ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ. ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՆՈՐ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒ՞Ն»

Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ընթացք առած են բազմաբեւեռ քննարկումներ, որոնք լոյսին կը հանեն յառաջիկայ ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Սահմանադրական հանրաքուէին դրական ու ժխտական երեսակները, այդ հանրաքուէի կարեւորութիւնը, իրաւացիութիւնը, անտեղի ըլլալը, կամ նոյնիսկ անհրաժեշտութիւնը։

Գաղտնիք ալ չէ, որ ընթացող վէճերը, դիտարկումները եւ առհասարակ համապետական-համաժողովրդային հանրաքուէ մը իրականացնելու երեւոյթը, կամ նոյնիսկ «պարտադրանք»ը կը յուշեն, որ այս բոլորի ետին կան քաղաքական սուր տարակարծութիւններ, բեւեռացում եւ երկու տեսակի կարծիք։

Առանց մտնելու Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան «ցեխ»երուն մէջ, այս եւ յառաջիկայ հրապարակումներով եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իմ սիւնակով պիտի փորձեմ հանրութեան ներկայացնել, Հայաստանի մէջ այսօր տիրող ընդհանուր քաղաքական դրութիւնը։

Անշուշտ միշտ հեռու մնալով ծայրայեղական դիտարկումներէ (այս տողերը գրողին կողմէ) եւ ատոր կողքին փորձել ներկայացնել Հայաստանի թէ՛ իշխանական եւ թէ ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ վեր հանուած մտքերն ու տեսակէտները։

Անկախ ամէն բանէ, այսօր սկսած է յստակ դառնալ, որ թաւշեայ յեղափոխութեան թեւերով իշխանութեան հասած վարչապետ Նիկոլ Փաշիննեանն ու անոր իշխող խումբը, առաջուան նման բոլորին կողմէ ողջունուած ուժ ու ներկայութիւն մը չեն։

Սա անշուշտ շատ բնական երեւոյթ մըն է, երբ մենք կը խօսինք ժողովրդավարական ընկալումներու մասին, հաշուի առնելով նաեւ, որ նոյնինքն Փաշինեան իշխանութեան կը հասնէր վար առնելով աւելի քան տասն տարի երկիրը ղեկավարած քաղաքական վերնախաւ մը, նաեւ անոնց վրայ բարդելով ներկայիս բանտի ճաղերու ետին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր համակիրները։

Այս բոլորին զուգահեռ, շատեր պիտի ուզեն դիտարկել, թէ Սերժ Սարգսեանի ու յատկապէս Ռոպերթ Քոչարեանի համակիրներուն թիւը շատ նօսր է, հետեւաբար անտեղի է անոնց «հաշիւ»ը ընել, սակայն եթէ առաջնորդուիլ փորձենք քաղաքական կեանքի ընկալումներով, ապա պէտք է նժարի վրայ դնենք նաեւ, որ Հայաստանի համար ալ շատ կարեւոր է ունենալ ընդդիմադիր ձայն մը։

Անկախ անկէ, որ ո՛վ է ըննդիմադիր կողմը, կամ որոնք են ընդդիմադիր անունները, կարեւորը առողջ եւ երկրին բարիքը ուզող ընդդիմութիւն ունենալն է, ինչպէս նաեւ կարեւորը առողջ իշխանութիւն ունենալը։

Ամէն պարագայի այս տողերը գրողին համար կարեւորը հնարաւորինս բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութիւնը պահպանելն է ու, որքան կարելի է, անձնական տեսակէտ չներկայացնելը։

Կարեւորը ներկայացնելն է ընդհանուր վիճակը, որուն շնորհիւ ալ մեր ընթերցողները պիտի փորձեն տրուած պատկերները ի մի բերել, հասկնալու կամ հասկնալ փորձելու համար, որ այսօր ինչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ։

Աւարտին ընթեցողներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ՝ վերջին օրերուն լոյս տեսած եւ բաւականին կարեւոր գրութիւն մը, որուն հեղինակը պատմաբան-ուսուցիչ Վահրամ Թոքմաճեանն է, որ անկախ բոլոր տեսակի մօտեցումներէն կ՚արդարացնէ ժողովրդային հանրաքուէ կայացնելու գաղափարը։

ՎԱՀՐԱՄ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ. «ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷՆ»

Յեղափոխական շարժումները կորուսեալ հնարաւորութիւններու պատմական անցքեր են նաեւ: Այս դիտանկիւնով, կարելի է քննել Սահմանադրական դատարանի շուրջ ծաւալուած ճգնաժամը եւ սպասուող հանրաքուէն:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՍԱՆՔ ԱՅՍ ՓՈՒԼԻՆ

Իշխանութիւնը կրնար երկաթը տաք-տաք ծեծել եւ լուծել Սահմանադրական դատարանի խնդիրը շատ վաղուց: Յեղափոխութեան օրերուն կամ անկէ յետոյ տրուած բազմաթիւ հնարաւորութիւններու շնորհիւ: Սակայն չգնաց բարենը-պաստ ճանապարհով:

Աւելի՛ն. Սահմանադրական դատարանը ժամանակին, չնկատուեցաւ որպէս կարեւորագոյն առանցք. պետական համակարգերու, արդարադատութեան շղթային, որոշումներու ազդեցութեան ուղեծիրին մէջ: Իշխանութիւնը Սահմանադրական դատարան կառոյցին հետ վերաբերուեցաւ անձերու մակարդակով: Մինչդեռ կարիքը կար այդ կառոյցին տալ այնքան քաղաքական նշանակութիւն, որքան Ազգային ժողովին կամ կառավարութեան: Սակայն այստեղ ոչ թէ իշխանութիւնը մեղաւոր էր, այլ այն մտաւոր ժառանգութիւնը, զոր մենք ստացած ենք որպէս հասարակութիւն: Քաղաքական մեր ընկալումները կը շարունակուին մնալ անձնակեդրոն, ոչ թէ՝ համակարգակեդրոն:

Եւ դեռ կը շարունակէք այդ մտայնութիւններով: Բայց պիտի չուզէի ստեղծուեր այն տպաւորութիւնը, թէ խնդրին մէջ ուղղակի մեղաւորներ չկան: Կան, եւ անոնք այն վայ իրաւաբաններն են, որոնք տարատեսակ իրաւական աճպարարութիւններ օգտագործելով, խորհուրդներ տուին Նիկոլ Փաշինեանին: Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական անձը, չի կրնար իմանալ ամէն ինչ:

Եւ այդ շատ բնական է: Այդ անիմացութեան բացը պէտք է լրացնեն քաղաքական խումբը եւ խորհրդատուներու հիմնարկը: Այս պարագային այդ քաղաքական խումբի որոշ վայ իրաւաբաններ հետեւողականօրէն եւ միայն իրենց բնորոշ դանդաղութեամբ, խնդիրը հասցուցին ճգնաժամային փուլ:

Իրաւաբանները կրնան երկար վիճիլ տիեզերքի կառուցուածքի եւ տարրերու ներդաշնակութեան շուրջ, լաւ իրաւաբանը նոյնիսկ կրնայ համոզել, որ մածունը սեւ է, իսկ որձ էշը օրը եօթ լիթր կաթ կու տայ, սակայն այլ է յեղափոխական տրամաբանութիւնը, այլ է յեղափոխութեան շարժունակութիւնը:

Ես յոյսով եմ, որ խնդրի հանգուցալուծումէն յետոյ այդ խորհրդատու վայ իրաւաբանները կը դրուին ամօթի գորգին վրայ:

ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր մօտ վատ ընկալում կայ «քաղաքականութիւն» բառի նկատմամբ: Մենք յաճախ կը շփոթենք քաղաքական եւ կուսակցական եզրաբանութիւններուն միջեւ, եւ կ՚իյնանք հերթական մոլորութեան մէջ: Ամէն ինչ քաղաքական է: Սկսելով շուկայի որեւէ ապրանքի գինի շուրջ բանակցութենէն, վերջանալով Սահմանադրական դատարան:

Այս դիտանկիւնէն, Սահմանադրական դատարանի խնդիրը դեռ աւելի քաղաքական է: Վերոյիշեալ վայ իրաւաբաններու ջանքերով խնդիրը դարձաւ կուսակցական: Առիթէն օգտուելէ չուշացաւ Հրայր Թովմասեանը, որ խնդիրը անմիջապէս վերածեց ոչ միայն նեղ կուսակցական, այլ նաեւ՝ ընդհանրական։  Այդ իրավիճակը միաւորեց մերժուած ուժերը, հոսանքները, որոնք, ըստ էութեան, բովանդակային ոչինչ ունէին ըսելու բացի չար հայհոյանքներէ:

Այս ապաշնորհ լուծումներու հետեւանքով խնդրին մէջ ներքաշուեցաւ վարչապետը: Ճգնաժամը ունեցաւ երկու կողմ՝ Նիկոլ Փաշինեան-Հրայր Թովմասեան: Այս քաղաքական ամենալուրջ վրիպումն էր: Խնդիրը կարելի էր քննարկուիլ բազմաթիւ այլ կողմերով, բայց երբեք այս հարթութեան վրայ:

Երբեւէ քաղաքական կշիռ չունեցող Հրայր Թովմասեանէն, մենք ունեցանք դիրքի տէր անձնաւորութիւն մը: Դիրք… այս բառը երբեք այսքան չէր արժէքազրկուած, որքան մեր օրերուն, շահարկուելով տարբեր խումբերու կողմէ, սակայն անոր կ՚անդրադառնանք մէկ այլ առիթով:

Գալով խնդրի քաղաքական կողմին, ստիպուած ենք նաեւ անդրադառնալ երրորդ ուղիի ջատագովի որոշ պնդումներուն: Յատկապէս այն պնդմանը, թէ ե՞րբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին տուժած է այս Սահմանադրական դատարանի գործունէութենէն: Դժբախտաբար երրորդ ուղիի ջատագովը, միայն իրեն բնորոշ ամբոխավարութեամբ, գիտակցաբար կը շփոթէ անձի եւ համակարգի սահմանը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամենաշատ տուժողը եղած է բոլոր այն որոշումներէն, որոնք նախապէս կայացուած են Սահմանադրական դատարանի կողմէ դահիճի սառնասրտութեամբ, սպաննելով քաղաքացիին մէջ եղած վերջին յոյսը, հերթական կեղծուած ընտրութեան փակ շրջափուլէն դուրս գալու երազանքը: Այդ կառոյցը սպաննած է յոյսը քաղաքացիին մէջ: Օրհնած ու սրբագործած է վաշխառուներու, բռնատէրերու, շորթողներու հերթականօրէն բռնի տիրացուած իշխանութիւնը: Հին Հռոմի սենատի ծերակոյտի անառակներուն տրուող թոյլտուութեան՝ License Stupri (անբարոյականութեան ազատութիւն հին Հռոմի պատգամաւորներուն) օրինակով հերթական մեղքի թոյլտուութիւն տուած է ծծելու արեան վերջին կաթիլը, աղքատացնելու ու խոպան դարձնելու պետութիւնը: Երբ երրորդ ուղիի ջատագովը օր մը փորձէ ապրիլ առանց յոյսի, այն ժամանակ թերեւս չի զբաղիր սոփեստութեամբ:

ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԷՈՒԹԻՒՆԸ

Հանրաքուէն միտուած է ոչ միայն Սահմանադրական դատարանի այս կազմը լուծարելու, այլ նաեւ Փաշինեանի նկատմամբ ժողովուրդի վստահութիւնը չափելու: Այս պարագային ուղղակի Փաշինեանին: Մոռնանք քաղաքական խումբը: Փաշինեանը իշխանութեան բերած է ժողովուրդը, իսկ քաղաքական խումբի որոշ անդամներ կը խանգարեն: Թողնենք զանոնք հանգիստ: Շուրջ 650 հազար հոգիի «այո՛»ի կարիքը կայ: Այս բաւական լուրջ թիւ է, եթէ հաշուի առնենք այն գործօնները, որոնք այսօր առկայ են: Այդ գործօններու թերեւս ամենալուրջը, արտախորհրդարանական ուժերու եւ կալանքի տակ գտնուող նախագահի անսահմանափակ նիւթական միջոցներն են: Այդ միջոցները ուղղուած են թոյնի, հայհոյանքի, ապակայունութեան ամենօրեայ չափաբաժինը աւելցնելու, համերաշխութեան մթնոլորտը տապալելու եւ յարդիւնս՝ անդառնալի խուճապ ստեղծելու:

Հնարաւոր հանրաքուէի պարագային, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին յեղափոխութեան պիտի յայտնէ իր հաւատարմութիւնը: Ես յաճախ պնդած եմ, որ յեղափոխութիւնը իշխանութեան մը փոխարինումը չէ ուրիշով մը։ Յեղափոխութիւնը տեւական ու տքնաջան գործընթաց մըն է, ուր ինքզինք յեղափոխական հռչակած իւրաքանչիւր ոք, առանց տրտմութեան, առանց վարանելու, առանց հիասթափուելու կարիք ունի շարունակելու այն աշխատանքը, որու շուրջ հանրահռչակուած է:

Ուստի, մասնակցելով այս հնարաւոր հանրաքուէին, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ընտրութիւն պէտք է կատարէ ոչ թէ Սահմանադրական դատարանի այս կազմի գոյութեան, այլ աւելի խորունկ խնդրի՝ տէ՞ր է արդեօք իր քաղաքական որոշման: Լաւագոյն լուծումը չըլլալով հանդերձ՝ հանրաքուէն հնարաւորութիւն մըն է մէկ քայլ մօտենալու հանրոյթի ձեւաչափին:

Հանրաքուէն ունի մէկ այլ շատ վատ կողմ: Ինչ-որ փուլի մը ընթացքին, մենք տեւական պիտի լսենք բոլոր այն մարդոց յոխորտանքները, քաղաքական մոլորութիւնները, հայհոյանքը եւ մաղձի հերթական չափաբաժինը: Սակայն այդ ամէնուն հանդէպ մեր տածած զսպուած գարշանքի հետեւանքով էր նաեւ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան 2018 թուականի ապրիլ-մայիսեան իրադարձութիւնները:

Դրական կողմը այն է, որ այլեւս խուսանաւելու եւ երրորդ ուղիի հնարաւորութիւն չկայ: Առաջին հարցէն, պարզ ընտրութիւնը՝ «այո»ի եւ «ոչ»ի, շատ աւելի խոր քաղաքակրթական է: Անիկա իւրայատուկ չափիչ պիտի հանդիսանայ յետագայի բոլոր քաղաքական գործընթացներու համար:

ՀՆԱՐԱՒՈՐ ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ

Շատ քիչ հնարաւորութիւն կայ հանրաքուէէն խուսափելու: Այդ հնարաւոր է, եթէ այս ընթացքին Սահմանադրական դատարանի անդամներէն երեքը հրաժարին իրենց գրաւած պաշտօններէն: Իշխանութիւնը ձգած է այդ «մարդասիրական միջանցքը»: Եթէ երեք անձ օգտուի այդ «միջանցքէն», ապա պետութեան հնարաւորութիւն կու տայ խնայելու միջոցներ, ժամանակ եւ մարդկային ջիղ: Սակայն, ո՛վ գիտէ, թէ նախկինները անոնցմէ իւրաքանչիւրին կապակցութեամբ ի՛նչ թղթապանակներ ունին: Թերեւս միայն նախկիններուն ու անդամներուն յայտնի է: Հա, ու երեւի այն տղուն, որ միջնադարեան ժամանակաշրջանին կ՚ըլլար չար, բայց միամիտ հերոս, ու հաստատ կուսակցութիւն չէր ստեղծեր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020