ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ
Պօղոս առաքեալ կը խօսի Հօրը եւ Որդիին մասին անջատաբար, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին առանձին հաստատում կը կատարէ: Հետեւաբար, «մէկ Աստուած կայ միայն» խօսքը չի վերաբերիր Որդիին կամ Սուրբ Հոգիին, այլ՝ միայն Հօրը: Բայց դարձեալ կը հարցնեմ, «մէկ Աստուած կայ միայն» ըսելով, արդեօք առաքեալը ըսել ուզեց, թէ Քրիստոս եւ Սուրբ Հոգին Աստուած չե՞ն:
Կը սխալին անոնք, որոնք կը խորհին, թէ առաքեալին «մէկ Աստուած կայ միայն» խօսքը կը վերաբերի Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին: Համարը յստակօրէն կը պարզէ, թէ խօսքը միայն Հօր Աստուծոյ կը վերաբերի, որովհետեւ առաքեալը կը խօսի Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ եղող միակ միջնորդին՝ Յիսուսի մասին: Յիսուս Ի՛նքն էր որ Իր խաչելութեամբ Հօր Աստուծոյ արդարութեան պահանջքին գոհացում պիտի տար (Եբրայեցիս 12.24): Որդին միակ միջնորդն էր մարդկութեան եւ Հօր Աստուծոյ միջեւ: Տրամաբանական չէ եւ ճիշդ ալ չէ ըսել, թէ Որդին միակ միջնորդն էր մարդկութեան եւ Սուրբ Հոգիին միջեւ:
Ճիշդ է որ մենք «Աստուած» ըսելով կը հասկնանք Սուրբ Երրորդութիւնը, բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, թէ երբեմն Աստուած ըսելով կ՚ակնարկուի միայն Հօրը, երբեմն՝ միայն Որդիին եւ երբեմն՝ միայն Սուրբ Հոգիին: Այսպէս, օրինակ, երբ Թովմաս առաքեալ կը հանդիպի յարուցեալ Քրիստոսին՝ կ՚ըսէ. «Տէ՜րս եւ Աստուածս» (Յովհաննէս 20.28). շատ յստակ է, որ այստեղ «Աստուած» ըսելով կ՚ակնարկուի միայն Որդիին՝ Քրիստոսի: Կամ երբ կը հաստատուի, թէ «մէկ է Աստուած, Հայրն ամենուն» (Եփեսացիս 4.6). պարզ է, որ այստեղ «Աստուած» ըսելով կ՚ակնարկուի միայն Հօրը: Գործք 5.4-ին մէջ գործածուող «Աստուած» բառով կ՚ակնարկուի Սուրբ Հոգիին (հմմտ նոյն գլխուն 3-րդ համարին հետ):
Կը տեսնէք, թէ որքան կարեւոր է սուրբգրային բառ մը կամ բառեր, տող մը կամ տողեր դիտել ու քննել իրենց շրջագիծին մէջ, որպէսզի սխալ եզրակացութիւններու չյանգինք: Շատ են այն բառերը կամ տողերը, որոնք եթէ անջատուին իրենց շրջագիծէն՝ սխալ պիտի հասկցուին: Լոկ մի քանի օրինակ.-
«Մի՛ կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութիւն բերելու եկայ» (Մատթէոս 10.34): «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ թշնամիդ» (Մատթէոս 5.43): «Շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ ան՝ որ կ՚ամուսնանայ» (Մատթէոս 5.31): «Ան որ սուր չունի՝ թող իր վերարկուն ծախէ եւ իրեն համար սուր գնէ» (Ղուկաս 22.36), եւ այլն: Եթէ երբեք այս եւ նման տողեր իրենց շրջագիծէն բաժնենք եւ առանձին նկատի ունենանք՝ սխալ պիտի չհասկցուի՞ն: Անշո՛ւշտ: Նոյնպէս ալ, եթէ երբեք Յիսուսի համար գործածուած «միակ միջնորդ» (Ա. Տիմոթէոս 2.5) կամ «բարեխօս» (Ա. Յովհաննէս 2.1) բառերը բաժնենք իրենց շրջագիծէն՝ սխալ կը հասկցուին, եւ անուղղափառ ուսուցումներու դուռ կը բանան:
Երկրորդ համարը զորս իբրեւ հիմ կ՚առնեն սուրբերուն բարեխօսութիւնը մերժողները՝ Ա. Յովհաննէս 2.1-ն է որ կ՚ըսէ. «Որդեակներս (նկատի առէք որ այս հաստատումը արդէն իսկ փրկութիւնը ընդունած հաւատացեալներուն համար է), այս բաները կը գրեմ ձեզի, որպէսզի մեղքի մէջ չիյնաք: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը մեղքի մէջ իյնայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք միակ Արդարը՝ Յիսուս Քրիստոսը» (Ա. Յովհաննէս 2.1)»: Դարձեալ, ոմանք այս համարը կը գործածեն մերժելու համար սուրբերուն բարեխօսութիւնը, եւ սակայն, ճիշդ Ա. Տիմոթէոս 2.5-ին նման, այս համարը եւս, ո՛չ սուրբերու բարեխօսութեան ժխտումը կ՚ընէ եւ ո՛չ ալ սուրբերու բարեխօսութեան մասին կը խօսի:
Ինչի՞ մասին կը խօսի Յովհաննէս առաքեալ տուեալ համարին մէջ: Առաքեալին խօսքը յստակ է: Ան կ՚ըսէ, որ եթէ հաւատացեալ մը մեղքի մէջ իյնայ՝ Քրիստոս Իր Հօրը ներկայութեան կը բարեխօսէ անոր համար: Քրիստոս միայն մեղք գործող հաւատացեալներուն համար է որ կը բարեխօսէ. մեղք գործող ու մեղքի կեանք ապրող անհաւատներուն համար չի՛ բարեխօսեր: Մեղքի կեանքը ապրող ու սիրող մարդիկ Քրիստոսի բարեխօսութեան կարիքը չունին, այլ՝ Անոր միջնորդութեան կարիքը: Վերեւ դիտել տուինք, որ Քրիստոս մեր բարեխօսը կը դառնայ՝ Իր միջնորդութեամբ մեր փրկութիւնը իրականացնելէ ետք միայն: Քիչ առաջ ըսի, դարձեալ կ՚ըսեմ. Քրիստոս կը միջնորդէ՝ որպէսզի Իր փրկութիւնը ընդունինք, իսկ Իր փրկութիւնը ընդունելէ ետք՝ կը բարեխօսէ, որպէսզի հաստատ մնանք փրկութեան ճամբուն մէջ:
Կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, որ Ա. Յովհաննէս 2.1-ին մէջ, Յիսուս «Միակ բարեխօս» չէ որ կը կոչուի, այլ՝ «Միակ Արդար», միակ արդարացնողը իմաստով:
Վերջապէս, կարեւոր է գիտնալ, թէ երբ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս Ինքն է, ըսել կ՚ուզէ, թէ՝ Ան մեր փրկութեան միակ միջոցն է, եւ թէ՝ Քրիստոսէ զատ փրկութեան ուրիշ միջնորդ կամ ուրիշ միջոց չկայ: Քրիստոս Ինքն իսկ յայտարարեց, թէ միայն Իրմով կարելի է Հօրը երթալ (Յովհաննէս 14.6): Ուրիշ տեղ կ՚ըսէ. «Ով որ Ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի» (Յովհաննէս 10.9): Ղուկաս եւս յատուկ շեշտուածութեամբ կը յայտարարէ, թէ միայն Քրիստոսո՛վ կրնանք փրկուիլ, եւ թէ՝ «աշխարհի մէջ միակն է Անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի Անոր անունով կարենանք փրկուիլ» (Գործք 4.12):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
Վաղարշապատ