ԵՐԿՓԵՂԿ

Այդ պահերուն, որոնք յաւիտենական կը թուէին ըլլալ, դուրս կու գար ինքնիրմէ։

Դուրս կու գար եւ արտաքուստ կը տեսնէր ինքզինք, կը նայէր ինքն իր վրայ։

Հալման մէջ կը մտնէր ամէն ինչ։ Ինք կը հալէր, դիմացի աթոռը կը հալէր, կը ջրիկանար անկողինը նաեւ։ Գոյներն ամբողջ իրար կը խառնուէին, ձեւով մը կը դադրէին գոյն ըլլալէ, բոլորովին այլ էութիւն մը կ՚ընդունէին։

Եւ ձայնային համանուագ մը կը սկսէր ու կ՚աճէր ուժգնութեամբ։ Ժամացոյցի կտրուկ կշռոյթով ձայն մը կը պահէր ռիթմը, իսկ անոր վրայ տարբեր աղմուկներ, երբեմն ահարկու աղաղակներ կու գային։

Կ՚ուզէր ներս մտնել, կը փորձէր ներս գալ ետ, ինքն իր ներս. չտեսնել ինքզինք, չտեսնել հալումն իր ու շրջապատին։ Կը փակէր կոպերը ուժգին, կը ճզմէր արդէն աչքերն անոնց տակ, բայց ի զուր։

Ձեռքերը կը տանէր ականջներուն, կը սեղմէր ուժգին, բայց աղմուկն աւելի կը մօտենար ուղեղին. կարծես ձայները, ականջին պատերուն մէջ հաւաքուած, աւելի ներս կը հրէր ակամայ։

Ու կը զգար ինչպէս կը թուլնար մէկը թեւերէն։ Եւ կը սահէր ձեռքը, կ՚ազատէր ականջը ճնշումէն, ու կամաց կ՚իյնար վար, դէպի մէջք։

Պատկերները կը կիսուէին հիմա, կ՚երկփեղկէին, կը սկսէին կրկնուիլ հոս ու հոն։ Իր մէջէն մէկ ուրիշ ինք մը կ՚ելլէր դուրս, կը կանգնէր քովը։ Երեք հատ իրմէ կը գոյանար. այդ երկուքն ու ինք, որ զանոնք կը դիտէր։ Եւ կը կիսուէին, կ՚երկատուէին ու տարածուէին իրերը սենեակի, կը լեցնէին տարածքը, որ կը փոքրանար, ու կու գային կարծես խեղդելու զինք ուր որ է։

Յանկարծ

-Ա՛ն

Դուռը կը բանար մայրը

-Հա՞

Կը հարցնէր հեւ ի հեւ

-Ճչացիր... նորէն...

Աննան դէմքը կ՚առնէր ափերուն մէջ։ Մայրը կը մօտենար, ձեռքը կը դնէր ուսին։ Կը ծռէր, կը գրկէր գլուխը։ Եւ մօր հոգոցին տակ կը դանդաղէր հեւքը աղջկան, տաք շունչը կը հանգստանար. բայց յանկարծ, երեւի պաղ ձեռքերուն հպելով, կը ջրանար, եւ աչքերէն դուրս կ՚արտայայտէր ինքզինք, որպէս արցունքներ...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021