ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԽԱՉԻԿԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հալէպահայ երիտասարդ՝ Խաչիկ Տաուտեան կը պատմէ իր ապրած վերջին հինգ տարիներու փորձառութիւնը՝ սկսած Հալէպի հետզհետէ վատթարացած իրավիճակէն մինչեւ Լիբանանի վատառողջ ընկերային միջավայրը: 26-ամեայ երիտասարդը, նախքան հարցազրոյցի սկսիլը, պահ մը արցունքոտ աչքերով խնդրեց, որ բոլոր ըսածները գրի առնուին:
Խաչիկ, Հալէպէն հեռանալ չուզելով, սակայն արհաւիրքէն ազատելու համար, ընտրած էր ամենամօտիկ ապաստանը՝ Լիբանանը: Ըստ Խաչիկին, Լիբանանի մէջ ապրած իր ցաւոտ փորձառութիւնը երբեք չէր տարբերեր Սուրիոյ մէջ եղած պատերազմէն, այս մասին Խաչիկ սրտի ցաւով կը մեկնաբանէ. «Երբ սահման հասայ, յոյսով էի, որ երբ Լիբանան մտնեմ, ամէն վատ յիշատակ ետիս թողած պիտի ըլլամ: Սակայն առաջին օրէն արդէն հիասթափութիւնս սկսաւ, երբ գործ որոնելու սկսայ եւ այդ զգացումը օրէ օր ա՛լ աւելի սաստկացաւ»:
Խաչիկին ապրած իրավիճակը որոշ չափով բնական երեւոյթ դարձած է՝ պատերազմէն փախած եւ Լիբանան ապաստանած բոլոր սուրիահայերուն համար: Կարելի է ըսել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիին ստորադաս ըլլալու հանգամանքը ճակատագիր մըն է, որուն պէտք է համակերպիլ:
Հօր բացակայութիւնը պատճառներէն մէկն էր Խաչիկի Հալէպ մնալուն: Ան, հակառակ երիտասարդ տարիքին, իր ուսերուն առած էր մօրմէ, երկու երիտասարդ եղբայրներէ եւ պարմանուհի քրոջմէ բաղկացած ընտանիքին հոգերը: Անտեսելով իր տարիքը, Խաչիկ մեծ երազներ կառուցած էր, որոնք սակայն փլուզման ենթարկուած էին պատերազմի պատճառով: Խաչիկ պահ մը երազներ փայփայած օրերը յիշելով կը պատմէ. «Երազներս շատ մեծ էին: Կրնամ ըսել Հալէպի տարածութեամբ, բայց այդ բոլորը մէկ դէպքով չքացան, երբ աշխատած ժամանակս դիպուկահարը փորձեց սպաննել զիս: Դէպքի մը պատճառով հեռանալու որոշումս վճռած էի»:
Նախորդ տողերը կը ներկայացնեն ողջ հալէպահայութեան ապրած տագնապը եւ ո՛չ միայն անհատի մը:
Տան պատասխանատու դառնալը, պատերազմի արհաւիրքը եւ օրէ օր վատթարացող ապահովական վիճակը Խաչիկին ընկերակցած էին Սուրիոյ սահմաններէն դուրս նաեւ: Խաչիկ, չուզելով հանդերձ հին տառապանքի օրերը յիշել, սակայն սիրտը թեթեւցնելու փափաքէ մղուած՝ կը պատմէ. «Ամէն անգամ, երբ արհամարհանք կը լսէի սուրիացի ըլլալուս համար, կը յիշէի դիպուկահարի հարուածին ձայնը: Երբ գիշերները կը հսկէի թաղի բնակիչները, ես ինծի թե- րացած կը զգայի ընտանիքիս հանդէպ...»:
Կեանքի դժուարութիւնները կը հալածեն մեզ ամենուրէք, այս միտքին յանգած էր զրուցակիցս: Խաչիկ համակերպած էր դառն իրականութեան եւ իր հայեցողութեամբ՝ Հալէպէն դուրս գալը գտած էր որպէս լաւագոյն եւ միակ միջոց: Ան խոր համոզումով ըսաւ. «Դժուարութիւնները մեզ կը հալածեն ամենուրէք, սակայն վտանգաւորը այն է, որ իբրեւ ճակատագի՛ր ընդունինք զայն: Հալէպի մէջ, ի՛մ կամ ոեւէ հալէպահայու ճակատագիրը՝ մեռնիլ չէ: Իսկ Լիբանանի մէջ, նոյնպէս ոեւէ սուրիահայու ճակատագիրը զրպարտանքի կամ արհամարհանքի արժանանալը չէ: Թուարկածներս հիմնական պատճառներ էին Լիբանանէն հեռանալուս: Այո, պիտի ունենամ դժուարութիւններ, ելլելով երկրին օտար ըլլալու, նոր գործ որոնելու հանգամանքէն եւ այլն, սակայն բոլոր դժուարութիւնները պիտի դիմագրաւեմ որպէս՝ մարդ, առանց «ճակատագիր» հասկացողութեան»:
Ի վերջոյ տեղին է նշել, թէ Խաչիկի պարագան նմոյշ մըն է այդ բազմաթիւ պարագաներէն, որոնք մարդու վայել կեանք մը ապրելու համար հեռու ափեր կ՚ապաստանին, որոնց շարքին՝ Գանատա, Աւստրալիա, Իտալիա եւ այլն...
ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան