ԱՂՕԹՔ
(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)
«Սրբաբանուի՛ անունդ»:
Մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս, երկրորդ նախադասութիւնը, որ սորվեցուց մեզի, եղաւ՝ «Սրբաբանուի՛ անունդ»: Արդարեւ, ամբողջ Հին կտակարանը կը խօսի Աստուծոյ սրբութեան մասին եւ Աստուած, Ի՛նք քանի-քանի անգամներ կը յայտարարէ Իր սուրբ ըլլալու հանգամանքը:
Տանք քանի մը օրինակներ:
Ելքի գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ Քեզի պէս ո՞վ կայ: Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ Քեզի նման» (Ելք 15.11):
Ղեւտացիներու գիրքին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ Ես եմ քու Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ Ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.44). «Քանզի Ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէսզի ձեզի Աստուած ըլլամ, ուստի սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ Ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.45):
Սաղմոսներու գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ուստի ես ալ պիտի գովեմ Քեզ տաւիղով Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս: Սաղմոս պիտի երգեմ Քեզի քնարով, ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը» (Սղ 71.22):
Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Այն ատեն Իմ անունս պիտի փառաւորեն, Յակոբին Սուրբը պիտի փառաւորեն» (Ես 29.23):
Երեմիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝ զօրքերու Տիրոջմէն՝ չմերժուեցան, թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ յանցանքով լեցուեցաւ» (Եր 51.5):
Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Բայց Իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք» (Եզ 20.39):
Տակաւին բազմաթիւ համարներ կան Հին կտակարանին մէջ, որոնք Աստուծոյ սրբութեան մասին կը խօսին, սակայն կը բաւարարուինք այսքանով: Ինչպէս տեսանք, մէջբերուած բոլոր համարներն ալ, իւրաքանչիւրը տարբեր երեսով մը կը ներկայացնէ Աստուծոյ սրբութիւնը: Այսպէս, Ելքի 15.11-էն կը տեղեկանանք, որ Աստուած ո՛չ միայն սուրբ է, այլ Իր սրբութեան մէջ փառաւորեալ: Ղեւտացիներու 11.44-45 համարներուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած կը պատուիրէ Իր ժողովուրդին, սուրբ ըլլալ, ինչպէս որ Ինք սուրբ է: Սա մէկ բան ցոյց կու տայ, որ անոնք որոնք կ՚ուզեն Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալ եւ Անոր կամքին մէջ ապրիլ, անպայմանօրէն պէտք է ձգտին սուրբ ըլլալու, այսինքն՝ մաքրուելու: Սաղմոսերգուն զԱստուած կը ներկայացնէ որպէս Իսրայէլի Սուրբը: Գիտենք, որ Հին կտակարանին մէջ Աստուած ընտրած էր հրեայ ժողովուրդը, որպէսզի Իրեն հետեւին եւ Իրեն ժողովուրդ ըլլան: Հրեայ ժողովուրդը յետագային՝ Յակոբ Նահապետով կոչուեցան նաեւ Իսրայէլ, որով այստեղ կը յստականայ Սաղմոսերգուին ըսածը: Հրեաները չընդունելով սակայն Աստուծոյ իրենց նկատմամբ ցուցաբերած ողորմութիւնն ու շնորհը՝ մերժեցին, եւ ատով այդ ողորմութիւնն ու շնորհը տարածուեցաւ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կամաւորաբար յանձն առին եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն յանձն առնել Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրիլ, որով բոլոր այդ քրիստոնեաները Իսրայէլ կոչումը ստացան: Եսայիի եւ Երեմիայի մարգարէութիւններէն կատարուած մէջբերումները կու գան ամբողջացնելու Սաղմոսներու գիրքէն կատարած մեր մէջբերումին իմաստը: Իսկ Եզեկիէլի մարգարէութեան 20.39-ով, յստակ կերպով կը լսենք Տիրոջ հրամանը՝ չպղծելու Աստուծոյ սուրբ անունը մարդկային ո՛չ մէկ տեսակի արարքով:
Մէջբերուած բոլոր համարները եւ Հին կտակարանի միւս նմանատիպ համարները կու գան վկայելու մէկ ճշմարտութեան մասին, որ Տէր Յիսուս, Իր սորվեցուցած աղօթքին երկրորդ նախադասութեամբ՝ երբ ըսաւ. «Սրբաբանուի՛ անունդ», ատով Ան նոր բան մը չէր, որ կը սորվեցնէր Իր հետեւորդներուն, ո՛չ, այլ՝ Ան ասով յստակ կերպով մարդոց միտքերուն մէջ ոսկեայ տառերով կ՚արձանագրէր, որ մարդիկ, մի՛շտ պիտի աշխատին Աստուծոյ անունը սուրբ պահել:
Արդարեւ, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան Աստուծոյ անունը սուրբ պահել: Մի քանի ձեւերով.
ա) Ապրելով Անոր կամքին համաձայն. մարդիկ, Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրին այն ժամանակ, երբ կը հետեւին Անոր պատուիրաններուն, թելադրութիւններուն, խրատներուն, ուսուցումներուն եւ երբեմն նոյնիսկ յանդիմանութիւններուն, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի տողերուն մէջ:
բ) Նմանելով Աստուծոյ. մարդիկ Աստուծոյ կը նմանին այն ժամանակ, երբ իրենց գործերով կը փառաւորեն Աստուծոյ սուրբ անունը, այսինքն՝ ողորմութիւն եւ բարիք գործելով:
գ) Աստուծմէ զատ ուրիշ չաստուածներ չպաշտելով. մարդիկ, երբ Ճշմարիտ Աստ-ւածը ձգած՝ օտար չաստուածներու ետեւէն կ՚երթան, ատով կ՚անարգեն Աստուծոյ սուրբ անունը: Մինչ, երբ Աստուծոյ ապաւինած եւ Անոր շնորհքով յաղթահարելով ցանկացած դժուարութիւն կամ փորձութիւն, ատով կը փառաւորեն Աստուծոյ սուրբ անունը:
Քրիստոս սորվեցնելով մեզի ըսել՝ «Սրբաբանուի՛ անունդ», ատով սորվեցուց նաեւ մեզի մի՛շտ երկիւղ ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ եւ սրբութեամբ՝ մաքրութեամբ մօտենալ Անոր, որովհետեւ Ան սուրբ է:
Ներկայ ժամանակներուն, երբ նիւթապաշտութիւնը թեւեր առած արագ քայլերով դէպի առաջ կ՚ընթանայ, իրեն հետ տանելով ամէն տեսակի արժէք եւ սրբութիւն, նոյնը կը փորձեն կատարել նաեւ Եկեղեցիէն ներս.
Այսօր ինչքա՜ն շատ է թիւը այն հոգեւորականներուն, որոնք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի եւ կամ այլ արարողութիւններու ժամանակ կը շատախօսեն իրենց կողքիններուն հետ՝ մոռնալով, թէ ո՛ւր եւ Որո՞ւ ներկայութեամբ կանգնած են:
Այսօր ինչքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք անպատշաճ հագ ու կապով եկեղեցի կը մտնեն՝ գայթակղութիւն պատճառելով իրենց չորս կողմը եղողներուն:
Այսօր ինչքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք եկեղեցի կու գան, պարզապէս ներկայ-բացակայ կատարելու, տեսնելու, թէ այս ինչը կամ այն ինչը ի՛նչ հագած է, ինչպէ՛ս պիտի պահէ զինք եկեղեցիէն ներս:
Շարքը տակաւին երկար է:
Այս եւ նման երեւոյթներու պատճառը մէ՛կ է, այն որ այսօր մեզմէ շատերը մոռցած են Աստուծոյ սրբութեան մասին, մոռցած են, թէ իրենք կոչուած են սուրբ ըլլալու, ինչպէս որ է մեր «Երկնաւոր Հայրը», մոռցած են, որ Եկեղեցին զբօսավայր չէ, այլ՝ սրբավայր է, ուր սուրբերն (մաքուրները) ու առաքինիները կը միա-խըմբուին, փառաւորելու եւ փառաբանելու համար Աստուծոյ սուրբ անունը:
Ահաւասիկ ա՛յս է, որ Տէրը կը սորվեցնէ մեզի:
Հիմա տեսնենք, թէ մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ի՞նչ կ՚ըսեն այս նախադասութեան մասին:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Ան որ զԱստուած Հայր կը կոչէ, այդպիսիին կը վայելէ, որ նախքան որեւէ մէկ բան խնդրելու, խնդրէ՛ Իր Հօր փառքը, ամէն ինչ երկրորդական համարելով Անոր փառքը հիւսելու կողքին, որովհետեւ -սրբաբանուի- բառը կը նշանակէ -թող փառաւորուի-»:
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Եթէ չարերուն պատճառով Աստուծոյ անունը կը հայհոյուի ազգերուն կողմէ, ատոր հակառակ՝ առաքինիներուն պատճառով, այսինքն՝ հաւատացեալներուն, կը սրբաբանուի եւ կը պատուուի»:
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այսպէս կը գրէ այս նախադասութեան մասին. «Աստուծոյ անունը մաքուր պէտք է պահուի ո՛չ թէ լեզուի վրայ, այլեւ քրիստոնեայի կեանքին եւ գործին մէջ: Այդպէս է, որ անոր անունը փոխանակ անարգուելու՝ կը փառաւորուի: «Սրբաբանուի՛ անունդ» խօսքը, ուրեմն, ոչ թէ միայն Աստուծոյ անուան մաքուր պահուելուն կը վերաբերի, այլ նաեւ Անոր անուան փառաւորումին («սրբաբանել» բայը թէ՛ Աստուծոյ անուան մաքրութիւնը կը թելադրէ եւ թէ զայն փառաբանելու իմաստը ունի)»:
Սուրբ Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Չե՛նք փափաքիր, որ Աստուած սրբանայ մեր աղօթքներով, այլ՝ կը խնդրենք Անկէ, որ Իր անունը սրբաբանուի՛ մեր մէջ...
«Մենք է, որ մկրտութեամբ սրբացանք, կը խընդ-րենք եւ կը պաղատինք Անոր, որպէսզի շարունակենք այն բանին մէջ՝ որուն սկսանք: Այս է ինչ բանին համար ամէն օր կ՚աղօթենք, որովհետեւ մենք ամէն օր սրբանալու կարիքն ունինք, քանզի ամէն օր կ՚իյնանք եւ պէտք ունինք լուացուելու մեր մեղքերէն՝ շարունակ սրբանալով (մաքրուելով)...: Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ մեր Տիրոջ եւ Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի Անունով եւ Անոր Հոգիով կը սրբանանք. եւ մենք կ՚աղօթենք, որպէսզի այս սրբացումը կատարուի մեր մէջ: Մեր Տէրն ու Դատաւորը զգուշացուց մեզ, Ան՝ որ պահանջեց անկէ՝ որ բժշկէ զինք, որպէսզի երկրորդ անգամ չմեղանչէ, որպէսզի աւելի գէշ վիճակի մէջ չյայտնուի: Եւ ահա, մենք այս խնդրանքները անընդհատ կը ներկայացնենք մեր աղօթքներուն մէջ, խնդրելով Անկէ գիշեր եւ ցերեկ, որպէսզի Իր պահպանութեամբ պահէ այն սրբութիւնը, ինչ որ Իր շնորհքէն ընդունեցինք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
Վաղարշապատ, 14 օգոստոս 2018