ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Դարձեալ անասուններու մասին է այսօրուան նիւթս։ Անշուշտ մինչեւ հիմա կռահած պէտք է ըլլաք, որ ես անասունները սիրող կամ անոնց պաշտպան անձ մը չեմ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնց հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութիւնն ու սէրը՝ ես կը նախընտրեմ որ փոխանցուի մարդոց, որոնք իսկապէս պէտք ունին այդ կարեկցութեան։

Վերոյիշեալ մտածելակերպիս արդարացուցիչ պատճառաբանութիւնը այն է, որ եթէ մարդիկ գուրգուրան եւ խնամեն իրենց ընտանի անասունները, հապա ո՞վ պիտի խնամէ ընտանիքներէ հեռու եւ ազատութեան ծոցին մէջ ապրող անոնց ցեղակիցները։ Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։

ՎԱՍՆ ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ…

Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Ուիսքանսըն նահանգի Լոն Ռաք քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն երկու ագարակապաններ՝ Հոլի Փոտ եւ իր մօրաքոյրը՝ Քիմ Իուըրզ, յղացած են գաղափար մը՝ որ իրենց նորածին հորթուկները պաշտպանեն պաղէն։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ, թէ ինչ է այդ չնաշխարհիկ գիւտը։

Ուրեմն՝ անոնք իրենց հորթուկները ցրտահարութենէ (frostbite) պաշտպանելու համար գնած են զոյգ մը ականջի մուշտակներ (earmuffs) եւ հագցուցած զանոնք անոնց ականջներուն (տես նկարը)։ Ականջի այդ մուշտակներուն գինը 24.64 տոլար է, որ ըստ երեւոյթի՝ յարմար գին մըն է իր կատարած կարեւոր դերին բաղդատմամբ։

Բայց տակաւին աւելի տարօրինակը այս պատմութեան այն է, որ երբ Հոլի համացանցի վրայ զետեղած է այդ նկարը, արդէն անմիջապէս 171 հազար անձեր դրական կերպով պատասխանած են եւ հաւնած (liked) եղածը…

Հաւանաբար հիմա ուրիշ ագարակապաններ ալ պիտի օգտուին այս գաղափարէն եւ իրենք ալ հետեւին անոնց օրինակին, ինչ որ երբեք պիտի չզարմացնէ զիս։

Ի ԾՆԷ ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԿԱՏՈՒՆ…

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Ինտիանա նահանգէն։ Անոր բնակիչներէն մէկը՝ Մայք Պրիտասքի անունով, 2011 թուականին որդեգրած է ի ծնէ անբնական կատու մը՝ Լիլ Պապ (Lil Bub) անունով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ինչ է վերոյիշեալ կատուին ծնունդով ժառանգած անբնական յատկութիւնները։

Լիլ Պապ (տես նկարը) թզուկ էր եւ ունէր կարճ ոտքեր, որուն հետեւանքով՝ ան դժուարութիւն ունէր քալելու։ Առաւե՛լ. անոր վարի կզակը աւելի փոքր էր քան վերի կզակը, որուն հետեւանքով անոր լեզուն միշտ բերնէն դուրս կը մնար։ Տակաւին՝ ան երբեք լման ատամնաշար չկրցաւ ունենալ, բայց իր ախորժակը շատ լաւ էր։

Լիլ Պապ դժբախտաբար մեռաւ ութ տարեկանին, սակայն իր յարաբերաբար կարճ կեանքի ընթացքին՝ ան կրցաւ հանգանակութեամբ 700 հազար տոլար գոյացնել ի նպաստ թերութիւն ունեցող կենդանիներու եւ նոյնիսկ մարդկանց։

Իր մահէն ետք՝ զինք որդեգրող Մայք Պրիտասքին հետեւեալ խօսքերով արտայայտուած է իր մասին, որպէս դամբանական. «Մեր տան մէջ՝ ան բերաւ ջերմութիւն եւ անկաշկանդ սէր։ Ան պատճառ դարձաւ, որ ես եւ կինս միանանք ու բախտաւորուինք երկու սիրասուն զաւակներով՝ Ռոսքօ եւ Լուլա։ Բաւարար չէ ըսել, որ մեր ընտանիքը խոր սուգի մատնուած է, իր կորուստով»։

Ես միշտ լսած եմ՝ ընտանի կենդանի պահող բարեկամներէս, թէ ան կը դառնայ ընտանիքի մէկ հարազատ անդամը, որուն կը կապուին եւ վրան կը գուրգուրան անոնք եւ յաճախ ալ ոչ արհամարհելի գումար կը ծախսեն՝ անոր բուժման ու դարմանումին!

Ես միշտ զարմացած եմ, թէ ինչո՞ւ մարդիկ որոշ կենդանիներու՝ յատկապէս շուն եւ կատու, նկատմամբ մեծ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն, մինչ անդին ուրիշ կենդանիներ՝ յատկապէս կով եւ հաւ, կը մորթեն եւ անոնց միսով սնունդ կ՚առնեն։

Այս անբնական երեւոյթը միտքս կը բերէ Ճորճ Օրուէլի Animal Farm վիպակը, ուր ան կ՚ըսէ թէ «Բոլոր կենդանիները հաւասար են, սակայն կարգ մը կենդանիները աւելի հաւասար են»։ Անշուշտ ան ի մտի ունէր Սովետական Միութիւնը, ուր կուսակցականները շատ մը առաւելութիւններով օժտուած էին, քան պարզ քաղաքացիները… Հասկցողին՝ շատ բարեւներ!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2019