ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ. 100-ԱՄԵԱԿ

1930-ական թուականներուն, Երեւանի Լենինի՝ այսօր Մաշտոցի անուան պողոտայի, «Մարգարեան» ծննդատան հատուածին անցորդները, ամիսներ շարունակ, երեւի ամէն երեկոյեան նոյն տեսարանին կը հանդիպէին.

Հայեացքը ծննդատան դիմաց գտնուող նորակառոյց շէնքի պատուհանին կառչած, մայթին վրայ շարունակ անցուդարձի մէջ եղող դպրոցական պատանի մը...

Սիրահարուած է՞ր, թերեւս այդ շէնքին մէջն էր տղուն սրտին տիրացած գեղեցկուհին...

Ուրիշ ինչը՞ ի զօրու էր ստիպել 16-ամեայ պատանիին, այդպիսի նախանձելի ճշդապահութեամբ, ամէն երեկոյ նոյն տեղը, մշտական իր դիտակէտէն հայեացքը գամել պատուհանին ու սպասել այն յոյսով որ հոն, թէկուզ կէս վայրկեանով, կը յայտնուի իր սիրելիին ծանօթ ուրուականը...

Բայց այդպէս չէր...

Իրողութեան ծանօթ էին միայն անոնք, որոնք գիտէին, թէ տղուն դիտարկած այդ շէնքին մէջ կը բնակէր պատանիին գրական կուռքն ու պաշտամունքը՝ Եղիշէ Չարենցը։

Ահա իրողութիւնը.

Երեւանի Աբովեանի անուան դպրոցի 9-րդ դասարանի աշակերտ՝ Կառլէն Մուրատեանին համար ճակատագրական իրադարձութիւն մը եղած էր օր մը, պատահաբար իրենց դպրոց այցելող Եղիշէ Չարենցին հանդիպիլը։

Մեծ պոէտով կախարդուած տղան, ուղղակիօրէն հիւանդացած էր բանաստեղծ ըլլալու տենդով...

Պատանի Կառլէնը արդեօք կըր-նա,ր ակնկալել, որ ան օր մը կը մտնէ այդ տունէն ներս, ուր կ՚ապրէր 20-րդ դարու մեծագոյն բանաստեղծներէն եւ մտածողներէն մէկը...

Կրնա՞ր երեւակայել, որ ան օր մը կը խօսի անոր հետ եւ դեռ աւելին՝ կը յանդգնի պաշտելի Չարենցին յանձնել բանաստեղծական թոթովանքներու իր առաջին տետրակը...

Այդպէս ալ եղաւ...

Ամիսնե՜ր շարունակ այդ փողոցին մէջ թափառող պատանին, Չարենցին բնակած շէնքի շեմին պատահաբար հանդիպեցաւ ծանօթ գրավաճառի մը, որ գիրքերու կապոց մը պէտք է հասցնէր բանաստեղծին։ Տղան առաջարկեց գրավաճառին օգնել, ու դեռ անոր համաձայնութիւնը չսպասելով, գիրքերու կապոցը առաւ ու սլացաւ դէպի վեր...

Վայրկեաններ անց, ան մեծ բանաստեղծին տունն էր, ու անոր դիմաց կեցած, յուզմունքը զսպած, դողահար կը պատասխանէր ժըպ-տերես Չարենցին տուած անբըռ-նազբօս հարցումներուն...

Պատանին խնդրեց Չարենցէն, որ զինք կրկին այցելէ ու բանաստեղծը համաձայնեցաւ։ Երկրորդ հանդիպման յաջորդեց երրորդը, չորրորդը... Եւ ժամանակի ընթացքին Կառլէնը դարձաւ բանաստեղծին հաւատարիմ կրտսեր բարեկամը եւ անոր կեանքի դժոխային վերջին ամիսներուն ականատեսն ու վկան...

Թէկուզ այդ կարճ ամիսներու ընթացքին, պատանին հասցուցած էր ամբողջովին լիցքաւորուիլ Չարենցեան ոգիով, անկէ ստանալ անգին խորհուրդներ եւ նաեւ նկատողութիւններ...

Չարենցը, տղուն ձեռագրերը ուշադրութեամբ կարդացած եւ յայտնած էր իր կարծիքը. որոշ բանաստեղծութիւններու վրայ մակագրած էր՝ «լաւ», «վատ», «ընդունելի» եւ երբեմն ալ, ի հպարտութիւն Կառլէնին՝ «հիանալի»...

Չարենցին հետ շփումը, անոր խրախուսանքին արժանանալը եւ անոր իմաստուն զրոյցներուն ունկնդրելը, մեծ դեր կատարած էր գրական դիմագիծը ձեւաւորելու Կառլէն Մուրատեանին, որուն ընդամէնը մէկ տասնամեակ անց, գրական աշխարհը պիտի ճանչնար որպէս՝ ԳէՈՐԳ ԷՄԻՆ...

Հոս հոն պրպտելով հաւաքուած, գրողին յաճախած դպրոցներն ու համալսարանները, անոր գրած գիրքերն ու խմբագրած թերթերը, շահած մրցանակներն ու նուաճած մետայլները հաշուող, նոյնիսկ ամենամանրամասն կենսագրականը կրնա՞յ փոխարինել արդեօք, իր՝ բանաստեղծին գրած ինքնակեսագրութեան...

Յարաբերական է պատասխանը, երեւի. եթէ շատերու համար այո՛ է, ապա ուրիշ շատերու համար՝ ոչ...

Մեզի համար անփոխարինելի կը մնայ Գէորգ Էմինին գրած ինքնակենսագրականի, շատ մանրամասնութիւններ չյիշելով հանդերձ՝ ամենաէականը փոխանցող, զարմանալիօրէն պա՜րզ ու գեղեցիկ այս տարբերակը.

Ես ծնուել եմ 1919 թուին Հայաստանի Աշտարակ գիւղում, ուսուցչի եւ այգեպանի ընտանիքում:

Աշտարակը՝ մի մեծ գիւղ Հայաստանի սրտում, լի է խաղողի վազերով, հին տաճարներով եւ յուշարձաններով: Նա գոյութիւն ունէր թերեւս Ուրարտու թագաւորութեան ժամանակ, եւ իր անունը ստացել է Ուրարտուի Իշտար Աստծոյ անունից:

Աշտարակցիները՝ ի ծնէ այգեգործներ եւ խաղող աճեցնողներ, կարող են ե՛ւ բռնել, ե՛ւ վայելել չքնաղ գինի:

Դա է նրանց բարձր տրամադրութեան, սրամտութեան, եւ ի հարկէ սիրահարուելու կնոջ, գինու, երգի կամ նոյնիսկ բառի, պատճառը:

Տարիների ընթացքում նրանք այնքան գինի են խմել, որ այն իւրաքանչիւր աշտարակցու՝ նաեւ իմ, արեան մեծ մասն է: Հետեւաբար աշտարակցիները ծննդեան օրուանից հարբած, հոգեւորուած եւ սիրահարուած են: Եւ նրանք բոլորը ներքուստ պոէտ են:

Ո՛չ պատահական է Աշտարակը դարերով հանդիսացել մշակոյթի օրօրոցը, տուել եւ շարունակել տալ բազմաթիւ տաղանդաւոր մարդկանց՝ գրողներ, պոէտներ, լեզուաբաններ, գիտնականներ, եւ նոյնիսկ եկեղեցականներ:

Այսպիսով, իւրաքանչիւր աշտարակցի իր հետ ունի իր փայփայած պոէզիայի գրքոյկը (հիմնականում Հայաստանի յանգաւորուած 6.000 տողանոց պատմութիւնը): Այն ամէնից, ինչ ես այն սակաւ տարիների ընթացքում սովորել եմ Աշտարակի դպրոցում, մի բանում լիովին վստահ եմ՝ ամենալաւ բաները իմ մէջ, որոնք արտացոլուել են իմ գրքերում, իմ մանկութեան մի մասն են, ինչպէս խաղալը Աշտարակի փոշոտ փողոցներում, նրա այգիներում, Քասախ գետի ափին, Կարմրաւոր եւ Մարինէ եկեղեցիների, Արագած եւ Ծաղկեվանք սարերի մօտ, ծերերի միամիտ, բայց պարունակալի հեքիաթները եւ երգերը հարսների եւ բարի կանանց մասին:

1927 թուին մեր ընտանիքը տեղափոխուեց Երեւան, որտեղ 1936 թուին ես աւարտեցի միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1940-ին Պոլիտեխնիկի ինստիտուտը, որպէս հիտրոինժինէր...

Այն բանի համար, որ ես այսօր ո՛չ թէ կամուրջներ կամ ջրանցքներ եմ սարքում, այլ գրում եմ գրքեր՝ շնորհակալ եմ դպրոցում ինձ հանդիպած Հայ գրողներից ամենափայլուններից մէկին՝ Եղիշէ Չարենցին:

Եւ ես պարտական եմ նաեւ Մատենադարանին՝ հին հայկական ձեռագրերի պահուստին, որտեղ ես աշխատել եմ ուսանող ժամանակ, ստանալով բացառիկ հնարաւորութիւն կարդալու մեր սուրբ գրքերը, կլանելով իմ ազգի տարիքի համն ու հոտը՝ հին գրականութիւնը, մտածուած իր իմաստից եւ պարունակութիւնից բարձր:

Ես նաեւ շնորհակալ եմ իմ մասնագիտութեան համար՝ միայն ճիշդ գիտութիւնը կարող է օգնել ստեղծագործողին զարգացնել իր մէջ հոգեւոր հաւասարակշռութիւն, խուսափելով շատախօսութիւնից եւ յաճախակի տաս քայլ անելուց այնտեղ, որտեղ մի քայլը բաւական կը լինէր:

Յետագայում ես գնացի Հայաստանի մէկ այլ տեղանք, որպէսզի կառուցեմ հիտրոէլէկտրոկայան բանակի համար, սիրահարուեցի, գրեցի եւ տպագրեցի արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններս, ապրեցի եւ սովորեցի Մոսկուայում, յաճախակի այցելեցի Հայաստանը, ճանապարհորդեցի ամբողջ Սովետական Միութիւնը եւ սահմաններից դուրս (Քորէա, Ֆրանսա, Ամերիկա), վկայելով, թէ ինչ նման են մարդկային ուրախութիւններն ու վիշտերը ամէնուր, եւ թէ ինչ կարեւոր է պոէզիան մեր կեանքում:

Ընդհանուր, ես ունեմ տասը սեփական գիրք, երեք որդի եւ իմ փոքրիկ Հայաստանը, որը հարուստ է իր ձգտումներով, սիրով՝ աշխարհի բոլոր մարդկանց համար։

Աւելցնենք, Գէորգ Էմինը մահացաւ 1998-ի յունիս 11-ին եւ թաղուեցաւ Աշատարակի Կարմրաւոր եկեղեցւոյ բակին մէջ...

«Նախաշաւիղ», «Խաղաղութեան ծխամորճը», «Յաւերժի ճամբորդը», «Եօթ երգ Հայաստանի մասին»... Ահա Էմինի բազում ստեղծագործութիւններէն, որոնց մէջ միտքը յո՛յզ է, յոյզը՝ միտք, որոնց տրամաբանութեան ամուր կեղեւին տակ թաքնուած է բանաստեղծին սիրալիր սիրտը՝ տրոփուն. այդ սիրով արտայայտած է ան իր դժուար ժամանակը, իր հայրենի հողն ու օճախը, իր ժողովուրդն ու համա՜յն մարդկութիւնը յուզող զգացումները։

Իրօք, ինչպէս նկատած էին ժամանակի քննադատներէն ու բանաստեղծներէն շատերը, թէեւ չկար Էմինի բանաստեղծական տուն մը, որուն մէջ յիշուած չըլլար Հայն ու Հայաստանը, չկար տող մը, որ հայեցիութեամբ ներծծուած չըլլար, բայց արմատներուն կառչելու եւ ինքնութեան մէջ սուզուելու իր ձգտումը, անոր բանաստեղծութիւնը անխուսափելիօրէն տարած էր դէպի համամարդկայնութիւն եւ միթէ ազգային արմատներուն ու ինքնութեան սկիզբը չէ՞ անիկա...

«Բառին բուն իմաստով, անբարոյականութիւն է ծաղիկ ու աստղ, կամ միա՛յն ծաղիկ ու աստղ երգել, երբ շուրջդ աղէտ է, պատերազմ, բռնութիւն, անարդարութիւն եւ եղեռն, կամ անտարբեր տողեր գրել, երբ նոյն սենեակում մէկը լալիս է, այս կապակցութեամբ, Նէկրասովի այս հանրայայտ տողերը՝ նախ քաղաքացի յետոյ բանաստեղծ, կը ձեւափոխէի այսպէս. նախ մարդ, յետոյ՝ ինչ որ կ«ուզես...». Էմին։

Այսպէս, ամենահայ բանաստեղծներէն մէկն էր Էմինը, բայց միաժամանակ՝ ամենահամաշխարհայինը. բանաստեղծին այս բնութագրականը, բառախաղ չէր, ո՛չ ալ հակասութիւններու հաւասարում, այլ՝ յստակ օրինաչափութիւն մը, որ առաջ եկած էր անոր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն։

Պատահական չէ ուրեմն որ Էմինի գործերը թարգմանուած են շարք մը լեզուներու. ռուսերէն, անգլերէն, վրացերէն, արաբերէն, էօզպեքերէն, պուլկարերէն, չեխերէն, հունգարերէն, լեհերէն եւ այլք, իսկ Էմինի հայերէն թարգմանած օտար գործերուն լաւագոյնները հաւաքուած են իր «Գիրք թարգմանութեանց» հատորին մէջ։

Յանուն ճշմարտութեան, արդեօք պէ՞տք է նշել այն, որ բարդ ու հակասական բնաւորութիւն եւ անհատ՝ Էմինը թերեւս չեն սիրած շատե՜ր որ այսօր, իր մահէն տարիներ ետք, անոր մասին բուռն վէճերը չեն դադրած, բայց յանուն նո՛յն ճշմարտութեան պէտք է արդարօրէն նկատել որ խնդիրը երբե՛ք այդ մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալը չէ, այլ՝ արձանագրել այն փաստը, որ Էմինով, Հայ գրականութիւնը ձեռք ձգեց եւ իր կաճառին մէջ աւելցուց եւս հնչե՜ղ անուն մը, քանզի դժուա՜ր թէ գտնուի մէկը, ոեւէ մէկը, որ կրնայ պնդել, որ հայութեան ոգիին մէջ հետք չե՛ն ձգած Էմինեան «Եօթ երգեր»ը, «Սասունցիների պարը», «Երգ երգոց»ը, «Խաղողի որդը» եւ «Դու փոքրիկ հող իմ հայոց»ը...

Եւ վերջապէս, Էմինը չէ՞ր որ յորդորեց զգոյշ խօսիլ ու քայլել ընտրեալներու երկրին մէջ, ուր դե՛ռ կը գործեն լեռներո՛ւն օրէնքները. այն լեռներուն, ուր Աստուածներն անկաշառ են...

Յիշատակդ անթառամ, Գէորգ Էմին

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2019