ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԱԲՆԵՐԸ ՈՒՇ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ. Ի՞ՆՉ ԷՐ ՊԱՏՃԱՌԸ…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը մերկացուց արաբական աշխարհի բաժան-բաժան եղած ընդհանուր տեսարանը…
Այն, որ Թրամփի (Չորեքշաբթի, Դեկտեմբերի 6-ին) կատարած յայտարարութիւնը կարեւոր անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի համար, կասկածներէ դուրս է: Կարեւորը այն է սակայն, որ ամերիկացի «սպիտակ» այս նախագահին արձակած «ռումբ»ը ո՛ր ուղղութեամբ պիտի նետուի: Կամ եթէ ճիշդ նկարագրենք իրավիճակը՝ ապա պիտի ըսենք, որ ռումբը արդէն արձակուած է եւ կը սպասէ իր «հասցէատիրոջ» հետ հանդիպման:
Թրամփի ըրած յայտարարութենէն անմիջապէս ետք արաբ լրագրողներ «հերթի կանգնեցան» անոր Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու վերաբերեալ «պատմական վճիռ»ը համարելով «երեխայական» քայլ մը, յաճախ մոռնալով ու անտես առնելով, որ ան ամերիկեան ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ ընդամէնը «գործ ընող» եւ «գործ կատարող» դէմք մըն է:
Ճիշդ է, որ ան յաճախ կը սայթաքի, կը փոխէ իր սլաքներուն ուղղութիւնները, խօսքը կատակներով կը համեմէ, բայց նաեւ ակներեւ է, որ ան բաւարար ուժ ունի աշխարհին նոր «ժամացոյց» մը տալու:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, նոր ուղղութիւն տալու, նոր հարցեր սեղանին վրայ դնելու եւ բախումներու ու յետադարձ արձագանգներու ընդհանուր եզրագիծ մը գծելու:
Չմոռնանք, որ Թրամփ իր յայտարարութիւնը կը կատարէր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները վերջացան»ի երանգաւորմամբ եղած յայտարարութենէն ընդամէնը ժամեր անց: Ու Տանըլտ Թրամփի լարած նոր «ժամացոյց»ին ժամկէտը, երբեք պատահականութեան արդիւնք չէր:
Մինչ այդ, Միջին Արեւելքի ո՞ր ղեկավարը կը յիշէր Երուսաղէմը. կա՛մ Ռաքքայի, Ապու Քամալի ու Տէր Զօրի լուրերուն եւ զարգացումներուն մէջ «խեղդուած» ո՞ր լրագրողը պիտի մտածէր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այսքան «ծայրայեղ» քայլի մը պիտի դիմէր ու Երուսաղէմը ճանչնար՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք:
Թրամփ այս բոլորին մէջ բնականաբար պիտի ունենար «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» մը ու նաեւ պիտի «յոխորտար», թէ տեսէք՝ «ես ընդամէնը կը կատարեմ նախընտրական խոստումներէս մին, որ շատ կարեւոր է իմ դաշնակիցներուս համար»: Իրադարձութիւնը իսրայէլացիներուն համար ալ «խելքէ վեր» որոշում մըն է ու պարզ է նաեւ, որ անոնք ալ պատրաստ չէին այս «հաճելի անակնկալ»ին:
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ
Թրամփի յայտարարութենէն անցած են տասն օրեր ու պաղեստինեան «ճակատներուն» վրայ առկայ բորբոքումները տակաւին չեն հասած իրենց լրումին: Եղածը բնականաբար համբերութեան մը «կռիւ»ն է, որուն աւարտին աւելի քան պարզ պիտի դառնայ, թէ գետնի վրայ ինչ նոր իրավիճակ ստեղծեց Թրամփի կատարած «յայտնագործութիւն»ը:
Վերադառնալով ընթացող դէպքերուն՝ հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի մասին եղած յայտարարութեան հետեւանքով պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ եղած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են շուրջ 1700 անձեր եւ կան զոհեր: Բնականաբար այս թիւերը վերջնական չեն, քանի որ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը բախումները կը շարունակուէին ու ոչ ոքի համար պարզ է, թէ վաղը ինչ նոր բեմագրութիւն մը պիտի ընթանայ այն քաղաքներուն մէջ, ուր պաղեստինցիները կրնան «խօսք մը ունենալ»: Հետաքրքրական է, որ արաբ մէկէ աւելի զինուորական վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Կազզէէն դէպի իսրայէլեան քաղաքներ արձակուած հրթիռները ոչ թէ «պատահականութեամբ» կը նետուին, այլ կայ բաւականին յստակ ժամանակացուցակ մը եւ վայրերու ու թիրախներու ակներեւ տեղաբաշխում մը:
Այս առումով ալ ցարդ «Համաս»ի զինուորական թեւերուն կողմէ իսրայէլեան Ասքալան քաղաքին վրայ նետուած հրթիռները որոշ մտահոգութիւն կը պատճառեն Իսրայէլի զինուորական ընտրանիին համար:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» պար-բերականին, Իսրայէլի զինուորական ղեկավարութիւնը նպատակադրած է կողմնացոյցին ուղղութիւնը փոխել եւ բոլորին ուշադրութիւնը ուղղել դէպի Կազզէ: Այս մօտեցումը նաեւ կը նշանակէ, որ Թել Աւիւ վճռած է զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարել եւ մղել «Համաս»ն ու անոր զինուորական թեւերը համընդհանուր պատերազմի մը, որուն արդիւնքով ալ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Երուսաղէմի հարցէն պիտի թեքուի դէպի այդ պատերազմը, ինչ որ շատ ալ վտանգաւոր խաղ մը չէ իսրայէլացիներուն համար:
Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ 2014 թուականին տեղի ունեցած է Կազզէի վերջին պատերազմը, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են 2310 պաղեստինցիներ, մինչ իսրայէլեան բանակին զոհերուն թիւը եղած է 67:
Պատերազմական օրէնքներուն հանդէպ ծաղր ու ծանակով վերաբերուող Նեթանիյահուի կառավարութեան համար մեծ խնդիր մը չէ լռեցնել բոլոր այն ձայները, որոնք պատերազմի, բռնութեան եւ պաղեստինա-իսրայէլեան լուծումը կը տեսնեն միայն խաղաղ ճանապարհով: Իսրայէլի այս «պատերազմական թէզ»ին դիմաց պաղեստինցիք եւս ունին շատ յստակ քաղաքականութիւն մը, որուն հիմքով անոնք ամէն ինչ պիտի ընեն հեռու մնալու համար «համընդհանուր պատերազմ»ի ռիսքերէն եւ ատոր փոխարէն բաւարարուին «արագ հարուածներ»ու քաղաքականութեամբ մը: Երբ «արագ հարուածներ»ու մասին կը խօսինք, ապա ըսել կ՚ուզենք «Համաս»ի տարբեր մակարդակի հետեւորդներուն կամ համակիրներուն կողմէ կատարուած դաշունահարումներու կամ նոյնիսկ ինքնաշարժներու միջոցով իսրայէլացի բանակայիններու կամ քաղաքացիներու դէմ եղած արարքները, որոնք Իսրայէլի համար կը հանդիսանան «անմարսելի» եւ ցնցիչ դէպքեր:
Այս տեսարանին վրայ ակներեւ է նաեւ, թէ «Համաս», որ ի դէպ այսօր կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը, ունի զինուորական բաւարար ներուժ դիմադրելու Իսրայէլի կողմէ կատարուելիք որեւէ մեծ գործողութիւն ու անոր «գետնուղիներու զինուորներ»ը կրնան ծանր վնասներ հասցնել իսրայէլեան բանակին:
Անշուշտ զինուորական մեծ բախումի հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան երկու կողմերուն համար ալ ու չի բացառուիր, որ Իսրայէլ մարեցնելու համար «քարերու պատերազմ»ի մը որեւէ հաւանականութիւնը, ստիպուած ըլլայ այդպիսի քայլի մը նետուիլ...
«ԲԱԺՆԷ, ՈՐ ՏԻՐԵՍ»
Վերլուծաբան Արարատ Կոստանեանի հետ իմ ունեցած զրոյցներուն ընթացքին ան կարեւոր շեշտով մը կը խօսէր արաբական աշխարհի բաւական «անմխիթար» իրավիճակին մասին: Ան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Հետաքրքրական է, որ արաբական տարբեր երկիրներու, նոյնիսկ Ինտոնեզիոյ մէջ, բողոքարկուներու թիւը աւելի է, քան Երուսաղէմի ու անոր շրջակայ քաղաքներուն մէջ»:
Անշուշտ այս պատկերը պատահական չէր: Ունէր իր դրդապատճառները ու կար նաեւ պաղեստինեան գետնին վրայ վերջին տարիներուն եղած դէպքերը, որոնց հետեւանքով արաբական աշխարհի գլխաւոր տէրութիւնները ձեւով մը «օտարուած» էին պաղեստինեան խնդրէն: Այլ խօսք, որ Թուրքիան, Իրանը, Թունուսը, Ալճերիան, Լիբանանը եւ նոյնիսկ Ինտոնեզիան կ՚արձագանգէին եւ փողոց դուրս գալով «Մահ Ամերիկային» կը պոռային, սակայն երեւելի էր, որ արաբական աշխարհի ֆինանսա-քաղաքական հիմնական առանցք հանդիսացող սիւննի տէրութիւնները շատ ալ խանդավառ չեն փողոց իջնելով:
Այս մօտեցումը միայն անոնց Ամերիկայի հետ ունեցած կապերուն (Ռիատ- Ուաշինկթըն) ռազմաքաղաքական դաշինք մը կազմելուն, կամ սիւննի աշխըտըկըՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅԳԻՒՂԻ
իրեցեալ կնոջ՝
ովիւը, թաղային խորհուրդը խոր ցաւով կը գուժէն մահը՝ թաղային խորհուրդոյ նախկին ատենապետնեխարհին մէջ առկայ ներքին պայմանաւորուածութեանց հետ (Գահիրէի Ռիատին հետ ունեցած կապերն ու ակնկալութիւնները) կապ չունի, այլ աւելին: Խօսքը այստեղ յատկապէս վերջին տարիներուն ներպաղեստինեան պայքարին մասին է, որուն հետեւանքով ալ Կազզէն այսօր կը համարուի բաւական ցած կենսամակարդակով ապրող «աղքատ պաղեստինցիներու» կեդրոն-քաղաք մը: Չմոռնանք, որ երկար տարիներէ ի վեր առկայ «Համաս»-«Ֆաթըհ» պայքարը միայն վերջերս կը դրուէր երկխօսութեան հունի մը մէջ ու այդ գործընթացը կը պսակուէր «Ֆաթըհ»ի Կազզէ վերադառնալով։ Սակայն կէս կը մնար այս անգամ նոր որակի տարակարծութիւններու պատճառով:
Հարցը պաղեստինցիներուն մօտ է ուրեմն: Հարցը նաեւ արաբա-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն հետ ալ կապ ունի: Ծոցի արաբները այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ վստահութիւն չունին պաղեստինցիներուն նկատմամբ: Ճիշդ է, որ Ապտըլ Ազիզ թագաւորական ընտանիքին համար ալ Երուսաղէմն ու Պաղեստինը առանցքային են ու կարեւոր, սակայն գործնականին մէջ այդ յայտարարութիւնները կը մնան սոսկ խօսքի սահմաններուն մէջ: Իսկ այս բոլորին դիմաց վերջերս Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրով իրականացուած «Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդ»ի կատարած արուտ Ապպաս եւս «երկու չափ, երկու կշիռ»ով գործող նախագահ մըն է: Անոր Պոլսոյ գագաթին գալը եւ խօսք առնելը սպասելի էին, բայց այդ գագաթէն Ռիատի եւ Եգիպտոսի ղեկավարներուն երեւելի բացակայութիւնը որոշակի անհանգստութեան մը պատճառ կը դառնար:
«Համաս»ի համար Ապպաս ընդունելի դէմք մը չէ, ու քիչ են անոնք, որոնք կը համարուին իրանեան թեւին հետեւող ուժեր (ինչպիսին է «Հիզպուլլահ»ը), որոնց համար ալ Կազզէի այսօրուան ծանր վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն «Ապու մազէն»՝ Մահմուտ Ապպասը, որ իր դաշինքներուն, յարաբերութիւններուն եւ կապերուն մէջ այդ նոյն թեւին համար անընդունելի նախագահ է:
«Համաս»ի մէջ եւս տարբեր երեսակներ ու բաժանումներ կան: Ու այս բոլորը բնականաբար կ՚ազդեն արաբական ընդհանուր կեցուածքին վրայ:
Ճիշդ է, որ արաբներուն, իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն համար Երուսաղէմը առանցքային վայր մըն է: Սուրբ Քաղաք ու Սուրբ Տեղ, սակայն յստակ է, որ արաբական «խոհանոց»ին մէջ առկայ այս բաժանումը աւելիով կը տկարացնէ պաղեստինցիներուն ընդհանուր դիրքերը:
Աւարտին կը յամառիմ ըսել, որ Թրամփի այս որոշման ճակատագիրը կապ ունի գետնի վրայ կատարուող ընդհանուր հոլովոյթին հետ ու յստակ է, որ դէպքերու զարգացումները անպայման փոխառընչուած են պաղեստինցիներու փողոց իջնելուն ու այդ փողոցը երկար ժանանակ «պահել»ուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան