ԱԿՆԱՐԿ - 66 - ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԳՈՐԾ ՈՒՆԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԷՋ

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին հինգ-վեց տարիներուն մեր հասարակութեան մէջ զարգացաւ գաղափար մը, ըստ որում հոգեւորականները պէտք չէ միջամուխ ըլլան ազգային գործերու մէջ:

Ընթերցողը պիտի առարկէ, ըսելով. «Ո՛չ թէ ազգային, այլ՝ քաղաքական»: Այս առարկութիւնը տեղին կ՚ըլլար, եթէ մեր երկիրը գոյութեան խնդիրի դիմաց կանգնած չըլլար:

Վերջին տարիներուն մեր տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները դժբախտաբար ժխտական ազդեցութիւն գործեցին մեր երկրին վրայ, որով թէ մեծ թիւով զոհեր տուինք (գրեթէ ամբողջ սերունդ մը), Արցախը կորսնցուցինք, այսօր Հայաստանէն հողեր կը յանձնուին թշնամիին, եւ եթէ այսպէս շարունակուի, տակաւին շա՜տ աւելի վատ իրողութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուինք:

Այս բոլորին լոյսին տակ երբ հոգեւորականները կը խօսին, իրենց մտահոգութիւնները կը բարձրաձայնեն, կը փորձեն զգաստութեան եւ արթնութեան կոչ ուղղել թմբիրի մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան, յատկապէս ներկայ իշխանութիւնները եւ իրենց ծառայող մանկլաւիկները (իրենց յատուկ բառապաշարով իրենց լափամանէն օգտուողները) վայնասուն կը բարձրացնեն, ըսելով, թէ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ, իմա՛ ազգային գործերով զբաղելու, անոնք թող երթան իրենց գործը ընեն, հոգեւոր-բարոյական առաքելութիւնը իրագործեն… Այս բոլորը եթէ այս ձեւով ըսէին, հարց չկար, բայց իրենց այս ըսածներուն կ՚ընկերանան ատելութիւնը, չարութիւնը, անարգանքն ու թշնամանքը՝ հանդէպ հոգեւորականներուն, ու անոնց ընդմէջէն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ (անիմաստ է անոնց զառանցանքը, թէ իրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը յարգեն, այդ եկեղեցւոյ զաւակն են, եւ այլն…: Այս մասին կարելի է առանձին յօդուած մը գրել):

Այս մտածումներուն լոյսին տակ եւ մերօրեայ իշխանաւորներուն եւ անոնց մանկլաւիկներուն որդեգրած մտածելակերպէն մեկնելով, կու գանք յանգելու այն իրողութեան, թէ՝ փաստօրէն.

Սուրբ Սահակ Հայրապետն ու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը քաղաքականութեամբ զբաղած են, որովհետեւ հայ ժողովուրդին այբուբեն տուած են, իսկ հայերէնը պետութեան սեփականութիւնն է, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու։

Սուրբ Յովսէփ Հողոցմեցի Կաթողիկոսը, Սուրբ Ղեւոնդ Երէցն ու իրենց ընկերակիցները քաղաքականութեամբ զբաղած են, քանի որ սատար հանդիսացած են Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր ընկերակիցներուն՝ Վարդանանց ճակատամարտի ընթացքին, իսկ պատերազմը քաղաքական դրսեւորում է, իսկ հոգեւորականները քաղաքականութեամբ զբաղելու իրաւունք չունին։

Սուրբ Յովհան Օձնեցի Հայրապետը քաղաքականութեամբ զբաղած է, որովհետեւ Դամասկոս երթալով հանդիպած է օրուան խալիֆային հետ` հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու համար։ Ժողովուրդի մը շահերը պաշտպանելը քաղաքական գործընթաց է, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու։

Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը քաղաքականութեամբ զբաղած է, որովհետեւ 1677-ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ Հայաստանի ազատագրութեան համար գաղտնի ժողով մը գումարած է, մասնակցութեամբ՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ գործիչներու (որոնց մէջ եղած են Սիւնիքի եւ Արցախի Մելիքները), որոշուած է պատուիրակութիւն մը կազմել եւ Եւրոպա մեկնիլ ի խնդիր Հայաստանի ազատագրութեան, որով յաջորդ տարին՝ 1678-ին, Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը ինք կը գլխաւորէ այդ պատուիրակութիւնը: Հայասանի ազատագրութեամբ զբաղիլը քաղաքական գործընթաց է, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու:

Խրիմեան Հայրիկը քաղաքականութեամբ զբաղած է, քանի որ մասնակցած է Պերլինի վեհաժողովին, ուրկէ վերադարձին արտասանած է իր նշանաւոր թղթէ շերեփը։ Այդ վեհաժողովը քաղաքական ժողով մըն էր, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու։

Գարեգին Յովսէփեանցը քաղաքականութեամբ զբաղած է, որովհետեւ 1918-ին Սարդարապատի եւ միւս հերոսամարտերուն հայ զինուորներուն կողքին եղած է՝ գօտեպնդելով ու ոգեւորելով զանոնք, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու։

Արցախեան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ պատերազմներուն ընթացքին բազմաթիւ հոգեւորականներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են, իրողութիւն մը որ քաղաքական գործունէութիւն է, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու:

Այսպէս կոչուած 2018-ին տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընթացքին հոգեւորականները ժողովուրդին հետ էին, անոնց շարքերուն մէջ էին, իսկ այդ յեղափոխութիւնը ողն ու ծուծով քաղաքականութեան դրսեւորում էր, իսկ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղելու:

Հետեւաբար վերոնշեալ հոգեւորականները յետ մահու, իսկ անոնք որոնք տակաւին ողջ են, պէտք է անմիջապէս կարգալոյծ հռչակել, քանի որ ԿՈՐԾԱՆՈՒՈՂ Հայաստանի սահմանադրութեան կէտերուն դէմ գործած են։

Ողբա՜մ ոչխարի ուղեղ ունեցող իմ անուղեղ ժողովուրդին, ողբալո՜վ ողբամ...։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

14 մայիս 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024