«F-16»Ի ԱՆԿՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԻՍՐԱՅԷԼ «ՇՓՈԹ» Կ՚ԱՊՐԻ. Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ
Տարի մը առաջ, 2017 թուականի Փետրուարին, Սուրիոյ կառավարական ուժերը թէժ մարտեր մղելէ ետք յաջողեցան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) տիրապետութենէն ազատագրել Հոմսի արեւելեան հատուածին մէջ եղող «Թայֆուր» զինուորական օդակայանը: Այդ ժամանակ, ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնէր, որ տարի մը ետք, Փետրուարի 10-ին, այս անգամ նոյն «Թայֆուր» օդակայանին մէջ տեղակայուած իրանեան խարիսխներ անօդաչու թռչող սարք մը պիտի արձակէին Իսրայէլի ուղղութեամբ, որուն իբր հետեւանք տեղի պիտի ունենար ընդհարում եւ ապա վար պիտի առնուէր իսրայէլեան տիպի կործանիչ մը: Դէպքը աննախընթաց էր արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ողջ պատմութեան ընթացքին: Յատկապէս, երբ կը խօսինք Սուրիոյ մասին, ապա պիտի նկատենք, որ այդ երկիրը պատերազմի աքցաններուն մէջ առած արիւնալի ընդհարումները տկարացուցին շրջանին մէջ անոր զօրեղ բանակին վարկը:
Բաց աստի, յատկապէս վերջին երեք տարիներուն Իսրայէլ տարբեր առիթներով օդային հարուածներ կու տար ո՛չ միայն սուրիական, այլ նաեւ Սուրիոյ դաշնակիցներուն՝ Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի դիրքերուն:
Այդ յարձակումներուն ամենաուշագրաւը կարելի է համարել 27 Ապրիլ 2017 թուականին կատարուածը, երբ իսրայէլեան օդուժը կը հարուածէր Դամասկոսի օդակայանին շուրջ եղող սուրիական բանակի պաշտպանական խարիսխները՝ պատճառելով մեծ հրդեհ մը այդ շրջանին մէջ գործող ելեկտրածին շարժակի մը կեդրոնին մէջ: Իսրայէլեան կողմին համար ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու առկայութիւնը չէ միայն, այլ այդ ուժերուն մնայուն խարիսխներ կառուցելու վերաբերեալ լսելի դարձող տեղեկութիւնները:
Անշուշտ այս կողմնակի պատերազմին մէջ ալ կարեւոր տեղ յատկացուած է լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին։ Սուրիոյ դէպքերուն մօտէն հետեւողները լաւապէս կը յիշեն, որ Իսրայէլ տարբեր առիթներով ուղղակի հարուածներ տուաւ այն շարասիւներուն, որոնք կը փորձէին ցամաքային ճանապարհներով զինուորական ուժեր հասցնել դէպի Լիբանան՝ «Հիզպուլլահ»ին:
10 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ԴԷՊՔԸ
Շաբաթ, 10 Փետրուարի առաւօտուն, արաբական լրատուական ծառայութիւն-ներ արագ տրուած լուրերով կը հաղորդէին՝ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան օդուժին կատարած գրոհներուն մասին: Այդ լուրին մէջ զարմանալի ոչինչ կար, մինչեւ այն պահը, երբ տեղեկութիւն կը հրապարակուէր իսրայէլեան բանակի «F-16» տիպի ջախջախման մասին: Դէպքին մասին լսելի կը դառնային տարբեր բեմագրութիւններ: Մինչ «Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէր, որ Թատմորէն դէպի իսրայէլեան տարածք մուտք գործած իրանեան անօդաչու սարք մը հատելէ ետք Իսրայէլի սահմանը՝ կ՚ենթարկուէր գրոհի, ապա առիթ կը դառնար, որ իսրայէլեան կործանիչը «խաղին մէջ ներգը-րաւուի», նաեւ խոցուի։ Անդին սուրիական մէկէ աւելի աղբիւրներ կը հաղորդէին, որ իսրայէլեան կործանիչը հարուածելէ ետք սուրիական կարգ մը կէտեր, վար կ՚առնուէր «Սեմ-5» տիպի հրթիռով: Թէեւ պատահարին վերաբերեալ ներկայացուած բեմագրութիւնները բաւական տարբեր էին, սակայն այդ մանրամասնութիւններէն անդին կարեւորը եղած դէպքն էր, որ նաեւ «կը ծանուցէր» այն մասին, թէ շրջանը մտած է ռազմական հաւասարկշռութիւններու նոր փուլ մը: Դէպքէն ժամեր անց պարզ կը դառնար, որ իսրայէլեան «F-16»ը եւ երկու օդաչուները անկարգելի մը ճամբով կը փրկուէին եւ Իսրայէլի բանակի «Ափաչի» ուղղաթիռին շնորհիւ փոխադրուած էին հիւանդանոց: Իսրայէլեան կողմը, որ բաւականին խուճապահար վիճակով կը հրաւիրէր ապահովական խորհուրդի նիստ, քննելու համար զարգացումներուն մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ սակայն, մէկէ աւելի իսրայէլացի զօրավարներ, յատկապէս բանակի երկրորդ զօրասիւնի հրամանատարը, խորհուրդ կու տար Նեթանիյահուի կառավարութեան՝ պաշտպանելու զսպուածութիւնը եւ հեռու մնալու յաւելեալ լարումներէ կամ պատասխան գրոհներէ: Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուէր, թէ իրանեան անօդաչու սարքեր հատած են Իսրայէլի սահմանները եւ հոն է նաեւ, որ հարուած ստանալէ ետք խոցած են «F-16»ը: Այս բեմագրութեան փոխարէն Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէր տարածուած տեղեկութիւնը, զանոնք համարելով յերիւրածոյ: Առաջին անգամը չէր, որ իսրայէլեան կործանիչներ գրոհներ կ՚իրականացնեն Սուրիոյ դէմ: Պատերազմի հետեւանքով ծանր վիճակի մէջ յայտնը-ւած Սուրիան հարուածելու իսրայէլեան որոշումին հիմնական թիրախը միայն սուրիական բանակը չէ, այլ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան հակաօդային կէտերն ու լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի դիրքերը:
Իսրայէլի կառավարութեան բանբերներ տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ իրենք այս նախայարձակ քայլերը կը կատարեն, խափանելու համար Սուրիայէն դէպի Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ին իրանեան զէնքերու ցամաքի ճանապարհով փոխանցումը: Իսրայէլեան «Եատիհոթ Ահրոնոթ» պարբերականը կը յայտնէր, որ վարչապետ Նեթանիյահու իր խորհրդարանի բոլոր նախարարներէն պահանջած է լռութիւն պահպանել վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ։ Թերթը կը գրէր նաեւ, թէ Իսրայէլ դիմած է Մոսկուային՝ անկէ խնդրելով արագ միջամտութիւն մը, կանխելու համար որեւէ զինուորական մագլցում: Իր կարգին սուրիամէտ ուժերու դաշինքի գրասենեակը կը հաղորդէր, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ զինուորական նոր քայլ պիտի ստանար ծանր հետեւանքներով պատասխան: Տեղի ունեցած դէպքերը չեն պարփակուիր միայն արաբ-իսրայէլեան երկար տարիներու հակամարտութեան սահմաններուն մէջ, այլ անոնք ունին շրջանային բնոյթ։ Յատկապէս, որ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահու պատահած արարքին գլխաւոր պատասխանատը-ւութիւնը կը բեռցնէ Իրանի ուսերուն: Ըստ Sky News հեռուստակայանին, իսրայէլեան կործանիչը վար առնուած էր իրանեան «Շահէտ-140» անօդաչու սարքի ճամբով եւ այս զարգացումը տարբեր մակարդակներու վրայ ցուցանիշ է, թէ շրջանէն ներս յատկապէս ռազմական առումով նոր իրավիճակ մը կը հասուննայ:
ԻՍՐԱՅԷԼ «ՇՓՈԹ»Ի ՄԷՋ
Կործանիչին վար առնուիլը «շփոթ»ի մեծ ալիք կը բարձրացնէր Թել Աւիւի մէջ: Հարցն այն էր, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլացիք չեն կարողանար «ճշդել» իրանեան անօդաչու սարքի «իրական» նպատակները: Մէկէ աւելի իսրայէլացի զօրավարներ կը յայտնէին, որ անօդաչուի նպատակը հետախուզական էր, որովհետեւ ան ռմբաձիգ սարք չէր, այլ «գործի դրուած» էր սոսկ հետախուզական նպատակներով:
Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ղազի Այզընքոտ կը յայտարարէր, որ իրենց համար շատ կարեւոր է խորքային քննարկում մը կատարել, հասկնալու համար հակառակորդ կողմին իրական նպատակներն ու գծած նոր «պատերազմական քարտէս»ը: Այզընքոտ կը յիշեցնէր, որ Իսրայէլ վախ չունի կանոնական բանակներէն, այլ անոր միակ մտավախութիւնը զինեալ միլիսներն են, որոնց կարգին ամենէն ազդեցիկ ուժը՝ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ն էր:
Այս առումով ալ հասկնալի է Այզընքոտի մտավախութիւնները, որովհետեւ կանոնաւոր բանակ-միլիս պատերազմներուն մէջ յաճախ առաւելութիւն կ՚արձանագրեն միլիսները, ալ ուր մնաց, երբ խօսքը կը վերաբերերի միլիսի մը, որուն ետին կը կանգնի շրջանին մէջ զինուորական հզօր ուժ ունեցող Իրանը:
Այլ խօսք, թէ Իսրայէլ ինչ տրամաբանութեամբ պիտի շարունակէ այս «մարտախաղ»ը. տրուած ըլլալով, որ Իսրայէլի նման «ուժի օրէնք»ին վրայ կառուց-ւած պետութեան մը համար երբեք ալ հաճելի ու մանաւանդ մարսելի պիտի չըլլայ իր օդուժի ամենէն «պայծառ» կործանիչներէն համարուող՝ «F-16» մը վար առնուի:
ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչամեքենայի անդամ մէկէ աւելի պատասխանատուներ «կրակ կը ժայթքէին» Իրանի դէմ: Այդ ընդհանուր «գործընթաց»ին մէջ ալ կարեւոր տեղ կը յատկացուէր «Հիզպուլլահ»ին: Միացեալ Նահանգներ, որ մասնաւորապէս վերջին շրջանին սկսած էր «Հիզպուլլահ»ին մասին խօսիլ տնտեսական պատիժներ սահմանելու ընտրանքով՝ բնականաբար կը հասկնայ, թէ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ մէջ սպասելի որեւէ թէժացում անպատասխան պիտի չմնայ: Զինուորական գործողութիւններու թէժացումին ընդհանուր տեսարանին վրայ ալ իսրայէլեան կործանիչին խոցումը նոր պատկեր մը կը ստեղծէ:
Ու հակառակ անոր, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները համաարաբական «հովանաւորութիւն» մը չունին, սկսած է յստակ դառնալ, որ սուրիական կողմը նպատակ ունի խաղի ընդհանուր կանոնները փոխել: Անշուշտ այդ նոր խաղակերպին մէջ միայն սուրիական բանակը չէ, որ մեծ բաժին ունի, այլ խօսքը Իրանի, նաեւ Ռուսաստանի մասին է: Եթէ այս առումով ալ լաւ ընկալենք, թէ ո՛ր ուժերն են, որ մեծ ներկայութիւն են Թատմոր քաղաքին մէջ, ապա մեր ենթադրութիւնները աւելիով պիտի յստականան:
Ի՛նչ պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատասխանը, կամ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի շարժի ամերիկեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ շրջանային առումով անպարտելի համարուած իսրայէլեան բանակին քայլերը՝ ցարդ յայտնի չէ։ Սակայն յստակ է, որ սուրիական խաղադաշտին մէջ առաւելութիւններ կորզել փորձող իսրայէլեան կողմը կանգնած է բաւական լուրջ հարցադրումներու առաջ: Հարցումներ, որոնց շեշտերուն մէջ բացի Ուաշինկթընէն, կարեւոր ըսելիք ունի Մոսկուան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան