ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«CARELESS WHISPER»

(«ԱՆԶԳՈՅՇ ՀՈԳՈՑ»), ՃՈՐՃ ՄԱՅՔԸԼ

Յուզիչ բառերով եւ սաքսոֆոնի շքեղ մենանուագով այս գեղեցիկ փոփ-պալլատը 80-ական թուականներու ամենավառ երգերէն է, որ ժամանակի ընթացքին խամրելու փոխարէն՝ երթալով աւելի պայծառացաւ։ Ան ամբողջովին զգացումներու վրայ հիմնուած է, որ ունկնդիրը կը ստիպէ տեղափոխուելու դէպի այլ իրականութիւն մը, յուզուելու, զգալու եւ ապրելու երգի մէն մի ելեւէջին հետ։

Երգը բրիտանացի երգիչ Ճորճ Մայքըլի առաջին մեներգն է։ Մինչ այդ ան կ՚երգէր «Wham!» խումբին մէջ, որ այդ օրերուն կը գտնուէր իր փառքի գագաթնակէտին։ Ճորճը որոշեց երգել խումբէն անկախ։ Անշուշտ, երգի լոյս ընծայումէն կարճ ժամանակ անց սկսան լուրեր շրջանառուիլ, որ Մայքըլ կը լքէ խումբը։ Ան, սակայն, հերքեց լուրերը՝ ըսելով, որ կը պատրաստուի սկսելու մենակատարումի գործունէութեան՝ խումբի գործունէութեան հետ համատեղ։ Երգը թողարկուեցաւ «Wham!» խումբի «Make it Big» ալպոմի վերջին Track-ի տեսքով, եւ քանի որ «Careless Whisper»ը Մայքըլ առանձին կը կատարէր, երգի անուանումի կողքին գրուեցաւ «Ճորճ Մայքըլի մասնակցութեամբ» գրառումը։ Մայքըլի այս նրբանկատ քայլը, սակայն, միեւնոյնն է, չկրցաւ երգը պահել խումբի երգացանկին մէջ, այլ սկսաւ շրջանառուիլ որպէս Մայքըլի մեներգը։ Աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներու մէջ երգը թողարկուած է եւ կը շրջանառուէր որպէս սինկըլ (միայնակ) երգ։

Երգի յօրինումի պատմութիւնը շատ հետաքրքրական է։ Մայքըլ կը պատմէ․ «Ես շատ յստակ կը յիշեմ երգի յօրինումի նախապատմութիւնը, օրը, տեղը, վայրը․․․ Իմ երգերէս գրեթէ բոլորը գրած եմ գնացքներու, ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերու մէջ։ Ներշնչանքը միշտ կու գայ, երբ ճամբան ըլլամ։ Այդ երգը գրելու օրը, շատ լաւ կը յիշեմ, հանրակառքով կ՚ուղեւորուէի աշխատանքի։ Ես մտքիս մէջ ունէի երգի սաքսոֆոնի մենակատարումի հատուածը։ Ամէն ինչ սկսաւ այս մեղեդիէն, որ մոլուցքի պէս կպած էր մտքիս, ես անդադար կ՚երգէի ու կ՚երգէի, կը փորձէի խմբագրել ու աւարտուն տեսք տալ գոնէ այդ հատուածին։ Նոյնիսկ երբ հանրակառքի տոմսավաճառը մօտեցաւ՝ ստուգելու իմ տոմսս, ես երգելով իրեն տուի գումարը ու մանրին սպասելու ատեն կը շարունակէի երգել։ Տոմսավաճառը, անշուշտ, կարծեց, թէ խենթ եմ։ Ես կը գրէի ու կ՚երգէի մտքիս եկած կտորները։ Ամէն ինչ կ՚ընէի մտքիս մէջ։ Այսպէս երեք ամիս շարունակ․․․»։

Չնայած Ճորճի պնդումին, որ ան երգը առանձին գրած է, երգի հեղինակային իրաւունքները արձանագրելու ատեն ան նշեց իր եւ խումբի գործընկեր, համահեղինակ Էնտրիւ Ռիչլիի անունը։ Երգի կատարումէն գոյացած հասոյթն ալ, բնականաբար, կը փոխանցուէր երկու հեղինակներուն։

Երբ Մայքըլին հարցուցին, թէ ինչի՞ մասին գրած է երգը, ան պատմեց․ «Երբ ես տասներկու տարեկան էի, Լոնտոնի մէջ քրոջս հետ յաճախ կ՚երթայի սահադաշտ, ուր կու գար նաեւ Ճէյն անունով հրեշտակակերպ աղջնակ մը՝ երկար, խարտեաշ մազերով։ Երբ տեսայ զինքը առաջին անգամ, սիրահարեցայ մինչեւ ականջներուս ծայրը։ Ես ակնոց կրող գիրուկ ու անհրապոյր տղայ էի եւ պարզ կը գիտակցէի, որ ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունիմ։ Եւ, այնուամենայնիւ, այդ չէր խանգարեր, որ ես ամբողջ օրը իրեն նայելով համարեայ ուշագնաց ըլլայի։ Անցան տարիներ, ես ելոյթ կ՚ունենայի տեղւոյն ակումբներուն մէջ եւ, բացի ձեռք բերած հռչակէս, ունէի նաեւ սրտակերի ու գեղեցիկ սեռի սիրելիի համբաւը։ Անգամ մը, իմ հերթական ելոյթէս ետք սովորականին պէս, աղջիկ մը մօտեցաւ ինծի։ Ինծի համար տարօրինակ բան չկար, արդէն սորված էի, որ ամէն երեկոյ տարբեր գեղեցկուհիներ կը մօտենային ինծի՝ աւելի մօտիկէն ծանօթանալու համար։ Բայց պատկերացուցէ՛ք զարմանքս, երբ այդ օրը ինծի մօտեցած աղջիկը իմ մանկութեան գեղեցկուհի Ճէյնն էր, որ, անշուշտ, չէր ճանչցած զիս։ Ան իր տունը հրաւիրեց զիս։ Այդ ժամանակ ես ընկերուհի մը ունէի Հելէն անունով։ Սկսայ հանդիպիլ Ճէյնի հետ, չնայած անոր որ Հելէնը կը շարունակէր իմ ընկերուհիս մնալ։ Այս ամէնը, անշուշտ, տգեղ եւ անպատասխանատու քայլեր էին, բայց ես ինքզինքս շատ լաւ կը զգայի այդ դերին մէջ․ երբեմնի անյաջողակ դեռահասը դարձած էր յայտնի, ունէր ամէն ինչ որ կ՚ուզէր, ունէր համբաւ ու փառք եւ կրնար իրեն թոյլ տալ հանդիպելու միաժամանակ երկու գեղեցկուհիի, ինչ որ հետաքրքական էր եւ քիչ մըն ալ արկածախնդրական։ Երգը այս խճճուած եռանկիւնին մասին է, եւ թէ ինչ կ՚ըլլայ, եթէ առաջին աղջիկը գիտնայ երկրորդին գոյութիւնը։ Ըստ էութեան, երգը Հելէնի մասին է, որուն առջեւ մեղաւոր կը զգամ մինչեւ այսօր»։

Երգը ձայնագրուեցաւ մի քանի տարբերակով։ Սաքսոֆոնի հատուածը կատարելու համար Ճորճը հրաւիրեց տասնեակ սաքսոֆոնահարներ, որոնցմէ որեւէ մէկուն ելոյթը չէր հաւներ։ Վերջապէս ան լսեց Սթիւ Կրեկորի կատարումը ու ըսաւ․ «Ա՛յս պէտք է ինծի»։ Երգը մի քանի շքերթներու յառաջատարը եղած է։ Վաճառուած է աւելի քան 6 միլիոն օրինակ։ Չնայած երգի հանրայայտութեան՝ Մայքըլի սիրելի ստեղծագործութիւնը չէր։ «Ես զարմացայ ու հիասթափեցայ, որ մարդիկ այսքան սիրեցին ոչինչ ըսող, թեթեւամիտ բառերով այս երգը», անգամ մը ըսաւ ան իր երգին մասին։

Երգի տեսահոլովակը նկարահանուեցաւ Մայամիի մէջ։ Իր խաղընկերն էր Լիզա Սթալը։ Իր յուշերուն մէջ ան կը պատմէ․ «Նկարահանող խումբը կորսնցուցած էր մեր համբոյրի տեսարանի տեսաերիզները։ Ստիպուած էինք նոյնը երկրորդ անգամ նկարահանելու։ Այնուհետեւ Ճորճը յանկարծ որոշեց, որ իրեն հաճելի չէ իր սանրուածքը։ Իր քոյրը կանչեց Լոնտոնէն, որպէսզի ան մազերը կտրէ իր ուզած ձեւով։ Մնացած տեսարաններն ալ ստիպուած եղանք նորէն նկարելու՝ փոխուած մազերուն պատճառով»:

Ճորճը երգին մասին խօսելու ժամանակ կը խոստովանէր, որ սաքսոֆոնի հատուածին համար աւելի գովասանքի խօսքեր կը լսէր, քան որեւէ ուրիշ բանի։ Անկախ ամէն ինչէ, ան չէր կարծեր, որ այդ իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնն է։

Թէ ի՛նչ կը կարծեն հեղինակները իրենց ստեղծագործութիւններուն մասին, երկրորդական է. անոնց իրական գնահատականը ձեւաւորողները մենք ենք՝ հասարակ մահկանացուներս։ Իսկ «Careless Whisper» երգը իր գնահատականը ձեւաւորեց հանդիսատեսին արձագանգով։

«Ժամանակը երբեք չի փարատեր․․․

Ցաւն է միայն որ մեզի կը մնայ․․․»:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019