ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԵԿՈՒՈՐԵԱԿ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ…
Մանիքա Սփարքս եւ Ճեսիքա Թայսըն (տես նկարը) 46 տարեկան երկուորեակ քոյրեր են, որոնք կը բնակին Միշիկըն նահանգի Քենթ գաւառը։ Քենթ գաւառը երկրորդ բազմամարդ գաւառն է Միշիկըն նահանգին մէջ, Տիթրոյթէն ետք։ Անոր բնակչութիւնն է 640.000:
Երկուորեակ քոյրերը շատ համերաշխ են իրարու հետ, սակայն անոնց քաղաքական ըմբռնումն ու դիրքորոշումը շատ կը տարբերի իրարմէ։ Մանիքա ռամկավար է, իսկ Ճեսիքա հանրապետական եւ ջերմ պաշտպան ու ջատագով՝ նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան…
Ընդհանրապէս երկուորեակ քոյրեր կամ եղբայրներ նոյնանման տարազներ կը հագուին եւ նոյնանման սովորութիւններով կը բնութագրուին։ Վերոյիշեալ քոյրերն ալ տարբեր չեն այդ վարկածէն, ինչպէս ցոյց կու տայ նկարը։ Ճերմակ հագուստ, սակայն, մէկը կապոյտ զարդասեղով (ռամկավար), իսկ միւսը՝ կարմիր զարդասեղով (հանրապետական)։
Պատահած է, որ քաղաքական դիրքորոշումներ խրամատ մը ստեղծած են ընտանիքի մը հարազատներուն միջեւ եւ անոնք դարձած են թշնամիներ ու խզած ամէն յարաբերութիւն։ Սակայն վերոյիշեալ քոյրերու պարագային, այդ ճիշդ չէ։ Անոնց ջերմ յարաբերութիւնը բնաւ չէ տուժած անոնց քաղաքական բեւերացումէն։
Իսկ ի՞նչ է անոնց ոդիսականը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Քենթ գաւառի ղեկավար մարմինի (Governing Board) անդամակցութեան նախնական ընտրութիւնը (primary election) տեղի ունեցաւ օգոստոս ամսուան 7-ին։ Այդ ընտրութեան ռամկավար թեկնածուներէն մին է Մանիքան, իսկ հանրապետական միակ թեկնածուն՝ քոյրը Ճեսիքան։
Եթէ Մանիքան նախնական ընտրութենէն շահաւոր դուրս գայ, ուրեմն նոյեմբեր 6-ի ընտրութեան պիտի ճակատի քրոջ Ճեսիքայի հետ… Ահաւասիկ այս է երկուորեակ քոյրերու դառն ճակատագիրը, զոր պիտի դիմագրաւեն շուտով:
ՎԱՍՆ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ…
Անոնք որոնք շուն ունին, գիտեն, որ այդ կենդանին պէտք է պտոյտի տանին իրենց տան մօտակայ շրջանները, կամ առաւօտ կանուխ գործի երթալէն առաջ, կամ ալ իրիկուան՝ տուն վերադառնալէն ետք։ Տիրոջ համար այս գործընթացը կ՚ըլլայ նաեւ քալելու օրական մար-զանք, չէ՞ք խորհիր:
Անոնք գիտեն նաեւ, որ այդ կենդանիները իրենց պտոյտի ընթացքին կը գոհացնեն իրենց բնական պէտքերը եւ կ՚աղտոտեն փողոցները։ Միացեալ Նահանգներու մէջ օրէնք մը որդեգրուեցաւ, ըստ որուն՝ կենդանիներուն տէրերը պարտին մաքրել անոնց կեղտերը։ Սակայն դուք ալ գիտէք, որ օրէնքը մէկ բան է, իսկ գործադրելը՝ ուրիշ բան…
Արդար ըլլալու համար, սակայն, պէտք է ըսել, որ կան մարդիկ, որոնք պարկ մը կ՚առնեն իրենց հետ եւ ձեռնոց գործածելով այդ կեղտերը կը մաքրեն։ Իսկ անհոգներուն համար ալ Փասատինայի քաղաքապետարանի առողջապահական բաժանմունքը որոշ շրջաններ զետեղած է զամփիւղներ, (տես նկարը) որոնց մէջ կան յատուկ տոպրակներ այդ կեղտերը մաքրելու համար։
Ընտանի կենդանի պահելը բաւականին բարդ պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ։ Կենդանին պտոյտի տանիլն ու զայն կերակրելը չի բաւեր, պէտք է անոր առողջութեան ալ հետամուտ ըլլալ եւ ի հարկին զայն տանիլ անասնաբոյժին՝ պէտք եղած քննութիւններն ու պատուաստները տալու համար անոր։
Ի վերջոյ, Ամերիկայի մէջ կենդանին ընտանիքի մէկ անդամը կը կոչեն եւ անոր կու տան ընտանեկան իրենց մականունը։ Նաեւ անոր վիզէն կ՚անցընեն պիտակ մը, որուն վրայ գրուած կ՚ըլլայ տիրոջ տան հասցէն եւ հեռաձայնի համարը՝ ի պահանջել հարկին լուր տալու համար։
Իսկ հարցը աւելի կը բարդանայ, երբ կենդանիին տէրը ուզէ արձակուրդով մեկնիլ քաղաքէն դուրս։ Այդ պարագային կան յատուկ պանդոկներ՝ կենդանիին հոգ տանելու համար, մինչեւ որ տէրը վերադառնայ…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան