ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է՞ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ
Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ պատերազմը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, միջազգային լրատուական աղբիւրներ սկսած են լուրեր տարածել այդ երկրի վերաշինութեան մասին: Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւող լրագրողներուն համար ալ բաւական աշխոյժ քննարկման նիւթ սկսած է դառնալ, թէ ո՛ր պետութիւնները կարեւոր բաժին պիտի ունենան այդ ծանրօրէն «վիրաւոր» երկրի վերակառուցման գործըթացին։
Նոյն առումով եւ եթէ լրահոսին կողմէ «սպրդած» լուրերուն արագ հայեացք մը նետենք՝ յստակ կը դառնայ, որ Սուրիան վերակառուցելու կարեւորագոյն «դէմք»ը պիտի դառնայ Ռուսաստանը: Վերջին երեք տարիներուն Սուրիոյ մէջ հրադադարի հաստատման համար շօշափելի ճիգեր գործադրած Ռուսաստանը բնականաբար կարեւոր դեր պիտի ունենայ յառաջիկայ փուլերուն:
Ու թէեւ զինուորական գործողութիւնները ամբողջութեամբ չեն դադրած՝ չի բացառուիր, որ Աստանայի կամ Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ քուլիսներու ետին քննարկման նիւթ հանդիսանան Սուրիոյ վերաշինութեան հետ կապուած հարցեր: Հոն է նաեւ, որ պիտի յստակացուին, թէ ո՛ր երկիրները հիմնական դեր պիտի «ստանձնեն» պատերազմին հետեւանքով աղէտալի վիճակ ստացած երկրի վերաշինութեան գործին մէջ:
Սուրիոյ ենթակառուցուածքին եւ վերաշինութեան ծրագրերէն առաջ կայ նաեւ ապահովական «վերահսկման» ու մանաւանդ պատերազմի հետեւանքներու վերացման ընդհանուր գործընթացը, որ նոյնքան կարեւոր է տնտեսական երեսակին չափ:
Այս առումով ալ նկատելի է, որ պատերազմի ամենէն «տաք» օրերուն Մոսկուան տարբեր ձեւաչափերով յառաջատարը հանդիսացաւ այդ գործընթացին:
Սուրիոյ ականազերծման Հայաստանի մասնակցութեան հարցը տասն օր առաջ Հայաստանի լրահոսին մէջ կ՚երեւէր լուր մը, որու համաձայն մեր երկրի պաշտպանական ուժերու դասակ մը (լրատուութեան մէջ կը պակսէր այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի զինեալ ուժերը ի՛նչ չափաբաժինով պիտի մասնակցին այդ առաքելութեան) Սուրիա պիտի մեկնի, մասնակցելու համար հոն տեղի ունենալիք ականազերծման աշխատանքներուն:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը, որ նոյնպէս տուեալ լուրը հրապարակած էր՝ կը գրէր. «Ռուսաստանի սպայակոյտի անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման համակարգի զարգացման վարչութեան պետ Ալեքսանտր Նովիքով յայտարարած է, որ Հայաստան ու Սերպիա պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց զօրամիաւորումներով մասնակցելու Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին, որուն նպատակն է Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնել»: Ռուս զինուորական պատասխանատուն նաեւ բացայայտած էր, որ նոյն նպատակին համար հրաւէրներ ուղղարկուած են՝ Իրանի, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարարութեանց ներկայացուցիչներուն: Բայց այդ հրաւէրին ցարդ դրական պատասխան տուած են Հայաստանն ու Սերպիան, յաւելելով, որ իրենք (երկու երկիրները) պատրաստ են համապատասխան ուժերով մասնակցիլ այդ խաղաղարար ծրագրին:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլատիմիր Յակոբեան, որ սոյն խնդրով մեկնաբանութիւն մը տուած էր Aysor.am կայքին՝ ըսած է. «Երբ որոշում կայացուի եւ բոլոր հարցերը յստակաց-ւին, այդ ժամանակ ալ հանրութեան կը տեղեկացուի պատշաճ կարգով»:
Գաղտնիք չէ, որ նման նուրբ խնդիր մը կարիք ունի յաւելեալ քննարկման, որովհետեւ Սուրիա զինուորական ուժ ուղարկելու երեւոյթը՝ նոյնիսկ եթէ այդ ուժերը խաղաղարար բնոյթի գործունէութիւն պիտի ծաւալեն, նման չէ Աֆղանիստան կամ Լիբանան խաղաղապահ զօրքեր առաքելուն:
Այս առումով ալ կան ու կը հնչեն բազմապիսի կարծիքներ։ Բայց եւ այնպէս այս առումով տրուելիք որեւէ որոշում ազգային անվտանգութեան մա-կարդակի հարթութիւն ունեցող խնդիր է: Ու այս մէկը եթէ նկատի ունենանք, կան մի քանի խիստ կարեւոր հանգամանքներ.
Ա) Նախ ամէն բանէ առաջ պէտք է ընդգծել, որ Սուրիոյ պատերազմը տակաւին իր աւարտին չէ հասած: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ բանակը անմիջական օժանդակութեամբը ռուսական օդուժին՝ գետնի վրայ կարեւոր եւ արագ յառաջխաղացումներ կ՚արձանագրեն, բայց եւ այնպէս Սուրիոյ մէջ տիրելիք կացութեան եւ ընդհանուր պատկերին ամբողջական ըլլալը երեւելի չէ:
Բ) Հայաստանէն նման քայլ մը առնելու եւ զինուորական ուժեր առաքելու որոշումը կրնայ խորթ աչքով դիտուիլ Հայաստանի հակառակորդ երկիրներուն ու ոչ միայն դիւանագիտական կապեր ունեցող, այլ նաեւ բարիդրացիական կապեր պահպանող եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ եղող երկիրներուն կողմէ:
Գ) Հայաստանի կողմէ Սուրիա զին-ւորական ուժեր առաքելը, որքանով կը բխի այդ երկրին մէջ մնացած հայութեան շահերէն, տրուած ըլլալով, որ սուրիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն մեր իշխանութիւնները հրաժարեցան Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու (ու ճիշդ ալ ըրին):
Դ) Հալէպի ու տարբեր հայահոծ քաղաքներու մէջ եղած դէպքերու ընթացքին ալ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարարուեցան բացուած վէրքին (յատկապէս Քեսապի պարագային) վրայ լաթ մը դնել չուզելով ու ոչ մէկ ուղղակի միջամտութիւն կամ դերով հանդէս գալով:
Ե) Մեր երկրի զինուորական ուժերը (նախնական տուեալներով) այնպիսի շրջաններ, ուր ընդհանրապէս հայեր չկան, հետեւաբար ազգային տեսանկիւնէ ալ այդ քայլը պիտի մնայ խոցելի:
Այս բոլորէն անդին պարտիմ յիշեցնել, որ մասնաւորապէս Սուրիոյ հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ տարբեր առիթներով հայութեան համար այնքան կարեւոր ու վճռական ժամանակաշրջանին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու որեւէ փորձ կամ խօսք համազօր է արկածախնդրութեան: Հայաստանի նախագահը, որ նման յայտարարութիւն կատարած էր այն օրերուն, երբ Քեսապ հայկական աւանը կը գրաւուէր «Ալ Նուսրա» ճակատի ահաբեկիչներուն կողմէ, հաստատակամ ոճով մը համոզում յայտնած էր, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծուի միայն քաղաքական ճանապարհով ու Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ոչ մէկ պատճառ ունին այդ զինեալ հակամարտութեան մէջ դեր մը վերցնելու: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ տարբեր մակարդակներու վրայ հնչեցին կոչեր՝ երթալ Քեսապը պաշտպանելու կամ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու:
Այդ կոչերը բնականաբար կշռադատ-ւած մօտեցում ունեցող մարդոց խօսքերը չէին, որովհետեւ կը կատարուէին մթնոլորտ հրահրելու նպատակով, առանց հաշուի առնելու հայութեան եւ յատկապէս Հայաստանի ընդհանուր անվտանգութեան հարցերը:
Մեր տեսակէտէ տարբեր, բայց ընթերցողներու ուշադրութեան պէտք է յանձնել միջինարեւելեան հարցերու հմուտ վերլուծաբան Յակոբ Չաքրեանի յայտնած կարծիքը: Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանի՝ Սուրիոյ ականազերծման միջազգային դաշինքի անդամ դառնալը մարդասիրական առաքելութիւն է, եւ կրնայ նպաստել մեր երկրի միջազգային հեղինակութեան բարձրացման: Հայերու կողմէ այդ առաքելութիւնը յաջողութեամբ իրագործելու հանգամանքը Հայաստանի համար հեղինակաւոր փաստ կը դառնայ եւ դրականօրեն կ՚անդրադառնայ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի ծաւալած գործունէութեան վրայ: Հայաստանի համար դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ ականազերծման միջազգային դաշինքի անդամ է նաեւ Ռուսաստանը»:
Չաքրեան իր խօսքով շեշտը կը դնէ Հայաստանի միջազգային վարկին բարձրացման վրայ, սակայն ան կը մոռնայ, որ այսօր Սուրիոյ մէջ զինուորական «տարազ»ով որեւէ մասնակցութիւն ունի նաեւ իր ժխտական հետեւանքները:
Ու մտահոգութեան տուն տուողը այն է, որ այդ հետեւանքները կրնան այսօր չերեւիլ ու պատահին «քրիթիք» զարգացումներու ընթացքին ծանր հարուած տալով, այս անգամ ոչ թէ համայնքի մը (նկատի ունիմ սուրիահայ համայնքը), այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր երկրին:
Այստեղ է նաեւ, որ որեւէ դէպքի, քաղաքական զարգացումի, պատերազմի կամ օրհասի ատեն Հայաստան կը շարժի ու պէտք է շարժի հաշուի առնելով նախ եւ առաջ համայն հայութեան ու յատկապէս Հայաստան աշխարհի շահերը:
Ի վերջոյ Հայաստանը պետութիւն է եւ անոր պետական շահերը գերադաս են միւս բոլոր տեսակի շահերէն:
Սուրիոյ պատերազմին մասին խօսեցանք ու այստեղ պէտք է մանաւանդ շեշտադրել, որ Հայաստանի պետութեան կողմէ դէպի Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնները վեր պահեցին մեր վարկն ու անունը: Ճիշդ է, որ այսօր Լիբանանի հարեւան երկրին մէջ զինուորական գործողութիւնները չեն աւարտած, սակայն բացորոշ է, որ այդ գործողութիւններու աւարտին երկիրը (անշուշտ եթէ Սուրիան մուտք գործէ քաղաքական լուծումներու հանգրուան) պիտի մտնէ վերակառուցման փուլ մը ու հոն է նաեւ, որ հայութիւնը կամ նոյնիսկ անհատ հայ ձեռներէցներ կարեւոր դեր մը ունենան եւ մասնակից դառնան այդ ընդհանուր գործընթացներուն: Ի վերջոյ միշտ աւելի դրական ու աւելի շինիչ է վերակառուցման պատուհանէն մտնել Սուրիա, քան թէ զինուորական տարազ հագած, որովհետեւ հակառակորդ երկիրներով շրջապատուած Հայաստանը իրաւունք չունի հաշուի չառնելու իր հակառակորդներու «բարեկամներուն» ներուժը, որոնց հետ նոյնիսկ պէտք է վաղ կամ ուշ գործակցութեան հարթակ մը ստեղծել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան