածեց Թուրքիոյ հարաւային, արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան, իսկ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանները:

Այս գրութիւնը գրած պահուն, զոհերուն թիւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ անցած է 20 հազարը, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ 100 հազարը: Փրկարարական բազմաթիւ ջոկատներ կը շարունակեն իրենց տքնաջան եւ անդադրում աշխատանքները, կարելի եղածին չափ աւելիով կարենալ մարդոց կեանքերը փրկելու համար:

Պատահածը ողբերգութիւն մըն է, որ ո՛չ կրօնք, ո՛չ ազգութիւն եւ ո՛չ այլ ինչ կը ճանչնայ: Ողբերգութիւն մըն է, որ այս անգամ ո՛չ թէ մարդ արարածին ձեռագործն է, այլ՝ բնական աղէտ մըն է: Աղէտ մը, որ մէկ վայրկեանէն իսկ պահած բազմաթիւ մարդոց կեանքերը խլեց, բազմաթիւ մարդոց առողջութիւնը խանգարեց, բազմահազար մարդիկ անօթեւան ու անպատսպարեալ դարձուց: Մէկ խօսքով, մինչ այժմ արձանգրուած մարդկային բնական աղէտներու պատճառով պատահած ողբերգութիւններուն ողբերգութիւն մը եւս աւելցաւ:

Այն շրջանները, ուր երկրաշարժը հարուածած էր, առաջին անգամը չէր որ երկրաշարժ կը պատահէր, նկատի ունենալով, որ այդ շրջանները երկրաշարժային գօտիի մէջ կը գտնուին: Անցեալ շաբթուան երկրաշարժը մեր ապրած ժամանակաշրջանին ամենէն զօրաւոր երկրաշարժն էր…

 Ազգագրագէտ, բանասէր Յակոբ Չոլաքեան իր դիմատետրի էջին վրայ հետեւեալ գրութիւնը տեղադրած է. «Պատմութեան մէջ հզօր երկրաշարժներ մեծ աւերներ գործած են այն նոյն շրջանակին մէջ, ուր երէկ երկրաշարժ պատահեցաւ, պատմական Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմերը։ Այդ երկրաշարժները կը յիշատակուին Անտիոքի եւ Հալէպի, անուններով։ Յոյն ժամանակագիր Յովհաննէս Մալամասի հաղորդումով՝ ծանրագոյն աղէտ էր 526 թուականին (յունաց 5200 թուականին) Անտիոքի ահաւոր երկրաշարժը, որ քարուքանդ կ՚ընէ նաեւ ծովափնեայ քաղաքները ու կը խլէ 250 հազար զոհ։

«Պարբերական ցնցումներ յաճախ պատահած են այդ շրջանակին մէջ։ Հայ մատենագիրներ եւս կը յիշատակեն անոնց մասին։

«Ահաւոր եղած է Հալէպի 1822-ի երկրաշարժը։ Ցնցումները սկսած են 5 օգոստոսէն։ Մեծագոյն ցնցումը եղած է 13 օգոստոսին եւ տեւած 40 երկվայրկեան։ Յետընթաց ցնցումներ պատահած են յաջորդ երկուքուկէս տարիներու ընթացքին։ Հալէպի այս երկրաշարժը ծանրօրէն հարուածած է նաեւ Այնթապն ու Քիլիսը, Ճսըր Շուղուրը, Իտլիպն ու Անտիոքը, ամբողջ ծովափնեայ շրջանները։ Ճսըր Շուղուրի մօտիկ հայկական Գնիէ գիւղի աղբիւրին վերանորոգութեան վիմագիր արձանագրութիւնը կը վաւերագրէ այս մեծ շարժը․ ԹԻՒ ՇԱ/ՐԺԻՆ./ՀՃ. 1238՚ (1822) ԵՂԵՒ ՊԱՏՃԱՌ / ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՂԲԻ / ՒՐՍ ՇԷԽ ԻՍԱՆ / ԱՐԴԻԱՄԲ ՏՐ. ՕՎԱՆԷ / ՍԻՆ:

«Քանդիչ էր նաեւ Անտիոքի 1872-ի երկրաշարժը։ Քաղաքէն դուրս մեծ աւերներ կը պատահին նաեւ 38 գիւղերու մէջ, անոնց կարգին նաեւ Մուսա լեռան եւ Քեսապի գիւղերուն մէջ։ Ատիկա հայ բնակչութեան յիշողութեան մէջ կը մնայ "Ժաժը տէրէն"՝ շարժի տարին անունով։ Մարիամ Սարամազեանը, Քեսապի շրջանի Վերի Պաղճաղազ գիւղէն կը պատմէ հետեւեալը․ «Իմ առաջին յիշողութիւնս կու գայ 1872-էն։ Ատիկա այն տարին էր, երբ ամբողջ Անտիոքը աւերակ դարձաւ երկրաշարժէն, որ մեր կողմերն ալ ցնցեց։ Կը յիշեմ, մեր տունէն քիչ հեռու հարթավայրի մը մէջ վրան զարկինք եւ երկու-երեք շաբաթ հոն ապրեցանք։ Ոտքիս վրայ վէրք բացուած էր։ Մեծ մայրս զիս դուրս չէր հաներ։ Ես միւս մանուկներուն պէս դուրս ելլել եւ երկրաշարժէն շարժող ծառերը եւ լեռներէն գլորուող ժայռերը դիտել կ՚ուզէի։ Օր մը եղբայրս լեռնէն գալով մեզի պատմեց, թէ երկրաշարժը ինչ աւերներ գործեր էր, հսկայական ժայռեր գլորեր եւ ծառերը տապալեր էր։ Կը յիշեմ անոր պատմածը։ Այդ ատեն հաւանաբար 4-5 տարեկան ըլլալու էի»։

«Գիտութիւնը տակաւին շատ անզօր կը մնայ բնական աղէտներուն առջեւ։ Մաղթենք, որ պատերազմի համար մարդու ստեղծած զէնքերու փոխարէն՝ բոլորը մտածեն այսպիսի աղէտները սանձելու մասին։ "Աստուած պահապան" ըսենք»:

Այո՛, «Աստուած պահապան» ըսենք:

Չե՛ս գիտեր ինչու սակայն, մեր ժողովուրդի զաւակները փոխանակ այս բարեմաղթութիւնը ընելու, տարուած են մտածելու, թէ այս երկրաշարժը Աստուծոյ կողմէն պատիժ մըն էր մեր թշնամիին…

Լո՞ւրջ, ժողովուրդ, այսքա՞ն սնանկացած ու տմարդի դարձած ենք, այսքա՞ն շուտ մոռցած ենք Սպիտակի երկրաշարժը, որ ըստ ձեր «տրամաբանութեան» ու տմարդութեան այդ երկրաշարժն ալ մեզի համար պատիժ մը եղած ըլլալու էր… Այսքա՞ն տգէտ ենք, որ կ՚անգիտանանք, թէ մենք եւս կը գտնուինք երկրաշարժներու գօտիին վրայ, եւ վաղը կամ միւս օր կրնայ նոյնը մեր մօտ պատահիլ… Եւ եթէ սեպենք, որ ձեր ըսածին նման է, Սուրիոյ պարագան ի՞նչ էր ուրեմն…, Աստուած ձեռքի հետ (քաւ լիցի, մեղայ Աստուծոյ) հարուած մը՝ ձեր տրամաբանութեամբ պատիժ մը տուաւ սուրիացիներո՞ւն ալ…, այս ի՞նչ հիւանդագին ու անմարդկային մտածելակերպ է: Յիշեցէ՛ք եւ լա՛ւ մտաբերեցէք, թէ՝ ուրիշին ողբերգութեամբ ուրախացողը, ինք աւելի ծանր ողբերգութեան զոհ կրնայ դառնալ... մտածել է պէտք...

Հիմա թշնամի-թշնամի խաղալու պահը չէ: Ձաբռտելու փոխարէն, աւելի լաւ պիտի ըլլայ որ ձեր բերանները փակէք, եւ մէկ անգամ ընդ միշտ հասկնաք, թէ Աստուած այս կերպով չի՛ պատժեր մարդիկը: Այս եւ նմանատիպ երկրաշարժներն ու բնութեան այլ կերպի երեւոյթները, որոնց դէմ տակաւին մարդը անզօր է, բնական աղէտներ են, որոնք անցնող դարերուն պատահած են, մեր օրերուն կը պատահին եւ պիտի շարունակեն պատահիլ այնքան ատեն, որ այս աշխարհը տակաւին գոյութիւն ունի: 

Զգաստանանք, քանի մեր գլխուն եկած փորձանքներէն ա՛լ աւելի մեծ փորձանքներ չեն եկած մեր գլխուն։ Զգաստանանք եւ պահ մը մտածենք, որ այս ողբերգութեան աւելի քան քսան հազար զոհերուն գերակշռող մեծամասնութիւնը անմեղ մարդիկ էին: Վե՛րջ տանք չարախնդութեան եւ ատելութեան, զԱստուած չխառնենք մեր կեղտոտ ու անէծքներով լեցուն գործերուն, ընդհակառակը մաքուր սիրտով ու խղճմտանքով, պրն. Յակոբ Չոլաքեանին հետ կրկնենք՝

«Աստուած պահապան»:

Յ.Գ. Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա փրկարարական ջոկատ ուղարկելու Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումին, ապա պատերազմին պարտուած իշխանութիւնը ի զօրու է ամէն տեսակի քայլեր ու որոշումներ կայացնելու եւ այս երեւոյթը այդ որոշումներէն մէկն է: Մեղաւորը իշխանութիւններէն աւելի ժողովուրդն է, որ մինչեւ այսօր թեւ ու թիկունք կը կանգնի գործող իշխանութիւններուն, որոնք ո՛չ մէկ տեսակի պետականամէտ ու ազգայնամէտ գործելակերպ ու գործելաոճ ունին: Իրենք պարզապէս իրենց անձնական շահերուն մասին կը մտածեն: Հետեւաբար, այս մասին խօսիլ, պարզապէս ժամավաճառութիւն է եւ ո՛չ աւելին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023