ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ՄՏՆԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱԿՈՒՂԻ

Շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր Լիբանանի ամբողջ տարածքին ընթացող բողոքի ալիքը չէ փարատած։ Երկրի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ նման երկարատեւ բողոքի ցոյցեր, հաւաքներ կը կատարուին եւ հազարաւոր քաղաքացիներ կը շարունակեն տէր ըլլալ իրենց պահանջներուն, որոնց ամենէն առաջնայինը անշուշտ նոր ոչ-քաղաքական կառավարութեան մը կազմութիւնն է։

Ի դէպ, քաղաքական օրակարգին վրայ կարեւոր փուլ մը ընթացք կ՚առնէր, երբ շուրջ տասնհինգ օրեր առաջ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ներկայացնէր իր հրաժարականը եւ մինչեւ այս տողերուն շարադրուիլը տակաւին պարզ չէ, թէ Հարիրի պիտի վերստանձնէ՞ վարչապետի պատասխանատու պաշտօնը, կամ ոչ։

Այս բոլորէն անդին, վերջին օրերուն եղած զարգացումները, ընդհարման դէպքերը, քաղաքական զրոյցները արդէն իսկ բացորող կերպով մը սկսած են ցոյց տալ, թէ տնտեսական-ընկերային հիմքով ընթացք առած բողոքի ալիքը սկսած է վտանգաւոր ուղղութեան մը տանիլ ամբողջ երկիրը։

Լիբանանցին շատ լաւ գիտէ, թէ երկիրը «պաշարման» տանիլ ուզող, տնտեսական պատժամիջոցներու լեզուով խօսող ամերիկացիները ունին մէկ հիմնական նպատակ, որն է ընկճել երկրի ելեւմտային ոլորտը ու այդ կերպով ալ մեծ ճնշումներու ենթարկել Իրանի նեցուկը եւ հիմնական գործակիցը համարուող «Հիզպուլլահ»ը։

Եղած խաղը անշուշտ նորութիւն մը չէ, սակայն դէպքերու համընկնումը, տնտեսական իրավիճակին ծանրացումը եւ քաղաքացիներուն յուսալքուած վիճակը ստեղծեցին այնպիսի դրութիւն մը, որ տարբեր առումներով ալ կացութիւնը դարձուցին բաւականին վտանգաւոր։

Երկրի նախագահը, որ զանազան առումներով ալ կը փորձէ պահպանել ընդհանուր հաւասարակշռութիւնները, չ՚ուզեր կազմել ոչ-քաղաքական եւ մասնագէտներէ բաղկացող կառավարութիւն մը, ունենալով անշուշտ մի քանի կարեւոր մտավախութիւններ, որոնց ամենէն կիզակէտայինը ամերիկեան հաւանական ծրագրի մը իրականացումն է։

Արեւմուտքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ ամէն կերպով «աներեւելի խրամատեր» բանաել եւ նոյնիսկ աշխտանք տանիլ, որպէսզի «Հիզպուլլահ»ը դառնայ «հրէշային» կազմակերպութիւն գործօն մը, որուն դիմակայելու համար լիբանանցիք պարտաւոր են ունենալ անդէմ ու անդիմագիծ կառավարութիւն մը։ Իր կարգին «Հիզպուլլահ»ն ալ կը փորձէ մնալ քաղաքական դաշտին մէջ, որովհետեւ առանց այդ քայլին կառոյցը կրնայ յայտնուիլ կղզիացման վտանգին առջեւ։

Ասոր կողքին ու այս դրոյթի եզերքներուն կան բազմապիսի քաղաքական ուժեր, որոնց մէկ մասը կը հաւատայ եւ կը վստահի իրանեան քաղաքականութեան եւ անդին կան ուրիշներ, որոնք կը փորձեն ամէն գնով պայքարիլ այդ քաղաքականութեան դէմ յայտարարելով, որ Լիբանանի փրկութեան ճանապարհը ընթացք կ՚առնէ արեւմտեան կեդրոններէ։

Եւ յստակօրէն այս բոլորին կողքին կան անկախ եւ քաղաքական յղացքներէ ու համոզումներէ հեռու մնացող հասարակութիւն մը պարզ քաղաքացիներու, որոնք շուրջ ամիս մը առաջ փողոց իջան ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներ ապահովելու պահանջով, սակայն այսօր մատնուած են շուարած վիճակի մը մէջ ու շատ ալ վստահ չեն, թէ իրենց բռնած ճանապարհը երկիրը ապահով ափ պիտի տանի՞, կամ ոչ...։

ԿԱՐԾԻՔ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԴՈՒՆԻ. «ՏԽՈՒՐ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԷՍ ՀԶՕՐ ԳԱՂՈՒԹ ՄԸ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՓԼՈՒԶՈՒԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ԱՌՋԵՒ»

-Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Լիբանանի մէջ այսօր տիրող իրավիճակը եւ ի՞նչ են գլխաւոր պատճառները այս տագնապին:

-Լիբանանը այնպիսի երկիր մըն է, որ ուրիշ երկրի հետ չի բաղդատուիր: Այստեղ իշխող, ըսենք, կուսակցապետերը եւ կրօնապետերը իւրաքանչիւրը իր շրջապատը ունի, իր իշխանութիւնը, իր «թագաւորութիւն»ը ունի։ Պատկերաւոր բացատրելու համար կրնամ ըսել, թէ երկիրը «թագաւորութիւններ»է կազմուած է եւ ամէն մէկ թագաւորութիւն հինէն եկած հզօր գերդաստաններէ կը բաղկանայ, որոնք հետեւորդներ ունին եւ այդ հետեւորդները կը գոհացնեն։ Եթէ այսօր փողոց իջած «յեղափոխականներ»ու կամ փոփոխութիւն պահանջողներու թիւը, ինչպէս կ՚ըսուի, երկու միլիոն է, անդին կայ եւս չորս միլիոն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի «թագաւորութեան» մը եւ չի կրնար իր ղեկավարը փոխել ոեւէ մէկու հետ, ըլլայ ան մասնագէտ կամ ոչ, որովհետեւ անոնք համոզուած են, թէ եթէ այդ ղեկավարները հեռանան, երկիր «չ՚ըլլար»։ Այս երկիրը այսպէս է, դժբախտաբար: Այլապէս, ամէնքս ալ կ՚ուզենք, որ փոփոխութիւն մը ըլլայ, իշխանութեան գան այնպիսի մարդիկ, որոնք արդար են, գող չեն, փոխանակ գրպանը լեցնելու՝ ժողովուրդին հոգ կը տանին։ Բայց, ըստ իս, անիրականանալի բան մըն է այդ մէկը, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, այդ ղեկավարներէն իւրաքանչիւրը իր «թագաւորութիւն»ը հիմնած է ամէն տեսակէտով, թէ՛ զէնքով, թէ՛ գաղափարով մարդոց վրայ ազդած է։ Իմ կարծիքով, դժուար թէ այդ մտայնութիւնը, այդ «թագաւորական աստիճաններ»ը փոխուին: Ենթադրենք, որ փողոց իջած կամ յեղափոխութիւն ընող տղոցմէ ոմանք կամ մասնագէտներ ընտրուեցան, երբ անդին չորս միլիոն հոգի պիտի չհնազանդի իրենց, երկիրը պիտի չքալէ...: Իմ կարծիքով, բան մը պիտի չփոխուի, բայց եթէ փոխուի, շատ ուրախ կ՚ըլլամ:

-Ձեր կարծիքով՝ հայութեան հետ կապուած ի՞նչ են լիբանանահայութեան մտահոգութիւնները:

-Ըսեմ, որ Լիբանանի ապագան անորոշ է, մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ ապագայի հանդէպ վստահութիւն չկայ: 1975 թուականէն, քաղաքացիական պատերազմէն մօտաւորապէս քառասուն եւ աւելի տարի անցած է, սակայն ոչ մէկ բան փոխուած է գաղութին մէջ: Հայութիւնը, անոնք որոնք Լիբանան մնացին, բաւական համբերեցին, նոր գործերու սկսան, նոր դպրոցներ, նոր ակումբներ բացին, բայց արդիւնք չտուաւ։ Ամէն քսան-երեսուն տարին անգամ մը, գաղութը միշտ փլուզուելու վտանգին առջեւ կը կանգի։ Այս մէկը ստիպեց, որ ժողովուրդը գաղթէ, մանաւանդ նոր սերունդը, որ աւելի հանգիստ կեանք կը փնտռէ, կ՚ուզէ համալսարան աւարտելէ ետք աշխատանք ունենալ եւ այս բոլորը չի գտներ գաղութին մէջ:

Գիտենք, որ լիբանանահայութեան թիւը չափազանց, աներեւակայելիօրէն նուազած է, այդ մէկը յայտնի է դպրոցներէն, ակումբներէն, ժողովուրդ չէ մնացած։ Ես որպէս արուեստագէտ, թատրոնէն գիտեմ, նախապէս երբ բեմ կ՚ելլէինք ութ-տասն ելոյթով, հիմա արդէն չորս-հինգ ելոյթ հազիւ կ՚ունենանք, հանդիսատեսը եթէ նախկինին չորս-հինգ հազար էր, այսօր հասած է հազար-հազար հինգհարիւրի, նոյնպէս դպրոցներու աշակերտութեան թիւերը, չորս հարիւր աշակերտ ունեցող դպրոց մը այսօր ութսուն-հարիւր աշակերտ ունի… Այս բոլորը կը վկայեն, որ հայութիւնը գաղթած է Լիբանանէն, եւ տակաւին այս խնդիրներէն յետոյ, վստահաբար մեծ թիւով գաղթողներ պիտի ըլլան:

Մշակոյթով, արուեստով հետաքրքրուող երիտասարդներ գրեթէ չկան, շատ քիչ են, գաղութը նոր գրողներ չի կրնար հասցնել, նոր արուեստագէտներ չկան, գիրք կարդացող երիտասարդներ չկան, եթէ նոյնիսկ կան՝ շատ քիչ են։ Թերթերու ընթերցողները նուազած են, քանի արդէն ելեկտրոնային թերթեր կան, նոյնիսկ ֆէյսպուքի վրայ մէկը եթէ լուր մը, յայտարարութիւն մը պիտի տայ, եթէ չորս-հինգ տողէն աւելի է, մարդիկ չեն կարդար, կարելի եղածին չափ ամփոփ, կտրուկ պիտի տրուի ամէն ինչ։ Անշուշտ կան մտաւորականներ եւ գրականութիւն սիրողներ, որոնք կը կարդան, բայց շատ քիչ է անոնց թիւը եւ մեզի համար այսօր նոր սերունդի խնդիրն է։

Այս բոլոր խնդիրները՝ թիւի նուազումը, գործի պակասը, Լիբանանի ապագայի անյայտութիւնը կը ստիպեն, որ մարդիկ գաղթեն։ Բայց եւ այնպէս, ես շատ պիտի ուզէի, որ այդ գաղթողներուն, եթէ ոչ բոլորը, ապա գոնէ մեծ մասը հայրենիք գաղթէին, օտար ափեր երթալով՝ չեմ խորհիր, թէ կը դիմանան, Լիբանանէն դուրս շատ շուտ կը ձուլուին:

-Մտահո՞գ էք լիբանանահայ գաղութի ապագայով, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

-Ինչ կը վերաբերի անձնապէս իմ մտահոգութեան, որպէս թատրոնի գործիչ, ինծի պէս նաեւ մտաւորականներ, ղեկավարներ, ազգային գործիչներ, եկեղեցականներ, պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը թէկուզ նուազ հայութեամբ, սակայն գաղութը պիտի գոյատեւէ։ Անշուշտ միշտ կապ պահելով հայրենիքին հետ, հոնկէ առնելով ուժ ու աւիւն եւ կարելի եղածին չափ օգտակար ըլլալով հայրենիքին եւ օգտուելով հայրենիքէն:

Լիբանանը նոյնիսկ եթէ լաւանայ, շատ քիչեր կը վերադառնան, որովհետեւ գացողները արդէն պիտի հաստատուին, իսկ եթէ քիչ մը առեւտուրը սկսի լաւանալ, շատեր կը ծախեն իրենց տունն ու տեղը ու կը հեռանան այս ափերէն: Բայց հոս մենք ունինք դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, թերթ, պիտի գոյատեւենք, պիտի շարունակենք, պիտի չյուսահատինք։ Մէկ կողմէ ուրախալի է, որ Հայաստան կը ներգաղթեն, միւս կողմէ տխուր է, որ այս տեսակ հզօր գաղութ մը փլուզուելու վտանգին դէմ յանդիման է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2019