ԸՆ­ՏԱ­ՆԵ­ԿԱՆ ՅՈՒ­ՇԵՐ՝ ՊԱ­ՔՈ­ՒԻ ՀԱ­ՅԵ­ՐՈՒ ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԵ­ՆԷՆ

Հա­յոց աշ­խար­հը ին­ծի հա­մար Կաս­պից ծո­վե­զեր­քէն՝ Պա­քուէն սկսաւ, իր ներ­քին բա­կե­րէն, լայ­նա­տա­րած պատշ­գամ­նե­րէն, գոյնզ­գոյն կե­րա­կուր­նե­րով ծած­կուած եր­կար սե­ղան­նե­րէն, ղա­րա­բա­ղեան բար­բա­ռին հնչիւն­նե­րէն, հայ­կա­կան պա­րե­րու մէջ փռուած ձեռ­քե­րու ու­րուա­գի­ծե­րէն, «Քա­մի­նե­րու քաղաք»ի սօ­սի­նե­րու ան­դադ­րում սօ­սա­ւիւ­նէն: Ե­թէ պոլ­սա­հա­յե­րը վարժ են Հա­յաս­տա­նը իբ­րեւ ա­րե­ւե­լեան հե­ռա­ւոր եր­կիր մը ե­րե­ւա­կա­յե­լու, ա­պա մե­զի հա­մար նոյ­նիսկ Ղա­րա­բա­ղը ա­րեւմ­տեան աշ­խարհ մըն էր: Մոս­կուա ծնած ըլ­լա­լով՝ բնա­կա­նա­բար չէի կրնար հա­յու­թեան մա­սին յստակ գա­ղա­փար մը ու­նե­նալ, բայց երբ ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն Պա­քու կ­՚եր­թա­յի, մեծմօրս ու մեծհօրս հետ ժա­մա­նակ վա­յե­լե­լու, ու­րիշ տիե­զերք մը կը բա­ցա­յայ­տէր՝ բաղ­ձա­լի ու խորհր­դա­ւոր: Կը յի­շեմ, ինչ­պէս մեծմայ­րի­կիս հետ զբօս­նե­լու կամ գնում­ներ ը­նե­լու ա­տեն, ան, եր­բեմն, ան­ծա­նօ­թի մը հետ պա­տա­հա­կան զրոյ­ցի բռնուե­լով, հե­տը ռու­սե­րէն քա­նի մը նա­խա­դա­սու­թիւն փո­խա­նա­կե­լէ ետք, յան­կարծ հա­յե­րէ­նին կ՚անց­նէր: Քո­վը կանգ­նած ու գլուխս ի վեր պար­զած՝ ման­կա­կան կարճ հա­սա­կէս խօ­սա­կից մար­դուն կզա­կը միայն կը տես­նէի ու մար­դը աչ­քե­րովս կ՚ու­տէի՝ փոր­ձե­լով հասկ­նալ, թէ ինչ­պէ՛ս մեծմայ­րիկս կրցած էր կռա­հել, թէ դի­մա­ցի­նը հայ էր: Իսկ ե­թէ հարց­նէի ի­րեն՝ կը ժպտէր միայն ի պա­տաս­խան...: Մարմ­նովս իսկ կը զգա­յի, որ ես այս ան­հե­տա­ցող աշ­խար­հին հետ անզն­նե­լի թե­լե­րով կա­պուած էի:

Ինծի նա­խոր­դող չորս սե­րունդ­նե­րը Պա­քու ապ­րած են, բայց մեծմօրս ու մեծհօրս ըն­տա­նիք­նե­րը տար­բեր գա­ւառ­նե­րէ էին, ու Պա­քուի մէջ ի­րենց տար­բեր շրջա­նակ­նե­րը զի­րար շատ չէին հաւ­ներ: Ա­ռա­ջի­նը Շու­շիէն կու գար ու իր բար­բա­ռը կը պա­հէր. Ար­ցա­խի լե­զուն քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն վրայ, ո՛չ միայն Էր­մէ­նի­քենտ, այ­լեւ քա­ղա­քին բուն կեդ­րո­նը, մին­չեւ 1990-ի ջար­դը, կը լսուէր:

Միւս ըն­տա­նի­քին ար­մատ­նե­րը Շա­մա­խի կը կոր­սուէին. մեծհօրս մայ­րը՝ Թա­գու­հի Ա­բէ­լեա՝ դե­րա­սան Յով­հան­նէս Ա­բէ­լեա­նի քոյրն էր, միեւ­նոյն Բա­բա­խա­նեան ըն­տա­նի­քէն, ինչ­պէս էին՝ Ա­լեք­սանդր Շիր­վան­զա­տէ, Լէօ ու Կոս­տան Զա­րեան: Ե­րի­տա­սարդ Շիր­վան­զա­տէն, 19-րդ դա­րու վեր­ջը, Շու­շիէն Պա­քու տե­ղա­փո­խուե­լուն՝ ա­ռա­ջին շրջա­նին մօ­րաք­րոջ՝ Մա­րիամ Բա­բա­խա­նեա­նին տու­նը ապ­րած է, ու հե­տա­գա­յին զայն իբ­րեւ իր «երկ­րորդ մայ­րը» յի­շած է «Կեան­քի բո­վից» եր­կին մէջ: Իսկ Մա­րիա­մին դուստ­րը՝ Թա­գու­հի, իր ըն­տա­նի­քով հաս­տա­տուած է գե­ղե­ցիկ չո­րս­յար­կա­նի տան մը մէջ, որ Թա­գու­հիին ա­մու­սի­նը՝ Կա­րա­պետ Լա­զա­րեւ, կա­ռու­ցել տուած էր նախ­կին Ստա­րօ-Պո­լի­ցէյս­կա­յա փո­ղո­ցին մէջ: 1920-էն ետք պոլ­շե­ւի­կեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խլեց այս տու­նը Լա­զա­րեւ­նե­րէն, բայց մեծհայրս՝ Ար­թե­միյ (Յա­րու­թիւն), մին­չեւ վերջ միեւ­նոյն փո­ղո­ցը ապ­րե­ցաւ, ու­րիշ հա­յա­շէն տան մը մէջ, ո­րուն մա­սին եւս քա­նի մը խօսք պի­տի ը­սեմ: Սո­վե­տա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն, այս­պէս կո­չուած «ու­նե­ւոր դա­սա­կար­գին» հետ նոյ­նա­ցուած ըլ­լա­լու սար­սա­փը այն­քա՜ն ուժ­գին էր, որ Ար­թե­միյ իր ծնած տա­նը մօ­տե­նա­լուն՝ ա­մէն ան­գամ փո­ղո­ցին միւս կող­մը կ­՚անց­նէր, որ­պէս­զի զինք իր հա­րա­զատ բոյ­նին քով յան­կա՛րծ չտես­նեն ու չմե­ղադ­րեն, թէ իր ըն­տա­նե­կան օ­ճա­խը կը կա­րօտ­նար:

Մեծմայրս՝ Էմ­մա, հօ­րե­նա­կան գծով կու գար շու­շե­ցի Թա­ռու­մեան ըն­տա­նի­քէն, որ դա­րաս­կիզ­բին Կոր­չա­կովս­կա­յա փո­ղո­ցը կ՚ապ­րէր: 1822 թուա­կա­նին Թա­ռու­մեան­նե­րը ա­ջակ­ցած էին կա­ռու­ցե­լու Շու­շիի «Ա­գու­լե­ցոց» (ա­գու­լիս­ցի­նե­րուն) ե­կե­ղե­ցին, որ մին­չեւ 1887-ը, Ղա­զան­չե­ցոց ե­կե­ղե­ցիի շի­նու­թիւ­նը, քա­ղա­քին ա­ւա­գը ե­ղած էր: Ա­տի­կա 1920-ին կոր­ծա­նե­ցաւ, սա­կայն 1895-ին Պա­քու հրա­տա­րա­կուած գիր­քի մը մէջ Մա­կար Ե­պիս­կո­պոս Բար­խու­դա­րեանց, նկա­րագ­րե­լով այս «ան­տաշ քա­րով կա­ռու­ցեալ» տա­ճա­րը, կ­՚ար­ձա­նագ­րէ ա­նոր հա­րա­ւա­յին դրան բա­րա­ւաո­րին (ճա­կա­տա­կալ քա­րին) վրայ փո­րուած գրու­թիւ­նը, որ Թա­ռու­մեան­նե­րուն «ար­դիւնքն եւ ծախքն» կը յի­շէ:

1915-ի վեր­ջը եւ 1916-ի սկիզ­բը Պա­քու, թա­թար­նե­րու (այ­սօ­րուան ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն) յար­ձա­կում­նե­րը հա­յե­րու վրայ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի դար­ձած էին, ինչ որ նոր ջար­դի մը վա­խը կ­՚ար­ծար­ծէր հա­յոց մէջ: Կով­կաս ու Մի­ջին Ա­սիա հա­կա­հայ­կա­կան հա­լա­ծանք­նե­րը կը գրգռէին թա­թար­նե­րու «իս­լա­մա­կան բա­րե­րար միու­թիւն­նե­րը», ո­րոնք սերտ կապ մը կը պա­հէին Ե­րիտ­թուր­քե­րուն հետ: Մեծ­մօրս մայ­րը յղի ըլ­լա­լուն չնա­յե­լով, երբ ան­գամ մը, գա­րու­նը, լու­րը ստա­ցած էր, որ թա­թար­ներ փոր­ձեր էին դպրո­ցէն վե­րա­դար­ձող աղ­ջիկ­նե­րուն վրայ յար­ձա­կիլ, ա­նոնց ու­ղե­կառ­քը կանգ­նեց­նե­լով, իս­կոյն ո­րո­շած էր մեծ ըն­տա­նի­քին փու­թա­նա­կի փա­խուս­տը կազ­մա­կեր­պել: Քա­նի՜ցս հա­յե­րուն քով կրկնուած ըն­թացք. կի՛նն է, որ ըն­տա­նի­քին ճա­կա­տա­գի­րը կ­՚ո­րո­շէ: Վտան­գը այն­քա՜ն շօ­շա­փե­լի էր, որ բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը քա­նի մը օ­րուան մէջ կա­տա­րուե­ցան: Ու­ղե­կառք նստե­լու ա­տեն, Էմ­մա­յին մեծ քոյ­րը յան­կարծ ան­հե­տա­ցած էր՝ տագ­նա­պի մատ­նե­լով բո­լո­րը, բայց քա­նի մը վայր­կեան ետք ե­լած էր լքուած տու­նէն՝ ար­ծա­թեայ սպաս­քը ձեռ­քին. ե­րի­տա­սարդ­ներն ու ե­րա­խա­ներն ալ կը գի­տակ­ցէին, ու­րեմն, թէ ճամ­բան դժուար պի­տի ըլ­լար, ու տու­ներ­նին կրնա­յին այ­լեւս չտես­նել:

Վտան­գէն ա­զա­տե­լու հա­մար, թա­թա­րաբը­նակ տա­րածք­նե­րու մէ­ջէն Թիֆ­լիզ կամ Ռու­սաս­տան եր­թա­լու փո­խա­րէն՝ Թա­ռու­մեան­նե­րը նա­խընտ­րած են ծո­վը կի­սել. Թիւր­քմե­նիս­­տա­նը ի­րենց ա­ւե­լի ա­պա­հով կը թուէր: Ար­դէն նա­խորդ դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դէն սկսեալ՝ Աշ­խա­պատ հաս­տա­տուած էին շատ մը պա­քուցի հա­յեր, ո­րոնց շնոր­հիւ Պա­քու մնա­ցած ի­րենց հայ­րե­նա­կից­նե­րը կրնա­յին տե­ղե­կա­նալ Մի­ջին Ա­սիոյ մէջ տի­րող վի­ճա­կին մա­սին: Իս­կա­պէս ալ, 1916-ին Աշ­խա­պատ հան­գիստ տեղ մըն էր. բայց ե­թէ ի­րօք այդ­պէս էր, ին­չո՞ւ Աշ­խէն ու Ար­շակ հոն կանգ չա­ռին, այլ ի­րենց եօ­թ դստ­րե­րուն հետ ե­րեք-չորս ան­գամ ա­ւե­լի եր­կար ճամ­բայ մը կտրե­լով՝ հա­սան Ֆեր­կա­նա­յի հո­վի­տը, ուր հա­յեր ու ընդ­հան­րա­պէս քրիս­տո­նեա­ներ քիչ էին: Ման­կու­թեանս, ըն­տա­նի­քիս գաղ­թին պատ­մու­թիւ­նը այն­քա՜ն լսած եմ՝ թէ՛ մեծմօր­մէս, թէ՛ իր քրոջ­մէն, թէ՛ մօր­մէս, որ ինք­զինքս ի­րենց բո­լոր քայ­լե­րուն տե­ղեակ կը հա­մա­րէի: Միայն երբ ա­ռա­ջին ան­գամ գրիչ մը ձեռքս ա­ռի այս ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը գրան­ցե­լու հա­մար, անդ­րա­դար­ձայ, թէ քա­նի՛ օ­ղակ պա­կաս են շղթա­յին մէջ: Ա­ւա՜ղ, ուշ էր ար­դէն մաս­նա­կից­նե­րը փնտռե­լու...:

Կ­՚են­թադ­րեմ, սա­կայն, որ ի սկզբա­նէ մտա­դիր էին ի­րենց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը դէ­պի Ռու­սաս­տան շա­րու­նա­կե­լու, ո­րով­հե­տեւ Խա­ւաս­տէն մին­չեւ Օ­րեն­պուրկ տա­նող եր­կա­թու­ղա­գիծ մը կը գոր­ծէր, բայց Աշ­խէ­նին յղի ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով ստի­պուե­ցան կե­նալ Խա­ւաս­տէն քիչ մը ան­դին գտնուող Քո­քան­տը, ուր եւ ծնաւ վեր­ջին ե­րե­խա­նին: Քո­քանտ տա­րի մը հան­գիստ ապ­րե­ցան, բայց երբ յա­ջորդ տա­րուան ա­մառ՝ՙ փետ­րուար 1917-ին, ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով Մի­ջին Ա­սիան ան­կա­ռա­վա­րե­լի դար­ձած էր, Էն­վեր փա­շա­յի գոր­ծա­կալ­նե­րը կրցած էին հոն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը սաստ­կաց­նել. զի­նուած գուն­դեր կը շրջէին վայ­րէ-վայր հա­յեր փնտռե­լով: Ան­գամ մը, թա­թար­նե­րու մօ­տե­նա­լուն լու­րը առ­նե­լով, Աշ­խէն սու­րա­ցած է ե­րե­խա­նե­րը պա­հա­րան­նե­րու մէջ, ան­կո­ղին­նե­րու տակ թաքց­նե­լու հա­մար, ու միայն Թա­ռու­մեան­նե­րուն ուզ­պեք խո­հա­րա­րը տու­նէն դուրս ել­լե­լով ե­ղեռ­նա­գործ­նե­րուն առ­ջեւ ձե­ւա­ցու­ցած է, թէ ան մահ­մե­տա­կա­նի տուն մըն էր, եւ ա­տով փրկած է ըն­տա­նի­քը: Այս ար­կա­ծէն ետք Քո­քան­տը ձգե­լով՝ Թա­ռու­մեան­նե­րը հաս­տա­տուած են Աշ­խա­պատ:

  Ըն­տա­նի­քին տա­սը ան­դամ­նե­րէն միայն Էմ­մա ե­րես­նա­կան թուա­կան­նե­րուն սկիզ­բը վե­րա­դար­ձաւ Պա­քու, ուր ա­մուս­նա­ցաւ Ար­թե­միյ Լա­զա­րե­ւին հետ: Ա­նոնք ապ­րե­ցան վե­րո­յի­շեալ տու­նը, որ Լա­զա­րեւ­նե­րուն տան քով կը գտնուէր եւ ուր ծնան թէ՛ քե­ռիս, թէ՛ մայրս եւ ուր ես ալ ման­կու­թեանս ա­մե­նա­քաղցր պա­հե­րը ան­ցու­ցի: Մին­չեւ այ­սօր կա­րող եմ մտո­վի վե­րա­կանգ­նել այդ ինք­նու­րոյն կա­ռոյ­ցը, ո­րուն պատշ­գամ­նե­րը չորս գի­րուկ ար­ձան­ներ լոկ մէկ ձեռ­քով կը կրէին, եւ ա­նոր տար­բեր դռնե­րուն յա­տուկ ճռճռոցն ու բա­խու­մը՝ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին:

  Աշ­խէն եր­բե՛ք չու­զեց Պա­քու վե­րա­դառ­նալ: 1905-ի ու 1918-ի կո­տո­րած­նե­րուն ակ­նար­կե­լով կը կրկնէր, թէ ո՛ւր որ այդ պա­տա­հե­ցաւ՝ նո­րէ՛ն պի­տի պա­տա­հի:     Թա­ռու­մեան­նե­րուն փա­խուս­տէն 74 տա­րի ետք, յու­նուար 1990-ին, ա­նոնց աղ­ջի­կը՝ Էմ­ման, նո­րէն պի­տի փախ­չէր Պա­քուէն, քե­ռիիս ըն­տա­նի­քին հետ, վերջ­նա­կա­նա­պէս լքե­լով իր քա­ղաքն ու տու­նը, բայց սա ար­դէն ու­րիշ ան­գամ պատ­մուե­լիք ե­ղե­լու­թիւն է: Երբ, քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ի­մա­ցայ, որ չկայ այ­լեւս այդ շէն­քը, հասկ­ցայ, որ այն ան­բա­ցատ­րե­լի զիլ կսկի­ծը, որ ա­մէն տա­րի Պա­քուին նո­րէն հան­դի­պե­լու ու­րա­խու­թեանս կը խառ­նուէր, այդ քա­ղա­քին, իր հա­յե­րուն ու այդ ջերմ բոյ­նին ա­ւե­րու­մը նա­խազ­գա­ցող կոծ մըն էր:

Ի­ԿՈՐ ՏՈՐՖ­ՄԱՆ-ԼԱ­ԶԱ­ՐԵՒ

  (Աղ­բիւր՝ Ազգ )

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016