ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ…

ՊՈՂՊԱՏԵԱՅ ԿԱՄՔ…

89 տարեկան՝ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքի բնակիչներէն, Էան Լորիմորի (տես նկարը) պողպատեայ կամքը արտայայտող պատմութիւնն է հետեւեալը։

Ան չորս տարի առաջ՝ 85 տարեկան հասակին, Թանզանիոյ Քլիմանճարօ լերան գագաթը մագլցելով հանդիսացած էր առաջին մեծահասակ անձը, շահելով հազուագիւտ այդ մրցանիշը։

Քլիմանճարօ Ափրիկէի ամենաբարձր լեռն է, որ ունի երեք հրաբխային խոռոչներ։ Անոր գագաթին՝ գետնէն բարձրութիւնն է 4.900 մեթրն է, իսկ ծովու մակերեսէն՝ ան կը գտնուի 5.895 մեթր բարձրութեան վրայ։ Անոր երկայնքն է 100 քմ. իսկ լայնքը՝ 65 քմ.։ Անոր վերջին հրաբխային ժայթքումը տեղի ունեցած է 150.000-200.000 տարի առաջ։

Հիմա վերադառնանք մեր բուն պատմութեան։ Ուրեմն, Լորիմոր երբ կ՚իմանայ, որ իրմէ ետք՝ 2015-էն 2018-ի միջեւ, ուրիշ մեծահասակ կին մը եւ այր մարդ մը կը մագլցին Քլիմանճարօ լեռը եւ իրմէ կը խլեն մեծահասակ մագլցողի մրցանիշը, կ՚որոշէ անգամ մը եւս մագլցիլ վերոյիշեալ լեռը եւ դարձեալ իրեն վերապահել այդ մրցանիշը…

Եւ ահա այս տարուան յուլիս ամսուան ընթացքին՝ ան կը վերադառնայ Թանզանիա եւ ինը օրուան մէջ, կը մագլցի Քլիմանճարօ լեռը եւ անգամ մը եւս կը շահի ամենամեծահասակ մագլցող անձի մրցանիշը։ Հոս տեղին է մէջբերել բանաստեղծին այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ,

Աշխատանք, կամք ու կորով՝

Երեք ձիրքեր են որով,

Մարդ՝ երկնի վրայ թէ երկրի,

Անպայման կը յաջողի։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Լորիմոր համալսարանի դասատու եղած է, իսկ իր խանդավառութիւնը՝ լեռ մագլցելու կողքին, կը կեդրոնանայ նաեւ մանուկներու օգտակար հանդիսանալու առաքելութեան մէջ։

Առ այդ, ան 2004 թուականին հիմնած է կազմակերպութիւն մը՝ «Ստեղծել յուսադրիչ ապագայ մը» անտեսուած երեխաներու համար, որ նիւթապէս կ՚օգնէ անոնց։ Պատիւ՝ արժանաւորին!  

ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԱԽՈՐԺ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ…

Այս պատմութեան առանցքը կը կազմեն Ֆլորիտա նահանգի Տը Լենտ քաղաքի բնակիչներէն Թամ Լոյտն ու իր Ռեմպրենտ անունով շունը (տես նկարը)։

Հոս կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ ներկայացնել YELP ընկերութիւնը, որ առիթ կու տայ սպառողին (consumer) համակարգիչի վրայ արտայայտելու իր կարծիքը՝ ճաշարանի մը, բժիշկի մը, սափրիչի մը եւ կամ այլ հաստատութեան մը ընծայած ծառայութեան մասին։ Հանրային այդ ընկերութեան կեդրոնատեղին է Սան Ֆրանսիսքոն եւ ան ունի 4.350 պաշտօնեայ։

Ուրեմն՝ վերադառնալով մեր պատմութեան, անցեալ տարի՝ Թամի տասն տարեկան վերոյիշեալ շունը կը հիւանդանայ եւ ան անմիջապէս կը տանի զինք իր բնակած քաղաքի անասնաբուժական հիւանդանոցը։ Հոն կ՚ըսեն, թէ պէտք է գործողութեան ենթարկուի՝ պայթած փայծաղը հանելու համար։

Թամ՝ իր հաւանութիւնը յայտնելէ ետք կը վերադառնայ տուն, սակայն վեց ժամ ետք կը հեռաձայնեն իրեն՝ ըսելով, թէ եկուր շունդ տար՝ քանի վիրաբոյժ մը չգտանք։ Թամ՝ շունը ուրիշ հիւանդանոց մը կը տանի, սակայն ուշացած ըլլալով՝ շունը կը մեռնի…

Հիմա Թամ YELP-ի վրայ գանգատ կը ներկայացնէ հիւանդանոցին նկատմամբ, որոնց անհոգութիւնը պատճառ հանդիսացած էր, որ իր շունը մահանայ։ Ամիսներ ետք՝ վերոյիշեալ անասնաբուժական հիւանդանոցն ու անասնաբոյժ Թամըս Մըքֆէյլ փոխադարձ դատ կը բանան Թամ Լոյտի վրայ, զիրենք վատաբանած ըլլալուն համար։

Անոնք կը պնդեն, թէ իր բացասական արտայայտութիւնը սուտ է եւ դիտաւորեալ կերպով կատարուած։ Ցարդ՝ Թամ Լոյտի դատական ծախսերը հասած են 26 հազար տոլարի, մինչ իր տարեկան եկամուտը միայն 20 հազար տոլար է։

Թամ առանձին չէ դատական այս միջոցառումին մէջ։ Անցեալ տարի՝ Նիւ Եորքի մէջ, կին մը դատարան յանձնուած է իր բժիշկին կողմէ՝ պահանջելով 1 միլիոն տոլար, իր բացասական գրութեան համար։ Իսկ Հարաւային Քարոլայնայէն կին մըն ալ՝ դարձեալ իր բացասական գրութեան համար, դատարան յանձնուած էր՝ իր յաճախած ճաշարանին կողմէ։ Ահա քեզի բոլորին երազած Ամերիկան!

Ուրեմն՝ եզրակացնելով կրնանք ըսել, որ խօսքի ազատութեան այս երկրին մէջ, պէտք չէ չարախօսես, այլապէս՝ կ՚ենթարկուիս անախորժ հետեւանքներու… Փաստ՝ մեր վերոյիշեալ դէպքերը։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2019