2020 ՆԱՀԱՆՋ ՏԱՐՒՈՅ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՕՆԵՐԸ՝ ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՏՕՆԱՑՈՅՑԻ
ՆԱՀԱՆՋ ՏԱՐԻՆ
Յառաջիկայ 2020 տարին Նահանջ տարի է, փետրուար 29-ի յաւելեալ օրով։ Ներկայ ուսումնասիրութիւնը յառաջիկայ նոր տարուան Հայ Եկեղեցական տօներու օրացոյցը կը ներկայացնէ իր զոյգ ՇՆ տարեգիրներով, որոնց առաջնորդութեամբ մինչեւ Բուն Բարեկենդան Շ տարեգիրով, եւ մնացեալ ամիսներուն ալ Ն տարեգիրով կը ճշդուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօները։ Եթէ սովորական տարիներուն մէկ տարեգիրով միայն կ՚առաջնորդուինք, Նահանջ տարիներուն զոյգ տարեգիրներուն հարկ է հետեւիլ, առաջինը մինչեւ Բուն Բարեկենդանի տօները ճշդելու համար, եւ երկրորդը՝ մնացեալ ամիսներուն, անմիջապէս նշելով Զատկի կիրակին համաձայն երկրորդ տարեգիրին։
Սոյն ուսումնասիրութիւնը պատրաստուած է հայ եկեղեցականներու, ընծայարաններու եւ ժառանգաւորներու համար, ուր ընթերցողը որպէս ուղեցոյց պիտի գտնէ յաջորդ տարուան 365 օրերու վրայ բաշխուած Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօնակատարութիւնները։ Գրութեանս նպատակն է նաեւ Տօնացոյցի երկու հատորներուն ցուցմունքներով եւ հրահանգներով խմբաւորել տարուան լրիւ օրերուն կառոյցն ու յիշատակելի դէպքերը ինչպէս նաեւ Պահքի օրերը։ Հաշուարկումները յատկապէս կատարուած են յառաջիկայ 2020 տարուան համար եւ ըստ այնմ հիմնական թուականները ճշդուած՝ գլխաւորութեամբ Ս. Ծննդեան ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6-ի երկուշաբթի օրուան, եւ Ս. Զատկի կիրակիին՝ ԱՊՐԻԼ 12-ին։
ՉՈՐՍ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
ՏԷՐՈՒՆԻ, ՍՐԲՈՑ, ՊԱՀՈՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցին տարուան ընթացքին չորս խմբաւորումներով՝
Դասաւորած է Տէրունի, Սրբոց եւ Ազգային տօները, լայն տեղ տալով նաեւ Պահոց օրերուն։ Տօներուն մեծագոյն մասը շարժական տօներ են, այսինքն տարուէ տարի իրենց ամսաթիւերը կը փոխուին, որովհետեւ անոնք կը սահմանուին Զատիկի կիրակի օրուան թուականին համեմատ։ Անշարժ տօները կը տօնուին անշարժ թուականներով, առանց կախում ունենալու Զատիկի թուականէն, նկատի ունենալով որ անոնք Աստուածաշունչի տուեալներու հիման վրայ ճշդուած ըլլալով անխախտ կը մնան։ Պահքի օրերը թիւով գերակշիռ են Տէրունի եւ Սրբոց տօներուն բաղդատմամբ։ Հայ Եկեղեցւոյ տօները յատուկ դասաւորումով եւ իրենց ուրոյն նկարագրով չորս դասակարգերու վրայ բաշխուած են ըստ հետեւեալին։ Զանոնք թուականներով կը նշենք ստորեւ։
ՏԷՐՈՒՆԻ ՏՕՆԵՐ, որոնք Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի կեանքին եւ տնօրինութեանց պաշտամունքը կը կազմեն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի յատուկ յիշատակութիւնն ու յարգանքը կը մատուցանեն համաձայն իր կեանքի այլազան հանգրուաններուն։ Տէրունի տօներ են նաեւ Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօները, որոնք նշուած են իրենց կարգին։
ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԵՐ, որոնց յիշատակին ձօնուած յատուկ օրեր են, թէ՛ Սուրբ Գրական անձերուն եւ թէ եկեղեցւոյ նախնագոյն վկաներուն եւ Եկեղեցական Հայրերուն։ Մինչ առաջինները Աստուածաշունչ մատեանով սրբագործուած են, վերջինները եկեղեցւոյ կողմէ կանոնականացուած Սուրբերն են, որոնցմէ շատեր Հայ Եկեղեցին ընդունած են եւ պատիւ ընծայած անոնց որպէս Քրիստոսի վկաներն ու բարեխօսները։
ՊԱՀՈՑ ՕՐԵՐ, որոնց նպատակն է ապաշխարանքով պատրաստ ըլլալ Տիրոջ կեանքի հանգրուաններուն արժանի դառնալու համար։ Եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն ընծայած է քառասնօրեայ Մեծ պահքին եւ առ հասարակ պահեցողութեան, որպէսզի հաւատացեալը իր հոգեկան կեանքը մաքրելով կարենայ մօտենալ Աստուծոյ։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԵՐ, որոնք կը յիշատակեն հայոց պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերը՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, Մեսրոպեան տառերու Ոսկեդարեան գիւտն ու հայ մշակոյթը, հայոց Քրիստոնէութեան մեծ դարձին յարակից դէպքերը, Վարդանանց հերոսամարտն ու Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ դարադարձերը։ Նկատի ունենալ սա պարագան, որ բոլոր տօները հոգեւոր ցնծութեամբ արտայայտուած են մեր սրբազան շարականներուն միջոցաւ, զմայլելի կերպով, արձագանգ հանդիսանալով Աւետարանական պատումներուն։
ՏԷՐՈՒՆԻ ՏՕՆԵՐ
ՅԻՍՈՒՍԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ա. Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Չորսն ալ անշարժ տօներ են
Սուրբ Ծնունդ Յունուար 6
Մկրտութիւն Յունուար 6
Անուանակոչութիւն Յունուար 13
Տեառնընդառաջ Փետրուար 14
Բ. Քրիստոսի Յարութիւնը եւ յարակից տօներ Գ. Տարուան բոլոր կիրակիները եւ
Բուն Բարեկենդան Փետրուար 23
Ղազարոսի Յարութիւնը Ապրիլ 4
Ծաղկազարդ Ապրիլ 5
Աւագ Շաբաթ Ապրիլ 6-11
ԶԱՏԻԿ կիրակի Ապրիլ 12
Համբարձում՝ հինգշաբթի Մայիս 21
Երկրորդ Ծաղկազարդ Մայիս 24
Հոգեգալուստ Մայիս 31
Դ. Պայծառակերպութիւն (Վարդավառ) Յուլիս 19 (Զատիկէն 14 շաբաթ ետք)
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԵՐ
Աւետում Ապրիլ 7 (անշարժ)
Գիւտ Տփոյ Յուլիս 5
Վերափոխում՝ կիրակի Օգոստոս 16
Գիւտ Գօտւոյ Օգոստոս 30
Ծնունդ Ս. Կոյսին Սեպտեմբեր 8 (անշարժ)
Ընծայում Նոյեմբեր 21 (անշարժ)
ԽԱՉԻ ՏՕՆԵՐ
Երեւման Խաչ Մայիս 10
Վերացման Խաչ Սեպտեմբեր 13
Վարագայ Խաչ Սեպտեմբեր 27
Գիւտ Խաչ Հոկտեմբեր 25
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԵՐ
Նոր Կիրակի Ապրիլ 19
Աշխարհամատրան Կիրակի Ապրիլ 26
Տօն Կաթողիկէ Էջմիածնի Յունիս 14
Շողակաթ Օգոստոս 15
Խաչվերացի յաջորդող 6 օրերը Սեպտեմբեր 14-19
ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԵՐ
Հայ Եկեղեցին Սուրբերուն յատկացուցած է շաբթուան չորս օրերը՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ։ Կիրակի օրերը Տէրունի օրեր են եւ նուիրուած՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան։ Չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահքի յատուկ օրեր են։
Յանուանէ Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր կտակարաններէն 89 Սուրբեր քաղուած են, իսկ մնացեալները եկեղեցւոյ առաջին հինգ դարերու Առաքելական Հայրերէն են, ներառեալ առաջին Երեք Տիեզերական Ժողովներու Հայրերը, որոնք ուղղափառ հաւատքը հաստատեցին ու Նիկիական հաւատոյ հանգանակը բանաձեւեցին։ Հայ Եկեղեցին անոնց վրայ աւելցուց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն ու իր շառաւիղէն եկած եկեղեցւոյ Հայրապետներն ու յաւելեալ հայ սուրբեր, հինգերորդ դարէն մինչեւ տասնչորրորդ դար։ Ամենավերջին Սուրբերը եղան հայոց 1915 թուականի ցեղասպանութեան նահատակները, որոնք 2015 թուին սրբացան Սուրբ Էջմիածնի մէջ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»։
ՊԱՀՈՑ ՕՐԵՐ
Համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին Պահքի օրեր յատկացուած են հետեւեալ գլխաւոր տօները կանխող օրերուն՝ համապատասխան տեւողութեամբ։
ա) Սուրբ Ծնունդ Քրիստոսի՝ վեց օրեր (Դեկտեմբեր 30 - Յունուար 4)
բ) Առաջաւորաց Պահք՝ հինգ օրեր (Փետրուար 2-6)
գ) Մեծ պահքի 48 օրերը, ներառեալ Աւագ Շաբաթը (Փետրուար 24 Ապրիլ 11)
դ) Պահք Եղիա Մարգարէի՝ հինգ օրեր (Յունիս 1-5)
ե) Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պահք՝ հինգ օրեր (Յունիս 22-26)
զ) Պայծառակերպութիւն Տեառն՝ հինգ օրեր (Յուլիս 13-17)
է) Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի՝ հինգ օրեր (Օգոստոս 10-14)
ը) Վերացման Սուրբ Խաչ՝ հինգ օրեր (Սեպտեմբեր 7-11)
թ) Վարագայ Ս. Խաչի պահք՝ հինգ օրեր (Սեպտեմբեր 21-25)
ժ) Յիսնակաց պահք՝ հինգ օրեր (Նոյեմբեր 16-20)
ժա) Ս. Յակոբայ պահք՝ հինգ օրեր, ձմեռնամուտին (Դեկտեմբեր 7-11)
Վերոյիշեալ պահքի օրերու գումարն է 99։ Իսկ տարուան պահքի օրերու ընդհանուր թիւն է 139։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԵՐ
ա) Որդւոց եւ Թոռանց Սուրբ Լուսաւորչի (Փետրուար 1)
բ) Սրբոց Ղեւոնդեանց (Փետրուար 18)
գ) Սրբոց Վարդանանց (Փետրուար 20)
դ) 1915 թուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին Սուրբեր (Ապրիլ 24)
զ) Վարագայ Խաչ (Սեպտեմբեր 27)
է) Սրբոց Թարգմանչաց (Հոկտեմբեր 17)
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Տէրունի, Սրբոց, Պահոց եւ Ազգային տօնական օրերը հետեւեալ համագումարը կը ներկայացնեն
Պահքի օրեր 39
Ուտիքի օրեր 57
Սրբոց օրեր 114
Կիրակիներ 44
Այլազանք 11
ԳՈՒՄԱՐ 365 օրեր
Նկատի ունենալ այստեղ հետեւեալ երկու պարագաներ։ Վերեւի կիրակիներուն թիւը 44 է, որովհետեւ Մեծ պահոց կիրակիները պակսեցուցած եմ եւ աւելցուցած պահոց օրերու գումարին մէջ։ Իսկ «Այլազանք» նշուած 11 օրերը հետեւեալներն են։
Ճրագալոյց Ծննդեան Յունուար 5
Սուրբ Ծնունդ Յունուար 6
Ծննդեան վեց օրեր Յունուար 7-12
Անուանակոչութիւն Յունուար 13
Տեառնընդառաջ Փետրուար 14
Ծնունդ Աստուածածնի Սեպտեմբեր 8
Թէեւ նշուած թուականները ինչպէս ըսուեցաւ 2020 տարուան յատուկ են, կատարուած աշխատանքը կարելի է գործադրել նաեւ որեւէ տար-ւան համար, միշտ նկատի ունենալով Նահանջ տարիի բացառութիւնը ինչպէս այս տարուան պարագային, պայմանաւ սակայն որ հետեւինք Տօնացոյցի երկու հատորներու ցուցմունքներուն եւ հրահանգներուն՝ ղեկավարուելով Գիր Տարւոյ կոչուած տառով, որ յաջորդ տարուան համար զոյգ ՇՆ գիրերն են ինչպէս բացատրեցինք սկիզբը։ Ամէն տարի իրեն յատուկ Գիր Տարւոյն ունի։ Առաջին հատորը տօներն է, որ կը նշանակէ եւ կը բաշխէ, իսկ երկրորդը՝ օրերու հաշուարկումները կը կատարէ։ Ի միջի այլոց յիշենք նաեւ որ ամէն Նահանջ տարիին է որ չորս տարին անգամ մը Ամերիկայի Նախագահական ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կլենտէյլ
«Պայքար», Պոսթոն