ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ԼԵԶՈՒՆ...
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգէն։ Մենք գիտենք, որ մարդկային մեր պատմութեան մէջ մրցանիշներ հաստատուած են հասակի բարձրութեան, գիրութեան, գեղեցկութեան եւ այլ եզակի յատկութիւններով օժտուած մարդոց նկատմամբ։
Այս մէկը սակայն բոլորովին տարբեր է մեր ցարդ գիտցած մրցանիշներէն։ Արդարեւ, 21 տարեկան Միքայլա Սարավիա անունով մանկամարդուհի մը՝ մրցանիշ հաստատած է իր լեզուին երկարութեան համար։ Անոր լեզուին չափն է 16.51 սանթիմեթր (տեսնել նկարը), այսինքն՝ 6.5 ինչ։
Մրցանիշ հաստատելը առաւելութիւն մըն է, սակայն զայն շահագործելով հարստանալը իմաստութիւն է՝ չէ՞ք խորհիր։ Հիմա տեսնենք, թէ մեր ճարպիկ մանկամարդուհին ինչպէ՞ս արտասովոր իր երկար լեզուն դարձուցեր է եկամուտի աղբիւր։
Միքայլա իր լեզուն սկսած է օգտագործել ուտեստեղէնի եւ հագուստեղէնի գովազդներու մէջ, որոնց համար ան առատաձեռնօրէն կը վարձատրուի։ Ան իր լեզուն կ՚օգտագործէ նաեւ որմազդներու համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար ան կը ստանայ 3 հազար տոլար։
Միջին հաշուով՝ անոր տարեկան եկամուտը կը հասնի աւելի քան 100 հազար տոլարի, որ համալսարանական ուսում չունեցողի մը համար, բաւական մեծ գումար մըն է, չէ՞ք խորհիր։
Միքայլան համացանցի վրայ ունի երկու միլիոն հետեւորդ, որ արդէն ինքնին մեծ ազդակ մըն է, որ առեւտրական ընկերութիւններ հայցեն իր լեզուին ներդրումը՝ իրենց գովազդներուն համար։
Ես կը յիշեմ մեր դպրոցական օրերը, երբ մենք՝ պատանիներս, իրարմէ խզուած ժամանակ, լեզու կը հանէինք իրարու։ Այն ատեն, այդ արարքը ոչ միայն ամօթ, այլ գրեթէ քրէական յանցանք կը նկատուէր եւ մենք կը պատժուէինք անոր համար։
Է՜հ, ժամանակները որքան փոխուած են հիմա... Երբ պատիժի փոխարէն, լեզու հանելը դարձած է եկամուտի աղբիւր։
ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՊԱՏԻԺ ՄԸ...
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ուաշինկթըն նահանգէն եւ խնդրոյ առարկան 11 տարեկան դպրոցական երեխայ մըն է, որ ստացած է արտասովոր պատիժ՝ առանց յանցանք մը գործած ըլլալու։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ինչ է վերոյիշեալ ուսանողին ստացած պատիժը։
Միջնակարգ դպրոցի ուսանող Տանիէլ Կուտուին անցեալ սեպտեմբեր ամսուան մէջ՝ դպրոցական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, դպրոց կու գայ եւ կը տեսնէ, թէ իր նստարանը փոխադրուած է արտաքնոց (տեսնել նկարը)։
Բայց ինչո՞ւ, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Մանչը autistic է եւ ունի autoimmune-ի խանգարում՝ որուն համար պէտք է առանձին տեղ մը յատկացուի իրեն։ Այս խնդրանքը ներկայացուած է դպրոցին՝ Տանիէլի մօր կողմէ։ Սակայն ան չէր կրնար երեւակայել երբեք, որ այդ առանձին տեղը արտաքնոցը պիտի ըլլար...
Մայրը դարձեալ կը դիմէ դպրոցի տնօրէնութեան, որ արտաքնոցի փոխարէն, իր տղան ղրկուի դպրոցի գրադարանը, սակայն կը մերժուի։ Ուստի, ուրիշ ելք չունենալով, ան դպրոցէն կը հանէ իր մանչը եւ անմիջապէս կը դիմէ իրաւաբանի մը, որպէսզի դատ բանայ դպրոցին դէմ, վարկաբեկման համար։
«Վէրքին վրայ աղ ցանելու» նման, դպրոցի պատասխանատուները կը պաշտպանեն խնդրոյ առարկայ ուսուցիչը եւ կ՚արդարացնեն անոր որոշումը՝ պնդելով, թէ անոր նպատակը բարի էր։ Ես չեմ հասկնար, թէ ո՞րն է բարին, աշակերտը առանձնացնելով դպրոցի արտաքնոցին մէջ։
Մենք կ՚ապրինք 21րդ դարուն մէջ եւ աշխարհի քաղաքակրթուած երկիրներէն մէկուն մէջ, ուր վերոյիշեալ վարկաբեկման արարքը կ՚արդարացուի՝ աշակերտին կարիքներուն գոհացում տալու քօղազրկուած պատճառաբանութեամբ։ Ոչ բարեկամ, այս մէկը ներելի չէ երբեք եւ մենք համեստաբար կը դատապարտենք այս նուաստացուցիչ արարքը, որ գործադրուած է արհեստավարժ ուսուցիչի մը կողմէ եւ վերջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս