ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄ

Հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր արքայական գերդաստանները միշտ ներքին տարակարծութիւններ կամ անհամաձայնութիւններ ունեցած են, որոնք նոյնիսկ վերածուած են բռնարարքներու: Նորօրեայ իշխաններէն եւ իշխանուհիներէն ոմանք կը փորձեն դուրս գալ այդ կեանքէն, մթնոլորտէն: Փրկութի՞ւն է: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթին կայքը այս բնաբանով վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը:

*

Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԱԾ Է ՇԷՅԽ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏԻ ԴՈՒՍՏՐԵՐՈՒՆ

Կ՚ըսուի, որ իշխանուհին փախած է Տուպայիէն, երբ վերահասու դարձած է, թէ ի՛նչ պատահած է իր աղջկան՝ Լաթիֆային:

Երկու տասնամեակ առաջ 19-ամեայ իշխանուհի Շամսա առեւանգուեցաւ Քէյմպրիճի փողոցի մը մէջ:

Իշխանուհին երկու ընկերուհիներու հետ սրճարան մը գացած էր: Ան կը պատմէ, որ երեկոյեան իր մօտ կանգ առած է ինքնաշարժ մը, որուն մէջ գտնուող շէյխ Մուհամմէտի անձնակազմէն չորս զինեալներ հրահանգած են իրեն ինքնաշարժ մտնել: Ապա զինք տարած են տուն մը, ուրկէ յաջորդ օրը անձնական օդանաւով՝ դէպի Տուպայի:

Այս միջադէպերը 2000 թուականին հրահրեցին ոստիկանական հետաքննութիւն, դիւանագիտական միջամտութեան ամբաստանութիւններ եւ հարցումներ՝ Մեծն Բրիտանիոյ ամենէն իւրայատուկ արքայական այցելուներէն մէկուն վարուելակերպին մասին:

Նախորդ ամիսը Շամսա փախած էր Լոնկքրոսի տունէն, ուր հայրը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-նախագահ, Տուպայիի կառավարիչ շէյխ Մուհամմէտ Մաքտում ընտանիքը բնակեցուցած էր ամառնային արձակուրդի համար: Շամսայի մայրը՝ Հուրիա Ահմէտ Լամարա, ալճերիացի է:

Տան բաց դարպասէն դուրս սպրդելով՝ Շամսա հասաւ հարաւային Լոնտոնի մէջ պանդոկ մը: Ան տեսնուեցաւ ներգաղթի հարցերով փաստաբանի մը հետ՝ Բրիտանիա մնալու մասին խորհուրդ ստանալու համար:

Շամսա ապա ուղղուեցաւ Քէյմպրիճ, ուր առեւանգուեցաւ: Տուպայիի արգելարանէն իր փաստաբանին ղրկած գաղտնի ե-նամակին մէջ իշխանուհին կը գրէ. «Ես ձերբակալուեցայ հօրս կողմէ, ան յաջողեցաւ իմ հետքս գտնել մէկու մը միջոցով, որուն հետ ես կապի մէջ էի»:

«Ես բռնուեցայ 19 օգոստոսին, Քէյմպրիճի մէջ: Հայրս չորս արաբներ ղրկած էր զիս առեւանգելու համար: Անոնք զէնքեր կը կրէին եւ կը սպառնային ինծի: Անոնք ինքնաշարժով զիս տարին հօրս Նիւմարքեթի տունը, սրսկումով եւ դեղահատերով զիս թմրեցուցին, եւ յաջորդ առաւօտեան իսկ ուղղաթիռ մը զիս փոխադրեց օդակայան, ուրկէ սեփական օդանաւով մը վերադարձանք Տուպայի: Մինչեւ այսօր ես արգելափակուած եմ»:

Շամսա կ՚աւելցնէ. «Ես ոչ ոք տեսած եմ, նոյնիսկ մարդը, որ դուք հայրս կ՚անուանէք: Ես ձեզի ըսի, որ այսպէս պիտի պատահի… Ես գիտեմ այս մարդիկը, անոնք ամբողջ դրամը ունին, անոնք ամբողջ ուժը ունին, անոնք կը կարծեն, թէ որեւէ բան կրնան ընել: Դուք ըսիք, որ եթէ ան առեւանգէ զիս, դուք կրնաք կապուիլ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւն եւ զանոնք մասնակից դարձնել: Այժմ ես ոչ միայն ձեզմէ կը խնդրեմ այս հարցը անմիջապէս հաղորդել, այլեւ կը խնդրեմ, որ օգնէք ինծի եւ իշխանութիւնները մասնակից դարձնէք (ամէն ոք մասնակից դարձուցէք)»:

Ընտանեկան դատական ատեանը ըսաւ, որ ոստիկանութիւնը տեղեակ եղած է անոր առեւանգումէն՝ նոյն ամսուան ընթացքին:

Ոստիկանութեան տուեալներէն կը բացայայտուի, որ հետաքննող պաշտօնատարը՝ Տէյվիտ Պեք, «հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը խօսած է անհատի մը հետ, որ ըսած է, թէ ինք Շամսան է եւ մարդ մը զինք տարած է Քէյմպրիճ, պանդոկի մը սենեակը: Երբ ինք գինով եղած է, մարդը ինքնաշարժով զինք տարած է քաղաքէն դուրս անմարդաբնակ վայր մը, ուր վարորդը դուրս եկած է ինքնաշարժէն, եւ չորս զինեալներ մտած են: Զինք տարած են Նիւմարքեթ եւ ապա ուղղաթիռով օդակայան, ուրկէ անձնական ժեթով մը՝ Տուպայի:

Շամսա տուած է երեք անձերու անուններ, որոնց ինքնութիւնները աւելի ուշ հաստատուած են Մուհամմէտ Շայպանիի կողմէ, որ ներկայիս Տուպայիի մէջ կառավարիչին ատեանին ընդհանուր տնօրէնն է:

Ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ Շամսայի անուանած առաջին անձը 2000 թուականի օգոստոսին Շամսայի նշած թիւով սենեակը ապահոված է պանդոկին մէջ:

Շամսայի առեւանգման եւ բռնի Տուպայի վերադարձի մասին լուրերը բացայայտուած էին դեկտեմբեր 2001 թուականին: Այդ հանգրուանին շէյխը մերժած էր մեկնաբանել պնդումները:

Անցեալ տարի, դատարանին յղուած վկայի հաղորդագրութեամբ մը շէյխը ըսաւ, որ Շամսա պարզապէս երեխայ է եւ խոցելի, եւ ինք «շատ գոհ մնացած եւ հանգստացած է», երբ իր կորսուած աղջիկը գտնուած է:

Շամսա հանրութեան մէջ չէ տեսնուած իր առեւանգումէն ի վեր:

Մինչ Շամսայի անհետացումը շուտով մոռցուեցաւ, անոր քրոջ՝ Լաթիֆա իշխանուհիին առեւանգումը, մարտ 2018 թուականին, շատ աւելի դժուար էր շէյխին համար հերքելը:

Լաթիֆայի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը եւ յատկապէս ընկերոջ մը կողմէ տրուած խիզախ վկայութիւնը հիմք տուին փախուստի փորձ կատարելու պատճառաբանութեան, նոյնպէս՝ ենթադրաբար լիրբ եւ բռնի ձեւը, որով իշխանուհին կը վերադարձուէր Տուպայի՝ անոր հօր համար գործող սպաներու միջոցով, ըստ հօրը, աղջկան իսկ բարեկեցութեան համար:

Տեսանիւթը, որ Լաթիֆան ընկերներէն խնդրած էր հրապարակել այն պարագային, երբ իրեն բան մը պատահէր, կը նկարագրէ իր հայրը որպէս մէկը՝ որ «Կը սպաննէ մարդիկ, որպէսզի պաշտպանէ իր հեղինակութիւնը… Ան հոգ կը տանի միայն իր եւ իր ես-ին: Այսպէսով, այս տեսանիւթը կրնար փրկել իմ կեանքս: Եւ եթէ դիտէք այս տեսանիւթը, այնքան ալ լաւ բան մը չէ: Ես կա՛մ մեռած եմ, կա՛մ կը գտնուիմ շա՜տ շա՛տ վատ վիճակի մը մէջ»:

Տեսանիւթը, պատմեց, որ 2002 թուականին, իր քրոջ անհետացումէն միայն երկու տարի ետք, Լաթիֆա նոյնպէս որոշած էր փախչիլ, բայց զայն վերադարձուցին Օմանի հետ սահման եւ բանտարկուեցաւ երեք տարի չորս ամիս:

«Ատիկա մնայուն խոշտանգում էր, անընդհատ խոշտանգում, նոյնիսկ երբ անոնք ֆիզիքապէս չէին ծեծեր զիս, անոնք կը տանջէին զիս», կ՚ըսէ Լաթիֆա:

«Անոնք ձայներ կը հանէին, որպէսզի զիս յոգնատանջ ընեն: Կէս գիշերին անոնք կու գային, զիս դուրս կը հանէին մահճակալէն եւ կը ծեծէին զիս…»:

Լաթիֆայի ընկերուհին՝ Թինա Ժոհիայնէն, որ բանաւոր եւ գրաւոր ապացոյցներ տուաւ ընտանեկան դատարանին, կը գտնուէր այն նաւուն վրայ, որուն միջոցով իշխանուհին փորձած էր փախչիլ: Դատարանի վճիռը կը մանրամասնէ, թէ Թինա, որ 2010 թուականին առաջին անգամ հանդիպած է Լաթիֆային, ըսած է, որ երբ իրենք աւելի մտերմացած են, իշխանուհին իրեն վստահելով՝ յայտնած է Շամսայի մասին եւ 2002 թուականին Տուպայիէն փախչելու իր անձնական փորձին մասին:

Ըստ Թինայի, ինք համաձայնած է օգնել իր ընկերուհիի փախուստի նոր ծրագիրին, որուն սկզբնական գաղափարը Տուպայիի ափերէն ջուրին տակէն լողալով նաւակի մը հասնիլն էր: Վերջաւորութեան նկատի առնուած հեռաւորութիւնները չափազանց մեծ էին, եւ իրականացաւ այլընտրանքային ծրագիր մը՝ ներառելով Մասքաթէն (Օման) զբօսանաւ հասնիլ թեթեւ տինկիով մը (հնդկական նաւակ):

24 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, անոնք հասան զբօսանաւ՝ «Նոստրոմօ»: Յաջորդ ութ օրուան ընթացքին նաւարկեցին դէպի հարաւ՝ Արաբական ծովու միջազգային ջուրերուն մէջ: Այս ժամանակամիջոցին Լաթիֆան եւ անձնակազմի այլ անդամ մը կը հաղորդակցէին զանազան անհատներու հետ: Ասիկա կարելիութիւն ընձեռեց Տուպայիի իշխանութիւններուն՝ զիրենք գտնելու: Շուրջ վեց օր ետք անոնք նշմարեցին, որ նաւ մը կը հետեւի իրենց եւ Հնդկաստանէն հսկող օդանաւ մը կը շրջագայի իրենց զբօսանաւուն վերեւ:

Թինա ըսաւ, որ «Նոստրոմօ» զբօսանաւը Հնդկաստանի Կոա քաղաքէն շուրջ 30 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, երբ անոր կ՚ընկերանային հնդկական յատուկ ջոկատները՝ օգտագործելով ծուխի նռնակներ կամ կազ եւ հրազէն: Թինա աւելցուց նաեւ, որ ինք շատ վախցած էր, երբ ձեռքերը կապած՝ զինք քաշքշած էին տախտակամածին վրայ, ուր տեսած էր Լաթիֆան՝ ինկած եւ ձեռքերը նոյնպէս կապուած:

Հնդիկ ոստիկանները քանի մը անգամ պոռալով հարցուցած են. «Ո՞վ է Լաթիֆան»: Ապա նաւ բերած են արաբ մը, որ ճանչցած է իշխանուհին: Մինչ Թինա յուսահատ կը պոռար. «Լաթիֆա ապաստան ստանալու իրաւունք ունի»:

Թինա, որ այդ օրէն չէր տեսած Լաթիֆան, ոչ ալ անկէ լուր մը առած էր, կը պնդէ, որ երբ իշխանուհին քաշքշելով կը տանէին, ան կը պոռար. «Դուք չէք կրնար զիս ողջ վերադարձնել: Զիս մի՛ վերադարձնէք: Սպաննեցէ՛ք զիս հոս: Զիս մի՛ վերադարձնէք»:

Թինա ըսաւ, որ զինք եւ անձնակազմի միւս անդամները Տուպայի վերադարձուցած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանակի անդամները, որոնք զբօսանաւուն վրայ փոխարինած են հնդիկ զինուորները: Թինան կ՚ամբաստանէին շէյխէն գումար շորթելու դաւադրութեան համար, բայց, ի վերջոյ, զինք ազատ արձակած են այն պայմանով, որ ան պիտի չխօսի այս պատմութեան մասին եւ պիտի չփորձէ կապուիլ Լաթիֆային հետ:

Իշխանուհի Հայան՝ շէյխին վեցերորդ եւ ամենէն երիտասարդ կինը, որուն մասին յայտնած են, թէ անցեալ տարի փախած է Տուպայիէն, ըսաւ, որ ինք սկիզբը կը հաւատար Լաթիֆայի մասին իր ամուսինին պատմածներուն, թէ իշխանուհին անհաւասարակշիռ է եւ թէ ասիկա ուրիշներու կողմէ փորձ մըն էր իրմէ դրամ շորթելու: Բայց աւելի ու աւելի մտահոգուեցաւ, երբ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ կարդաց:

Նկարագրելով այցելութիւնը՝ տեսնելու Լաթիֆան 6 դեկտեմբեր 2018-ին, Հայա դատարանին ըսաւ. «Ան բացաւ դուռը, նայեցաւ, ինծի փաթթուեցաւ եւ սկսաւ լալ: Ան երկար ժամանակ լացաւ: Ան խոցելի տեսք ունէր: Գունատ էր»:

Լաթիֆա հանրութեան մէջ տեսնուած էր 2018 թուականի դեկտեմբերին, մարդկային իրաւունքներու ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի նախկին փոխ-նախագահ Մերի Ռոպինսընի հետ Տուպայիի մէջ հանդիպման ատեն, որ կազմակերպած էր Հայան:

Բայց երբ անոր մտահոգութիւնները աւելցան, իշխանուհի Հայան կ՚ըսէ, որ շէյխը իրեն յայտնած է, թէ դադրեցնէ զինքը չհետաքրքրող իրադարձութիւններուն միջամտութիւնները:

Թէեւ նախապէս հաղորդուած էին Շամսայի եւ Լաթիֆայի առեւանգումները, սակայն ատոնք միշտ ալ կը հերքուէին շէյխին կողմէ: Բրիտանիոյ ընտանեկան դատարանի նախագահին՝ սըր Էնտրիւ Մաքֆարլէյնի վճիռը երբ հրապարակուեցաւ, առաջին անգամ անոնց մասին լսուեցաւ եւ հաստատուեցան առեւանգումներու մասին հաղորդումները:

Մաքֆարլէյն եզրակացուց. «Այն նկարագրութիւնը, թէ ինչ վերաբերմունքի ենթարկուած է Լաթիֆա հնդկական անվը-տանգութեան ծառայութիւններու կողմէ, նոյնպէս արաբ մարդ մը զինք յայտնաբերելէն ետք, ոչ մէկ ձեւով կը հաստատէ, որ ասիկա փրկութիւն էր, այլ ոչ թէ՝ առեւանգում: Լաթիֆային վերջին խօսքերը, որոնք Թինա ըսած է, մեծ բան կը նշանակեն: Իշխանուհին կը խնդրէր, որ զինուորները սպաննեն զինք, այլ ոչ թէ Տուպայի վերադարձնեն իր ընտանիքը դիմակայելու: Այս հարցերը ի մի բերելով՝ ես կ՚եզրակացնեմ, որ Տուպային լքելու մասին Լաթիֆայի ներկայացուցած դրդապատճառները ճշմարիտ են: Իշխանուհի Հայա շատ յուսահատ էր եւ բուռն կերպով ընտանիքը լքել կ՚ուզէր, որուն համար պատրաստ էր վտանգի դիմելու»:

Դատաւորը աւելցուց, որ ինք հիմքեր չունի կասկածելու իշխանուհիին՝ 2002 թուականի փախուստի փորձին եւ ատոր յաջորդած բանտարկութեան մասին Լաթիֆայի պնդումներուն, ըստ որոնց, զինք առանձին արգելափակած էին եւ միշտ կը ծեծէին: Սըր Մաքֆարլէյն ըսաւ. «Ես վստահ եմ, որ կ՚ապաւինիմ այն բոլորին, որոնք ըսած է Լաթիֆան տեսանիւթին մէջ եւ այլուր՝ թէ՛ սահմանէն փախչելու իր փորձին եւ թէ իր յետագայ կալանքի մասին»:

Կ՚ըսեն, որ Հայա որոշած է փախչիլ Տուպայիէն՝ Լաթիֆայի պատահածին մանրամասն տեղեկութիւնները գիտնալէ ետք:

45-ամեայ Հայա իշխանուհին դուստրն է Յորդանանի հանգուցեալ թագաւոր Հիւսէյինին եւ ներկայիս Ապտալլահ Բ. թագաւորի խորթ քոյրը: Հայա շէյխ Մուհամմէտին հետ ամուսնացած է 2004 թուականին եւ զոյգը ուի երկու երեխայ:

Հայա եւ շէյխը կատարեալ զոյգ մը կը նկատուէին: Սակայն դատավարութիւնը ընտանիքի ներքին բեկումներուն վրայ գտնուող կափարիչը բացաւ:

Անցեալ գարնան իշխանուհին հաղորդած էր, որ նախ Տուպայիէն ճամբորդած է Գերմանիա եւ ենթադրաբար հոն ապաստան խնդրած է: Յուլիսին բացայայտուեցաւ, որ ընտանեկան դատարաններուն մէջ սկսած է իրաւական պայքար՝ երկու երեխաներու խնամատարութեան համար:

Այդ վէճը լարուեցաւ եւ սուր բնոյթ ստացաւ շարք մը լսումներու ատեն, Անգլիոյ եւ Կալեսի գերագոյն ատեանի ընտանեկան բաժանմունքի նախագահ սըր Էնտրիւ Մաքֆարլէյնի ներկայութեամբ:

Վկայութիւններ տուողներու շարքին էին Տ. Պեք, որ նախապէս Քէյմպրիճշայրի ոստիկան էր, որ ղեկավարած էր 2000 թուականին Շամսա իշխանուհիին Բրիտանիոյ մէջ անհետացման հետաքննութիւնը եւ՝ Թինան, որ օգնած էր Լաթիֆայի փախչիլ Տուպայիէն 2018 թուականին:

Դատավարութիւններու մեծ մասը դռնփակ էր, բայց լրատուամիջոցները, որոնց կ՚արտօնուէր մասնակցիլ ընտանեկան դատական լսումներուն, ներկայ էին ապացոյցներու ներկայացման մեծ մասին եւ, ի վերջոյ, թոյլ տրուեցաւ հրապարակել ատոնք՝ շէյխի կողմէ ճնշումի անյաջող փորձերէն ետք:

Շէյխը հերքած է իր դէմ բոլոր մեղադրանքները: Լրատուամիջոցներուն տրուած յայտարարութեան մէջ ան ըսած է. «Այս դէպքը կը վերաբերի մեր երեխաներուն անձնական գործերուն: Դիմումը կատարուած է երեխաներու լաւագոյն շահերն ու բարեկեցութիւնը պաշտպանելու համար: Արդիւնքը չի պաշտպաներ իմ երեխաներս լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն, այնպէս, ինչպէս պաշտպանուած են Բրիտանիոյ ընտանեկան հոլովոյթներու մէջ միւս երեխաները:

«Որպէս կառավարութեան ղեկավար՝ ես չկրցայ մասնակցիլ դատարանի փաստահաւաք հոլովոյթին, ասիկա յանգեցուցած է «փաստահաւաք» դատական վճիռի հրապարակման, որ անխուսափելիօրէն միակողմանի կը ներկայացնէ դէպքը: Ես կը խնդրեմ, որ լրատուամիջոցները յարգեն Բրիտանիոյ մէջ մեր երեխաներուն անձնական կեանքը եւ միջամուխ չըլլան ատոր»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020